«Կաղանդ Պապային մօրուքը ճերմակ է
ԱԼԻՒՐԻ նման
Ըսէ- Կաղանդ Պապա
Մօրուքէդ ՀԱՑ կը շինուի՞»
ԶԱՀՐԱՏ
Այս գիշեր, հին եւ նոր տարիներու ջրբաժանին, ամէն մարդ, ինքնըստինքեան, խորհրդածութեան եւ հաշուեյարդարի պահ մը կ’ունենայ ներքուստ: Երեւի տարուան ամենախորհրդաւոր գիշերն է սա, երբ մարդ հոգեպէս կ’ապրի նորը դիմաւորելու անհուն երջանկութիւնը եւ վերանորոգուելու ակնկալութիւնը: Նորը միշտ ալ կ’ըլլայ հետաքրքրաշարժ ու դրական, յուսադրող եւ խանդավառող:
Յատկապէս մանուկներու ակնդէտօրէն սպասած օրն է այս գիշեր, քանզի անմեղօրէն եւ զուլալ հոգիով կը սպասեն ձիւնաթաթախ մօրուեղ հրաշագործը, որ պիտի բերէ եւ նուիրէ այն բոլորը՝ ինչ որ կ’երազէին անոնք: Բարի է ան, պարգեւաձիր եւ առատաձեռն:
Այս գիշեր, մեծերը նոյնիսկ կը փորձեն մանկանալ, ըլլալ դիւրահաւան այն հեքիաթային պապուկին հանդէպ, որ օժտուած է կենսակոչելու այն երազները, որոնք կը փափաքէինք, կ’ուզէինք տեսնել որպէս իրականութիւններ: Մինչեւ իսկ ինքնախաբէաբար կ’ուզենք հաւատալ, որ ահա Կաղանդ Պապան գէթ այս տարի պիտի բերէ ցանկալին եւ ըղձալին:
Նշմարելի է, որ այս տօնական օրերուն մանուկներու առընթեր կը սպասեն շուկայի վաշխառուներ՝ առեւտրական նպատակներով եւ մեծահարուստներ՝ ցուցամոլութեան մարմաջով: Մինչ մանկանց պճլտուն աչքերը կը փայլփլին ջինջ զգացումներով, անդին արբշիռ ու զեղխ սեղաններու շուրջ ընկողմանած ասպետներուն աչքերը՝ ոսկիի նկատմամբ անյագուրդ մոլուցքով:
Այս գիշեր, դասակարգային խոր տարբերութեան բացայայտումին օրն է նաեւ. չքաւորներու տառապանքին եւ դրամատէրերու շուայտանքին:
Ոեւէ արդար, գթասիրտ եւ ընկերվարական մարդ պիտի չսիրէր այս օրը, որովհետեւ պիտի տանջահարուէր, ակամայ մտաբերելով սովեալներն ու զրկեալները աշխարհի, ցնցոտիներու մէջ կիսաքաղց տառապող որբերն ու այրիները նաեւ, գործազուրկ եւ բնահան գաղթականները եւս:
Այս գիշեր, մարդ պահ մը մանկանալով կը յիշէ անցեալը, հին եւ երբեմնի Նոր Տարիները, Կաղանդ Պապային շալակն ու մախաղը, մահակն ու խռպոտ ձայնը: Եւ մերինը, քիչ մը տարբեր էր… հայազգի, հայախօս եւ Արարատի ձիւնածածկ գագաթէն ժամանող:
Ահա կը յիշեմ պատանեկութեանս օրերէն մին, երբ հօրս հետ կ’ուղղուէինք Շամունի անուան մարզադաշտ, հայկական ֆութպոլի ախոյեանին խաղը դիտելու Լիբանանի ախոյեան խումբին հետ: Ինքնաշարժին մէջ, հայեացքս ինքնաշարժէն կը սեւեռի աջակողմեան շրջան եւ ո՜վ զարմանք, փշաքաղիչ ու սահմռկեցուցիչ պատկեր.- թիթեղածածկ հիւղակներ, բոկ մանուկներ, կարկտան հագուած երեխաներ, հիքութեան բոլոր տուեալները ունեցող արգահատելի կեցավայր, կոյուղիի գարշահոտ եւ այլանդակ գռիհներ, թշուառութեան ոստան մը՝ աներեւակայելի աղկաղկութեամբ: Եւ ցնցուած հարցուցի հօրս.