2026 թուականի Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի օրհնաբեր տօներուն առիթով, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնութիւնը իր ջերմագին եւ անկեղծ մաղթանքները կը յղէ թերթին հաւատարիմ ընթերցողներուն, մտաւորական եւ ընկերական շրջանակներուն, համակիրներուն, ինչպէս նաեւ համայն հայ ժողովուրդին՝ Հայրենիքի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին։
Նոր Տարին կը դիմաւորենք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մեր ժողովուրդը՝ յատկապէս Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ, կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բազմաթիւ լուրջ փորձութիւններ։ Անորոշութիւններով յղի իրականութիւնը, օրէցօր ծանրացող կենցաղային պայմանները, պետական ու հասարակական կառոյցներու նկատմամբ վստահութեան խաթարումը, ինչպէս նաեւ եկեղեցական կեանքին մէջ յառաջացած ներքին տագնապները կը պահանջեն սթափ միտք, ազգային համախմբում ու բարւոք եւ իմաստուն լուծումներ։
Այս օրհնաբեր օրերուն, մեր սրտագին մաղթանքն է, որ Լիբանանը եւ Հայաստանը կարենան դուրս գալ ճգնաժամերէն՝ կանգնելով խաղաղ, արդար եւ կայուն ուղիներու վրայ, հեռու պատերազմի ու բռնութեան վտանգներէն, եւ բացուի համերաշխութեան ու խաղաղ գոյակցութեան նոր հորիզոն մը։ Մաղթենք, որ քաղաքական ու հասարակական պատասխանատուները առաջնորդուին խղճմտանքով, հեռատեսութեամբ եւ ազգային շահի գիտակցութեամբ, իսկ եկեղեցական կեանքը վերագտնէ իր միաւորող, մխիթարող եւ առաջնորդող դերը։
Առաջին հերթին, մաղթենք, որ պարզ քաղաքացին՝ աշխատաւոր մարդը, կարենայ արժանապատիւ պայմաններու մէջ վաստակել իր օրապահիկը, ապահովել իր ընտանիքին ապագան եւ ապրիլ խաղաղութեան, արդարութեան ու մարդկային արժանապատուութեան մթնոլորտի մէջ։ Թող նոր տարին դառնայ յոյսի, վերականգնման եւ նոր սկիզբներու տարի մը՝ անհատին, ընտանիքին եւ ամբողջ հասարակութեան համար։
Այս լուսաշող տօներուն առթիւ, «Արարատ» թերթի տնօրէնութիւնը կը մաղթէ առողջութիւն, խաղաղութիւն, հոգեկան զօրութիւն եւ անսասան հաւատք՝ գալիք օրերուն հանդէպ։ Թող 2026-ը իրականութիւն դարձնէ մեր ժողովուրդին արդար սպասումները եւ նոր ճամբաներ բանայ դէպի աւելի լուսաւոր եւ ապահով ապագայ։
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

