Թուրք օսման ցեղին յառաջացումը Փոքր Ասիոյ տարածքին
ԺԳ. դարու վերջաւորութեան եւ ԺԴ. դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան ստեղծումը Փոքր Ասիոյ մէջ, կործանարար հարուած մըն էր արդէն իսկ դժուար պայմաններու տակ գտնուող հայ ժողովուրդին համար։ Կեդրոնական Անատոլիոյ Քոնիա քաղաքիn շրջակայքը 1097 թուականին կազմաւորուած էր իսլամական, սիւննի սելճուքեան Ռումի[1] թագաւորութիւնը, որ ձեռք բերած էր անկախութիւն Թուրանի կեդրոնական աւազանի սելճուքներէն։ Կեդրոնական Ասիայէն եկող յարձակումները պատճառ դարձան այս պետութեան մասնատման՝ զանազան իշխանութիւններու, իսկ 1243 թուականին Սելճուքեան կայսրութիւնը վերջնականապէս կործանուեցաւ մոնկոլներու կողմէ։ ԺԳ. դարու վերջաւորութեան Օղուզ թուրքերը պայքար կը մղէին մոնկոլներէն անկախանալու եւ Անատոլիոյ մէջ գերիշխանութիւն հաստատելու համար։ Անոնց առաջնորդ Օսման Ա.-ը (մօտաւորապէս 1298–1326 թթ.) 1298 թուականին կը հռչակուի նորաստեղծ կայսրութեան սուլթան։ Օսմանցի թուրքերը մշտական սահմանային պատերազմներու մէջ էին Բիւզանդիոյ դէմ։ Անոնք Անատոլիոյ թրքական իշխանութիւնները իրենց տիրապետութեան միացնելով՝ 1354 թուականին Տարտանելի նեղուցը անցնելով մտան Եւրոպա։ Սուլթան Պայազիտի օրօք օսմանցիները իրենց ենթարկեցին Անատոլիոյ մասամբ ինքնավար վերջին թրքական իշխանութիւնը։ Մօտաւորապէս 1361 թուականին անոնք արդէն բաւականաչափ հզօր էին ներխուժել կարենալու համար եւրոպական ցամաք՝ Ադրիանապոլիս[2]։ Այդ կերպով անոնք կրցան շրջափակման մէջ առնել Բիւզանդիան եւ կտրել անոր կապերը արեւմտեան քրիստոնէութեան հետ։
15 Յունիս 1389 թուականի Քոսովոյի ճակատամարտին սերպերու պարտութենէն եւ 25–28 Սեպտեմբեր 1396 թուականի Նիկոպոլիսի մէջ Հունգարիայէն եւ Պուրկունտիայէն (Ֆրանսա) եկած խաչակիր բանակներու ոչնչացումէն ետք՝ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը պարզապէս ժամանակի հարց էր։ Սակայն 1402 թուականին Լենկ-Թիմուրի գլխաւորութեամբ Անկորայի (Անքարա) մօտ մոնկոլներէն օսմանցիներու կրած ծանր պարտութիւնը[3] յետաձգեց անոնց ծրագիրը։ Բայց երբ օսմանցիները պատերազմելով իրենց ենթարկեցին Անատոլիոյ մէջ մնացած պէյլիքները[4]՝ փոքր իշխանութիւնները, որոնք գոյացած էին Լենկ-Թիմուրի զօրաբանակներէն իրենց կրած պարտութենէն ետք, Օսմանեան պետութիւնը շուտով վերականգնուեցաւ։ 1430 թուականին Սելանիկը վերջնականապէս ինկաւ թուրքերու ձեռքը։ 1444 թուականի վերջաւորութեան Վառնայի մօտ՝ Սեւ ծովու ափին, օսմանցիներու կողմէ ոչնչացուեցաւ խաչակրաց բանակը։ Այդ պահէն սկսեալ գրեթէ ամբողջ Պալքանները՝ Մակեդոնիան, Պուլկարիան եւ Սերպիան, անցան օսմանեան տիրապետութեան տակ։

