«Բայց հիմա ես այնքան ալ վստահ չեմ, որ կը հաւատամ
սկիզբին եւ աւարտին։ Օրեր կան, որ պատմութիւնդ կը
սահմանուի կեանքէդ անդին…»
Լուիզ Պէնքս՝ «Ժամանում» ֆիլմէն
Եկէք քալենք միասին, ԱՐԱՐԱՏ թերթի սիրելի ընթերցող, եւ մտովի հասնինք քսաներորդ դարասկիզբ, այն շրջանը, երբ եւրոպական արուեստը կ’ենթարկուէր սրընթաց փոփոխութեան։
Նոր շարժումները մարտահրաւէր էին՝ նետուած ակադեմական աւանդոյթներուն։ Գոյնը հասցուած էր առաւելագոյնի սահմանին, մինչ անհատին փորձը կ’ենթարկուէր համարձակ ու աննախադէպ ուսումնասիրութեան։
Ահա այս կենսունակ շրջանին է, որ Վասիլի Քանտինսքի-Կապրիէլ Միւնթէր գործակցութիւնը առանձնացաւ ոչ միայն իր գեղարուեստական ազդեցութեամբ, այլեւ այդ ազդեցութեան հիմք տուող համագործակցութեան, զոհաբերութեան եւ զոյգ արուեստագէտներու մարդկային պատմութեամբ, որ զիրենք ձեւաւորեց նոյնիսկ այն ատեն, երբ ժամանակը անոնց արուեստը գնահատեց ո’չ միարժէք։
Թէ’ Քանտինսքի (Ռուսաստան ծնած նկարիչ եւ տեսաբան), թէ’ Միւնթէր (երիտասարդ գերմանացի նկարչուհի), որ որոշում կայացուցած էր խախտել ամէն տեսակ աւանդոյթ ու սահմանափակում, իրարու մէջ գտան դաշնակից եւ ուղեկից։
Անոնք հանդիպեցան 1902-ին, երբ 25-ամեայ Միւնթէր նոր վերադարձած էր երկու տարի տեւած իր ճամբորդութենէն եւ ուսումնառութենէն։
Քանտինսքի 36 տարեկան էր, ամուսնացած, եւ Միւնթէր զայն գնահատեց որպէս գիտակից եւ ձգտում ունեցող անհատականութիւն։
Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ Միւնթէր, իր կարգին, նուաճած էր երիտասարդ նկարիչին վստահութիւնն ու յարգանքը։ Այսպէս ընթացք առաւ ընկերութիւն մը, որ շատ չանցած պիտի վերածուէր բարեկամութեան, հոգեհարազատութեան եւ ի վերջոյ՝ սիրոյ։

Այդ ամէնը տեղի ունեցաւ Միւնիխի «Ֆալանքս» արուեստի դպրոցի յարկին տակ, ուր Քանտինսքի դասախօս էր։ Այդ օրերու համար այս յարաբերութիւնը արտասովոր կը նկատուէր։
Զոյգը սկսաւ ճամբորդել, միատեղ ապրիլ, ու աշխատիլ որպէս հաւասարներ դարաշրջանի մը մէջ, ուր կին նկարիչը հազուադէպ կ’ընկալուէր այդպէս։ Անոնց ստեղծագործական համագործակցութիւնը դարձաւ գերմանական վաղ էքսփրէսիոնիզմի անկիւնաքարերէն մէկը։
Յաճախ կը յիշուի, որ Քանտինսքի եղած է Միւնթէրին ուսուցիչը, սակայն ասիկա միայն մասնակի ճշմարտութիւն է: Կապրիէլ եղած է զօրեղ տեսողական զգայնութեան եւ բացառիկ տաղանդի տէր ուսանողուհի։ Քանտինսքի կը խրախուսէր անոր ազատ փորձարկումները, կը թելադրէր պարզեցնել ձեւերը եւ թոյլ տալ, որ գոյները ոչ միայն նկարագրեն, այլ նաեւ յուզեն։ Անոր ազդեցութեան տակ Կապրիէլին աշխատանքը զարգացաւ եւ իր բնապատկերներուն մէջ ան հասաւ պայծառ, խորհրդանշական ներկապնակի։
Այդուհանդերձ, Քանտինսքի ինք եւս վերափոխուեցաւ Միւնթէրի ազդեցութեան տակ։ Անոր հետաքրքրութիւնը պաւարական ժողովրդական արուեստի, ապակիի վրայ նկարչութեան եւ մանկական նկարներու անմիջականութեան հանդէպ նոր ուղիներ բացաւ իր նկարչութեան մէջ։ Միւնթէրի տեսողական լեզուին պարզութիւնն ու խորհրդանշականութիւնը նպաստեցին, որ Քանտինսքի կատարելագործէ վերացականութեան մասին իր պատկերացումները։ Երկու արուեստագէտներուն տունը վերածուեցաւ ընդհանուր ստեղծագործական միջավայրի, ուր անոնք նկարեցին քով-քովի, միտքեր փոխանակեցին, եւ ուսումնասիրեցին ոչ-աւանդական դիտանկիւններ։
Ըստ կարգ մը արուեստաբաններու, Քանտինսքիին վերացականութեան վերջին քայլը ձեւաւորուած է այն միջավայրով, որ ստեղծած էր Միւնթէր։

Ճիշդ այդ շրջանին է, որ Քանտինսքիի վրձինը ծնեց իր վաղ տպաւորապաշտական գործերը, որոնք յայտնապէս կը կրէին Միւնթէրի մօտեցումներուն ազդեցութիւնը։ Միւս կողմէ, Միւնթէր ստեղծեց դիմանկարներ, որոնք յստակօրէն կրեցին Քանտինսքիի ազդեցութիւնը՝ ուժեղ գոյներ, պարզ ձեւեր եւ յուզական խորք։
Ֆրանց Մարքի (գերմանացի նկարիչ, փորագրիչ, գերմանական էքսփրէսիոնիզմի կարեւորագոյն դէմքերէն) եւ ուրիշներու հետ, անոնք հիմնեցին «Կապոյտ հեծեալը» անուն խմբակը, որուն առաքելութիւնն էր ստեղծել հոգեւոր, իմաստալի, յուզական լիցք ունեցող ոչ-աւանդական արուեստ։ Այս խումբին անդամները դարձան ժամանակակից գերմանական էքսփրէսիոնիզմի առաջնորդները, որոնց գործերը մինչեւ այսօր կը գնահատուին որպէս կարեւորագոյն ժառանգութիւնը այդ շարժումին։
Արուեստագէտ զոյգին համագործակցութեան խորքը գնահատելու համար Միւնթէրը պէտք է դիտարկել ոչ միայն որպէս Քանտինսքիի ուղեկից, այլեւ որպէս քսաներորդ դարասկիզբին ի յայտ եկած նոր տեսակի կնոջ խորհրդանիշ։
Ի տարբերութիւն իր ժամանակի շատ կիներու, Կապրիէլին համար ընդունելի չէին երկրորդական դերը կամ աւանդական ակնկալութիւնները։ Ան առանձին կը ճամբորդէր, արտերկրի մէջ կը կատարելագործէր ուսումը եւ անմնացորդ նուիրուած էր արուեստին։
Միւնթէր շատ համարձակ կը մտնէր այն ոլորտները, ուր գերիշխող էին տղամարդիկ եւ հանդէս կու գար որպէս հաւասար գործընկեր։
Անոր ամբողջ կեանքը արտայայտեց շռայլ յուզականութիւն եւ անկեղծ նուիրում, որ պատմականօրէն շատ կին արուեստագէտներ ցուցաբերած, բայց մնացած են անպատասխան։ Միւնթէր եղաւ Քանտինսքիի յուսալի յենարանը, աջակիցը, ստեղծեց կայուն եւ ստեղծագործական միջավայր եւ անոր վաղ շրջանի աշխատանքները պահպանեց նոյնիսկ այն ատեն, երբ Քանտինսքի հեռացաւ իրմէ։ Չափազանց մեծ եղան Կապրիէլի զոհաբերութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում եղան արուեստի պատմութեան մէջ։
Մշակոյթի պատմութեան մէջ քիչ չեն այն կիները, որոնք հանդէս եկան որպէս իրենց ընտրեալին համագործակիցը, անոնց ժառանգութեան պաշտպանը եւ աներեւոյթ ներդրողը խոշոր յայտնագործութիւններու մէջ։ Միւնթէր լաւագոյն օրինակներէն է՝ տաղանդաւոր, նուիրուած, բայց թերագնահատուած։
Քիչ անգամ պատահեցաւ, որ Քանտինսքի հրապարակաւ դրուատէ Միւնթէրը, բայց պահպանուած նամակները կը բացայայտեն անոր խորունկ յարգանքը այդ արուեստագէտ կնոջ արթիսթիք դատողութեան եւ ստեղծագործական ինքնուրոյնութեան նկատմամբ։
Ա. Աշխարհամարտին բռնկումը ստիպեց, որ Քանտինսքի (ան Ռուսաստանի քաղաքացի էր) լքէ Գերմանիան։ Միւնթէր անոր վերադարձին կը սպասէր անհամբեր, բայց Քանտինսքի հեռուէն դադրեցուց իրենց յարաբերութիւնը, իսկ 1917-ի ձմռան, առանց Կապրիէլը տեղեկացնելու, ամուսնացաւ…

Այդ փաստը մեծ ցաւ պատճառեց զգայուն կնոջ, որ շուրջ տասը տարի դադրեցուց իր գործունէութիւնը։ Սակայն այդ բոլորով հանդերձ, Միւնթէր պահպանեց Քանտինսքիի ձգած նկարներն ու ձեռագրերը։
