Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Կաթողիկոսի՝ Միասնութեան Պարտաւորեցնող Պաշտօնը Եւ Հիմնարար Գործառոյթները

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան (Ժընեւ)

December 24, 2025
in Յօդուածներ
0
Կաթողիկոսի՝ Միասնութեան Պարտաւորեցնող Պաշտօնը Եւ Հիմնարար Գործառոյթները

Եկեղեցւոյ ղեկավարներու պաշտօնի եւ աստուածաբանական նշանակութեան հիմնահարցը զբաղեցուցած է եկեղեցաբանութիւնը իր ամենավաղ դրսեւորումներէն ի վեր, անկախ այն փաստէն,– ըլլայ ան Հռոմի պապ, պատրիարք թէ կաթողիկոս,– որ տարբեր եկեղեցական աւանդոյթներու մէջ եկեղեցական այդ առաջատար պաշտօնին թելա­դրուած է իրականացնել գերազանց պարտականութիւն մը՝ պահպանել եկեղեցիին տեսանելի միութիւնը, երաշխաւորել քրիստոնէական ուղղափառ վարդապետութեան պահպանումը, եւ ամրապնդել հաւատացելոց դասը՝ Քրիստոսի աշակերտելու եւ հե­տեւելու յանձնառութեամբ։

Հակառակ եկեղեցիներուն միջեւ առկայ հաստատութենական եւ կառուցուածքային տարբերութիւններուն, այս պաշտօնները միացուած են ընդհանուր հոգեւոր մտայղացումով մը, որ կը նպատակադրէ ներկայացնել եկեղեցին իր առաքելական յաջորդակա­նութեան մէջ եւ իրագործել ծառայութիւն մը, որ հիմնուած է ոչ թէ իշխանութեան, այլ հոգեւոր-բարոյական պատասխանատուութեան վրայ։

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին նշուած այս հոգեւոր պատասխանատուութիւնը հիմնականօրէն կեդրոնացուցած է կաթողիկոսի պաշտօնին մէջ՝ տասներկու եպիս­կոպոսներէ անոր շնորհուած ձեռնադրութեամբ, ծիսական մասնաւոր օծումով, նաեւ այն առանձնայատուկ ուխտով, որ ընտրուած կաթողիկոսը իր ձեռնադրութեան եւ օծ­ման առթիւ կը ներկայանայ համայն հայ ժողովուրդին՝ Հայց. առաք. սուրբ եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ աշխարհիկ դասերուն։

Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Հայ եկեղեցւոյ միութեան տեսանելի խորհրդանիշն ու երաշխաւորն է։ Փաստօրէն՝ կաթողիկոսի պաշտօնը գերազանցապէս Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ միութեան եւ անոր անդամներուն միջեւ հաւատքի միասնութեան պահպանութեան ծառայութիւն է։ Սոյնը իր բովանդակ արտայայտութիւնը գտած է այն ուխտադրութեան մէջ, որ կը կատարուի կաթողիկոսի ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութենէն անմիջապէս առաջ։

Ինչպէս իր երանաշնորհ նախորդները, նոյնպէս Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, 4 Նոյեմբեր 1999 թուականին, միածնաէջ սուրբ խորանին վրայ հանգամանօրէն ընթերցեց «ի լուր ամենեցուն զթուղթ ուխտի իւրոյ եւ խոստման» այսպէս կոչուած իր ուխտագիրը՝ խոստանալով ստանձնել այն վեհագոյն յանձնառութիւնը, որ վերապահուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսին։ Ստորեւ կը ներկայացնեմ ուխտագրին աշխարհաբար թարգմանութիւնը։

«Ես` Քրիստոսի ծառայ Գարեգինս, որ եմ Արարատեան թեմի եպիսկոպոս եւ Էջմիածնի սուրբ ուխտի միաբան, Աստուծոյ կամքով եւ համայն հայ ազգի ընտրութեամբ կոչուած եմ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի պաշտօնին: Ապաւինելով Բարձրեալի շնորհներու օգնութեան` սուրբ սեղանի եւ աստուածընկալ նշան­ներու առջեւ կ’ուխտեմ` ստանձնելով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եպիսկոպո­սապետի պաշտօնը` ինքնուրաց նուիրումով անձս ընծայել աստուածադիր օրէնքներու եւ կաթողիկոսական պարտաւորութիւններու անխափան կատար­ման, առաջնորդել հայ ազգը` ըստ քրիստոնէական կրօնի ուղղափառ վար­դապետութեան, մեր եկեղեցւոյ դաւանութեան եւ հայրապետներու աստուած­պաշտութեան կարգուկանոնի, անխոտոր ընթանալ սուրբ առաքեալներ Թադէո­սի եւ Բարթողիմէոսի եւ սուրբ Գրիգոր Երկրորդ Լուսաւորիչի արժանաւոր ժա­ռանգներու լուսաշաւիղ ճանապարհով` զգուշութեամբ պահպանելով Հայաս­տանեայց Մայր աթոռի իրաւունքները»[1]։

Հարկ է վեր հանել այս ուխտադրութեան մէջ ներկայացուած կարեւորագոյն կէտերը.

