Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Խմբագրական – Արեւագալի Սպասումով [Բացառիկ 2026]

January 5, 2026
in Խմբագրական
0
Խմբագրական – Արեւագալի Սպասումով [Բացառիկ 2026]

Խռովայոյզ տարի մը կը թողունք մեր ետին:

Մտահոգութեանց ամպերը փարատելու փոխան, ականատեսն եղանք անոնց աւելի թանձրացման եւ մռայլացման: Խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարօրութիւն տենչացող զանգուածները հերթական անգամ ապրեցան իրենց խոր հիասթափութիւնը: Անորոշութեան ուրուականը, մութ ապագայի մը ահասարսուռ պատկերը եւ շփոթահար մարդկանց հարցադրումները կը մնան առկայ՝ իրենց բոլոր ժխտական երանգներով: Աշխարհի տարբեր անկիւններ՝ Միջին Արեւելք, Լիբանան, Կովկաս թէ Հայաստան, ալեբախումներու ենթարկուեցան՝ մնալով կարօտ խաղաղ արեւածագի մը՝ որ կը յամենայ ու կը յամենայ յամառօրէն:

Ինչպիսի՜ դարաշրջան մը թեւակոխեցինք, երբ գիտութիւնը իր խելացնոր նորութիւններով ապշահար կը դարձնէ բոլորը: Մօտիկ անցեալը ցնդած երազի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ այսօր: Այսքա՛ն արագ փոփոխուող աշխարհ մը անուրջ կը թուէր շատերու: Մարդուն արագ զարգացող միտքին դիմաց հոգեկան ու բարոյական արժէքները նուաստացած ըլլան կարծէք: Գիտութիւնն ու նիւթական արժէքները համատարած տիրապետութիւն հաստատեցին՝ ի հեճուկս աւանդական, տոհմիկ եւ անցելայուշ ընկալումներու: Տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, ազգային ոլորտներէ ներս տեղի ունեցած ցնցումները սկսած են ձեւաւորել նոր մարդու մը կերպարը, որ կը յատկանշուի իր անդիմագծութեամբ, պղտորութեամբ եւ անյստակութեամբ: Վերջերս ընդհանրացած մարդկանց ազատ եւ անհակակշիռ յարաբերութիւնները սկսած են կերտել նոր աշխարհաքաղաքացի մը, որ ինքնաբերաբար կը ժխտէ իր անցեալը, պապենական հայրենիքը եւ ազգային առանձնայատուկ ժառանգութիւնը: Արհեստական բանականութեան գերերեւակայելի հնարքները կասկածելի կը դարձնեն ամէն ինչ, կեղծ ու շինծու ամէն ճշմարտութիւն: ChatGPT կոչուած նորութիւնը խլեց մարդոցմէ մտածելու, պրպտելու, խորհելու, աշխատելու եւ անաչառ դատելու ունակութիւնը: Ամէն բան արհեստական դառնալով, ամէն ինչ հեշտ ու մատչելի ըլլալով, մարդոց ստեղծագործելու, ճգնելու, մաքառելու կամքն ու կորովը խորտակուեցան ցաւալիօրէն: Կեանքը ի՜նչ հարազատ էր առաջ, իսկ այսօր եղած է համ ու հոտէ չքացած առօրեայ մը միապաղաղ, միանման, միօրինակ. կը խօսին կոճակները չոր ու ցամաք, նորահնար սարքերը ամենագէտ ու ամենակարող: Իրօք, կեանքին հիւթեղ միջուկը պարպուեցաւ անդառնալիօրէն եւ դառնօրէն…:

Անցեալ տարի, ռազմական աննախադէպ առճակատում մը գլեց-անցաւ նախորդ տարողունակ բախումները, երբ Իսրայէլ-Իրան եւ Եմէն օդային հեռահար հարուածներով նոր մրցանիշ մը արձանագրեցին ռազմական պատմութեան մէջ: Իսրայէլ, Կազայի եւ Լիբանանի դէմ դիպուկ ու ճշգրիտ թիրախներով, եկաւ հաստատելու, որ ապահով տեղ չկայ տարածաշրջանէն ներս. անոր արիւնոտ ձեռքը ամենահաս է եւ անգութ: Ճահիճին մէջ նեքաշուեցաւ ԱՄՆ: Քաթար մնաց ահաբեկ:  Սուրիան մնաց Իսրայէլի նշաւակ՝ օդային եւ ցամաքային առումներով: Սուրիական թատերաբեմը չխաղաղեցաւ եւ աւելին՝ նոր տրոհումներ վտանգեցին երկիրը՝ ալեւիներու, տիւրզիներու եւ քիւրտերու շրջաններէն ներս: Ռազմաքաղաքական թնճուկներով տագնապող Սուրիան կը փորձէ ձեռք բերել մնայուն կայունութիւն մը: Ատելավառ կիրքերը պատրաստ են բորբոքելու որեւէ պահու: Վառօդի տակառը մերթընդմերթ կը յիշեցնէ իր առկայութիւնը: Բնականաբար, տարածաշրջանային այս մագլցումները իրենց բացասական հետեւանքները կ’ունենան Լիբանանի վրայ, որ շատ յաճախ ծանրօրէն կը վճարէ գինը այլոց տարակարծութեանց: Իր տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներուն առընթեր, Լիբանան կը կրէ ճնշիչ բեռը ապօրինի զէնքի եւ պաղեստինեան զինեալ ներկայութեան հարցերուն: Այնքան ատեն, որ երկրին ներքին կեանքը կը թաւալի յարանուանական շահերու բախումներով, երբ համայնքն է առաջնային եւ ոչ պետութիւնը, երբ երկիրը բաժնուած է աւատապետական եւ հատուածապաշտական հաշիւներով եւ աւանդոյթներով, ի հարկէ, երկրին բնականոն կեանքը պիտի կաղայ, պիտի խարխլի եւ ճահճանայ. անվստահութեան մթնոլորտը պիտի պարուրէ Մայրիներուն զաւակները:

Այնուամենայնիւ, լիբանանցիներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ինչ որ էին երէկ, կը մնան նոյնը: Անոնք մեծապէս կարիքն ունին ոգեշնչող արեւագալի, խաղաղաբեր ծիածանին: Ե՞րբ եւ ի՞նչպէս պիտի վայելենք կայուն երկիր մը ունենալու բերկրանքը՝ թօթափած ելեկտրականութեան թէ ջուրի, անապահովութեան թէ վախի անդոհանքը, ոչ ոք կրնայ գուշակել: 2026-ը իր հետ պիտի բերէ՞ այնքա՜ն ըղձալի նշոյլները արեւագալի շողերուն: Այս պարագային՝ յոյսը վերջինն է որ կը մեռնի: Ուրեմն՝ յուսանք եւ սպասենք խաղաղաբաշխ արշալոյսին:

Հայաստանի պարագային, իրադարձութիւնները չզարգացան հեշտ ու դիւրասահ ընթացքով: Համեմատութեան նժարին դնելով դրականն ու ժխտականը դէմ առ դէմ, լաւատեսութեան ակնոցով՝ դրականն է գերիշխող, յոռետեսութեան ակնոցով՝ բացասականն է տիրական: Լաւատեսները իրաւացի են՝ երբ կը խօսին շինարարական թափին, մշակութային եռուզեռին, միջազգային հետաքրքրութեանց աճին, խաղաղութեան եւ կայունութեան մասին: Յոռետեսները ճշմարտացի են՝ երբ կը խօսին Պաքուէն հնչող «Արեւմտեան Ատրպէյճան» յաւակնութեան, սղաճին, դիւրաբեկ ու կասկածելի խաղաղութեան, Զանգեզուրի միջանցքին, արտագաղթին, աղքատութեան, ոստիկանական ռեժիմին մասին: Կարծիքները խիստ հակասական են արդարեւ: Ծայրայեղօրէն բեւեռացած հասարակութիւնը, որեւէ երեւոյթ չ’ընկալեր միանշանակ կերպով: Իրարու դէմ դառնացած հատուածները շեշտակիօրէն անհանդուրժող են մէկզմէկու, ինչ որ մտահոգիչ երեւոյթ է յստակօրէն: Երբ Հայաստանի վարչապետը ուղղակի կը թռչի Թուրքիա եւ բանակցութիւններ կ’ունենայ թուրք նախագահին հետ՝ դէմ առ դէմ, ոմանք կը գնահատեն յառաջընթաց՝ տարածաշրջանային նոր իրողութեանց լոյսին տակ, քայլ մը առաջ դէպի կայունութիւն, մինչ ուրիշներ կը վայվայեն եւ աղմուկ կը բարձրացնեն որպէս փոխզիջում եւ թուլութեան նշան: Բայց ո՞րն է այլընտրանքը: Կամ՝ երբ Ուաշինկթընի հովանաւորութեամբ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններէ ետք կը նախաստորագրեն TRIPP-ի փաստաթուղթը, ոմանց համար կը նկատուի քայլ մը դէպի խաղաղութիւն, ուրիշներու համար՝ մօտալուտ աղէտ մը հայկական կողմին վերապահուած: Սակայն այլ եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններ առաջարկուած էի՞ն նախապէս կամ բանակցութեանց սեղանին դրուած: Փաստօրէն, Հայաստան կը տարուբերի իրապաշտ քաղաքականութեան եւ վիպապաշտ ցանկասիրութեան միջեւ եւ բնականաբար՝ միջազգային ռազմաքաղաքական կեդրոնները կը պարտաւորեցնեն հնազանդիլ իրապաշտութեան թելադրած կանոններուն:

2025-ը պիտի չմոռցուի տխուր եւ տհաճ երեւոյթով մը, որ կլանեց հայ կեանքը, փոթորկեց արդէն իսկ ոչ-անդորր մեր առօրեան: Խօսքը կը վերաբերի պետութիւն-Հայ Առաքելական Սբ. Եկեղեցի առճակատումին: Երկու էական կառոյցներ անտեղիօրէն իրարու հակադրուեցան՝ առաւել երկփեղկելով հանրային կարծիքը: Իշխանութիւններուն կատաղի եւ լպիրշ յարձակումները եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներուն դէմ խռովեց իրավիճակը: Իշխանութիւնը անտեղեակ է երեւի, որ կաթողիկոսը կ’ընտրուի ազգային-եկեղեցական ժողովին կողմէ, որ գերագոյն եւ հեղինակաւոր իշխանութիւնն է եկեղեցւոյ եւ ընտրուած կաթողիկոսը կը գահակալէ ցկեանս: Սա դարաւոր անշեղելի օրէնք է: Միւս կողմէ, անհեթեթ եւ վնասակար քայլեր էին՝ երբ եկեղեցին հրաժարական կը պահանջէր ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւններէն եւ Սրբազան Պայքար անուան տակ խռովութիւններ կը պատճառէին եւ անկայունութիւն կը ստեղծէին երկրէն ներս: Արդարեւ, եկեղեցականներու միջամտութիւնը քաղաքականութեան եւ իշխանամէտ փոլիթիքոսներու միջամուխութիւնը եկեղեցւոյ ու հաւատքի գործերուն՝ խայտառակօրէն ալեկոծեցին մեր կեանքը: Մինչդեռ տարբեր կառոյցներ են անոնք՝ իրարու հետ գործակցելու եւ ներդաշնակօրէն գոյակցելու պարտաւորուած: Եկեղեցին յստակօրէն  իր ոլորտն ունի՝ հոգեւոր-բարոյական գործունէութեամբ, պետութիւնը ակնյայտօրէն իր ոլորտն ունի՝ բանակ, տնտեսութիւն, անվտանգութիւն, կրթութիւն, դիւանագիտութիւն եւ այլն: Իրարու ամբողջացնող երկու էական կառոյցներ են անոնք: Այդպէս էր անցեալին եւ կը մնայ նոյնը այսօր եւս: Հետեւաբար, մաղթելի է որ յառաջիկայ տարի, ականատեսն ըլլանք այս լարուածութեան վերացման եւ տագնապին բարւոք հանգուցալուծման: Սա պիտի ըլլար հանուր հայութեան իղձն ու փափաքը: Իսկական արեւագալ մը՝ սէր ու միութիւն, խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն բաշխող:

Յամենայնդէպս, կը փակենք 2025-ը մռայլ գոյներով, քիչ մը խորտակեալ տրամադրութեամբ, միաժամանակ յուսալով՝ որ դրական շողեր պիտի հասնին 2026-ին:

Ուրեմն՝ արեւագալի սպասումով կը դիմաւորենք 2026-ը:

Share80Tweet50
Previous Post

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ուղերձը 2026-ի Նոր Տարուան Առթիւ [Բացառիկ 2026]

Next Post

«Արտէմիս, Կանանց Իրաւունքներու Պաշտպան Թերթը» [Բացառիկ 2026]

Next Post
«Արտէմիս, Կանանց Իրաւունքներու Պաշտպան Թերթը» [Բացառիկ 2026]

«Արտէմիս, Կանանց Իրաւունքներու Պաշտպան Թերթը» [Բացառիկ 2026]

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.