Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ներշնչո՞ղ, Թէ՞ Արտաշնչող Նոր Տարեշրջան Մը Կը Սպասուի [Բացառիկ 2026]

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

January 5, 2026
in Յօդուածներ
0
Ներշնչո՞ղ, Թէ՞ Արտաշնչող Նոր Տարեշրջան Մը Կը Սպասուի [Բացառիկ 2026]

Անցնող-անցնելի տարի մը եւս կը գլորուի դէպի պատմութեան գիրկը ու մեր առջեւ կը ցցուի նոր մը, որ ի՞նչ բարիք կրնայ բերել մարդկութեան, ինչո՞վ կրնայ դառնալ ուրախութեան եւ ոգեւորութեան, ապահովութեան ու խաղաղութեան տարեշրջան մը:

Բարի մաղթանքները, վճռակամ ցանկութիւնները, ողջունելի հեռանկարները եւ, ընդհանրապէս, վարդագոյն ակնկալութիւնները, կրնա՞ն գոհացուցիչ կամ բաւարար նկատուիլ, երբ իւրաքանչիւր հին տարիէն նորի անցումի նախօրեակին, յոյսով ու հաւատքով կը պարուրուի ամէն ոք, սակայն, չոր իրականութիւնը բոլորն ալ կը յուսախաբէ:

Դեռ աւելին, ախտային մղձաւանջները ամէն կողմ կը վխտան, աղէտները կը տարածուին ու կ’աճին, իսկ պատերազմական ոլորտները նորանոր աւերներ կը գործեն:

Երկար եւ յաջորդական աշխարհաքաղաքական ու ռազամավարական հոլովոյթները, փոխանակ մեղմանալու կամ վերանալու, նոր թափ կը ստանան, մարդկային կեանքներ խլելով, քանդումներ պատճառելով ու տնտեսութիւններ փճացնելով:

Այս ահագնութիւնները եւ անորոշութիւնները, տարբեր չափանիշերով ու ծանր հետեւանքներով, այնպիսի տխուր ու ճակատագրական իրավիճակներ ստեղծած են, որ սահմռկեցուցիչ են եւ որեւէ երաշխիք չեն տար վայելելու… ձիւնհալներ:

Հեռու չերթանք, 2024-ի տարեվերջին, ինչպէս միշտ, օրհնութեան խօսքե՜ր ուրուագծուեցան, լաւատեսութիւններ յայտնուեցան, վստահութիւններ ներշնչուեցան, միով բանիւ, յուսադրական ու քաջալերական մտորումները եւ արտայայտութիւնները դարձան պերճալոյս խորագիրներ եւ անոնց գործունէութիւնները՝ բաղձալի վկայութիւններ:

Սակայն, ժամանակները ցոյց տուին, որ անոնց մեծ մասը յօդս ցնդեցաւ եւ ինչպիսի՜ տխրահռչակ հետեւանքներով, որոնք ամէն վայրկեան եւ ամէն տեղ ինքզինքնին զգացնել կու տան:

Իսկ ատոնց բո՛ւն սատանայական հերոսները հանդիսացան մեծապետական պետութիւնները, լծակից ունենալով բռնատիրական մոլուցքներով ու կիրքերով համախոհական գործակալ վիժուածքային իշխանութիւններ, որոնք բռնազբօսիկ ձեւով կը գործեն ու կը նուաճեն, առանց որ դատաստանի ենթարկուին, շարունակելով իրենց ապակայունացումներու ոճրարարքները, ամէն տեսակի միջոցներով ու վայրագութիւններով, արկածախնդրութիւններով ու զաւթումներով:

* * *

 Այսպիսի դառն ու մռայլ մթնոլորտով կը դիմաւորենք 2026-ը, թէկուզ խարտաբղէտ ու գոյնզգոյն երանգներով, սակայն, այն հաւանականութիւններով, ու նախորդ տարեշրջանները, բոլորն ալ, առաւել կամ նուազ չափերով, մարդկութեան կտակած են սեւ ու թունաւոր «կապոց»ներ, ուրկէ կը ժայթքին ու կը ծորին դժոխային չարիքներ ու գեհենային ցնցումներ:

Մինչ ատոնք կանգնած են 2026-ի սեմին, կազմ ու պատրաստ, լախտի թէ մտրակի հարուածներով ջարդելու ու փշրելու, ոչնչացնելու ու մոխրացնելու գնով, իրենց կամյականութիւնները պարտադրելու, այլանդակութիւնները սփռելու, քմահաճութիւնները իրականացնելու, ապիկարութիւնները ցուցադրելու եւ, յետոյ ալ, առանց ամչնալու ու խպնելու, անպատկառօրէն եւ անբարտաւանօրէն յոխորտալու եւ գոռգոռալու, թէ իրենք խաղաղութեան մունետիկներ են, համերաշխութեան ախոյեաններ, ժողովրդավարութեան տիտաններ, արդարութեան սուրհանդակներ:

«Ո՜վ  դարք, ո՜վ բարք», պիտի ըսուէր:

Կար մօտակայ ժամանակ, «Պաղ պատերազմ»ը… կ’անիծուէր յատկապէս, Առաջին եւ Երկրորդ պատերազմներու լոյսին տակ, երբ, զարմանալ թէ ոչ, համեմատաբար, խաղաղութիւնը՝ վիրաւոր կամ հաշմուած, գոյ էր, գէթ պատերազմական ու զինուորական առումներով, բայց, երբեք չմոռնալ եւ չանտեսել որ մոխիրին տակ կար կայծ, օր մը բռնկելու եւ բռնկեցնելու արհաւիրքներով:

Այսօր, ոմանք «երանի՜» կու տան այդ օրերուն, առանց անդրադառնալու, որ այդ «պաղ»ին դիմաց օր մը պիտի ապրին նաեւ «տաք»ով, այն ալ ի՜նչ հրդեհումներու բոցերով, որոնց ականատեսն ու զգացողն է (այն ալ ցաւագինօրէն) մարդկութիւնը, իր տարբեր ցամաքամասերով, տարածաշրջաններով եւ երկրաբաժիններով, ուր «լաւա»ներուն հոսքը արդէն սկսած է ուռճանալ եւ ընդարձակուիլ հոս կամ հոն:

Եւ իրօք, սուսիկ-փուսիկ այդ փոթորկոտ ալիքները հետզհետէ շատցան ու տարածուեցան, սաստկացան ու պայթիւնավտանգ դարձան, որոնց գագաթնակէտը հանդիսացաւ ի մասնաւորի 2025-ը, իսկ անոր մնացորդացը (ու շարունակելին), ապահովաբար, կրնայ փոխարինուիլ 2026-ով, որ արդէն կը յուշէ իր բազմագլուխ… յղիութիւնը:

* * *

Այս սրածայր ու փշառատ ծիլերէն ներս, առանց թերագնահատելու միւս հատուածները, հայութեան ամէնէն շատ մտահոգիչն ու տագնապեցնողն են ԼԻԲԱՆԱՆն ու ՀԱՅԱՍՏԱՆը, իրենց աշխարհագրական ու շրջանային դիրքերով, հարեւանական մերձեցումներով ու սահմաններով, առաջինը՝ իսրայէլեան, երկրորդը՝ ատրպէյճանական-թրքական, որոնք ճիւաղային դերակատարումերով կը դարպասեն ու կը յօշոտեն զանոնք, առանց որ արժանանան զգաստութեան ու զգօնութեան նուազագոյն զգուշացումերուն կամ արգելքներուն:

Հոս եւ այս առիթով, ինքնին հարց կը ծագի, մեր մեկնաբանութեամբ ու դիտարկութեամբ, նաեւ՝ հայեցողութեամբ ու դատողութեամբ, որքան որ կարելի է կշռել ու չափել, տրամաբանական եզրերով, թէ ի՞նչ կը սպասուի, գէթ մեզի համար, սիրելի Լիբանանին ու հարազատ Հայաստանին:

Դժուար հարցադրում, որուն պատասխանն ալ՝ նոյնքան դժուար, բայց, ոչ անկարելի, այնքան ատեն որ իրազեկութեան ու հետեւողութեան կարգով կարելի է ճշդել, թէ երկուքն ալ կը գտնուին փորձանաւոր ու վտանգաւոր մարտահրաւէրներու առջեւ, ի դէմս գիշատիչ եւ ահաբեկիչ (չ)պետութիւններու, որոնք կը կոչուին Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան-Թուրքիա:

Այդուհանդերձ, երբ ասոնք կը մնան Լիբանանին ու Հայաստանին վիճակուած կարգավիճակները, ինչպէ՞ս կարելի է դիմագրաւել կամ յաղթահարել, երբեմն զանոնք խեղդող, երբեմն ալ զանոնք փչող հողմերը, որոնք, անտարակոյս, պիտի շարունակեն իրենց հակալիբանանեան եւ հակահայկական ախորժակները գոհացնելու… վայելքները:

Հո՛ս է, որ կը լծուինք, լծուելու ենք, անխուսափելիին, անբեկանելիին եւ անկորնչելիին, նաեւ՝ հաւատարիմ ու հաստատ մնալու մեր քաղաքացիական, ազգայնական, հայրենական եւ ինքնութեան ակունքներուն վրայ, ապա՝ պահելու ու պահպանելու այն արժէքներն ու գանձերը, որոնք առնչուած են հայութեան գոյութեան «ոսկեայ բանալի»ներուն հետ:

Ասոնք հայ ժողովուրդի «հաւատոյ հանգանակ»ներն են, զորս պարտի իւրաքանչիւր հայ գիտակցիլ անոր լիարժէքութեան ու կառչիլ իր քաղաքացիական, ազգային պատկանելիութեան, արտադրութեան եւ արդիւնաբերութեան կենդանի գործօններուն ու հիմունքներուն:

Ասոնք ո՛չ պահանջքներ են, ո՛չ ալ խնդրանքներ, այլ՝ պարզ, անկեղծ ու ջինջ անհատական թէ մարդկային արեւելումներ, որոնց նկատմամբ անհրաժեշտ է ըլլալ ու մնալ, նոյնքայն բարեբեր, հանրօգուտ ու անմիջական, միանգամա՛յն:

* * *

Ներկայիս, երբ թեւակոխելու վրայ ենք 2026 տարեշրջանը, այլեւս խօսիլը, յանկերգելը կամ կրկնելը, նոյնիսկ «բաղաձայնական սիմֆոնի»ներով կամ «խժալուրական արձագանգ»ներով, թէ նոր տարեշրջանը կրնայ բերել հանգստաւէտութեան եւ անդորրութեան պահեր կամ ժամանակներ, այդքան ալ ո՛չ իրապաշտական են, ո՛չ առարկայական, ո՛չ ալ շօշափելիական, պարզապէս անոր համար, որ երէկուան կացութիւնները ուրիշ են, այսօրուանը՝ տարբեր, իսկ ներկան եւ գալիքը երբեք նոյնը չեն կրնար ըլլալ, ի տես եւ ի լուր կուտակուած ամպերուն ու մթնշաղներուն, որոնցմէ լաւատեսութիւն ակնակալելը ցնորամտութեան չափ անհաւատալի է:

Այդուհանդերձ, յոյսի բախտաբեր նշոյլ մը իսկ, արդեօք կրնա՞յ «յեղաշրջումներ» արձանագրել դէպի դրականը, որուն այնքան կարիքը ունին յատկապէս փիւնիկեան երկիր Լիբանանը ու հայրենական աշխարհ Հայաստանը, մաղթելով որ ներշնչելի մթնոլորտը ըլլայ տիրապետող, քան՝ արտաշնչելին:

Share61Tweet38
Previous Post

«Արտէմիս, Կանանց Իրաւունքներու Պաշտպան Թերթը» [Բացառիկ 2026]

Next Post

Կոստանդնուպոլսոյ Առումը, Յունաց Տիեզերական Պատրիարքութեան Վերահաստատումը Եւ Հայոց Պատրիարքութեան Ստեղծումը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ [Բացառիկ 2026]

Next Post
Կոստանդնուպոլսոյ Առումը,  Յունաց Տիեզերական Պատրիարքութեան Վերահաստատումը Եւ  Հայոց Պատրիարքութեան Ստեղծումը  Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ [Բացառիկ 2026]

Կոստանդնուպոլսոյ Առումը, Յունաց Տիեզերական Պատրիարքութեան Վերահաստատումը Եւ Հայոց Պատրիարքութեան Ստեղծումը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ [Բացառիկ 2026]

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.