ա. Պաշտօնի կոչումը

Կաթողիկոսը կ’ընդունի, որ իր կաթողիկոսական ընտրութիւնը կատարուած է «Աստուծոյ կամքով եւ հայ ժողովուրդի ընտրութեամբ»։

բ. Եպիսկոպոսապետական (կաթողիկոսական) պաշտօնի ընդունումը

Սուրբ խորանին առջեւ կը յայտարարէ իր պատրաստակամութիւնը՝ ընդունելու Ամենայն հայոց կաթողիկոսի պաշտօնը։

գ. Աստուծոյ շնորհքին ապաւինումը

Իր ապագայ գործունէութիւնը կը հիմնէ Բարձրեալի շնորհքին եւ օգնութեան վրայ։

դ. Անձնուրաց նուիրուածութեան պարտաւորութիւն

Իր անձը կը նուիրէ աստուածային օրէնքներու եւ եկեղեցական պարտաւորութիւններու անձնուրաց կատարման։

ե. Ուղղափառ վարդապետութեան պահպանում

Կը խոստանայ առաջնորդել հայ ժողովրդը՝ համաձայն քրիստոնէական ուղղա­փառ վարդապետութեան, հաւատոյ հանգանակին եւ Հայ եկեղեցւոյ ծիսական կար­գին։

զ. Հաւատարմութիւն առաքելական աւանդութեան հանդէպ

Կ’ուխտէ հետեւիլ սուրբ առաքեալներու՝ Թադէոսի եւ Բարթողիմէոսի, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի «լուսաշաւիղ ճանապարհին»։

է.  Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի իրաւունքներու ուշադիր պաշտպանութիւն

Ինքն իրեն կը պարտաւորեցնէ բարեխղճօրէն պաշտպանել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի իրաւունքները, հեղինակութիւնն ու ամբողջականութիւնը։

Արդարեւ, չափազանց կարեւորութիւն ունեցող այս ուխտագրին եւ անոր մէջ կատարուած խոստումներուն կ’առնչուին կաթողիկոսին հոգեւոր պատասխանատւութեան հետեւեալ գործառոյթները.

ա. Միութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ

Սոյնը այն տեսանելի կապն է, որ կը միացնէ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի այն բոլոր հայ հաւատացեալները, որոնք աւազանի սուրբ մկրտութեամբ անդամակցած են Հայց. առաք. եկեղեցիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հաւատքի եւ աղօթից միու­թեան մէջ։

բ. Հովուապետ եւ հայրապետ

Կաթողիկոսի հովուապետ տիտղոսը ինքնին կու տայ հովուելու եւ առաջնորդելու ամբողջական առաքելութիւն, իսկ հայրապետ կոչումը անոր կը շնորհէ հոգեւոր հօր մը դերակատարութիւնը հանդէպ իր բանաւոր հօտին՝ ցուցաբերելով հայրական սէր եւ գուրգուրալից վերաբերմունք։

գ. Ուսուցչապետ ուղղափառ վարդապետութեան

Կաթողիկոսի հեղինակաւոր ձայնը յատուկ կշիռ ունի, երբ խօսքը կը վերաբերի եկեղեցւոյ ուղղափառ վարդապետութեան, բարոյականութեան եւ Աւետարանի պատ­գամներուն համաձայն ապրելակերպի հարցերուն։

դ. Խորհրդանիշ յոյսի եւ կողմնորոշման

Կաթողիկոսը հոգեւոր այն հեղինակութիւնն է, որ յատկապէս բարդ եւ դժնդակ ժամանակներուն կը մարմնաւորէ բարոյական եւ հոգեւոր առաջնորդի դերը։ Ան է, որ իրեն վստահուած Թորգոմայ տունը կ’ոգեշնչէ կենսատու յոյսով եւ կը զօրացնէ իր հայկազուն հօտը խորհուրդով, բանիւ եւ գործով՝ յաղթահարել կարենալու համար կեանքի դժուարակիր փորձութիւնները։