1451 թուականին օսմանեան գահին բարձրացաւ 19-ամեայ Մեհմետ Բ․-ը (1451–1481 թթ.)։ 29 Մայիս 1453 թուականին վճռական վերջին հարուածը տալով՝ ան գրաւեց Կ.Պոլիսը, որ ժամանակ մը Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեան ամենագեղեցիկ մայրաքաղաքներէն մէկն էր, բայց վաղուց ի վեր թուրքերու աչքին կը նկատուէր իբրեւ արգելք մը իրենց գրաւած տարածքներու կեդրոնին մէջ։ Վերջին Փալէոլոկոս՝ կայսր Կոստանդին ԺԱ․-ը, զոհուեցաւ մարտի դաշտին մէջ՝ ուղղափառ քրիստոնէութեան վերջին պաշտպաններու շարքին[1]։ Մեհմետ Բ․-ի օրօք, որ պատմութեան մէջ մտաւ «Ֆաթիհ» (նուաճող) պատուանունով, Կոստանդնուպոլիսը հռչակուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան նոր մայրաքաղաք։ Յայտնի Սուրբ Սոֆիա տաճարը[2], ուր դարեր շարունակ կը թագադրուէին բիւզանդացի կայսրերը եւ որ ծառայած էր իբրեւ Տիեզերական պատրիարքութեան մայր տաճար, սուլթանին հրամանով վերածուեցաւ մզկիթի։ Օսմանցիները կ’ոչնչացնէին կամ կը նետէին փառահեղ տաճարին զանգերը, սեղանները եւ ծիսական սպասները, քրիստոնէական խորհրդանշանները կը փոխարինէին մահմետականներով, կը ջնջէին պատկերները, եւ մասամբ կ’ոչնչացնէին կամ կը ծածկէին խճանկարներն ու որմնանկարները։ Սուրբ Սոֆիայի տաճարի գմբէթին վրայ խոյացող խաչը՝ Վոսփորի մօտ քրիստոնէական Բիւզանդիոյ խորհրդանիշը, փոխարինուեցաւ մահմետական կիսալուսինով։
Յունաց Տիեզերական պատրիարքութեան վերահաստատումը Կ.Պոլսոյ մէջ
Մինչ այդ հանդիսատեսի դեր վերցուցած Արեւմուտքը, յանկարծ զգալով իր գոյութեան սպառնացող մեծ վտանգը, վերջապէս դուրս եկաւ թմբիրէն։ Վերջին պահուն արեւմտեան զօրքերու միացեալ ուժերով սանձուեցաւ օսմանեան ուժերու ներխուժումը Եւրոպայի կեդրոն։ Այդ պահէն սկսեալ պապերը սկսան խաչակրաց արշաւանքներու կոչ ընել։ Սակայն ինչ ալ ըլլար, օսմանցիները արդէն ոտք դրած էին Եւրոպա։ Բիւզանդական կայսրութեան փլատակներուն վրայ իրենց հզօր հարստութիւնը հաստատելէ ետք, անոնք կը ձգտէին ամրապնդելու իրենց իշխանութիւնը թէ՛ ներսէն եւ թէ՛ դուրսէն։ Սակայն զուտ ռազմատենչ ժողովուրդ մը ըլլալով՝ օսմանցի թուրքերը չունէին այն մշակութային կարողութիւնները, որոնք անհրաժեշտ էին մնայուն կերպով պահել եւ զարգացնել կարենալու համար երկիրը, ուստի անոնք ստիպուած էին հաշուի առնել յատկապէս տեղի հայ եւ յոյն բնակչութեան մշակութային եւ տնտեսական առաւելութիւնները։
