Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Տնօրինական Ս. Տօնից Եւ Ամանորոյ Շնորհաւորագիր` Ս. Իգնատիոս Մալոյեանէն

Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան

January 3, 2026
in Յօդուածներ
0
Տնօրինական Ս. Տօնից Եւ Ամանորոյ Շնորհաւորագիր` Ս. Իգնատիոս Մալոյեանէն

Տիեզերական եկեղեցւոյ նոր Սուրբ, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան, Մարտին քաղաքի նահատակ առաջնորդ` Արհ. Իգնատիոս արք. Մալոյեան, որու սրբակենցաղ կեանքի ձեւաւորման նախադրեալներու էական ներդրումը կը պարտի Զմմառու մայրավանքի կղերիկոսներուն` ի մասնաւորի գերպծռ. Անդրէաս Թ.Ծ.Վ. Աղեքսանդրեանի, որ մայրավանքի մեծաւորը եղած է, յատկապէս մանուկ Մալոյեանի Զմմառու դպրեվանք մուտք գործած առաջին օրէն` մինչեւ նահատակուիլը, Աղեքսանդրեան գերապայծառ` ի տուընջեան եւ ի գիշերի տքնած է, որ ան արգասաբեր եւ արդիւնաշատ խոստումնալից միաբան դառնայ։

Անոր շնորհիւ անհասանելին հասանելի դառնալով, Մալոյեան արժանացաւ սրբութեան աստիճանին։ Մալոյեան, ի տես միաբանակիցներուն իրեն հանդէպ տածած հայրական խնամքին, դաստիարակութեան, կազմաւորման ընթացքին, հոգեւոր եւ ազգային նուիրական արժէքներու նկատմամբ անվերապահ սիրոյն եւ վանական կենցաղին ընտելանալուն, իր վարքագիծը ճշգրտօրէն հունաւորելուն եւ հոգատար վերաբերմունքին` միաբանութեան հանդէպ անվերապահ սէր եւ ակնածանք ցուցաբերելով, իւրաքանչիւր տօնական օրուան իր կապուածութիւնը, երախտապարտութիւնն եւ շնորհակալութիւնը յայտնած է իր խնամատար-դաստիարակներուն հանդէպ։

Այս կը վկայեն տօնական օրերուն յղած բացիկները, որոնցմէ մէկը ստորեւ կը հրապարակենք:

 

Առաջնորդարան Կաթողիկէ Հայոց

Աղեքսանդրիա, 29 Դեկտեմբեր 1907

 

Ամենասիրելի հայր իմ,

Առթիւ տնօրինական Սուրբ տօնից եւ ամանորոյ կը փութամ մատուցանել իմ սրտագին շնորհաւորանքներս, խնդրելով ի մանկացեալ փրկչէն, որ շնորհէ Ձեզ երկար եւ երջանիկ օրեր եւ տարիներ, զուրախութիւն սրտիս եւ ի միակ մխիթարութիւն եւ քաջալերութիւն թախծեալ հոգւոյս…

Սիրելի էր ինձ, ինչպէս գիտէք քաջ, աշխատիլ Ձեր պատմութիւնը տպուելու յարմար միջոց գտնել, սակայն ժամանակը բոլորովին կերպարանափոխ եղաւ ինձ նկատմամբ, զի Մալոյեանի «ոչ գուցէ ուր դիցէ զգլուխ», Աստուած է միայն իմ ապաւէնս եւ պաշտպանս։

Համբուրելով Սուրբ աջերնիդ, եւ հայցելով հայրական օրհնութիւննիդ եւ աղօթքնիդ

Մնամ ցմիշտ

                              Ձերդ

                        Իգնատիոս վրդ. Մալոյեան

 

Ս. Իգնատիոս Մալոյեան, որքան որ ալ  թախծոտ եւ մտահոգ ըլլար, չէր թերանար իր պարտականութիւններէն եւ պատասխանատուութենէն, այս մէկը ցոյց կու տայ իր վեհ եւ վսեմ վարքագիծը։

Share62Tweet39
Previous Post

Հերանուշ Արշակեան

Next Post

Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք

Next Post
Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք

Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.