Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր»

Յարութիւն Իսկահատեան

December 23, 2025
in Յօդուածներ
0
Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր»

Արսէն Կիտուրի յուշերը լոյս կը սփռեն Մեծ Եղեռնի այն դէպքերուն եւ դէմքերուն վրայ, որոնց մասին շատ քիչ բան գրուած է: Նկատի ունինք նաեւ յուշերուն հիմնական վայրին` Պաղտատի աշխարհագրական դիրքը, ինչպէս նաեւ թրքական հալածանքներու եւ վայրագութեանց տեսակը, նկատի առնելով Իթթիհատի իւրայատուկ գործելակերպը քաղաքին մէջ: Թուրքերը Պաղտատի հայերը զանգուածային բռնագաղթի չեն ենթարկած, սակայն ամէն տեսակի հալածանք եւ խժդժութիւն ի գործ դրած են անոնց դէմ:

Արսէն Կիտուր այն ազգային տիպարն է, որ ճիգ չէ խնայած իր հայրենիքին ծառայելու: Ան նոյնիսկ զոհած է իր անձնականն ու ընտանեկանը` ազգայինը առաջնակարգ սեպելով: Իր ծնողները ազգականներու, կինն ու զաւակը` աներոջ հոգածութեան վստահելով, ճամբորդած է հեռու քաղաքներ` վասն ազգային պարտականութեան: Արսէն Կիտուր Պաղտատի մէջ խիստ հետապնդումի ենթարկուած է թուրքերու կողմէ, բայց ան իր ուղիէն չէ շեղած եւ իր գործը շարունակած է աննկուն կամքով: 1950-ական թուականներուն Ռուբէն Տէր Մինասեանի հրատարակուած յուշերուն մէջ մեծ կարեւորութեամբ կը յիշուի Արսէն Կիտուրի գործունէութիւնը Պաղտատի եւ շրջաններուն մէջ:

1955-ին, Պէյրութի «Այգ» օրաթերթին մէջ առանձին յօդուածներով հրատարակուած են Արսէն Կիտուրի յուշերը: Նոյն տարին «Արարատ» օրաթերթը խոհեմութիւնը ունեցած է գիրքով մը հրատարակելու այդ յուշերը: Արսէն Կիտուրի ազգային գործունէութեան մանրամասնութիւնները պատմող գիրքին խորագիրը` «Յուշեր ու Փուշեր», ընտրած է ինքը` հեղինակը: Սոյն գիրքին հրատարակչական տուեալներն են․- Արսէն Կիտուր, «Յուշեր ու Փուշեր», տպարան «Արարատ»,Պէյրութ, 1956, փոքր չափի 200 էջ:

1909-ին Արսէն Կիտուր քսանմէկ տարեկան էր, երբ Պայազիտէն Կ. Պոլիս կը մեկնի` Մինաս Չերազի եւ Իզմիրլեան պատրիարքին միջնորդութեամբ ուսանելու համար Պետական Բարձրագոյն Ուսուցչանոցին մէջ: Բարձրագոյն ուսում ստանալուն նպատակը Թուրքիոյ մէջ ապրող հայոց օգտակար դառնալն էր: Արսէն Կիտուր 1914-ին կ’աւարտէ Ուսուցչանոցը: Թրքական կառավարութիւնը զայն ուսուցիչ կը նշանակէ Պաղտատի Կառավարական Լիսէի պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ գրականութեան ամպիոններուն համար: Այդ միջոցին Ա. Համաշխարհային պատերազմը կը պայթի եւ պետութիւնը ուրիշ մտաւորականներու հետ կը ստիպէ զայն` զինուորագրուելու օսմանեան բանակին: Հետեւաբար, Պաղտատ մեկնելու փոխարէն, Արսէն Կիտուր Սպայից զօրանոցը կը մտնէ: Ան իր քով կը պահէ ուսուցչութեան պաշտօնին նշանակուելու վկայագիրը, որ իրեն տուած էր կրթական տեսուչ արաբազգի Իսմայիլ Հագգը պէյը:

1914-ին թրքական իշխանութիւնները հնչակեան աչքառու գործիչները կը ձերբակալեն: Կուսակցական կարգ մը կարեւոր փաստաթուղթեր թուրքերուն ձեռքը կ’անցնին: Այդ փաստաթուղթերէն մէկուն վրայ կը գտնուէր Արսէն Կիտուրի ստորագրութիւնը: Այդ կը փաստէր, որ Կիտուր Քէօսթէնճէի (Քոնսթանցա, Ռումանիա) Հնչակեան ժողովին (Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Է. Պատգամաւորական ժողովը գումարուած էր Ռումանիոյ Քոնսթանցա քաղաքին մէջ` 1913-ի Սեպտեմբերին – խմբ.) մասնակցած էր: Թուրքերը կը սկսին հետապնդել Արսէն Կիտուրը, երբ ան դեռ նոր մտած էր Սպայից զօրանոցը:

Վերոյիշեալ պայմաններու տակ, Արսէն Կիտուրի կեանքը վտանգուած էր: Իսմայիլ Հագգը պէյ զայս տեսնելով, կարելի բոլոր միջոցները ի գործ դնելով, Արսէն Կիտուրի Պաղտատ մեկնելու ծրագրին յաջողութիւնը կ’ապահովէ: Արսէն Կիտուր շուտով ճամբայ կ’ելլէ եւ 14 օր ճամբորդելէ յետոյ Պաղտատ կը հասնի: Ճամբայ ելլելէ առաջ, Կ. Պոլսոյ մէջ ան Մեծն Մուրատին (Համբարձում Պոյաճեան) կ’այցելէ եւ բանտարկուած ընկերներուն մասին մանրամասնօրէն կը տեղեկանայ:

Հետապնդուած ըլլալով թրքական իշխանութիւններուն կողմէ, Արսէն Կիտուր զգոյշ ու շրջահայեաց դարձած էր: Պաղտատի մէջ ան լաւապէս կ’ուսումնասիրէ իրեն հանդիպած մարդիկը: Շատ սերտ յարաբերութիւն կը մշակէ արաբներու հետ, որոնք թուրքերը կ’ատէին, կ’աշխատէին անկախութիւն ձեռք ձգել եւ կը փափաքէին որ Դաշնակիցները պարտութեան մատնեն Թուրքիան ու Գերմանիան: Այս պատճառով, արաբները կը սիրէին Արսէն Կիտուրը: Ան շուտով կ’անցնի իր պաշտօնին գլուխը Պաղտատի հինգ հարիւր աշակերտ ունեցող Սուլթանիէ դպրոցին մէջ: Դպրոցին տնօրէնը` Էմին էֆ‎‎ենտին չափաւորական թուրք մըն էր եւ երբեմն կը քննադատէր թրքական իշխանութիւնները: Էմին է‎‎ֆենտի դէմ էր իշխանութիւններու` մտաւորականները զինուորագրելու քայլին: Արդարեւ, դպրոցները առանց ուսուցիչի մնացած էին:

Պաշտօնավարելէ քանի մը ամիս ետք, Արսէն Կիտուր արաբ աշակերտներուն սիրելին դարձած էր արդէն: Ան արաբական ազգային ոգիով կը լեցնէր զանոնք: Իթթիհատականները չէին փափաքէր արթնցնել արաբ աշակերտներու ազգային եւ կրօնական զգացումները: Այս մտահոգութենէն մեկնելով է որ իթթիհատական իշխանաւորներ արաբներու կրթութիւնը քրիստոնեայ հայու մը վստահած էին:

Արսէն Կիտուր արաբ աշակերտներուն ծնողներուն հետ ալ շփման մէջ էր: Բոլորը զայն կը սիրէին ու կը յարգէին: Անոնք ընդհանրապէս կը պատկանէին Իթթիհատին հակառակորդ իթիլա‎ֆ‎ական կուսակցութեան: Սուլթանիէ դպրոցին աւարտական դասարանին աշակերտներէն մէկը` Սայիտ Սուլէյմանը յայտնաբերած էր Արսէն Կիտուրի անցեալը, գիտէր թէ ան հակաթուրք թունդ յեղափոխական մըն էր: Գիտնալով, որ Արսէն Կիտուր կը հետապնդուի իշխանութեանց կողմէ, ան յանձն առած էր իր սիրելի ուսուցիչին կեանքի պաշտպանութիւնը: «Այդ օրերը սկսած էր լոյս տեսնել «Փոլիս Մէճմուասի» պարբերաթերթը, որուն էջերէն թոյն կը սփռուէր Թուրքիոյ ամէն կողմերը, ցոյց տալով ընդհանրապէս հայերու եւ մասնաւորապէս հնչակեան «դաւադիր»ներուն հակապետական արարքները»: Արսէն Կիտուր գիշերները կը մտաբերէր բանտերուն մէջ իր ընկերներուն կրած տանջանքները: Ան օրուան անցուդարձերուն իրազեկ կը դառնար բարեկամներու եւ թերթերու միջոցով: Այդուհանդերձ, Կիտուր դասարանային պահերով կը սփոփէր ինքզինք: Պերճախօսօրէն դասաւանդելով, ան աշակերտներուն սիրտերուն եւ միտքերուն մէջ կը ջանար տպաւորել երեք հիմնական գաղափարներ. առաջինը` թուրքը վայրենի ազգ մըն է, երկրորդը` թուրքը կը ճնշէ բոլոր ոչ-թուրքերը, երրորդը` պէտք չէ ճիգ խնայել թուրքին լուծը թօթափելու եւ անոր զոհը չդառնալու համար: Կիտուր իսկական յեղափոխութիւն էր որ կը սերմանէր արաբներու միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ:

Այս ընթացքին, թուրքերուն կասկածները կ’աւելնային Արսէն Կիտուրի անձին եւ գործունէութեան մասին: Ան շատ մօտ էր թուրք եւ արաբ իթիլա‎ֆ‎ականներու` ընդդէմ իթթիհատականներու:

(Շարունակելի)

Share64Tweet40
Previous Post

Ձայներ Ատրպատականէն (Արձագանգ Թաւրիզահայ Կեանքի) – 2

Next Post

Ոչ-Բնակարանային Հին Վարձակալներու Նոր Օրէնքը

Next Post
Ոչ-Բնակարանային Հին Վարձակալներու Նոր Օրէնքը

Ոչ-Բնակարանային Հին Վարձակալներու Նոր Օրէնքը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.