Սովորութիւն դարձած է, որ տարուան այս շրջանին Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական փողերախումբը իր աւանդական տողանցքով ներկայանայ հանրութեան՝ ամանորեան տօնական շունչը հաղորդելու նպատակով։ Այս տարի եւս այս գեղեցիկ սովորութիւնը իրականացաւ մեծ խանդավառութեամբ ու լայն մասնակցութեամբ։
Շաբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2025-ին, Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական փողերախումբը կազմակերպեց իր տողանցքը՝ սկսելով Ժեմմայզէի «Ֆրէր»ներու շրջանի մուտքէն։ Տողանցքը անցաւ Ժըմմայզէի թաղերով, ապա շարունակեց իր ուղին դէպի Հաճըն թաղ եւ վերջապէս հասաւ Պատաուի շրջան՝ կանգ առնելով Հ.Մ.Մ. ակումբին մօտ։ Տողանցքին ընթացքին փողերախումբը ներկայացուց ամանորեան եւ տօնական նուագներ, որոնք ուրախութիւն եւ ջերմ մթնոլորտ փոխանցեցին շրջանի բնակիչներուն։

ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ արձագանգեց փողերախումբի տողանցքին. խանութներէն եւ ճաշարաններէն դուրս եկող քաղաքացիներ միացան երթին, ծափահարեցին, ժպտեցան եւ երգեցին սկաուտներուն հետ։ Շատեր ճանապարհին կանգ առնելով բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին, իսկ ոմանք ալ քայլ առ քայլ ուղեկցեցան խումբին։
Յաջորդ օրը՝ Կիրակի, 21 Դեկտեմբերին, տօնական մթնոլորտը շարունակուեցաւ Հ.Մ.Մ. Պէյրութի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին դասաւորումով: Սահակեան գոլէճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կաղանդ Պապուկ»ի ձեռնարկը, որ նախատեսուած էր յատկապէս փոքրիկներուն համար։

Ձեռնարկին մասնակցեցաւ «Փոքրերու Աշխարհ» խումբը, որ զանազան խաղերով, երգերով եւ զուարճալի պահերով աշխուժացուց սրահը։ Փոքրիկները մեծ ուրախութեամբ մասնակցեցան կազմակերպուած ծրագրերուն, երգեցին Ծննդեան յատուկ երգեր, խաղացին միասին եւ ապրեցան տօնական անմոռանալի պահեր։ Մթնոլորտը լի էր ժպիտներով, ծիծաղով եւ մանկական անմեղ ուրախութեամբ։
Ձեռնարկի աւարտին Կաղանդ Պապուկը նուէրներ բաժնեց 70-է աւելի փոքրիկներու, ինչ որ առաւել եւս ուրախացուց զանոնք։ Նուէրներու բաժանումէն ետք ձեռնարկը աւարտեցաւ ջերմ եւ ուրախ տրամադրութեամբ՝ հաճելի յիշողութիւններ դրոշմելով ե՛ւ փոքրիկներուն եւ ե՛ւ անոնց ծնողներուն համար։
Այս երկու նախաձեռնութիւններով Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական կազմերը անգամ մը եւս իրենց դերակատարութիւնը հաստատեցին լիբանանեան կեանքին մէջ՝ պահպանելով աւանդոյթը, եւ տօնական ջերմութիւնը փոխանցելով թէ՛ մեծերուն եւ թէ՛ մանուկներուն։