- այս անճանաչելի մարդիկը հո՞ս կ’ապրին: Հայրս ափով փակեց անքթիթ աչքերս եւ գլխուս ուղղութիւնը թեքեց ձախ կողմը, որպէսզի չզարհուրիմ նողկալի պատկերէն: Տարինե՜ր ետք իմացայ, որ օդակայանին մօտ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններն էին անոնք՝ Սապրա եւ Շաթիլա:
Օր մը, նոյն ժամանակաշրջանին, հօրս հետ ուղղուեցանք քաղաքի գրախանութներէն մին՝ «Լիպրէրի Անթուան»: Անհամբեր էի ըմբոշխնելու այդ գիրքերու աշխարհը: Եւ մայթի եզրին, ո՜վ ապշանք, ծերունի մը քնացած էր գետնամած, տաբատը կէսէն ճղուած եւ կ’երեւէր տղամարդու յատուկ մասերը իր բոլոր զազրելիութեամբ: Ապշահար հօրս նայեցայ, թէ ո՞վ է այս ողորմելին: Հայրս աչքերս փակելով ըսաւ՝ տղաս, անօթեւան մըն է, հոս կը գիշերէ հաւանաբար: Ահա առաջին հադիպումներս մարդկանց այն հատուածին, որոնց համար Կաղանդ Պապան կրնայ միայն թշուառութիւն պարգեւել եւ կամ խոստում մը պարզապէս՝ օդի մէջ ցնդող:
Ուշագրաւ է, որ մեծ մասամբ, գրողները անդրադարձած են այս օրուան՝ Կաղանդի, ձմեռ պապիի, տօնածառի, անարդարութեան, որբութեան, աղքատութեան, զրկեալներու եւ նմանատիպ այլ անդրադարձումներով: Բնականաբար, հայ գրողներ եւս:
Մեծ Եղեռնի նահատակ գրագէտ, խմբագիր Գեղամ Բարսեղեանի անդրադարձը որբութեան է. «Պզտիկին մայրիկը մեռած էր, բայց ինքը չէր գիտեր թէ մեռած էր:
Մեծ-քուրիկը ըսած էր իրեն թէ մայրիկը հեռաւոր տեղ մը գացած էր, եւ թէ պիտի վերադառնար կարմիր-կապոյտ խաղալիքներով, փողերով եւ գոյնզգոյն հագուստներով:
Եւ քուրիկը կը պատասխանէր թէ միւս օր պիտի գար, կառքին մէջ նստած եւ փայլուն զգեստներ հագած» (Կաղանդի Պատմութիւն):
Ֆրանսահայ գրագէտ, արձակագիր Շաւարշ Նարդունիի անդրադարձը բողոք է անարդարութեան եւ խաբկանքի դէմ. «Դուն եղա՜ր, քրիստոնէական գիշերներու, երազի պապուկ մը, որ իր բարեպաշտօն պատմուճանին տակ պահեց հեթանոս իմաստութիւն մը: Ու դուն եղար բախտագուշակ ծերունի մը. ու քեզ ստիպեցին խամաճիկներ բաշխել մարդոց: Լսէ՜:
Անարդա՜ր է բաշխումը, ու կշիռդ՝ սխալ: Կո՜յր ես դուն, եւ իմաստութիւնդ՝ պառաւցած» (Ո՜վ Կաղանդ):
Բանաստեղծ, հրապարակագիր Պէպօ Սիմոնեան նամակներ յղած է Կաղանդ Պապային եւ նամակ ստացած անորմէ: Անոր անզուսպ պոռթկումը անարդար աշխարհին դէմ է եւ՝ յանդգնաբար. «Կաղանդ Պապա, այնպէս կ’երեւի թէ միջնադարէն ի վեր արտայայտուած գանգատներուն եւ բողոքներուն դէմ, ականջներուդ մէջ ձիւնեղէն բամպակ խցած ես: Չլսելու, կամ պարզապէս չլսել ձեւանալու համար: Բա՛ց