Տարիներ ետք, նացիստական ժամանակաշրջանին, երբ ժամանակակից արուեստը կ’ենթարկուէր գրաքննութեան, ան Քանտինսքիի վաղ շրջանի գործերու հսկայ հաւաքածոն նուիրաբերեց Միւնիխի «Lenbachhaus» թանգարանին։ Այսօր Միւնթէրի շնորհիւ է, որ գոյութեան իրաւունք ստացած է վերացական արուեստի պատմութեան կարեւոր հատուածը։ Այդ կնոջ ներողամտութիւնն ու կամեցողութիւնը ապացոյցն են արուեստի հանդէպ տածած անոր խորունկ ու գիտակից սիրոյ։
Երբ այս կտաւները կը դիտենք քով-քովի, կը զգանք երկուստեք հարստացած արուեստագէտներուն երկխօսութիւնը. անոնք երկուքն ալ ուսումնասիրեցին գոյնը, պարզեցուցին ձեւերը եւ ձգտեցան աւելի խորունկ զգայական արտայայտութեան։
Վասիլի Քանտինսքի-Կապրիէլ Միւնթէր յարաբերութիւնը ոչ միայն կապ էր, այլեւ պատմութիւն երկու արուեստագէտի մասին, որոնք իրարու կապուեցան ժամանակակից արուեստի պատմական շրջադարձի ամէնէն կարեւոր փուլին։ Անոնք միասնաբար ձեւաւորեցին գերմանական էքսփրեսիոնիզմի ամենաազդեցիկ շարժումները։
Այդ պատմութիւնը կը զատորոշէ նաեւ կնոջ ուժը, ստեղծագործական կամքը եւ զոհաբերութիւնը, որոնք մեծ մասամբ կը մնան պատմութեան էջերու լուսանցքներուն մէջ եւ կամ… կ’անտեսուին։
Կապրիէլ Միւնթէր ապրեցաւ ազատ, ստեղծեց հիանալի գործեր, ժամանակակից արուեստին մէջ ձգելով իր անջնջելի հետքը։
Եթէ փորձ մը ընենք նկարչութիւնը համեմատելու արուեստի այլ ձեւերու հետ, ապա երաժշտութիւնը, սիրելի ընթերցող, կը լսենք որոշակի ժամանակի ընթացքին, սիմֆոնի մը վայրկեաններ կամ ժամեր կը պահանջէ մինչեւ բացայայտենք անոր ամբողջութիւնը։ Գիրքը ժամանակի կը կարօտի պարբերութիւն առ պարբերութիւն կարդալու եւ ենթիմաստը հասկնալու համար։ Ֆիլմը կը ծաւալի պատկեր առ պատկեր։ Արուեստի այս ճիւղերը գոյութիւն ունին ժամանակի մէջ։ Բայց նոյնը չէ նկարչութեան՝ կտաւի պարագան։ Նկար մը կարելի է տեսնել երեք ակնթարթի մէջ (ասիկա Լուվրի դիտման յայտնի միջին ժամանակն է), բայց փոխարէնը խորհիլ ժամ մը կամ ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Հոս տեւողութիւն չի պահանջուիր։ Նկարները, ի տարբերութիւն միւս բոլոր արուեստներուն, կ’ապրին վիճակի մը մէջ, որ կը գերազանցէ ժամանակային յաջորդականութիւնը։
Կեանքը պէտք է ապրուի յաջորդականութեամբ, բայց ով որ կանգնած է ժամանակէն դուրս, ամէն բան կ’ընկալէ մէկ անգամէն, ոչ հատուածաբար, ոչ բեկորներով, ոչ որպէս պարբերութիւն, այլ որպէս մէկ լուսաւոր միասնութիւն։
Տարբեր եղան Քանտինսքիի եւ Միւնթէրի կեանքի վերջին տարիները։
Քանտինսքի վերջին տասնամեակը անցուց Փարիզէն ոչ-հեռու խաղաղ անկիւն մը եւ շարունակեց նկարել մինչեւ իր մահը՝ 1944։
Մինչ Միւնթէր տարիներու լռութենէ ետք թարմացած եռանդով վերադարձաւ իր արուեստին եւ տեսաւ ու վայելեց իր արուեստին ճանաչումը։ Ան մահացաւ 1962-ին, ապահովելով իր տեղը ժամանակակից արուեստի պատմութեան մէջ։
Անոնց ճամբաները կրկին չհատեցան, սակայն տեսլականը կը շարունակէ խօսիլ իրենց աւանդած արուեստին միջոցով…։
Յ.Գ. Տարօրինակ զուգադիպութեամբ յօդուածը ստորագրեցի Դեկտեմբեր 13-ին, Քանիտինսքիի մահուան օրը…

