Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 30 Դեկտեմբեր 2025

December 30, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 30 Դեկտեմբեր 2025

ԱՈՒՆ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առթիւ, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց զինուորական եւ ապահովական կառոյցներուն ղեկավար կազմերը ներկայացնող պատուիրակութիւններ: Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալն ու բարձրաստիճան զօրավարներուն հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին, նախագահը բանակը համարեց երկրին ողնաշարը, շեշտելով որ ոչ ոք կրնայ արհամարհել բանակին իրագործումները: Հայքալ իր կարգին վստահեցուց, որ բանակը ամուր է ու միասնական, միշտ պատրաստ գործադրելու իրմէ պահանջուած գործողութիւնները եւ պահպանելու ազգային միասնականութիւնը:

Ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատարութեան պատուիրակութիւնը ընդունած ատեն Աուն դրուատեց ապահովութեան ուժերուն գործունէութիւնը, երկրին կայունութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ թափած ջանքերը, մաղթելով որ վերջ դրուի պատերազմներուն, վերադառնան գերիները եւ ազատագրուին լիբանանեան բոլոր հողերը: Իսկ Պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարութեան հետ ունեցած ժողովին ընթացքին նախագահը նշեց, որ շնորհիւ կառոյցի աշխատանքին, կարելի եղած է բարձրացնել պետութեան եկամուտը:

 

ԱՒԱՆԴՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ՏԷՐԵՐՈՒՆ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ ելեւմտական բարեկարգումին վերաբերող օրինագիծը պիտի փոխանցուի խորհրդարանին՝ վերջնական վաւերացումի համար, խոստանալով զայն հրապարակել պաշտօնական կայքէջին վրայ, որպէսզի քաղաքացիները կարենան ծանօթանալ մանրամասնութիւններուն եւ փարատել իրենց մտահոգութիւնները:

Սալամի համաձայն, օրինագիծը նկատի առած է դրամատնային աւանդներուն վերադարձը իրենց տէրերուն, միաժամանակ տուրքեր սահմանելով անոնց նկատմամբ, որոնք իրենց աւանդները փոխանցած են երկրէն դուրս: Վարչապետը երէկ հովանաւորեց Լիբանանի ու Եգիպտոսի միջեւ համաձայնութեան մը ստորագրութիւնը, որ կը վերաբերի ելեկտրականութեան  արտադրութեան համար բնական կազը Եգիպտոսէն Լիբանան փոխնացելու գործարքին: Համաձայնութիւնը ստորագրեցին երկու երկիրներուն ուժանիւթի նախարարները: Լիբանանցի նախարար Ճօ Սատի յայտնեց, թէ որոշուած է ելեկտրականութեան արտադրութիւնը քարիւղէն փոխանցել բնական կազի, որովհետեւ աւելի աժան է եւ նուազ վնաս կը պատճառէ բնութեան: Նախագահ Աուն եւս ընդունեց եգիպտացի նախարարը եւ յայտնեց, որ եգիպտական կազին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ յաւելեալ ելեկտրականութիւն արտադրել Լիբանանի մէջ:

 

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՈՒՄ

Հարաւի մէջ կը շարունակուին իսրայէլեան ոտնձգութիւնները: Ապահովական տեղեկութիւններ նշեցին, որ իսրայէլեան ուժերու խումբ մը երէկ ներթափանցած է լիբանանեան հողեր եւ Մէյս էլ Ժապալի մէջ կործանած է կառոյց մը, որ նախապէս ենթարկուած էր հարուածի: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը Լիբանանի ապակայունութեան պատճառներն են:

Հաւաքի մը ընթացքին Քասէմ շեշտեց, որ  այսուհետեւ ոչինչ պէտք է պահանջուի Լիբանանէն նախքան բռնագրաւեալ հողերէն իսրայէլեան ամբողջական նահանջը: «Պիտի պաշտպանենք մեր իրաւունքները եւ մեր նպատակին հասնինք, նոյնիսկ եթէ այդ իրականանայ որոշ ժամանակ ետք», ըսաւ Քասէմ:

 

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ-ԻՐԱՆԵԱՆ ԺՈՂՈՎ

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործերու նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իր իրանցի պաշտօնակից Ապպաս Արաղճիի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային զարգացումները: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նախարարները անդրադարձան Լիբանանի զարգացումներուն: Իրանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը շեշտեց, որ Արաղճի դատապարտած է իսրայէլեան ոտնձգութիւնները, իսկ սէուտցի նախարարը կարեւորած է տարածաշրջանին մէջ համագործակցութիւնն ու համաձայնութիւնը՝ պահպանելու համար խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: Պըն Ֆարհան նաեւ պահանջած է Իսրայէլը հաշուեյարդարի ենթարկել՝ իր գործած ոճիրներուն համար:

Նախարարները անդրադարձան նաեւ Եմէնի զարգացումներուն, շեշտելով այդ երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու եւ երկարատեւ խաղաղութեան յանգելու անհրաժեշտութիւնը: Եմէնի հարցը եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները Արաղճի քննարկեց նաեւ իր էմիրաթցի պաշտօնակիցին հետ:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՎԻԶԱՆԵՐՈՒ ԴԻՒՐԱՑՈՒՄ

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումի հոլովոյթին յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ծիրին մէջ, Երեւանն ու Անքարան որոշած են դիւրացնել մուտքի արտօնագրերու տրամադրման հոլովոյթը դիւանագիտական, յատուկ եւ ծառայողական անցագիր ունեցողներուն համար: Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 1 Յունուար 2026-էն սկսեալ, երկու երկիրներուն դիւանագիտական, ծառայողական եւ յատուկ անցագիր ունեցողները կրնան ելեկտրոնային վիզա ստանալ անվճար: Այս առթիւ, Հայաստանն ու Թուրքիան անգամ մը եւս վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ շարունակելու կարգաւորումի հոլովոյթը, նպատակ ունենալով հասնիլ առանց նախապայմաններու լիարժէք կարգաւորումի:

 

ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Ամանորի նախօրէին, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այցելեց սահմանային զօրամասերէն մէկը եւ խրախուսական նուէրներ յանձնեց հրամանատարական կազմին ու ժամկէտային զինուորներուն: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բարեխիղճ եւ օրինակելի ծառայութեան համար, ապա զանոնք շնորհաւորեց գալիք տօներուն առիթով:

 

ԱՆՀԵՏ ԿՈՐՍՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին գլխաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովին հերթական նիստը:

Ժողովականները վերահաստատեցին, որ անհետ կորսուածներուն հարցը զուտ մարդասիրական խնդիր է, ապա քննարկեցին վերջին շրջանին կատարուած աշխատանքները՝ անոնց ճակատագիրը պարզելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ յառաջիկային կատարուելիք որոնողական աշխատանքներուն ծրագիրը:

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՄՕՏ

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը երէկ հիւանդանոցին մէջ այցելեց Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանին, որ քանի մը օր առաջ ենթարկուած էր վիրաբուժական գործողութեան: Հաղորդուեցաւ, որ սրբազանին վիճակը կայուն է եւ ան կը շարունակէ բուժումը:

Նոյն ծիրին մէջ, Լեմքինի անուած ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ նկատմամբ պետականօրէն շարունակուող ճնշումներուն՝ ներառեալ հոգեւորականններու ձերբակալութիւնները եւ անոնց ձայնը լռեցնելու փորձերը:

 

ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին ամանորեայ բարեմաղթանքներ փոխանցեց հայ ժողովուրդին՝ մաղթելով խաղաղ, ուրախ եւ բարեկեցիկ նոր տարի:

«Վերջին տարուայ ընթացքին, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները աւելի մեծ յառաջընթաց գրանցեցին, քան Հայաստանի անկախութենէն ի վեր որեւէ այլ տարի», նշեց դեսպանը՝ մաղթելով, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ գործընկերութեան հետագայ ամրապնդումի, յառաջընթացի եւ խաղաղութեան տարի:

 

ՍԵՒԱՆԱՅ ԼԻՃԻՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԸ ՆՈՒԱԶԱԾ Է

Հայաստանի Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սեւանայ լիճին մակարդակը 17 սանթիմեթր աւելի ցած է բաղդատած անցեալ տարուայ նոյն օրերուն: Ըստ յայտարարութեան, 2025-ի 1 Յունուարին լիճին մակարդակը 1900,39 մեթր էր եւ մինչեւ 8 Յունիս բարձրացած է 38 սանթիմեթրով՝ հասնելով 1900,77 մեթրի:

Սակայն, 9 Յունիսէն մինչեւ օրս լիճին մակարդակը նուազած է 55 սանթիմեթրով եւ այսօր 1900,22 մեթր է: Ըստ նախարարութեան, ոռոգումի նպատակով լիճէն ջուրի գործածութիւնը սկսած է 6 Յունիսին եւ շարունակուած մինչեւ 27 Սեպտեմբեր:

 

Share64Tweet40
Previous Post

Վասիլի Քանտինսքի Եւ Կապրիէլ Միւնթէր. Համատեղ Տեսլական, Անջատ Ժառանգութիւն

Next Post

Ամանորի Եւ Սուրբ Ծնունդի Տօներուն Առիթով

Next Post
Ամանորի Եւ Սուրբ Ծնունդի Տօներուն Առիթով

Ամանորի Եւ Սուրբ Ծնունդի Տօներուն Առիթով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.