ականջներդ, լսելու համար, անվերադարձօրէն մեկնող 1974 տարուան բողոքի կանչը: Աշխարհի բոլոր մանուկներուն արդարութիւն պահանջող ցասկոտ ճիչը…: Կշիռքիդ նժարները հաստատէ արդարութեան, հաւասարութեան, մարդկայնութեան առանցքին վրայ: Մարդկութիւնը յոգնած է փուճ խոստումներուդ առատութենէն: Ձանձրացած է դիմագիծիդ նոյն, միապաղաղ գոյները դիտելէ: Ընդվզած՝ բարիքներուդ եւ նուէրներուդ միակողմանի բաշխումէն» (Կաղանդ Պապային Ա. Նամակ):
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն եւ ապա արցախահայութեան տարագրութենէն ետք, սեւ շղարշը պատած է հայոց տուները: Կսկիծը ծանրօրէն ճնշած է բոլորս: Հայը Կաղանդ Պապա դիմաւորելու, տօնածառ տնկելու, գինի կոնծելու իրաւունք ունի՞: Հո՛ն, եղբայրական գերեզմաններն են հազարաւոր նահատակներու: Հո՛ն, վիրաւոր, հաշմանդամ, խեղուած հազարաւոր զինուորներն են: Հո՛ն, որդեկորոյս մայրերու սուգն ու շիւանն է: Հո՛ն, որդիներ որոնող ծնողներու յորդաբուխ արցունքներն են: Հո՛ն, տնահան եւ գաղթական դարձած անտուն եւ աներդիք թշուառներն են: Հո՛ն, ցրտահար, նօթի, մաշիկներով ձիւնի վրայ սրսփացող մանուկներն են: Հո՛ն, ամէն այգաբացի հայրենի հողին կիզիչ կարօտով արթնցող զարգուն տղոց կիսատ երազն է: Հո՛ն, ծաղիկ սերունդ մը արի տղոց չքացաւ ի սպառ եւ վարդաբոյր աղջիկներու քնքուշ անուրջներ իրականութիւն պիտի չդառնան երբեւիցէ: Հո՛ն, ծաղկառատ եւ ձիւնապատ շիրիմներ են՝ նորաթաղ հերոսներու: Հո՛ն, «պապա՜, պապա՜» կ’աղաղակեն հազարաւոր որբուկներ: Հո՛ն, «բալա՜մ, բալա՜մ» կը հեկեկան հայրեր ու մայրեր:
Ո՛չ, հայոց տուներ մի՛ այցելեր Կաղանդ Պապա: Մեր վիշտը հերիք է եւ չոքած մեր ուսերուն:
Նաեւ, չենք կրնար մոռնալ Կազայի մէջ տնազուրկ դարձած, խարխուլ վրաններու տակ ծուարած մանուկները, գլգլեակներով ծածկուած կիները, սովահար եւ հացի կարօտ պաղեստինցի խլեակները, որոնք անձրեւի հեղեղի տակ կ’ողբան իրենց ճակատագիրն անիծեալ: Ի՞նչ կրնան Կաղանդ Պապայէն ակնկալել այս թշուառականները: Մի գուցէ նշոյլ մը յո՞յս, ժպիտ մը կե՞ղծ, խոստում մը օդասլա՞ց: Ե՞րբ եւ ո՞ւր կարիքաւորներ ունեցած են Կաղանդ Պապա: Կաղանդ Պապան անարդար է բացայայտօրէն:
Եթէ բանաստեղծ Զահրատին հերոսը անօթի է եւ Կաղանդ Պապային մօրուքէն ալիւր եւ հաց կ’ակնկալէ, ապա՝ թող որ այս տարի երբ ես պատահմամբ Կաղանդ Պապան տեսնեմ ճկուն խաղերով, հարուստի մը ապարանքին առջեւ, ձեռքին զանգակ մը հարուստին քծնող եւ շալակին դրամատիրոջ իւղոտ նուէրներ տալու պատրաստ, խոյանամ վրան՝ փորոտալով՝ ՄՕՐՈՒՔԴ ՓԵՏՏԵ՛Մ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱ…:

