Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ հեռացաւ ծառայասէր, նուիրեալ հայ մը, միութենական եւ կուսակցական ընկեր մը: Ս.Դ.Հ.Կ.-ի նուիրեալ մըն էր մեր սիրելի ընկ. Վիգէնը: Մենք կորսնցուցինք հայ ազգին ծառայող մը, անշահախնդիր կուսակցական մը: Կորսնցուցինք հայ ընտանիքի տիպար հայր մը, որու դէմքէն ժպիտը անպակաս էր։
Ազգային ոգիով թրծուած էր փոքր տարիքէն եւ մաս կազմած՝ Հնչակեան կուսակցութեան եւ անոր հովանաւորութիւնը վայելող Հ.Մ.Մ. «Մասիս»-ին: Ընկ. Վիգէն կազմեց գեղեցիկ ընտանեկան բոյն մը, զաւակները յաճախեցին հայկական վարժարան:
Դիմագրաւած ծանր պայմաններուն մէջ մնաց միութենական եւ կուսակցական ծառայութեան մէջ, եւ գործեց յոյսով: Իրեն համար ազգին ծառայելը պարտականութիւն էր, առանց խտրութիւն դնելու, եւ այդ ոգիով ալ դաստիարակեց իր զաւակները՝ Սարինը եւ Փօլը:
Ընկ. Վիգէն պարտաճանաչ էր, միշտ ներկայ ու պատրաստակամ: Երբ իրմէ գործ մը խնդրուէր, միշտ պատրաստ էր ընդառաջելու, նախաձեռնող էր եւ շատ անգամ իր վրայ կը վերցնէր պարտականութիւնը: Ս.Դ.Հ.Կ. «Փարամազ» մասնաճիւղին մէջ երկար տարիներու իր աշխատանքը արժեւորուեցաւ, եղաւ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի կազմին մէջ, ներկայացնելով Պուրճ Համուտի շրջանը։
Ընկ. Վիգէն, բարի անձ մըն էիր եւ բարի գործը կեանքիդ մէկ մասն էր: Մանրուքներով զբաղող մը չէիր, այլ մեծ գործին եւ անոր արդիւնքին կը հաւատայիր: Պատանեկութեանս օրերուն, լաւ կը յիշեմ, երբ քեռիիս եւ ընկ. Երուանդ Աւետիսեանին հետ գործերնիդ թողելով կը փութայիք մարզադաշտ՝ քաջալերելու համար Հ.Մ.Մ.-ի մարզիկները: Այդ անվերադարձ օրերու յիշատակները մնացին…։ Նաեւ ամէն առաւօտ կանուխ ժամերէն կը սպասէիր «Արարատ» թերթը:
Սիրելի ընկ. Վիգէն, միշտ պիտի մնաս յարգուած եւ պիտի յիշուիս որպէս հաւասարակշռուած, անզուգական ընկեր:
Որքան շուտ անցան քառասուն օրերը, երբ կորսնցուցինք ազնիւ հոգի ունեցող հայրենասէր ընկերը: Թաղման յուղարկաւորութեանդ չկրցայ ներկայ ըլլալ, մեր կուսակցական օրէնքին հիման վրայ, առ յաւէտ բաժնուող ընկերներուն՝ իրենց շրջանի մասնաճիւղերուն կողմէ յիշատակի գրութիւնը ուզեցի ստանձնել քեզի լաւ ճանցած ըլլալուս համար: Մեկնումդ մեծ բաց մը ձգեց «Փարամազ» մասնաճիւղին մէջ։
Մահուանդ քառասունքին առթիւ այս տողերը թող փունջ մը ծաղիկ ըլլան։
Խունկ ու աղօթք պայծառ յիշատակիդ: Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի ընկեր Վիգէն:
Յիշատակդ կը մնայ անմար։

