Յար եւ նման վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի ճակատագիրին: Սակայն, նուազ բախտաւոր, քանզի «Սկիւտարի Սոխակը» կը յիշուի սերունդէ-սերունդ եւ մնայուն պատուանդան նուաճած է հայ գրականութեան մէջ, անդին քնարերգակ բանաստեղծուհի Հերանուշ (Նարգիզ) Արշակեան քիչերուն ծանօթ անուն մըն է: Ապրեցաւ ընդամէնը տասնեօթը տարի, բայց կտակեց բանաստեղծութիւններու եւ արձակ գրութիւններու փունջ մը՝ արցունքով, թախիծով եւ տրտում տողերով թաթաւուն:
Ծնած է 28 Յուլիս 1887-ին, Կ. Պոլսոյ Պէշիկթաշ արուարձանը: Երեք տարեկանին կորսնցնելով հայրը՝ Յակոբ Արշակը, մանկուց կը ճաշակէ որբութեան դառնութիւնը: Նախ կը յաճախէ Մաքրիգիւղի ֆրանսական քոյրերու վարժարանը, որմէ ետք՝ իր թաղամասին Մաքրուհեան վարժարանը: Փայլուն աշակերտուհին իր շարադրութիններով կը գրաւէ ուշադրութիւնը ուսուցիչներուն, որոնք Հերանուշին մէջ կը նշմարեն տաղանդաւոր գրողը: Սակայն, առողջական պատճառներով ուսումնառութիւնը կ’ընդհատի եւ բժիշկներու թելադրութեամբ կը մեկնի գիւղ՝ բնութեան ծոցին մէջ բուժուելու նպատակով: Արդէն տասնըհինգ տարեկան էր, որ համարեա կը մեկուսանայ Էտի-Կիւլէէ դուրս ագարակի մը մէջ: Կարելի է պատկերացնել իր ապրած անձկութեան, առանձնութեան, չարագուշակ հիւանդութեան եւ մահուան տխուր զգացողութեան սրտայոյզ եւ տխրաթախիծ խռովքներն ու ապրումները: Բնականաբար, այդ ճնշիչ ու մռայլ պահերը իր մէջ պիտի սերմանէին յոռետեսութեան, յուզականութեան եւ դառնութեան հունտերը, որոնք պիտի դուրս ժայթքէին բառերով՝ անոնք ըլլան քերթուածներ, գրութիւններ թէ նամակներ:
Ինչպէս ուրիշ վաղամեռիկ գրողներ, Հ. Արշակեան եւս իր կենդանութեան չտեսաւ իր ստեղծագործութիւններու ժողովածուն մէկ կողքի տակ ամփոփուած: Ինքնատիպ բանաստեղծ Հրանտ Նազարեանց կը կազմէ եւ Պոլսոյ մէջ 1910-ին կը հրատարակէ «Հերանուշ Արշակեան, իր կեանքը եւ բանաստեղծութիւնները» հատորը:
Եթէ Պետրոս Դուրեան ընդվզող է ճակատագիրին դէմ, եթէ կը պոռթկայ Աստուծոյ անարդար վճիռին դէմ, եթէ կը փոթորկի իրեն վերապահուած բախտին ի տես, եթէ ունի զայրոյթ ու ցասում կանխահաս մահուան հանդէպ, ապա Հ. Արշակեան հեզօրէն կը համակերպի այն անգութ իրականութեան, որ ինքնին եղաւ իր կարճատեւ կեանքէն անբաժան.
Ցաւի բաժակն մինչեւ մրուր քամեցի,
Արիւնելով շրթունքներս կանացի,
Խոցոտելով ի՛նչ որ բարի կար մէջըս,
Ինչպէս սիրտիս զգացումն ալ խոցեցի:
Աչքերուս մէջ արցունքներըս ցամքեցան,
Ինքըս իմ մէջ տառապեցայ ես անձայն.
Եւ բառերով օրօրուեցայ մինչեւ որ
Յոյսի բոլոր աղբիւրներըս ցամքեցան:
Ու արիւնըս կաթիլ-կաթիլ թափեցաւ,
Հոգւոյս ցաւին հետ միացաւ մարմնի ցաւ,
Խաւարը եւ լռութիւնը յաւիտեան,
Սպառնացին պարուրել զիս շտապաւ:
Տառապանքը ինծի բաժին ըրին, Տէ՜ր,
Եւ հնազանդ ես կրեցի անստուեր,
Ինչ ծանր բեռ որ ուսերուս բեռցուցիր,
Կեանքը ծա՜նր է, ուժս է համակ սպառեր:
«ԳԱՆԳԱՏ»
Անուանի գրաքննադատ Սիմէոն Յակոբեան «Արեւմտահայ բանաստեղծներ» շարքով, 1922-ին, Վիեննայի մէջ մենագրութիւն մը կը հրատարակէ Հ. Արշակեանին նուիրուած. հոն ան կը գրէ՝ «նա ասել է այնպիսի խօսքեր, որ կեանքի փորձ ունեցողները կրնան, ասել է իսկական բանաստեղծի ձեւով»:
1956-ին, Երեւանի մէջ, լոյս տեսաւ անոր 24 բանաստեղծութիւնները մէկտեղող 46 էջանի գրքոյկը, «Հոգիներուն արցունքը» խորագիրով, որ կազմած էր գրող, դերասան ու թարգմանիչ Արման Կոթիկեան: Յառաջաբանին մէջ ան կը գրէ՝ «Արեւմտահայ տաղանդաւոր բանաստեղծուհի Հերանուշ Արշակեանը իր կարճատեւ կեանքի ընթացքում գրել է այնպիսի բանաստեղծութիւններ, որոնք աչքի են ընկնում իրենց անկեղծութեամբ ու քնքոյշ լիրիկայով: Նրա թողած երկու տասնեակից աւելի տաղերը խորապէս յուզում եւ վարակում են մեզ, կապում մեր սրտերը հեղինակի զգացումների եւ ապրումների հետ»: Ան կ’եզրակացնէ՝ «այն սակաւաթիւ երգերը, որ թողել է նա մեզ, իր համար կանգնեցրել են մի համեստ յուշարձան՝ հայկական պոեզիայում»:
Ուշագրաւ է, որ իր տողերուն մէջ շատ յաճախ կը հանդիպինք արցունք բառին. ահա «Երկու ճամբաները» քերթուածէն տողեր.
