Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ոչ-Բնակարանային Հին Վարձակալներու Նոր Օրէնքը

December 23, 2025
in Լիբանանեան
0
Ոչ-Բնակարանային Հին Վարձակալներու Նոր Օրէնքը

Երկար քաշքշուքներէ ետք, ոչ-բնակարանային հին վարձքերու օրէնքը, սահմանադրական եւ օրինական ձեւով հրատարակուեցաւ պետական պաշտօնաթերթի 21/8/2025 թուակիրին մէջ, թիւ 2477 օրէնք-հրամանագրին տակ։ Ի զօրու է, գործադրելի անմիջապէս։

Հիմնական բարեփոխումներ կատարուելէ ետք, գործադրութեան կը դրուի հետեւեալ ձեւով։

Տարեկան նոր վարձքը կ’ըլլայ վարձու առնուած կալուածին գնողական արժէքին հինգ առ հարիւրը (5%)։

Առաջին տարին կը վճարուի տարեկան նոր վարձքին երեսուն առ հարիւրը (30%) միայն։

Երկրորդ տարին՝ քառասուն առ հարիւր (40%):

Երրորդ տարին՝ յիսուն առ հարիւր (50%):

Չորրորդ տարին՝ վաթսուն առ հարիւր (60%):

Հինգերորդ տարին ՝ հարիւր առ հարիւր (100%)։

Պատահական օրինակ մը առնելու համար.

Եթէ վարձուած կալուածին գնողական արժէքը, օրինակ, 240 հազար տոլար էր, տարեկան նոր վարձքը կ՛ըլլայ 12 հազար տոլար։

Առաջին տարին կը վճարուի 3.600 տոլար։

Երկրորդ տարին՝ 4.800 տոլար:

Երրորդ տարին՝ 6.000 տոլար:

Չորրորդ տարին՝ 7.200 տոլար:

Հինգերորդ տարին՝ 12.000 տոլար։ Ամիսը՝ հազար տոլար։

Եթէ տարակարծութիւն մը ստեղծուի կողմերուն միջեւ վարձուած կալուածին գնողական արժէքին շուրջ, հարկ է դիմել երդուեալ մասնագէտներուն (خبير) կամ պատկան դատարանին։

Անկախ վարձքի գումարէն, անոնք որոնք ատենին «խլու» վճարած չեն, իրենց վարձակալի իրաւունքը կրնան պահել առաւելագոյնը հինգ (5) տարի։

«Խլու» վճարող վարձակալները իրաւունք ունին տարի մը եւս մնալու կալուածէն ներս՝ վեց (6) տարի։ Մինչեւ 2015-2017 տարիներուն «խլու» վճարողները՝ եօթը (7) տարի։

Այս բոլորէն դուրս, պետութիւնը (որպէս վարձակալ) ինչպէս նաեւ order-սենտիքաներու անդամները՝ բժիշկ, ատամնաբոյժ, դեղագործ, երկրաչափ եւ այլն, իրենց հին վարձակալի օրինականութիւնը (իրաւունքը) կրնան պահել ութ (8) տարի։

ՇԱ՛Տ ԿԱՐԵՒՈՐ

Յոյժ, գերազանցելիօրէն կարեւոր նկատողութիւն-յանձնարարութիւն մը։

Վարձքի վերանորոգուած համաձայնագրի ստորագրութեան հետ (կողքին) ԱՆՊԱՅՄԱՆ նշել «վերապահութեամբ» ( بالتحفظ ) բառը։

Սա միակ ձեւն է յառաջիկային օգտուելու բարեփոխուած նոր օրէնքի մը հրատարակութեան պարագային։

 

ՊՕՂՈՍ ՔԻՒՐՏԵԱՆ

Ոչ-բնակարանային վարձակալներու

իրաւասու յանձնախումբի եռեակ անդամներէ մին

Share90Tweet57
Previous Post

Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր»

Next Post

Կաթողիկոսի՝ Միասնութեան Պարտաւորեցնող Պաշտօնը Եւ Հիմնարար Գործառոյթները

Next Post
Կաթողիկոսի՝ Միասնութեան Պարտաւորեցնող Պաշտօնը Եւ Հիմնարար Գործառոյթները

Կաթողիկոսի՝ Միասնութեան Պարտաւորեցնող Պաշտօնը Եւ Հիմնարար Գործառոյթները

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.