Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 3 Յունուար 2026

January 3, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 3 Յունուար 2026

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐ ԱՌԱՆՑ ԼՈՒՐՋ ՀԱՐՑԵՐՈՒ

Լիբանանցիները համեմատական խաղաղութեամբ 2025-էն անցան 2026: Մայրաքաղաք Պէյրութն ու այլ շրջաններ ականատես դարձան բուռն տօնախմբութիւններու, սովորական հրավառութեան եւ սահմանափակ կրակոցներու, որոնք կեդրոնացան որոշ շրջաններու մէջ եւ չհասան անցնող տարիներուն գրանցուած կրակոցներու աստիճանին:

Այսուհանդերձ եղան խախտումներ եւ ձերբակալութիւններ: Լիբանանաեան բանակը յայտարարեց, որ 19 լիբանանցի եւ երկու պաղեստինցի ձերբակալած է Ամանորի գիշերը ձեռնարկուած ապահովական խիստ քայլերուն արդիւնքով: Լիբանանեան Կարմիր խաչն ալ յայտարարեց մարդասիրական 411 գործողութիւն կատարելու մասին: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն այցելեց Պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ անձամբ հետեւեցաւ ապահովական ծրագրի գործադրութեան: Ան յայտնեց, որ երկրին կայունութիւնը ապացոյց է զինուորական եւ ապահովական կառոյցներու աշխուժութեան եւ կազմակերպուած աշխատանքին:

Ամանորեայ տօնակատարութիւններուն ընկերակցած եւ տարուայ առաջին երկու օրերուն շարունակուած տեղատարափ անձրեւն ու ձիւնաթափը, սակայն, խնդիրներ յառաջացուցին լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ: Քաղաքացիական անվտանգութիւնը աշխատանք տարաւ վերաբանալու գիւղական փակ ճամբաները, իսկ հիւսիսի սահմանային շրջաններուն մէջ եղան ողողումներ, մինչ բանակը միջամտեց փրկելու համար արգելափակուած քաղաքացիները:

 

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ ԼԱՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Փոխվարչապետ Թարէք Միթրի վստահեցուց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է Սուրիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններու մշակումին եւ մտահոգութիւն յայտնեց լիբանանեան հողերէն Սուրիոյ ապահովութիւնը վտանգող շարժումներուն առնչութեամբ: Ան շեշտեց, որ ապահովական կառոյցները պէտք է հետաքննեն Լիբանան ապաստանած սուրիացի նախկին սպաներու կողմէ մշակուող ծրագրերը, որոնք կը միտին թիրախաւորել Սուրիոյ նոր իշխանութիւնը: «Յանձնառու ենք, որ Սուրիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները չցնցուին», ըսաւ փոխվարչապետը:

 

ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ԷՆ ԲՈՒՌՆ ԲՈՂՈՔ

ԵՈՒՆԻՖԻԼ ահազանգեց, թէ խաղաղապահ ուժերու խումբ մը հրաձգութեան ենթարկուած է սահմանային Քֆարշուպա շրջանին մէջ: Ըստ յայտարարութեան, խաղաղապահներուն վրայ աւելի քան 15 կրակոց արձակած են ընդամէնը 50 մեթր հեռու տեղակայուած իսրայէլացի զինուորները, առանց պատճառելու զոհեր կամ վիրաւորներ

«Խաղաղապահներուն վրայ կամ անոնց մօտակայքը կրակ բանալը վտանգաւոր խախտում է 1701 բանաձեւին եւ իսրայէլեան ուժերը պէտք է վերջ տան իրենց թշնամական վերաբերմունքին», ահազանգեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ:

 

 

