Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ ֆրանսահայ կեանքի) – 2

 Լ. Շ.

January 3, 2026
in Գաղութային
0
Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ ֆրանսահայ կեանքի) – 2

ՓԱՐԻԶԻ Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին մէջ (ԻՆԱԼՔՕ), 9 Դեկտեմբերին, կայացած է խորհրդահայ նշանաւոր արձակագիր Հրանտ Մաթեւոսեանի (1935-2002) գրական ժառանգութեան նուիրուած գիտաժողով մը։ Ձեռնարկը միասնաբար կազմակերպած են ԻՆԱԼՔՕ-ն, Երեւանի Վալերի Պրիւսով պետական համալսարանը, Եւրոպա-Եւրասիա հետազօտական կեդրոնը եւ Յիշատակարան ընկերակցութիւնը։

Գիտաժողովին բացման խօսքը արտասանած է Հայաստանի Փարիզի դեսպանը՝  Արման Խաչատրեան։ Ողջոյնի խօսքերով իրեն յաջորդած են Դաւիթ Գիւրջինեան   եւ Ասէն Սլիմ։ Գիւրջինեան, որ Պրիւսով համալսարանի տեսուչն է, հանդէս եկած է առանձին զեկոյցով մը՝ Մաթեւոսեանի գրականութեան շուրջ։ Զեկոյցներ  կարդացեր են նաեւ, ի շարս այլոց, Տոնարա Ղազարեան (Երեւանէն) եւ Ալեքսանտր Սթրոյեւ (Սորպոն Նուվէլ համալսարանէն)։ Յաջորդ օր ցուցադրուած է  Մաթեւոսեանի մէկ ստեղծագործութեան հիման վրայ նկարահանուած «Աշնան  արեւ» ժապաւէնը։

ՓԱՐԻԶԻ «Օթէլ Տրուօ» կեդրոնին մէջ, 17 Դեկտեմբերին, աճուրդի պիտի հանուէին ֆրանսահայ նշանաւոր գեղանկարիչ  Զարեհ ՄութաՖեանի (1907-1980) շարք մը  պաստառները։ Այս առթիւ է որ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը  յարմար դատած է հարցազրոյց մը կատարել գեղանկարիչին զաւկին՝ պատմաբան Գլօտ-Արմէն Մութաֆեանի հետ (Դեկտ. 11), աճուրդի նախօրէին որոշ տեղեկութիւններ  եւ լուսաբանութիւններ իմանալու նպատակով։

Գլօտ-Արմէն կը պատմէ որ իր հօր մահէն ետք նախ հրատարակեց անոր հայերէն ձեռագիր կարեւոր մէկ ուսումնասիրութիւնը («Նկարչութեան դասական դպրոցները եւ  արդի ձգտումները», Պէյրութ, 1982), այնուհետեւ սարքեց քանի մը ցուցահանդէսներ, կրցաւ նաեւ յիսունի չափ պաստառներ Հայաստան փոխադրել։ Հիմա, որոշած է աճուրդով վաճառել 45 այլ  նկարներ։ Կ՛ըսէ, թէ հայրը ծնած էր Սեւ ծովու ափին՝ Իւնիէ քաղաքը, Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած էր, ճաշակած էր որբանոցային կեանք, յետոյ Իտալիա  փոխադրուելով՝ հմտացած էր նկարչութեան մէջ։ Սերտ կապեր ունէր Վենետիկի  Մխիթարեանց հետ։ Ծով ու դիմանկարներ հանդիսացած էին անոր նախընտրած  թեմաները։

ԱՌՆՈՒՎԻԼԻ (փարիզեան արուարձան) քաղդէական տաճարին մէջ, 12 Դեկտեմբերին, ելոյթ ունեցած է Պոլսոյ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ (Թաքսիմ)  «Լուսաւորիչ» դպրաց դաս-երգչախումբը, Յակոբ Մամիկոնեանի խմբավարութեամբ։

Ձեռնարկը  հովանաւորած է տեղւոյն հայոց Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցին, որուն ծխական  խորհուրդի ատենապետը՝ Ալէն Թամիզեան, արտասանած է ձեռնարկին բացման  խօսքը։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւած համերգի ընթացքին մեկնաբանուած են Ս.  Պատարագէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգեր։  Մենակատարումներով հանդէս եկած են Սերճան Կազէրօղլու, Մարալ Այվազ եւ  Շանթ Չաքմաքճեան։ Աւարտին, ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցեր է Յարութիւն վրդ.  Տամատեան (Պոլսէն)։ Հուսկ բանքը արտասանած է Ֆրանսահայոց թեմակալ  առաջնորդ Գրիգոր եպս. Խաչատրեան։ Համերգը, որ մեծ խանդավառութիւն  ստեղծած է տաճարին մէջ, իրենց ներկայութեամբ պատուած են Առնուվիլի  քաղաքապետ Փասքալ Տօլ եւ Թուրքիոյ քաղդէացւոց առաջնորդ Սապրի արք.  Անար։ Յաջորդ օր «Լուսաւորիչ» երգչախումբը մասնակցեր է Առնուվիլի Հրանդ  Տինք հայկական ամէնօրեայ վարժարանի ընթրիք-պարահանդէսին, իսկ օր մը ետք ալ՝ Վարագայ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ  պատարագի երգեցողութեան։

ՓԱՐԻԶԻ արուարձաններէն Մեզոն-Ալֆորի ճաշարաններէն մէկուն մէջ, 14 Դեկտեմբերին, իրենց աւանդական «Բաժակի օր»-ը նշած են Պոլսոյ Ազգ. Կեդրոնական վարժարանի հին շրջանաւարտները։  Ձեռնարկը կազմակերպուած է նոյն վարժարանի Ֆրանսայի Շրջանաւարտից  Միութեան կողմէ։ «Կեդրոնականցի» ստորագրութեամբ մասնակից մը այս մասին «Նոր Յառաջ»– մէջ կը գրէ. «Մօտ 30 շրջանաւարտներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած այս յատուկ երեկոյթին՝ յարգանքով, կարօտով եւ սիրով յիշեցինք մեզմէ անդարձ  հեռացած ընկերները։ Յիշատակները, երգերը եւ արտասանուած գեղեցիկ խօսքերը անգամ մը եւս ցոյց տուին, թէ որքան ամուր եւ անժամանցելի է մեր կապը»։

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը (Ղալաթիա) հիմնուած էր Ներսէս պատրիարք Վարժապետեանի մտայղացումով 1886-ին ու կը շարունակէ գոյատեւել առ այսօր։

ԼԻՈՆԻ «Les Rues de Lyon» («Լիոնի Փողոցները») պատկերազարդ ամսաթերթը Դեկտեմբեր 2025-ի իր թիւը նուիրած է Հայաստանին՝ «Հայաստանի յիշողութիւնները» ընդհանուր խորագրին տակ։ Թերթը նախ պատմած է, թէ ինչպէ՛ս 1915-ի Մեծ Եղեռնէն ետք մեծաթիւ հայեր հաստատուեցան Ֆրանսա ու բարգաւաճ  գաղութներ կազմեցին Փարիզէն մինչեւ Մարսէյլ։

Այնուհետեւ, թղթածրարին  հեղինակները՝ Վիրժինի Օլանիէ-Ժուվրէ եւ Գլոտիուս Թիզի, կեդրոնացած են Լիոնի հայ գաղութին վրայ։ Անոնք  յատկապէս խօսած են Լիոնի երբեմնի հայ համայնքին երկու հանրածանօթ  դէմքերուն՝ Նափոլէոն Պիւլլիւքեանի եւ Ճիպրայէլ Պահատուրեանի մասին։ Ասոնցմէ առաջինը մեծահարուստ գործարար մըն էր (անշարժ գոյքի ու  շինարարութեան կալուած), որ բարեսիրական հիմնարկ մը հաստատեց իր  անունով՝ քաղցկեղի դէմ պայքարի գիտական հետազօտութիւնները քաջալերելու  նպատակով։ Երկրորդը յաջողած էր հիմնել արեւելեան ու միջերկրականեան  համեմներու եւ մթերքներու ցանց մը Ֆրանսայի մէջ, բայց նաեւ նիւթապէս  զօրակցած էր հայ գաղութին։ «Les Rues de Lyon» ամսաթերթը կը հրատարակուի 12 էջով (2015-էն իվեր) եւ ընդհանրապէս կը խօսի քաղաքին պատմութեան եւ զուարճալի դէպքերուն մասին:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ մէջ, 2026-ի ամռան ընթացքին, պատկերասփիւռի ակնդիրները անհամբերութեամբ պիտի  սպասեն զօրավար Տը Կօլի նուիրուած այն ֆիլմաշարը, որ կը պատմէ մեծանուն ֆրանսացիին կեանքին որոշ մէկ փուլին մասին։

Ֆիլմը, որուն պատրաստութիւնը  դեռ կը շարունակուի, կը կոչուի «La Bataille de Gaulle» («Տը Կօլի ճակատամարտը»)։ Այստեղ, Տը Կօլի դերը մարմնաւորած է ֆրանսահայ ծանօթ դերասան ՍիմոնԱբգարեան։ Ֆիլմին նիւթը կը դառնայ Բ. Աշխարհամարտի իրադարձութիւններուն շուրջ, կը պատկերացնէ գերմանացիներու դէմ  դիմադրական շարժումը եւ այս բոլորին մէջ՝ զօր. Տը Կօլի դերը։

 ՓԱՐԻԶԻ «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթին համացանցային կայքէջը ցանցահէններու թիրախ դարձեր է 22 Դեկտեմբերին, բոլորովին անհասանելի վիճակի մը մատնելով զայն։ Այն  ընթերցողները, որոնք ամէն օրուան նման փորձած են մտնել կայքէջը, դէմ-յանդիման գտնուած են… թրքական բախտախաղի կայքէջի մը։

Այս պարագան ալ  մտածել տուած է անմիջապէս, թէ ոտնձգութիւնը կրնայ թրքական հակահայ  արարք մը ըլլալ, ինչ որ արտասովոր չէ։ Սակայն «Նոր Յառաջ» իր 27 Դեկտեմբերի խմբագրականին մէջ կասկածները կ՛ուղղէ այլ ուղղութեամբ։ Կ՛ըսուի, թէ այս յարձակումը «ռուսական ցանցահէններու գործն է, որոնք թրքական կայքէջ յղելով՝ ուզած են թաքցնել ցանցահէններու ռուսական ինքնութիւնը»։

Share69Tweet43
Previous Post

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայասատանի Շրջանի Վարչութեան Ամանորեայ Ուղերձը

Next Post

Հերանուշ Արշակեան

Next Post
Հերանուշ Արշակեան

Հերանուշ Արշակեան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.