Կ.Պոլսոյ անկումէն ետք, մայրաքաղաքի դարպասներուն առջեւ հայերէ, յոյներէ եւ քրիստոնեայ այլ բնակիչներէ կազմուած անվերջանալի կարաւաններ կուտակուած էին՝ քրիստոնեայ Արեւմուտքի մէջ ապահովութիւն գտնելու ակնկալութեամբ։ Յաղթանակած սուլթան Մեհմետ Բ․-ը այստեղ կը տեսնէր իր պետութեան բնակչութեան թուային կորուստի վտանգը, իրողութիւն մը, որուն դէմ ան սուրով չէր կրնար պայքարիլ։ Ան քաջ կը գիտակցէր, որ քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան արտագաղթելու ցանկութեան միակ պատճառը թրքական ուժի սպառնալիքը չէր․ անոնք գործ ունէին կենցաղաձեւի, կրօնի, նաեւ քրիստոնէութեան բարոյական արժէքներու հետ։ Մէկ խօսքով՝ այս ամբողջը քրիստոնէական ինքնագիտակցութեան եւ ինքնութեան հարց մըն էր, որ կը թուէր վտանգուած ըլլալ իսլամի սպառնալիքէն։
Ռազմական հմտութիւնները ցոյց տալէ ետք, սուլթանը երեւան բերաւ նաեւ իր քաղաքական ճկունութիւնը։ Ան քրիստոնեաներուն թոյլ տուաւ դաւանելու իրենց կրօնը եւ վերականգնելու Տիեզերական պատրիարքութիւնը՝ իր բոլոր նախկին իրաւունքներով ու արտօնութիւններով։ Այս քայլը անհրաժեշտ էր քրիստոնեաներու իրաւական կարգավիճակին համար, քանի որ անոնց կառավարումը անկարելի էր իսլամական օրէնսդրութեան սկզբունքներով, որոնք ամբողջութեամբ հիմնուած էին Ղուրանին վրայ։ Իսլամի օրէնսգէտ-կրօնականները՝ մոլլաները, մեծ մուֆթիին գլխաւորութեամբ կը ներկայացնէին երկրին հոգեւոր-կրօնական իշխանութիւնը։ Սուլթանը կը փափաքէր նոյն իրաւական ու հասարակական համակարգը կիրարկել նաեւ քրիստոնեաներուն համար, այսինքն անոնց տրամադրել ներքին ինքնավարութիւն, որ պիտի կառավարէր Եկեղեցին, եւ ամբողջ իշխանութիւնը յանձնել Տիեզերական պատրիարքին։ Այս քայլով կը կանխուէր քրիստոնեաներու հնարաւոր ապստամբութեան վտանգը այն պարագային, երբ աշխարհիկ որեւէ իշխան՝ պատրիկ, գերազանցէր իր լիազօրութիւնները ուժի դիմելով, ինչպէս եղած էր արաբներու օրով։ Այսպիսով սուլթանը կը պահէր գերագոյն իշխանութիւնը եւ ինք կը նշանակէր պատրիարքները, ինչպէս անցեալին զայն կը գործադրէր Բիւզանդիոյ կայսրը։
Պատրիարք Աթանասիոս Բ․-ը (1450–1453 թթ.) զոհուած էր պատերազմի ընթացքին։ Մեհմետ Բ. հրամայեց յոյներուն ընտրել նոր պատրիարք մը։ Ան համոզուած էր, որ այս հոգեբանական քայլով պիտի շահէր Կ.Պոլսոյ քրիստոնեայ բնակչութեան վստահութիւնը։ Արդարեւ, անոնք մեծ ուրախութեամբ նոր Տիեզերական պատրիարք ընտրեցին Կենատիոս Բ․ Սքոլարիոսը (1453–1456 թթ.), եւ Մեհմետ Բ․ հաստատեց զինք այդ պաշտօնին վրայ։
Իսկութեան մէջ սուլթանին համար պատրիարքի պաշտօնը քաղաքական նշանակութիւն չունէր, այլ օժտուած էր լոկ հասարակական գործառոյթով։ Հետեւաբար կրօնի եւ եկեղեցւոյ հետ առնչուող բոլոր ոլորտները,– հոգեւորականութիւն, ընտանիք, ամուսնութիւն, կրթութիւն, ժառանգութիւն, բարեգործութիւն, մարդահամար եւ այլն,– կ’ենթարկուէին Տիեզերական պատրիարքի իշխանութեան։ Այս իրաւասութիւնները, սակայն, քաղաքական առումով որեւէ նշանակութիւն չունէին. անոնք ոչ թէ քրիստոնէութեան նկատմամբ թրքական հանդուրժողականութեան արտայայտութիւն էին, այլ իրաւական անհրաժեշտութիւն՝ իսլամական իրաւունքի (Շարիայի) սահմաններուն մէջ։

Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութեան ստեղծումը Կ.Պոլսոյ մէջ
Քաղաքական եւ սեփական անվտանգութեան նկատառումներով՝ Մեհմետ Բ․ կը փափաքէր օգտուիլ այն փաստէն, որ իր կայսրութեան մէջ ապրող քրիստոնեաները նոյն ժողովուրդին անդամները չէին եւ դաւանանքով կը տարբերէին իրարմէ։ 1461 թուականին Կ.Պոլսոյ մէջ Տիեզերական պատրիարքութեան կողքին ան հիմնեց Հայոց պատրիարքութիւնը, որուն պիտի շնորհուէին այն նոյն իրաւունքներն ու արտօնութիւնները, որոնք թոյլատրուած էին յոյներու Տիեզերական պատրիարքին։ Տեղի հայոց թեմական եպիսկոպոսը՝ Յովակիմ Պրուսացին[1] (1461–1478), նշանակուեցաւ Կ.Պոլսոյ Հայոց պատրիարք։ Ապա ան ոչ միայն եկեղեցական, այլ նաեւ քաղաքական առաջնորդը պիտի ըլլար իր ժողովուրդին, որ ճանչցուած էր «Էրմենի միլլեթ» եզրոյթով։ Ի դէպ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ «միլլեթ» բառը կը վերաբերէր կրօնական հիմքով կազմուած համայնքին, որ ունէր իր սեփական կազմակերպութիւնը եւ սահմանափակ ինքնավարութիւնը կայսրութեան վարչական եւ իրաւական համակարգի շրջանակներուն մէջ։ Վերոյիշեալ եզրոյթը ոչ մէկ պարագայի «ազգ» գաղափարը կը ներկայացնէր։ ԺԶ. դարուն, Թանզիմաթի բարեփոխումներուն հետ միաժամանակ, եզրոյթը աստիճանաբար փոխուեցաւ եւ մասամբ սկսաւ կապուիլ «ազգ»-ի կամ «ցեղային խումբի» ժամանակակից իմաստին հետ։
Այսպիսով, սուլթանին համար քրիստոնէական իշխանութեան կեդրոնացումը մէկ անձի՝ Յունաց պատրիարքին ձեռքին մէջ, չէզոքացուած էր՝ նոյն քաղաքին մէջ ստեղծելով Հայոց պատրիարքութիւնը, որուն գլուխը նշանակուած էր Յովակիմ Պրուսացին եւ որուն ենթակայ էին հայ առաքելական դաւանութեան անդամները։ Փաստօրէն, Հայ եկեղեցւոյ մէջ կը ստեղծուէր նոր պաշտօն մը բացառապէս պետական հրամանի հիման վրայ՝ համաձայն սուլթանի կամքին եւ տնօրինութեան։ Սակայն այս մէկը ամբողջովին հակասած էր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ոգիին եւ սուրբ աւանդութեան, ըստ որուն՝ եկեղեցական բոլոր բարձր եւ ցած կարգի իշխանութիւնները պէտք է նշանակուէին ազգային-եկեղեցական ժողովներու կողմէ՝ աշխարհականներու եւ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։ Ահա թէ ինչո՛ւ նորաստեղծ պատրիարքութիւնը երկար ժամանակ չճանչցուեցաւ հայ ժողովուրդին կողմէ։ Սկզբնական շրջանին պատրիարքը կը համարուէր միայն Կ.Պոլսոյ թեմի եպիսկոպոս։ Այս հանգամանքով կը բացատրուի նաեւ այն փաստը, որ առաջին պատրիարքները երկար ժամանակ իրենց ստորագրութեան քով չէին նշեր «պատրիարք» տիտղոսը։
Բնականաբար Օսմանեան կառավարութեան շահերէն կը բխէր, որ հայ համայնքը ներկայացնէր մէկ անձ եւ ոչ թէ բազմաթիւ եպիսկոպոսներ։ Աւելին՝ պատրիարքէն ուղղակի կախեալ եպիսկոպոսները եւս պիտի մնային օսմանեան տարածքէն դուրս բնակող կաթողիկոսի ազդեցութենէն հեռու։ Այս նկատառումներն էին, որ Օսմանեան պետութիւնը դրդեցին ամրապնդելու պատրիարքին դիրքը եւ զինք օժտելու բացարձակ լիազօրութիւններով։ Այսպէս, ԺԸ. դարու սկիզբը Բարձր դուռը Հայոց պատրիարքին շնորհեց նոր թեմերու համար եպիսկոպոսներ առաջադրելու իրաւունք՝ այս կերպով թեմերը դնելով իր վերահսկողութեան տակ։
Ժամանակի ընթացքին պատրիարքին իշխանութիւնը աւելի ընդարձակուեցաւ՝ իր վրայ կեդրոնացնելով բազմազան նոր գործառոյթներ։ Արդարեւ Հայոց պատրիարքը դարձաւ նաեւ Օսմանեան կայսերական կառավարութեան ազդեցիկ պաշտօնեայ մը։ Այս պաշտօնին մէջ պատրիարքին կ’օժանդակէր Հոգեւոր խորհուրդը, եւ իւրաքանչիւր օսմանեան նահանգի մէջ ան ներկայացուած էր յանձինս եպիսկոպոսներու եւ եկեղեցական խորհուրդներու։
Պատրիարքներու իրաւունքներու շնորհումը եւ պարտականութիւններու սահմանումը կ’իրականանար սուլթանին կողմէ հրապարակուած «ֆերման»-ով [հրամանագիր], որ սուլթանին մահուան պարագային պէտք է վերահաստատուէր անոր յաջորդին կողմէ։
Սուլթան Մեհմետ Բ.-ի հրամանով վերականգնուած Յոյն ուղղափառ պատրիարքը վերստացաւ իր երբեմնի «Տիեզերական պատրիարք» տիտղոսը, որ միշտ պատկանած էր միայն իրեն, եւ միայն իրեն պէտք էր դիմել «Ձերդ սրբութիւն» պատուանունով, մինչդեռ Հայոց պատրիարքին՝ «Ձերդ ամենապատուութիւն» կոչումով։ Տիեզերական պատրիարքը գերիշխանութիւն ունէր Օսմանեան կայսրութեան բոլոր ուղղափառ յոյներուն վրայ՝ ամրապնդելով անոնց հոգեւոր եւ աշխարհիկ կապերը օսմանեան կառավարութեան հետ։ Կ.Պոլսոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատրիարքին իրաւական կարգավիճակը նման էր այդ ժամանակաշրջանի յոյներու Տիեզերական պատրիարքի կարգավիճակին։ Այս առումով ան կը դառնար հայոց միակ ներկայացուցիչը Բարձր դռան մօտ։
ԺԹ. դարուն նոյն իրաւասութիւնները ստացաւ նաեւ հայ կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսը, որ Բարձր դռան մօտ կը ներկայացնէր ոչ միայն հայ կաթողիկէները, այլեւ Հռոմի հետ միաբանած արեւելեան միւս եկեղեցիները։ Իրենց տրուած արտօնութիւններու շրջանակին մէջ արեւելեան ազգային եկեղեցիները կը վարէին իրենց յատուկ կեանքը՝ ազգային պատկանելիութեան, մշակոյթի եւ կրօնի տեսակէտէ․ անոնք ունէին իրենց ազգային լեզուն, կանոնական իրաւունքը, ծիսակատարութիւնն ու աստուածաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց եկեղեցիներն ու գերեզմանատուները։ Կրթական համակարգին եւ հոգեւորականներու պատրաստութեան առնչուած հարցերը կը պատկանէին բացառաբար եկեղեցիին։ Նկատի ունենալով, որ քրիստոնեայ հպատակներուն եւ Օսմանեան պետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու իւրաքանչիւր փոփոխութիւն կրնար սուլթանին դժգոհութիւնը յառաջացնել, ընդհուպ մինչեւ իսկ պատրիարքը պատժուիլ պաշտօնանկութեամբ, ուստի իւրաքանչիւր միլլեթ գերզգուշ էր, որ ինքն իրեն չթոյլատրէ սահմանուած օրինակարգութեան որեւէ խախտում, նաեւ աւանդութեան թէկուզ աննշան նորարարութիւն կամ փոփոխութիւն, նոյնիսկ ծիսական կամ աստուածաբանական հարցերու մէջ։
27 Նոյեմբեր 1850 թուականին, սուլթան Ապտիւլ Մեճիտ Ա. ֆերմանով մը ճանչցաւ հայ բողոքականները որպէս ինքնուրոյն համայնք՝ «Էրմենի Փրոթեսթան Միլլեթի» անունով, նոյնպէս,– ինչպէս վերոգրեալ տեսանք,– քանի մը տարի առաջ այս իրաւունքը շնորհուած էր հայ կաթողիկէ համայնքին՝ լիակատար կրօնական ազատութեան եւ հալածանքներէ պաշտպանուած ըլլալու երաշխիքով։ Թէպէտեւ Ստեփան Քերեսթեճեան, կամ Սերոբեան, 1847-ի ֆերմանով շնորհուած տնօրինումին համաձայն ընտրուած էր որպէս վեքիլ, այսինքն հայ աւետարանական համայնքի առաջնորդ, բայց ան միայն 1850-ին արժանացաւ արտօնութեան՝ վարել կարենալու համար իր պաշտօնը։ Այսպիսով, Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքը՝ Կ.Պոլիս, կը դառնայ առաջին հայ աւետարանական համայնքի ծննդավայրը յիշատակութեան արժանի 1 Յուլիս 1846 թուականով։
Մեհմետ Բ.-ի այսպէս կոչուած կրօնական «հանդուրժողութիւնը» եւ «առատաձեռնութիւնը» յստակօրէն հիմնուած էին քաղաքական եւ տնտեսական նկատառումներու վրայ․ նուաճուած ժողովուրդները պէտք է զարգացնէին կայսրութեան գիւղատնտեսութիւնը, առեւտուրը եւ արհեստագործութիւնը, որոնց պտուղները սակայն պիտի վայելէին զաւթողները։ Իսլամական կրօնական օրէնքը՝ «Շարիա»-ն, ոչ-իսլամ ենթակաները կը նկատէր «ռայա» կամ «ռայիա» (re‘āyā), որ բառացի կը նշանակէ «նախիր»․ այս յատուկ գլխահարկը սուլթանին գլխաւոր եկամուտի աղբիւրներէն մէկը կը կազմէր։ Ասոր փոխարէն քրիստոնեաները կը դառնային Օսմանեան իշխանութեան «խնամակալութեան տակ գտնուողներ»՝ օգտուելով կայսրութեան շնորհած հովանաւորութենէն։
[1] «Ռում» անուանումը կը ծագի միջին յունարէնէն (լատ. անուանումը՝ Rome/Roma). անցեալին տարածքը գտնուած էր Բիւզանդիոյ տիրապետութեան տակ (Արեւելեան Հռոմէական կայսրութիւն)։ Թուրքմէն այս ցեղը, հաւանաբար, կոչուած է «Ռումական սելճուքներ», որովհետեւ անոր էմիրութիւնը Արեւմտեան Անատոլիոյ տարածքին ամենամօտն էր Բիւզանդիոյ սահմանին՝ ի տարբերութիւն այլ ազգակից ցեղերու, որոնք հաստատուած էին Անատոլիոյ խորքը։
[2] Ադրիանապոլիսը (Նիկոպոլիս) 1361 թուականին նուաճուեցաւ օսմանցիներու կողմէ եւ 1365-1453 թուականներուն դարձաւ Օսմանեան կայսրութեան երկրորդ մայրաքաղաքը։
[3] Ճակատամարտի ընթացքին թուրք սուլթան Պայազիտ Ա.-ը գերի կ’իյնայ եւ քանի մը ամիս ետք կը մահանայ Անատոլիոյ Աքշեհիր քաղաքին մէջ։
[4] «Պէյլիք» կը կոչուէին այն իշխանութիւնները, որոնք գոյացած էին Անատոլիոյ մէջ՝ ԺԱ. դարէն սկսեալ։ Օսմանեան կայսրութիւնը կազմաւորուեցաւ Անատոլիոյ պէյլիքներու միաւորումէն։
[5] Ենիչերիներու ընտրանի ռազմական ուժերը զգալիօրէն նպաստեցին այս հակամարտութեան աւարտին։ Ենիչերիներու զօրախումբը կը կազմուէր քրիստոնեայ տղոցմէ, որոնք կը հաւաքագրուէին եւ բռնութեամբ կ’իսլամացուէին՝ զինուորական եւ քաղաքացիական ծառայութեան անցնելու նպատակով։ Մանկահասակ քրիստոնեայ տղոց այս բռնի հաւաքագրութեան գործընթացը կը կոչուէր «Տեւշիրմէ»։
[6] Սուրբ Սոֆիայի (յուն. թարգմ.՝ «Սուրբ Իմաստութիւն») բազիլիքեան գմբէթը իր տեսակին մէջ ճարտարապետական յղացք մըն էր, որ կառուցուեցաւ Կ.Պոլսոյ մէջ՝ Արեւելեան Հռոմի կայսր Յուստինիանոսի օրօք՝ Զ. դարու սկիզբները։
[7] Պրուսան Փոքր Ասիոյ արեւմուտքը (Կ.Պոլիսէն մօտաւորապէս 100 քմ հեռու), Մարմարա ծովու ափին գտնուող քաղաք մըն է։ Ան 1326-1419 թթ. եղած է Օսմանեան կայսրութեան առաջին մայրաքաղաքը։ Բացառուած չէ, որ Մեհմետ Բ․ եւ Յովակիմ արքեպիսկոպոս արդէն Պրուսայի մէջ նախապէս ծանօթներ եղած ըլլան։
![Կոստանդնուպոլսոյ Առումը, Յունաց Տիեզերական Պատրիարքութեան Վերահաստատումը Եւ Հայոց Պատրիարքութեան Ստեղծումը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ [Բացառիկ 2026]](https://araraddaily.com/wp-content/uploads/2026/01/աբէլ.jpg)
![Հայ Գեղանկարչութեան Գագաթներէն Եւ Մարտական Գործիչ՝ Փանոս Թերլեմեզեան (Ծննդեան 160-Ամեակ) [Բացառիկ 2026]](https://araraddaily.com/wp-content/uploads/2026/01/Աւօ-75x75.jpg)