ՀԵՔԻԱԹԱՅԻՆ ԱՄԱՆՈՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի մէջ Նոր տարուայ գիշերը բացառիկ էր Հայաստանի բնակիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար: Երեւանի կեդրոնական Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած համերգին, անօդաչու սարքերով լոյսերու ցուցադրութեան եւ հրավառութեան որպէս ամբողջացում տօնախմբողները ականատես դարձան գեղեցիկ ձիւնաթափի, որ սպիտակով ծածկեց հրապարակն ու Հայաստանի բոլոր շրջանները: Տարիներէ ի վեր նման ձիւնաթափ չէր եղած Ամանորի գիշերը եւ այս  անակնկալն ու համերգին ջերմութիւնը ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեց բոլորին մօտ: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ աւելի քան 21 հազար մարդ Նոր տարին դիմաւորած է Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: «Հրապարակին վրայ եղաւ յաջող տօնախմբութիւն մը: Ես կը սպասէի, որ յաւելեալ օտարազգիներ ըլլային այնտեղ, սակայն անակնկալ էր տեսնել, որ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կային, որոնք եկած էին բոլոր անդամներով», հրապարակէն յայտնեց Փաշինեան:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ Ամանորի գիշերը Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որուն յաջորդեց նուռի օրհնութեան արարողութիւնը՝ Սուրբ Տրդատի բաց խորանին վրայ:

 

ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆ ԱՌԱՆՑ ԶՈՀԻ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յղեց Ամանորի առթիւ շնորհաւորական ուղերձ մը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի անկախութենէն ետք 2025-ը առաջին տարի էր, որ Ատրպէյճանի հետ հրաձգութեան հետեւանքով ոչ զոհ եղած է, ոչ վիրաւոր: «Սահմանային հրաձգութեան հետեւանքով զոհեր չենք ունեցած  2024-ի Մարտէն ի վեր՝ աւելի քան 22 ամիս», յայտնեց վարչապետը: «Այս պատահական չէ, այլ Հայաստանի ժողովուրդին կողմէ 2021-ի արտակարգ ընտրութիւններուն խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ կառավարութեան պատուիրուած ռազմավարութեան իրականացումն է», ըսաւ վարչապետը: Անոր խօսքով, այս ռազմավարութիւնը մաս կը կազմէ իրական Հայաստանի գաղափարախօսութեան եւ կապուած է հայոց պատմութենէն դասեր քաղելու գործելակերպին հետ: «Պետութիւնը ուժեղացնելու օրակարգը ազգային ինքնութիւն ուժեղացնելու օրակարգ է», շեշտեց Փաշինեան:

 

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ

Ատրէպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ Արցախի հակամարտութիւնը դուրս եկած է միջազգային օրակարգէն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը ուղարկուած է պատմութեան արխիւ: Իսկ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնեց, որ Պաքու խաղաղութիւն կը կնքէ ոչ միայն Հայաստանի կառավարութեան, այլեւ ժողովուրդին հետ եւս: Ան որպէս ապացոյց յիշեցուց, որ Ատրպէյճան սկսած է վառելանիւթ արտահանել Հայաստան եւ դիւրացնել ցորենի տարանցիկ մատակարարումը հայկական շուկայ:

«Այս կրնայ ըլլալ խորհրդանշական, սակայն այստեղ կայ աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւն», ըսաւ ան: «Ուաշինկթըն Թայմզ»-ին տրուած հարցազրոյցին մէջ ատրպէյճանցի պաշտօնատարը դիտել տուաւ, որ ամերիկացի նախագահ Տոնըլտ Թրամփին վարչակազմը մեծ նուիրուածութիւն կը ցուցաբերէ խաղաղ օրակարգին: «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կառավարութիւնները ջանք կը թափեն խաղաղութիւնը ամրապնդելու», ըսաւ ան ու ցաւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը մեծ վնաս հասցուցած է տարածաշրջանի խաղաղութեան հոլովոյթին՝ վերստին սահմանափակումներ պարտադրելով Պաքուի նկատմամբ: Նշենք, որ Հայաստանի օդային տարածքը գործածելու համար Ատրպէյճանի օդանաւային ընկերութիւնները 2025-ին վճարած են 400 հազար եւրօ:

Share63Tweet40
Previous Post

Ամանորեան Զոյգ Տօները՝ Հ.Մ.Մ.-ի Սկաուտական Փողերախումբի Տողանցքով Եւ «Կաղանդ Պապուկ»ի Ձեռնարկով

Next Post

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայասատանի Շրջանի Վարչութեան Ամանորեայ Ուղերձը

Next Post
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայասատանի Շրջանի Վարչութեան Ամանորեայ Ուղերձը

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայասատանի Շրջանի Վարչութեան Ամանորեայ Ուղերձը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.