Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 27 Դեկտեմբեր 2025

December 27, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 27 Դեկտեմբեր 2025

ԱՈՒՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԷՏՔ Է ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԷՆ ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԻ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Սուրբ Ծնունդի տօնին առթիւ Պքըրքիի մէջ ներկայ գտնուեցաւ տօնական պատարագին եւ տեսակցեցաւ մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալին հետ: Աուն ապա լրագրողներուն յայտնեց, որ «նոր Լիբանանը պէտք է  ձերբազատուի պատերազմներէն եւ ապրի խաղաղ»:

Ան միաժամանակ դիտել տուաւ, որ հարաւին վէրքը տակաւին կ’արիւնահոսի, իսկ միջնորդութեան հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին ազդեցիկ պետութիւններուն հետ, աւելցնելով որ զէնքի մենաշնորհի որոշումին գործադրութիւնը կ’ընթանայ պայմաններուն համապատասխան: «Յանձնառու կը մնանք խորհրդարանական ընտրութիւններու առանց յետաձգումի կայացումին, իսկ պետութեան պարտականութիւնն է ապահովել ընտրութեան հոլովոյթին անվտանգութիւնը», ըսաւ Աուն:

 

ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարուած նիստին ընթացքին մեծամասնութեան զօրակցութեամբ վաւերացուց ելեւմտական բարեկարգումներուն վերաբերող խնդրայարոյց օրինագիծը, հակառակ կարգ մը նախարարներու ընդդիմութեան: Տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մարքոս նիստէն ետք յայտնեց այդ մասին, սակայն ահազանգեց, թէ օգինագիծէն կը բացակայէին յստակ թիւերը, ուստի ինք մնացած է ձեռնպահ եւ չէ համաձայնած անոր վաւերացումին:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին վերահաստատեց, որ առաւելագոյնը հարիւր հազար տոլարի աւանդներ ունեցողները պիտի ստանան ամբողջական գումարը, առանց որեւէ կրճատումի: Վարչապետին համաձայն, հատուցում պիտի վճարեն բոլոր անոնք, որոնք օգտուած էին ելեւմտական ճարտարապետութենէն:

 

ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ TRIPP նախագիծը շուտով պիտի մտնէ գործադրութեան փուլ, աւելցնելով, որ առիթէն օգտուելով, Հայաստան բարեկարգումներ կը կատարէ սահմանային բոլոր անցակէտերուն մէջ: «Մենք զարգացումներու կը սպասենք ոչ միայն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին, այլեւ Հայաստան-Թուրքիա» սահմանին վրայ», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:

2026-ին Պաքու կը մտադրէ երկխօսութիւնը շարունակել Երեւանի հետ: Այդպէս յայտնեց Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ չբացառեց Հայաստան այցելութիւնը, սակայն յստակացուց, որ Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու համար Պաքու ունի յաւելեալ նախապայմաններ: Խօսելով 2025-ը եզրափակող մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, նախարարը անհրաժեշտ համարեց Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը եւ TRIPP-ի հարցով Երեւանի պարտաւորութիւններուն լիարժէք կատարումը: Յիշեցնելով, որ վերջերս տեղի ունեցած են քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու փոխադարձ այգելութիւններ եւ սահմանազարումի յանձնաժողովի նիստ, Պայրամով յայտնեց, որ ըստ Երեւանէն իրենց հասած տեղեկութիւններուն, TRIPP նախագիծով անցնող երկաթուղիին հաստուածը պիտի չպատկանի Ռուսիոյ, թէեւ Երեւան Մոսկուայի հետ երկաթուղային համաձայնագիր կնքած է մինչեւ 2038 թուական: «Համաձայնագրի ստորագրութեան պահուն երկաթուղիի նշեալ հատուածը գոյութիւն չունէր, հետեւաբար կարելի չէ համաձայնագրին մէջ ներառել այն, ինչ գոյութիւն չունէր», բացատրեց ատրպէյճանցի նախարարը: Խօսելով հայ-ատրպէյճանական սահմանազատումի հոլովոյթին մասին, Պայրամով նշեց, որ այդ պիտի կատարուի հիւսիսէն հարաւ: Չբացառելով Հայաստանի հետ առեւտուրի հնարաւորութիւնը, ան դիտել տուաւ նաեւ, որ Պաքու կը մտադրէ վրացական երթուղին գործածել Հայաստան բեռներ փոխադրելու համար, վստահեցնելով որ Թիֆլիսի հետ լուծուած է Ատրպէյճանէն Հայաստան վառելանիւթի բեռնափոխադրութեան համար վրացիներուն պահանջած բարձր սակագինին խնդիրը:

 

ՍԱՐՄԷՆ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ՄԵՂՐԵՑԻ Է

Հիմնուելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին վրայ, նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն հիմամբ Սարմէն Պաղտասարեանը նշանակեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնին: Պաղտասարեան ծնած է Մեղրի, 1965-ին:

1984- 1991 ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքին մէջ, ապա Գահիրէի մէջ յաճախած է Դիւանագիտական ակադեմիա, իսկ 2002-ին՝ Հռոմի մէջ Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան գոլէճ: 1993-ին դարձած է Մերձաւոր արեւելքի երիրներու վարչութեան կցորդ, նոյն տարին նաեւ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան փոխհիւպատոս: 1995-97 թուականներուն վարած է վերոյիշեալ վարչութեան երկրորդ քարտուղարի, իսկ 1997-98 թուականներուն՝ Արտաքին գործերու նախարարութեան հասարակայնութեան հետ յարաբերութիւններու վարչութեան տեղեկատուական բաժնի վարիչի պաշտօնը:

1998-99 թուականներուն դարձած է արտաքին գործերու նախարարի խորհրդական, ապա Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական: 2001-2003 թուականներուն Արտաքին գործերու նախարարութեան քաղաքական ծրագրաւորումի վարչութեան վերլուծական բաժնի վարիչը դառնալէ ետք ժամանած է Պէյրութ եւ դարձած Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական: 2004-2014, ապա մինչեւ 2018 յաջորդաբար ղեկավարած է նախարարութեան քաղաքական ծրագրաւորումի ու Մերձաւոր եւ Միջին արեւելքի վարչութիւնները: 2018-2024 նշանակուած է Քուէյթի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:

Հայերէնի կողքին կը խօսի արաբերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն:

 

ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՀԱՒԱՔԵՑ 17 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 26 Դեկտեմբերին ամփոփեց «Հայրենիք յաւերժութիւն» դրամահաւաք-արշաւին արդիւնքները եւ յայտարարեց, որ հաւաքուած է շուրջ 17 միլիոն ամերիկեան տոլար: Այս՝ վերջին տարիներուն հաւաքուած միջին արդիւնքէն 30 առ հարիւր բարձր է : Ըստ հիմնադրամին, նուիրատուներուն ցանկերուն մէջ այս տարի նկատուած է կազմակերպութիւններու եւ անհատներու մասնակցութեան կրկնակի աճ: Արշաւին թիրախային ծրագիրն է 1940-ականներուն կառուցուած, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Սպանդարեանի ջրանցքին վերականգնումը, որ ոռոգումի ջուր պիտի ապահովէ Սիւնիքի շարք մը բնակավայրերու հարիւրաւոր ընտանիքներու համար:

 

ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ ՀՈՄՍԻ ՄԷՋ

ւրիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ առնուազն վեց մարդ մահացած է եւ 21 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ ահաբեկչական յարձակում մը Հոմսի Ուատի Զահապ թաղամասին մէջ թիրախաւորած է Իմամ Ալի մզկիթը: Ահաբեկչական յարձակումը կատարուած է աղօթքի պահուն, երբ մզկիթը խճողուած էր քաղաքացիներով: Սուրիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Հոմսի մէջ մզկիթ թիրախաւորած յարձակումը, զայն համարելով մարդկային արժէքները ոտնակոխող ոճրագործութիւն մը: Նախարարութիւնը վերահաստատեց նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու մտադրութիւնը: Աւելի ուշ,  Ֆրանս փրէս լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց, թէ գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Անսար էլ-Սիւննա» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն եւս դատապարտեց Հոմսի ահաբեկչութիւնը, ցաւակցելով իր սուրիացի պաշտօնակիցին եւ բոլոր սուրիացիներուն: Աուն միաժամանակ աջակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ ազատ, արդիական եւ ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու ջանքերուն:

Share63Tweet40
Previous Post

«Է՛շ Օղլու, Է՞շ…»

Next Post

«Խորհուրդ Մե՛ծ Եւ Սքանչելի՛, Որ Այսօր Յայտնուեցաւ Մեզի»

Next Post
«Խորհուրդ Մե՛ծ Եւ Սքանչելի՛,  Որ Այսօր Յայտնուեցաւ Մեզի»

«Խորհուրդ Մե՛ծ Եւ Սքանչելի՛, Որ Այսօր Յայտնուեցաւ Մեզի»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.