Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի՝ Ս. Սապահ-Գիւլեան Կոթողային Աշխատութիւնը

Համօ Մոսկոֆեան

December 27, 2025
in Մշակութային
0
Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի՝ Ս. Սապահ-Գիւլեան Կոթողային Աշխատութիւնը

Ինչպէս կ’ըսեն «մէկ շունչով», երկու օրուան ընթացքին խորասուզուած ընթերցեցի Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան երկարամեայ պետական երեսփոխան, ղեկավար ու պատմաբան դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի կոթողային աշխատութիւնը՝ նուիրուած Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան եւ ձախ-ընկերվարական եւ միաժամանակ հայրենասիրական շարժումներու իսկապէս առասպելական ղեկավար դէմք Ս. Սապահ Գիւլեանի մասին (Ստեփանոս Տէր Դանիէլեան): Ինչպէս որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ կաթողիկոս Բաբգէն Կիւլէսէրեան բնութագրած էր զինք՝ «Ի զուր չէ ըսուած, որ մարդոց կեանքը հակասութիւններու շարք մըն է: «Տեսաբան» Սապահը մէկ հակասութիւն մը եղաւ: Իտէալով, գրիչով մարքսիստ, իսկ կեանքի մէջ, գործի մէջ՝ ազգայնական հայ…»:

Ծնած ըլլալով հայ ժողովուրդի հնագոյն բնակավայրերէն՝ Երեւան նահանգի Նախիջեւան գաւառի Ջահուկ (Ջահրի) աւանը, այս խիզախ եւ հանճարեղ գործիչին ազգային, քաղաքական, կուսակցական, ձախ-ընկերվարական տեսաբանական եւ հրապարագրական գործունէութիւնը տարածուեցաւ այն ժամանակուան ցարական կայսրութեան, Օսմանեան կայսրութեան, իթթիհատական նենգ «սահմանադրական» պետութեան, Պուլկարիոյ եւ Ֆրանսայի, «Մեծ Ալպիոն» բրիտանական կայսրութեան մայրաքաղաք Լոնտոնի, հասնելով մինչեւ Ատլանտեանի արեւմտեան ափերը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Միշտ ապրելով նիւթական ծանր պայմաններու մէջ, կը հոգայ ոչ միայն իր ընտանիքին, այլեւ հնչակեան մամուլի եւ անոր յեղափոխական պայքարի գործընթացին նիւթական թէ բարոյական միջոցները: Ի՛նքն է որ «Հնչակ»-ն ու «Երիտասարդ Հայաստան»-ը կը դարձնէ ինչպէս օսմանեան Թուրքիոյ եւ «դեմոկրատական» Ամերիկայի, այնպէս ալ պալքաններու եւ ընկերվարական-գաղութատիրական շրջանակներու պայքարի մէջ բզկտուող «ասպետական» Ֆրանսայի լայն շրջանակներուն ծանօթ քաղաքական ամպիոն:

Աշխատութեան մէջ տեղ գտած են շատ կարեւոր նկարագրութիւններ իթթիհատական բորենիներու մասին, որոնք անմեղ հրեշտակներու տեսքով կը փորձէին իրենց քաղաքական-ազգայնամոլական կեղտոտ խաղերու մէջ ներքաշել Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը, իր անվախ ղեկավարներէն Ս. Սապահ-Գիւլեանը: Վերջինս, Մեծն Մուրատի հետ, Իթթիհատի Շահզատէ Պաշիի կեդրոնական գրասենեակին մէջ կը հանդիպի Թալաաթին եւ Էնվէրին (որոնք տակաւին փաշաներ չէին…) հետ: Սապահ-Գիւլեան կու տայ իր առաջին, խորաթափանց տպաւորութիւնները, փաստօրէն գուշակելով այս անմեղ ոչխարներու մորթով ծածկուած ցեղասպաններուն մասին. «Էնվէրը մեր վրայ թողուց կնամարդու առաջին տպաւորութիւնը, արցախցիների գործածած կուստօ բառը նրան շատ լաւ էր պատշաճում: Մի մարդ՝ որ գռեհիկ հոգի ունի, շքեղազարդ հանդերձով, սեթեւեթեալ, կնոջական ծեքծեք ձեւերով: Կոտրտուքը, նազանքը, դիմացինի ամէն գնով հաճելի երեւնալու ունակութիւնը այդ մարդու մէջ ծայրայեղութեան էր հասել – «Պարսկական մի շէյլանչի»:

Յիշեցնենք, որ այդ նոյն ռազմական նախարար Էնվէրը, խայտառակ պարտութեամբ, 700.000 օսմանեան բանակի զինուորներ կորսնցուց Սարիղամիշի ճակատամարտին, 1916 թուականին, որմէ ետք կատղած, հրամայեց հայերը ոչնչացնել իբր թէ «ռուսական գործակալ»ներու, ցարական բանակի կոզակներուն կողմէ կոխկռտուելէ ետք:

Աւելին, Պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն յետոյ ղեկավարեց «Պասմաճի»ներու շարժումը Իւզպեքիստանի եւ Թիւրքմենիստանի մէջ, եւ իր վախճանին հասաւ, ռուս զօրավար Ֆրունզէի հրամանատարութեան տակ գործող, շուշեցի Յակոբ Մելքումովի ձեռամբ, դժոխքի մէջ քաւելով իր մեղքերը…:

Մինչ այդ «պատմական» հանդիպման ընթացքին Էնվէր կը հեռանայ, Սապահ-Գիւլեան կը նկարագրէ արիւնախում Թալաաթը, որ «պաշտօնապէս» հեռագրեց սկսելու Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Թալաաթը շահմար օձ էր, աչքերի բոլորակների վրայ արեան բծեր, պարանոցը կարճ, թուրք պաշտօնէի «կիրթ» ձեւերով, կեղծաւորութիւնը, խորամանկութիւնը, խաբեբայութիւնը քանդակուած էր դէմքի գծերի մէջ: Այդպիսի դէմքեր ամէնից լաւ վկայականն են՝ բնաւորութիւնը որոշող: Խօսում էր գլխահակ աչքերը միշտ վար պահած, շարունակ թարթիչները իրար զարկելով: Խօսքի թելը շարունակելիս՝ նա խօսակցի երեսին էր նայում՝ գաղտագողի, տեսնելու համար թէ ինչ տպաւորութիւն է թողնում իր ասածը… Մի անզարգացած մարդ: Ուղիղ ասած, արհամարհանքս չէի կարողանում պահել երբ այդ մարդը խօսում էր ամենաբարձր խնդիրների մասին»:

Սակայն այս բոլոր իթթիհատական աճպարարութիւնները չեն խաբեր ո՛չ Սապահ-Գիւլեանը եւ ոչ ալ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւնը, որոնք կը նախընտրեն համագործակցիլ «Իթթիլաֆ»ին հետ: 1912 թուի պալքանեան խայտառակ պատերազմին կրած ծանր պարտութենէն եւ հողերու հսկայական կորուստներէն ետք, «պալատական» յեղաշրջումով, իշխանութիւնը կ’անցնի Իթթիհատի եռապետութեան ձեռքը՝ Էնվէր, Թալաաթ, Ճեմալ: «Կարմիր» եռապետութիւնը կը սկսի երկիրը ղեկավարել Կարմիր սուլթան Համիտին նմանողութեամբ»:

Մէկ խօսքով, Իթթիհատի բռնատիրութեան իշխանութեան գալէն ետք, Սապահ-Գիւլեան խիստ յոռետես կը դառնայ արեւմտահայութեան ճակատագրին հանդէպ, զգալով նախապատրաստուող ցեղասպանութիւնը: Անոր մօտ խոր համոզում կը գոյանայ, որ պէտք է ամէն բան ընել այս իշխանութենէն ձերբազատուելու համար: «Կա՛մ մենք պիտի սպաննենք Իթթիհատին, կա՛մ Իթթիհատն է որ մեզի պիտի սպաննի…»: Դժբախտաբար, ստոր մատնութեան պատճառով, ձերբակալուած հնչակեան 20 պայծառ ղեկավարները, նոյնինքն Թալաաթի հրամանագրով, կախաղան կը բարձրացուին, նոյնպէս մահուան դատապարտուած Սապահ-Գիւլեան կը խուսափի մահուընէ, արտասահման գտնուելուն համար:

Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի «Մեծն Մուրատ» (Համբարձում Պոյաճեան), Ս. Վահագն (Գրիգոր Նալպանտեան), Պանդուխտ (Մկրտիչ Սերեան), Ժիրայր (Մարտիրոս Պոյաճեան), Ս.Դ. Հնչակեան պատմութեան անմահ հերոսներուն յիշատակին նուիրուած աշխատութիւններէն ետք, Սապահ-Գիւլեանի (Ստեփանոս Տէր Դանիէլեան) մասին այս փառաւոր աշխատութիւնը, օգտագործուած հսկայական արխիւներու եւ փաստաթուղթերու քանակով, կը համարուի իր գլուխգործոցը:

Share71Tweet44
Previous Post

Ձայներ Փարիզէն (արձագանգ ֆրանսահայ կեանքի) – 1

Next Post

Անկրկնելի Ընկ. Վիգէն Գաբրիէլեանի Յիշատակին

Next Post
Անկրկնելի Ընկ. Վիգէն Գաբրիէլեանի Յիշատակին

Անկրկնելի Ընկ. Վիգէն Գաբրիէլեանի Յիշատակին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.