Կաթողիկոսին հիմնարար առաքելութիւնը նոյնպէս կապուած է վերոգրեալ գործառոյթներուն հետ, մասնաւորաբար՝

ա. Աւետարանի եւ Բանին կենաց քարոզութիւնը՝ խօսքով, գործով եւ մանաւանդ սեփական կեանքի արժանահաւատ ու լիարժէք վկայութեամբ։

բ. Պահել ու պահպանել Հայ եկեղեցւոյ եւ անոր հաւատաւոր հօտի ուխտին միաբանութիւնը եկեղեցիէն ներս, այլեւ քրիստոնէական այլ դաւանութիւններու եւ յարանուա­նութիւններու հետ երկխօսութեան մէջ։

գ. Աղքատներու եւ հասարակութեան մէջ մեկուսացածներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ Աւետարանի ոգիով, իսկ տկարներու նկատմամբ գործուն կարեկցան­քը խորապէս արմատաւորուած է կաթողիկոսի ծառայական առաքելութեան մէջ։

դ. Սատարել խաղաղութեան եւ արդարութեան հաստատման գործին, որովհետեւ կաթողիկոսի խաղաղարար խօսքն ու արդարադատ յորդորը ոչ միայն սեփական հօտին, այլեւ պետութեան համար հոգեւոր-բարոյական կշիռ ներկայացնող հանգամանք եւ խղճի ձայն են։

ե. Ըլլալ Յիսուս Քրիստոսի եւ իր հաւատաւոր հօտի ծառան ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը բնորոշուի հայրապետական կոնդակներու առաջին բառերովն իսկ՝ «Ծառայ Յիսուսի Քրիստոսի»։ Սոյնը կը հանդիսանայ հայոց կաթողիկոսին ամենագեղեցիկ կոչումներէն մէկը։ Առաքելաւանդ այս տիտղոսին վեհութիւնը պարզապէս զայն իբրեւ տիտղոս կրելուն մէջ չի կայանար, այլ լիովին անոր հետ նոյնանալուն եւ այդ քրիստոնէական գեղեց­կագոյն յանձնառութիւնը իրագործելուն մէջ։

Արդարեւ, կաթողիկոսական պաշտօնը ստանձնելու յանձնառութիւնը,– ինչպէս ձեւակերպուած է վերոգրեալ ուխտին մէջ,– կը բացայայտէ լուրջ լարուածութիւն մը իտէա­լական առաքելութեան եւ պաշտօնի իրատեսական գործադրութեան միջեւ. մէկ կողմէ կաթողիկոսը կը նկարագրուի որպէս առաքելական իրաւայաջորդութեան, քրիստոնէա­կան ուղղափառ վարդապետութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի հաւատացողներու միու­թեան երաշխաւոր։ Սակայն միւս կողմէ՝ «աստուածադիր օրէնքներու եւ կաթողիկոսա­կան պարտաւորութիւններու անխափան կատարման» եւ «Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի իրաւունքներու ուշադիր պահպանման» վրայ ուժեղ շեշտադրումը կ’ենթադրէ սեփա­կան իշխանութեան հնարաւոր չափազանցում մը, որ կը մշուշապատէ հոգեւոր պա­տասխանատուութեան եւ նուիրապետական իշխանութեան իրականացման միջեւ առ­կայ սահմանագիծը։

Այստեղ կը յառաջանայ աստուածաբանական հարց մը. արդեօք նման համապարփակ ընկալուած Հայ եկեղեցւոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան պաշտօնը, որուն պահանջը կը բխի աստուածային կոչումէ, ժողովրդային ընտրութենէ եւ պատմական աւանդութենէ, բաւարար չափով հակակշռուա՞ծ է Հայ եկեղեցւոյ ժողովական, թեմական, հա­մայնքային եւ աստուածաբանօրէն ստուգելի մեխանիզմներով՝ չարաշահումներ, սխալ որոշումներ կամ դաւանաբանական թիւր զարգացումներ կանխարգիլելու նպատակով։

Հակառակ այն փաստին, որ ուխտը կը շեշտէ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու, ինչպէս նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի իրաւայաջորդութեան պարագան, այնուա­մենայնիւ անհասկնալի կը մնայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս հաւատարմութիւնը հանդէպ առաքելական աւանդութեան գործնականօրէն ձեռք բերել եւ զայն վերահսկել։

