ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ մէջ, 26 Հոկտեմբերին, կատարուած է Ֆրանսայի Ալզաս շրջանի առաջին հայ եկեղեցիին բացումն ու օծման արարողութիւնը։ Եկեղեցւոյ շէնքը գնուած, յարդարուած եւ ապա կոչուած է Ս. Սարգիս, իրականութիւն դարձնելով վաղեմի երազ մը։
Այդ եւ նախորդ օրը շրջանի հայութիւնը ապրած է պատմական պահեր։ Ֆրանսահայոց թեմակալ առաջնորդ Գրիգոր եպս. Խաչատրեան օծած է եկեղեցւոյ սիւները, խորանն ու զանազան մասերը, իր կողքին ունենալով շրջանի հոգեւոր հովիւ Կոմիտաս վրդ. Յովնանեանը։

Պաշտօնական հիւրերու շարքին եղած են Սթրազպուրկի քաղաքապետը՝ տիկ. Ժանն Բարսեղեան, Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ դեսպան Արմէն Պապիկեան, տեղւոյն կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը։ Հայկական սեփական աղօթատեղիի մը բացումով՝ շրջանի հայերը այլեւս փրկուած կ՛ըլլան տարբեր յարանուանութեանց եկեղեցիներուն դիմելու տաղտուկէն եւ կ՛ունենան իրենց հարազատ «տուն»-ը։
ՇԱՒԻԼԻ (փարիզեան արուարձան) հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Պալապանեան» սրահին մէջ, 14 Նոյեմբերին, տեղի ունեցած է Հրայր Հրաչեանի ու Արա Գրիգորեանի համահեղինակութեամբ հրատարակուած «Արմէնոֆիլ» («Հայասէրներ») բառարանին շնորհահանդէսը։

Գիրքը կը պարունակէ ցանկը շուրջ 900 օտարազգի հայասէրներու, որոնք սա կամ նա ձեւով զօրակցած են Հայ դատին կամ ներդրում ունեցած են հայ մշակոյթի բնագաւառին մէջ։ Երեկոյթին սկիզբը նախ խօսք առեր է Շաւիլի քաղաքապետը՝ Ժան-Ժագ Կիյէ, վերահաստատելով իր զօրակցութիւնը Հայաստանի, ուր այցելած է ութ տարի առաջ։ Յետոյ խօսք առած են գիրքին երկու հեղինակները՝ ամփոփելով այս աշխատանքին ստեղծման պատմութիւնը։ Ներկաներուն գաղափար մը տալու համար հատորին բովանդակութեան մասին՝ շուրջ 25 անձնաւորութիւններու նուիրուած բաժիններէ պաստառային ներկայացում մը կատարուած է։
ՓԱՐԻԶԻ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ «Ֆրէնկեան» ներքնասրահին մէջ, 15 Նոյեմբերին, տեղի ունեցած է յիշատակի համերգ մը Կոմիտաս վարդապետի վախճանման 90-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Ֆրանսահայոց թեմին։ Իրենց մասնակցութիւնը բերած են զանազան արուեստագէտներ։

Այսպէս, «Երեւան» նուագախումբը մեկնաբանած է քանի մը կոմիտասեան երգեր։ Անոր յաջորդած է պարիթոն Մկրտիչ Մկրտիչեան, յետոյ՝ սոփրանօ Լուսինէ Լեւոնի, այնուհետեւ՝ ջութակահար Արմէն Սամուէլեան, թենոր Արտակ Սողոմոնեան, սոփրանօ Մարի-Անժելիք Տուզեան, անշուշտ բոլորն ալ Կոմիտասէն ընտրուած ծանօթ գործերով։ Բոլոր մեներգիչներուն դաշնակով ընկերակցած է Անահիտ Տուզեան։ Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած համերգին փակման խօսքը արտասանած է Գրիգոր եպս. Խաչատրեան։
ՓԱՐԻԶԻ «Էլէֆթերիա» հրատարակչատունէն, վերջերս (2025), անգլերէնով լոյս տեսած է սարոյեանագէտ Յակոբ Փափազեանի գրականագիտական քառահատոր մէկ ուսումնասիրութիւնը՝ «William Saroyan. writing momentum» («Ուիլիըմ Սարոյեան. գրողական սլացքը») վերնագրով։

Այս նորատիպ հրատարակութեանց առիթով Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ը հարցազրոյց մը կատարեր է հեղինակին հետ (Նոյեմբեր 8), որ պատասխանելով իրեն ուղղեալ հարցումներուն՝ լայն բացատրութիւններ տուեր է Սարոյեանի վերաբերեալ շուրջ 40 տարիէ իր կատարած քննական սպառիչ ուսումնասիրութեանց մասին, վերլուծած է հայազգի գրողին աշխարհայեացքն ու գրողական յատկանիշերը, ինչպէս նաեւ կարգ մը պատմուածքները։
Յ. Փափազեան ծնած է Պէյրութ, փիլիսոփայութիւն ուսանած է տեղւոյն Ամերիկեան համալսարանը (70-ականներուն) եւ 1977-ին հաստատուած է Փարիզ։ Հոս, 1980-ականներուն պաշտպաներ է իր մագիստրոսական ու դոկտորական զոյգ աւարտաճառերը, նիւթ ունենալով «Սարոյեանի վէպը» եւ «Սարոյեանի պատմուածքները»։ Այդ տարիներէն ցայսօր մի՛շտ պրպտած է Սարոյեանի գրականութիւնը ու նորայայտ մեկնաբանութիւններով ջանացած է լոյս սփռել անոր արժէքաւոր գրականութեան վրայ։
ԻՍԻ-ԼԷ- ՄՈՒԼԻՆՈՅԻ մէջ (փարիզեան հայաշատ արուարձան) 22 Նոյեմբերին պաշտօնական բացումը կատարուած է Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի մարզական-մշակութային նոր կեդրոնին, որ կատարեալ համալիր մըն է (3000 քառ. մեթր) ու իր տեսակին մէջ՝ առաջինը Եւրոպայի տարածքին։

Ներկայ եղած են շուրջ 1200 համակիրներ։ Կեդրոնին գտնուած փողոցին մէջ կատարուած է սկաուտական տողանցք։ Առաջնորդ Գրիգոր եպս. Խաչատրեան օրհնած է կեդրոնը։ Հերթաբար ելոյթ ունեցած են Հրաչ Սիսեռեան, Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի որդին՝ Հուսամ Հարիրի, Իսի-լէ-Մուլինոյի փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան (Լիբանանէն)։ Ցուցադրուած է տեսերիզ մը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի 50-ամեայ անցեալին վերաբերեալ։ Նշուած է որ Միութիւնը 26 երկիրներու մէջ ներկայիս ունի 101 մասնաճիւղ։ Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցած է «Արարատ» պարախումբը։ Նորակառոյց կեդրոնը ունի հանդիսասրահ, ճաշարան, մարզասրահ եւ ստորգետնեայ կայանատեղի։
ԱԼՖՈՐՎԻԼԻ (փարիզեան հայաշատ արուարձան) Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, 27 Նոյեմբերին, բացումը կատարուած է «Արմէնլիվր»-ի գիրքի տարեկան աւանդական ցուցահանդէս-տօնավաճառին, այս անգամ՝ 20-րդ տարին ըլլալով։ Ներկայ եղած են քաղաքապետը՝ Լիւք Գարվունաս, համայնքային գործիչներ եւ մտաւորականներ։ Մշակոյթի Տան նոր տնօրէնուհին՝ Նորա ՍարաՖեան-Թաշճեան, նշած է որ «Արմէնլիվր»-ը հանդիպումի, փոխանակումի եւ յայտնագործումի վայր մը դարձած է տարիներէ իվեր։ Ողջոյնի խօսք արտասանած է Եդուարդ Պառաւեան։

20-րդ տարեդարձին առթիւ ներկաներուն մասնայատուկ ուշադրութեան յանձնուած են 20 գիրքեր։ Այս առթիւ, մեծարուած են Մշակոյթի Տան նախկին տնօրէնները՝ Արա Գրիգորեան, Արշալոյս Սարգիսեան, Պէաթրիս Անանեան եւ Յասմիկ Գեւոնեան։ Զուգահեռաբար կայացած է երաժշտական կատարում մըն ալ։ Յայտարարուած է նաեւ, որ այս տօնավաճառը յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի կրկնուի փարիզեան շրջանի երկու այլ վայրերու մէջ եւս։
ՇԱՒԻԼԻ հայոց եկեղեցւոյ «Պալապանեան» սրահին մէջ, 5 Դեկտեմբերին, գրասէր հասարակութեան ներկայացուած է Անդրանիկ Ծառուկեանի «Սէրը Եղեռնին մէջ» վէպին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը։ Նորատիպ հատորը լոյս ընծայուած է «Roupen Sevag. Le poete assasine’՛» («Ռուբէն Սեւակ. սպանուած բանաստեղծը») վերնագրով։ Թարգմանութիւնը միասնաբար կատարած են Ռոզին Թաշճեան-Ադամեան եւ Սամուէլ Մուրատ շաբաթօրեայ վարժարանի իր սաներէն խմբակ մը։

Գիրքը կը պատմէ Եղեռնի օրերուն ձերբակալուած ու աքսորուած Ռուբէն Սեւակի կեանքին վերջին շաբաթներուն մասին։ Շանթ Մերճանեան, որ խմբագրած է հատորը, անդրադարձած է Սեւակի ու անոր գերմանացի կնոջ սիրոյ պատմութեան, Եղեռնի շրջանին անոնց միջեւ ծաւալած նամակագրութեան։ Ռոզին Թաշճեան պատմած է իր վաղեմի տպաւորութիւնները Ծառուկեանի գործերէն եւ յուշագրութիւններէն։ Թարգմանական աշխատանքներուն մասնակիցներն ալ արտայայտուած են իրենց աշխատանքային փորձառութեան եւ տպաւորութիւններուն մասին։ Գիրքը 285 էջ է։ Յառաջաբանը ստորագրած է Հայոց ցեղապանութեան մասնագէտ, զուիցերիացի պատմաբան Հանս-Լուքաս Քիզէր։

