Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«Է՛շ Օղլու, Է՞շ…»

Պերճ Արապեան

December 23, 2025
in Յօդուածներ
0
«Է՛շ Օղլու, Է՞շ…»

Վերջերս, Փաքիստանի խորհրդարանէն ներս խուժած էր չորքոտանի, անուշիկ իշուկ մը, խանգարելով ժողովականներուն անդորրութիւնը: (Տեսնել լուսանկարը):
Դէպքը յիշեցուց ինծի այս բարի անասունին հետ կապուած երկու պատմութիւն: Մին իրական կեանքէ առնուած, միւսը խորհրդանշական առակ մը:

ԻՐԱԿԱՆԸ
Զարմիկս, իր աւելի քան 40 տարուայ փորձառութեամբ, փուռերու սարքաւորումներու հսկայ ընկերութեան մը գործակից-աշխատակիցներէն է:
Փուռի մեքենաներու միջազգային ցուցահանդէսի մը ընթացքին իրենց կրպակին կը ներկայանայ համեստ գիւղացիի մը արտաքինով, թափթփած հագուստներով, ծխախոտէն ճերմակ մօրուքն ու պեխերը դեղնած անձնաւորութիւն մը:
Թերահաւատ է զարմիկս, բայց առ ի քաղաքավարութիւն կը շարունակէ պատասխանել անոր հարցումներուն: Ենթակային հետաքրքրուած մեքենաներուն եւ սարքաւորումներուն գումարը կը հասնի մօտ մէկ միլիոն տոլարի: Յաճախորդը կը հաստատէ ապսպրանքը: Կը համաձայնի 15 առ հարիւրը վճարել կանխիկ, իսկ մնացեալը՝ երբ սարքաւորումները պատրաստ ըլլան յանձնուելու իրեն:
Գնորդը կարեւոր նախապայման մը ունի: Զարմիկս պէտք է ընդունի իր տան ճաշասեղանին հիւրը ըլլալ, աղ ու հաց կիսել միասին, որմէ ետք կը ստանձնէ նաեւ ըլլալիք կանխավճարը: Կ’ըլլայ-չըլլարի բանավէճէ մը ետք, իր գործակիցին բարեխօսութեամբ, զարմիկս կը ստիպուի ընդունիլ հրաւէրը: Օդանաւով երկու ժամ հեռու, կը հասնին գիւղաքաղաքի օդակայանը: Խարխուլ ինքնաշարժով մը կը փոխադրուին գիւղ: Ճամբուն կիսուն, կանգ կ’առնեն հսկայ ագարակի մը առջեւ: Ենթակային սեփականութիւնը եղող, երեք խումբերու բաժնուած, 127 ընտանի իշուկներու ագարակ մը: Որոշ տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, կը շարունակեն ճամբան:
Հազիւ գիւղին հրապարակը հասած, հսկա՜յ բազմութեան մը ներկայութեան, փողերախումբը կը սկսի նուագել: Ընդունելութեան ներկայ է նաեւ նահանգապետն ու քաղաքապետը, իրենց պաշտօնական տարազներով, կարմիր ժապաւէններով:
Նահանգին եւ շրջակայ գիւղերուն բարգաւաճման համար, մե՜ծ կարեւորութիւն ունեցող փուռ մըն է կառուցուելիքը:
Ոչխարներ կը մորթուին, կերուխում, բոլորին մասնակցութեամբ: Մթնոլորտը հանդարտելէն ետք, բեռնատար փոքր ինքնաշարժով մը կը բերեն երեք իշուկ: Հացի տոպրակներով բեռնաւորելէ ետք, կը մխտեն ու ամէն մէկը կ’ուղղուի տարբեր ուղղութեամբ:
Հիւրընկալն ու զարմիկս ինքնաշարժով կը հետեւին հացով բեռնաւորուած անասուններէն մէկուն: Մայր ճամբաները ոչ, բայց գիւղի կողմնակի ճամբաները ծածկուած են ձիւնով: Ինքնաշարժին անցքը անկարելի է, բայց ո՛չ մեր իշուկին համար: Կանգ կ’առնէ առաջին տունի մուտքին: Տնեցիները կը ստանձնեն իրենց հացի տոպրակները, որմէ ետք կենդանին կ’ուղղուի երկրորդ տան մուտքին, ապա երրորդին եւ այսպէս…: Հացի առաքումին համար մեր անուշիկ իշուկը GPS-ի կամ ընկերակիցի մը պէտք չունի՛, անգամ մը որ սորվեցաւ ճամբան, անանձինն կրնայ երթեւեկել նոյն ճամբով:
Շշմեցուցիչ այս տեսարանէն ետք կը վերադառնան գիւղ:
«Ստացագիրի պէտք չկայ, ես քու վրադ վստահութիւն ունիմ» ըսելով կը յանձնէ 150 հազար տոլարի կանխավճարը, որմէ ետք զարմիկս կը վերադառնայ մայրաքաղաք, շարունակելու համար ընթացիկ գործերը:

ԱՌԱԿԸ
Չորքոտանի քուրակներէն մին հացադուլի կը դիմէ:
Հայր էշը, մտահոգ իր զաւակին վատթարացող առողջական վիճակին մասին, հարց կու տայ. «Բանն ինչո՞ւմն է»:
– Մարդ արարածն է, հա՛յր: Եթէ իրենցմէ մէկը տխմար, ապուշ, անընդունելի բան մը ընէ, զինք կ’որակեն «է՛շ», «իշու գլուխ» եւ այլն: Առանց տրտնջալու անդադար կ’աշխատինք: Մեր կարողութենէն շատ աւելի ծանր բեռ կը շալկենք: Երբ մէկ անգամ ճամբայ մը սորվինք, առանց իրենց ընկերակցութեան նոյն ճամբան մնայուն կ’երթեւեկենք: Ուշիմ ենք: Մեզի յամառ (ինա՛տ) կը կարծեն, բայց մենք կամքի՛ տէր ենք, անգամ մը որ փոս մը իյնանք, անկարելի է որ երկրորդ անգամ նոյն փոսէն անցնինք: Հակառակ այս բոլորին, մեզ կ’անարգեն եւ կը վարկաբեկեն:
– Հանգիստ եղիր քուռակ տղաս,- կը պատասխանէ հայր էշը եւ կը շարունակէ:
Պէտք է ընդունինք, որ մարդ էակը մեզմէ աւելի գերադաս է: Աստուած այդպէս ստեղծած է, ի՞նչ կրնանք ընել: Բայց մարդ արարածը ինքն-իրեն շա՜տ եւ շատ աւելի վնա՛ս հասցուցած է քան մեզի: Եղբայր սպաննող կամ կողոպտող էշ մը տեսա՞ծ ես: Օր մը ազգակիցներդ չարչարա՞ծ են իրենցմէ տկար եղողները, կամ խոշտանգած ոչ-հաճելի խօսք մը ըսած ըլլալնուն համար: Ագարակին մէջ հանդիպա՞ծ ես իր գոյնին, համայնքին-յարանուանութեան համար կեղեքուած-տառապող անասունի մը: Ընտանի կենդանիներս երբեւէ զիրար բզքտա՞ծ ենք ժողովներ կազմակերպելով: Գործակալ, աւազակ, դաւաճան մը կա՞յ մեր մէջ: Ուրիշին հարստութեան տէր դառնալու համար զիրար սպաննող անասուններու դիմաց ելա՞ծ ես երբեւիցէ:
Հպարտ եղիր, որ մենք սուտ չենք խօսիր, չենք կողոպտեր, ոչ ալ կ’ուրախանանք ուրիշներուն գլխուն եկած փորձանքներէն: Խելքդ գործածէ՛, անտեսէ մարդոց ըսածները, հօրդ եւ մօրդ արժանի զաւակը մնացիր:
– Խորհուրդդ մտիկ պիտի ընեմ, հա՛յր, պիտի դադրեցնեմ հացադուլս եւ շարունակեմ հպարտօրէն ապրիլ որպէս «է՛շ օղլու էշ»:

Share68Tweet43
Previous Post

Կաթողիկոսի՝ Միասնութեան Պարտաւորեցնող Պաշտօնը Եւ Հիմնարար Գործառոյթները

Next Post

Լուրեր. 27 Դեկտեմբեր 2025

Next Post
Լուրեր. 27 Դեկտեմբեր 2025

Լուրեր. 27 Դեկտեմբեր 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.