Կաթողիկոսական պաշտօնի իտէալականացուած նկարագրութեան եւ կառուցուածքային պաշտպանութեան միջոցներու բացակայութեան միջեւ այս անհամապատաս­խանութիւնը կը կազմէ կարեւորագոյն հիմնահարցը. հաւատքի միասնութիւնը կախ­ուած է ոչ միայն Ամենայն հայոց կաթողիկոսի անձնական հաւատարմութենէն, այլեւ իշխանութեան ոչ միանձնեայ, այլ հաւաքական գործունէութեան եւ աստուածաբա­նական հաշուետուութեան միջեւ եկեղեցականօրէն կենսունակ հաւասարակշռութենէն։

Դժուար է ըսել, թէ նիւթական գործարքներէ եւ ասոնց հետ կապուած մեծագումար շինարարութիւններէ դուրս, արդեօք սեփական ուխտադրութեան մէջ նշուած կաթողիկոսական հոգեւոր պատասխանատւութեան, պաշտօնին եւ գործառոյթներուն առնչուած վերոնշեալ կէտերէն որեւէ մէկը կրցա՞ւ իրականացնել Գարեգին Բ.։ Պատասխանատու հարցադրումին յստակ պատասխանը պատմութիւնն է, որ կու տայ, իսկ հանրութիւնը՝ կը դատէ։ Սակայն կաթողիկոսական պաշտօնին ամենաէական գործառոյթը, այլ խօսքով՝ հոգեւոր պատասխանատուութիւնը, որ փաստացիօրէն անկա­տար մնաց՝ Հայց. առաք. սուրբ եկեղեցւոյ միութիւնն է։ Ոչ թէ այս ցանկալի միութիւնը նախապէս գոյութիւն չունէր, այլ զարմացնող անխոհեմութեամբ եկեղեցին մէկ օրէն միւսը ներգրաւուեցաւ ներքաղաքական պայքարներու դաշտին մէջ՝ հանրութեան մէջ ստեղծելով ոչ միայն անհարկի լարուածութիւն մը ուղղակի հայոց պետականութեան գործող իշխանութեան դէմ, այլեւ նոյնինքն իր նուիրապետական դասուն եւ հաւատա­ցելոց շրջանակներուն միջեւ։ Փաստօրէն եկեղեցին իր վերնախաւով դարձաւ եկեղեցա­կան կեանքին մէջ պառակտումներ յառաջացնող եւ հերձուածներու ստեղծման պատ­ճառ հանդիսացող գայթաղկութիւն։

Բացարձակապէս պէտք չէ Հայց. առաք. սբ. եկեղեցին դուրսէն թելադրուած հրահանգներով նշաւակ դառնար վտանգաւոր արկածախնդրութիւններու, որ ոչ մէկ օրհնութիւն բերաւ թէ՛ Հայ եկեղեցւոյ սուրբ անունին եւ թէ՛ հայ ժողովուրդին ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Յիսուս Քրիստոսի եւ քրիստոնէական հաւատքի սիրոյն միլիոն ու կէս միլիոն նահատակներով վկայողական արիւն հեղած մեր տառապեալ եւ բազմաչարչար ժողովուրդը նուաստացուցիչ այսպիսի օրերո՞ւ էր արժանի…։ Հազա՜ր ափսոս, որ մեր Մայր եւ սուրբ եկեղեցւոյ վարկը վայրապար այսքան ցած ինկաւ հաւատացեալ հայու աչքերէն։ Եւ միակ պատասխանատուն միանշանակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսն է՝ գլխա­ւոր պատճառը անցնող 26 տարիներու ընթացքին եւ յատկապէս վերջին ժամանակնե­րուն եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յառաջացած տարատեսակ խախտումներուն եւ հոգեւոր-բարոյական սայթաքումներուն։

Ոչ-պակաս կարեւորագոյն խախտում պէտք է նկատել նաեւ «քրիստոնէական կրօնի ուղղափառ վարդապետութեան» անխաթար ձեւով պահելու եւ պապհպանելու թերացումը, որ էական բաղկացուցիչներէն է կաթողիկոսական ուխտադրութեան եւ միած­նաէջ սբ. խորանին առջեւ տրուած խոստումին։ Այս խորապատկերին վրայ պէտք է դիտուի այն ցնցող վկայութիւնը, որ տուաւ Կոտայքի թեմի առաջնորդ Տ. Առաքել արք. Քարամեանը, երբ Գարեգին Բ. ի պատասխան անոր առաջարկին կը յայտարարէ.

«Ես չեմ կարող Արշակին հեռացնել, Արշակին հեռացնել նշանակում է հայ եկեղեցու կործանում»[2]։

Այստեղ խօսքը Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեանի մասին է, որ հանրութեան քաջածանօթ դարձաւ համացանցային կայքերու եւ ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառուող հոգեւորականի վարքագիծին յոյժ անվայել տեսագրու­թեամբ։ Այս առնչութեամբ եպիսկոպոսներէն ոմանք, ներառեալ նաեւ քիչ առաջ յիշա­տակուած Կոտայքի թեմի առաջնորդը, կաթողիկոսէն խնդրած էին կատարուած սրբա­պղծութեան համար առնուազն անոր ծառայութեան ժամանակաւոր կասեցումը։

Ոչ միայն խնդրոյ առարկայ Արշակ եպիսկոպոսի տեսագրութեամբ ապացուցուած արարքը սրբապղծութիւն մըն է, այլեւ կաթողիկոսին ըրած վերոնշեալ յայտարարութիւնը առաւել եւս մեծ հերետիկոսութիւն է, քանի որ Հայց. առաք. սբ. եկեղեցին հաստատ­ուած է Յիսուս Քրիստոսի հաւատքին, Ս. Աւետարանի վարդապետութեան եւ Եկեղեց­ւոյ սրբազան աւանդութեան վէմին եւ ոչ թէ ինչ-որ դիւանապետի մը անձին վրայ։ Որեւէ անհատի, թէկուզ չար հրեշտակներու ներկայացուցիչի մը չեն կրնար աստուածային ստորոգելիներ վերագրուիլ ու զայն բարձրացնել հայոց հաւատքի անձեռնմխելի սրբու­թեան բարձունքին այնքան, որ անոր հեռացումը Հայ եկեղեցւոյ կործանում նշանակէ։ Հայոց պատմութեան փոթորկալից ովկիանոսին մէջ ամենաամեհի կոհակներն անգամ չկրցան խորտակել Հայ եկեղեցւոյ նաւը՝ ո՛չ պարսիկը, ո՛չ բիւզանդացին։ Արաբին մա­հիկը, մոնկոլն ու թաթարը իրենց աշխարհակործան եւ արիւնախում ասպատակումնե­րով, նոյնիսկ ցեղասպան թուրքը չկրցան մարել հայոց հաւատքի կանթեղին մէջ առկայ­ծող ճրագը, որ բարեշունչ ժամանակներուն միշտ վերածուեցաւ ջերմեռանդութեան բո­ցավառ հուրի, վասնզի ան վառած էր ոչ թէ նիւթեղէն, այլ քրիստոնէական հաւատքի, սրբութեան եւ պաշտամունքի նուիրումի կրակէն, որ հոգիէն կը բխի, սրտով կը նուի­րագործուի եւ առ Աստուած կ’ընծայուի։

Այս պատասխանատու թերացումը ոչ միայն աններելի է, այլեւ մատնացոյց կ’ընէ կաթողիկոսական ուխտադրութեան եւ խոստման ներհակ գործելաոճ, որ ամենեւին կա­րելի չէ նոյնացնել հայոց կաթողիկոսի կոչումին եւ առաքելութեան հետ։

Մեր Մայր եւ Ս. եկեղեցին ու հաւատաւոր ժողովուրդը պէտք ունին, կարելի եղածին չափ շուտ, թեւակոխելու նոր ժամանակաշրջան մը՝ հաշտարար սիրով, վառ յոյսերով եւ բոլորանուէր հաւատքով իրագործել կարենալու համար հայոց դարձի հայր եւ Երկրորդ Լուսաւորիչ՝ Ս. Գրիգորի համայն ազգին ուղղուած յորդորը.

«Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ.
քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհի»[3]։

[1] Թարգմանութիւնը մե՛րն է։ Ուխտագրի գրաբար բնագրին համար տե՛ս «Էջմիածին» ամսագիր, Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր 1999, էջ 74–75։

[2] Տե՛ս https://news.am/arm/news/917588.html

[3] Հմմտ. Շարական «Էջմիածինն ի Հօրէ»։

Share64Tweet40
Previous Post

Ոչ-Բնակարանային Հին Վարձակալներու Նոր Օրէնքը

Next Post

«Է՛շ Օղլու, Է՞շ…»

Next Post
«Է՛շ Օղլու, Է՞շ…»

«Է՛շ Օղլու, Է՞շ...»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.