Ես ու դուն իրարմէ տարբեր ենք, օ՜, տարբե՛ր,
Դուն լայն ճամբէն կ’երթաս, ուրախ ու անխըռով,
Մինչդեռ ես իյնալու վախովըս տարուբեր՝
Նեղ ու ցից ուղիէս կը քալեմ արցունքով:
Բայց երկուքս ալ, աւա՜ղ, կը յանգինք սեւ վիհին,
Ու պէտք է որ անցնինք մահի սեւ կամուրջէն,
Դուն՝ ուրախ, ես՝ տրտում, երբոր գանք դէմ առ դէմ,
Այն ատեն, ո՞վ արցունք պիտ’ հեղու մեր մէջէն:
«Հոգիներուն արցունքը», «Արցունքները», «Ըղձանք», «Կախօրրան», «Ղարիպը», «Չորցած վարդը», «Լացին գիշերը», «Երջանիկ յուշեր» եւ այլն, նմանօրինակ ապրումներով գրուած մէյ մէկ գողտրիկ քնարաշունչ նմոյշներ են: Իսկ ծանր է «Մահուան մօտ»ին վերջին տողերը, իսկական մահազանգ մը՝ ի հարկէ արցունքով գրուած.
Վաղը երբոր գերեզմանիս մէջ
միս-մինակ փակեն զիս,
Ո՜հ, այն ատեն արցունքներովդ
տաքցուր պաղ հողը շիրմիս.
Վերջըս մօ՜տ է… ալ ո՛չ շարժիլ,
ո՛չ մտածել չեմ կրնար,
Սիրտըս միայն կը կտրտի…
մատաղ մեռնի՜լն է դժուար…
Հայրենի գրականագէտ, արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեանց մասնագէտ, դասախօս Վազգէն Գաբրիէլեան իր «Արեւմտահայ բանաստեղծներ» (1974) գիրքին մէջ, Հ. Արշակեանի մասին կը գրէ՝ «Եթէ ճակատագիրն անողոք չլինէր, թերեւս ուրիշ կերպ հնչէր այս անունը, հնչէր աւելի վսեմ ու տիրական, հնչէր ծանօթ ու սիրելի, մեծ բանաստեղծների անունների կողքին, համահնչուն…»:
Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիոյ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին հրատարակած «Հայ նոր գրականութեան պատմութիւն» պատկառելի հնգհատորեակի վերջին հատորին մէջ (1979), Հ. Արշակեանի մասին գրուած է՝ «Այս վաղամեռիկ բանաստեղծուհին մի քանի «արցունքոտ էջեր» է թողել, որոնք անձնական ողբերգութեան սրտառուչ պատմութիւն լինելով հանդերձ, հետաքրքիր աղերսներ են պարզում ժամանակի բանաստեղծական մթնոլորտի հետ: Հերանուշ Արշակեանի բանաստեղծութիւնները դեռահաս տաղանդի ցոլքեր են, ուր յուզիչ, անպաճոյճ ու անմիջական պատկերներով բացւում են նրա աղջկական ներաշխարհի կուսական ծալքերը, երեւան բերելով կենսածարաւ մի հոգի, որ դատապարտուած է «մատաղ մեռնելու» ճակատագրական վճռին» (էջ 621):
Խօսքը դարձեալ տանք Վ. Գաբրիէլեանին՝ «Պարզ ու սովորական տողերով Արշակեանը յաճախ այնպէս տպաւորիչ է ներկայացնում իր տրամադրութիւնները, որ այն դրոշմւում է ընթերցողի մտքում, երբեմն նկարչօրէն է ներկայացնում պատկերը, երբեմն էլ բանաստեղծօրէն ընդգծում»:
1992-ին, հայրենի գրող, արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեանց խորագիտակ գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեան, «Նայիրի» հրատարակչութեամբ լոյս ընծայեց Հ. Արշակեանի գրական ամբողջական ժառանգութիւնը «Լուսնեակ» խորագիրով: Պէտք է ըսել, որ այս գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ ոչ միայն փրկուեցաւ բանաստեղծուհիին մտաւոր հրիտակը, այլեւ՝ վերակենդանացաւ ան՝ վերադառնալով ընթերցողներու սեղանին: Հոն կը գտնենք հեղինակին արձակ գրութիւններն ու նամակները նաեւ: Իրօք, շնորհակալ աշխատանք տարած է Ա. Անդրանիկեան:
Լո՜յս իր խնկելի յիշատակին:

