Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ուղերձը 2026-ի Նոր Տարուան Առթիւ [Բացառիկ 2026]

January 5, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայասատանի Շրջանի Վարչութեան Ամանորեայ Ուղերձը

Մեր ետին կը թողունք բուռն իրադարձութիւններով լի տարի մը, երբ ականատեսը եղանք Հայաստանի եւ ամբողջ տարածաշրջանին համար յուսադրող զարգացումներու եւ Միջին Արեւելքի մէջ տակաւ շարունակուող տագնապալի իրավիճակին ու մարդկային տառապանքներուն:

Անտարակոյս, 2025 թուականի ամենայատկանշական ձեռքբերումը եղաւ Օգոստոս 8-ին ԱՄՆ-ի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Ատրպէյճան-ԱՄՆ համատեղ հռչակագիրը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի նախաստորագրումը, որոնց շնորհիւ տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան, տնտեսական համագործակցութեան եւ բարգաւաճման նոր հեռանկար մը բացուեցաւ։

Բացի այդ, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ռազմավարական եւ տնտեսական  յարաբերութիւններու խորացումը ոչ միայն ճանապարհ կը հարթէ դէպի եւրոպական նոր ու այլընտրանքային շուկաներ, այլեւ Հայաստանի համար կը ստեղծէ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան իրատեսական հեռանկար:

Հակառակ յուսադրող զարգացումներուն, տակաւին լուրջ եւ անյետաձգելի խնդիր կը մնայ ատրպէյճանական բանտերուն մէջ կալանաւորուած հայ գերիներու հարցը, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնագաղթուած հայերու իրաւունքներու վերականգնումը եւ Արցախի տարածքին մէջ մնացած հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը։

Միւս կողմէ, Միջին Արեւելքը կը շարունակէ մնալ աշխարհի ամէնէն պայթիւնավտանգ տարածաշրջանը: Հակառակ կողմերուն միջեւ կայացած զինադադարի եւ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան, Կազայի հատուածին մէջ պաղեստինցի տառապեալ ժողովուրդը տակաւին կ’ապրի դաժան պայմաններու մէջ՝ իսրայէլեան բանակի տեւական սպառնալիքի ներքոյ:

Կազայի ճգնաժամին զուգահեռ, Լիբանանի հարաւը կ’ենթարկուի իսրայէլեան օդուժի ամէնօրեայ թիրախաւորման՝ արդէն իսկ հիւծած Լիբանանը դնելով աւելի ծանր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ճնշումներու տակ։

Տարածաշրջանային խիստ բարդ պայմաններու մէջ յայտնուած Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները կը փորձեն մէկ կողմէ պահել երկրին միասնականութիւնը, միւս կողմէ ապահովել քաղաքացիներու կենցաղային պայմանները եւ երկիրը դուրս բերել ստեղծուած ծանր իրավիճակէն։

Մեր մաղթանքն է, որ 2026 թուականը Հարաւային Կովկասին եւ Միջին Արեւելքին բերէ կայուն ու յարատեւ խաղաղութիւն, որպէսզի ժողովուրդները իրենց բնօրրաններուն մէջ կարենան ապրիլ եւ ստեղծագործել:

Նոր տարին կը դիմաւորենք լաւատեսութեամբ եւ այն յոյսով, որ 2026 թուականը Հայաստանի արդի պատմութեան մէջ դառնայ անկիւնադարձային տարի մը ՝ արժանապատիւ եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատումով: Իսկ Հայաստանի քաղաքացին գալիք համապետական ընտրութիւններուն կրկին ապացուցէ, որ ինք իրաւամբ աշխարհի ժողովրդավար պետութիւններու համայնքին կը պատկանի։

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ։

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան
Կեդրոնական Վարչութիւն

Share63Tweet39
Previous Post

Կրօնապատումն – Հեթանոս մտքեր

Next Post

Խմբագրական – Արեւագալի Սպասումով [Բացառիկ 2026]

Next Post
Խմբագրական – Արեւագալի Սպասումով [Բացառիկ 2026]

Խմբագրական - Արեւագալի Սպասումով [Բացառիկ 2026]

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.