Նոր տարին խորհրդաւոր ուժ մը չէ,այլ էջ մը, որ կը դառնայ եւ նոր էջ մը, որ կը սկսինք գրի առնել։ Այլապէս թուական առումով Նոր տարին մասնաւոր իմաստ մը չի ներկայացներ։ Մեր իւրաքանչիւրին ծննդեան թուականը աւելի իմաստալից է քան Նոր Տարին։ Իսկ ինչ կը վերաբերի կեանքի իմաստին, քանի որ ամէն Ամանորի մուտքին յաճախ հարց կու տանք մեր ապրած կեանքի իմաստին վրայ։ Ընկերային հոգեբան Ալֆրէտ Ատլէր իր «Կեանքին իմաստը» խորագրուած գործին մէջ կ՛առաջադրէ երեք տարածութիւն․ ընկերութիւն, ասպարէզ եւ սէր։ Մարդուն ընկերութեան հետ ունեցած փոխյարաբերութիւնները անոր կը պարտադրեն ապրելու իր նմաններուն հետ կատարեալ համերաշխութեան մէջ, նաեւ իրերօգնութեան սկզբունքով` ուրիշները մտիկ ընելու նման զուտ մարդկային վերաբերումներ դրսեւորելով։ Գործի կեանքի մէջ մարդ իր աշխատանքով ընկերութեան ի նպաստ դեր մը կատարած ըլլալու գոհացումը կը վայելէ։ Գալով սիրոյ զգացումին, երկու անձերու միջեւ իսկական սէրը կ՛ամրապնդուի բացարձակ բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքին վրայ։ Այսպիսով կեանքի իմաստի հարցը երկու տարբերակ ունի․ անձնական եւ հաւաքական։
Միւս կողմէն, շատ բան կարելի է յուսալ «Նոր տարի» է մը, մանաւանդ եթէ գիտենք թէ մենք որքանով պատրաստ ենք նոր շունչ մը սրսկելու անոր։ Յաճախ կը խօսուի հաշուեկշիռի մասին` անցնող տարուան համար։ Եկէք հաշուեկշիռը ձգենք քաղաքագէտներուն, տնտեսագէտներուն, ընկերաբաններուն, լրագրողներուն եւ ձեռնարկատէրերուն։ Մարդուն համար կարեւոր է յուսալ նոր պատեհութիւններ, նոր հանդիպումներ, որոնք կարող են բերել իրենց հետ նոր յառաջընթաց, նաեւ կեանքի նոր իմաստ։
Սակայն ի՞նչ է խորհուրդը «Ամանոր»ին։ Ինչո՞ւ այս օրը կամ պահը այնքան ծանր կը կշռէ համայն մարդկութեան, երբ ան կամածին բնոյթ ունի․ Ամանորի թուականը մշակութային կառոյց է․ չմոռնանք յիշեցնելու, որ տարուան ծագումը դարերու ընթացքին զանազան փուլերէ անցած է (հին տոմար-նոր տոմար), եւ այսօր Գրիգորեան նոր տոմարն է, որ ի զօրու է ։ Այսուհանդերձ մեր հոգեկան վիճակին վրայ գործած ազդեցութիւնը զգալի է եւ իրական։ Այս հակասութիւնն է, որ կը ստեղծէ խորհուրդը։
Բացայայտ իրողութիւն է, որ Նոր Տարուան հանդիսաւոր նշումը շօշափելի դարձած է ամէնուրեք։ Մինչդեռ տարուան մնացեալ մասը լռութեան մէջ կ՛անցնի։ Դեկտեմբեր 31-ը Յունուար 1-ին կապող գիշերը, ժամանակին սահիլը զգալի է աշխարհի չորս ծագերուն, զայն կը սպասենք, կ՛անուանենք, երկվայրկեանները կը համրենք։ Մէկզմէկ կը շնորհաւորենք, բաժակներ կը բարձրացնենք կենաց մաղթանքներով։ Երեւոյթը բնազանցական փորձառութիւն մըն է, կարծէք։ Այսուհանդերձ այս սահմանը անտեսանելի է։
Ամանորը կ՛ապրինք որպէս տեսակ մը շեմ, ուրկէ մուտք կը գործենք անծանօթ աշխարհ մը, խորհրդանշական անցք մը, դէպի իրողութեան մէկ ուրիշ տարբերակը։ Նոյնիսկ զօրաւոր բանականութեան տէր մարդիկ կը խոստովանին ապրիլ, զգալ անսահմանելի բան մը, կարօտի, վախի, ցնծութեան եւ անծանօթ զգացումներու խառնուրդ մը։
Հաւաքական ծէսն ու խանդավառութիւնը Ամանորի նշումին եւ ընդունելութեան մասնաւոր մոգական հոտ մը եւ հմայք մը կու տան․ հրավառութիւններ, լոյսեր, ողջագուրումներ եւ վերջապէս կէս գիշերի անակնկալը, մանաւանդ մանուկներու եւ երեխաներու համար։ Այս բոլորը կը ստեղծեն մթնոլորտ մը, որ կը յիշեցնէ արարողութիւն մը, տօն մը որ կը խօսի վաղնջական լեզուով մը, լեզու մը որ կը գործածէին հին քաղաքակրթութիւններ, երբ կը տօնէին ժամանակի փոփոխութիւնը։
Ամանորի խորհուրդը ահա այս տարօրինակ զգայական ապրումն է, թէ ժամանակը կը վերսկսի եւ որ զայն կարելի է վերստեղծել։
Իսկ ի՞նչ կարելի է բանականօրէն յուսալ մօտալուտ Ամանորէն․ վերագտնել կամ ամրացնել իմաստը մեր կատարումներուն, կառուցանել տարի մը, որ պիտի ըլլայ աւելի յարակից մեր արժէքներուն հետ, յայտնաբերել բան մը , որ պիտի փոխէ մեր նայուածքը ներկայ կենցաղակերպին նկատմամբ, ապրիլ անակնկալ մը, ի տես երեւոյթի մը, որ կը կարծէինք անկարելի։
2026-ի շեմին լաւագոյն մաղթանքներ բոլորիդ։

