Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Ատրպատականէն (Արձագանգ Թաւրիզահայ Կեանքի) – 2

 Լ. Շ.

December 23, 2025
in Գաղութային
0
Ձայներ Ատրպատականէն (Արձագանգ Թաւրիզահայ Կեանքի) – 2

— ԹԱՒՐԻԶԻ ԵՒ ՈՒՐՄԻՈՅ մէջ, 12 Հոկտեմբերին, եկեղեցական արարողութիւններով յիշատակուած է Թարգմանչաց տօնը։ Խմբովին ներկայ եղած են հայկական դպրոցներու աշակերտներ ալ։ Ժամերգութեանց աւարտին աշակերտներ կիրարկած են գեղարուեստական ամփոփ ձեռնարկներ։ Նոյն օրը եւ նոյն առթիւ ՀՕՄ-ի Ուրմիոյ մասնաճիւղի վարչուհիներ շնորհաւորական այցելութիւններ կատարած են հայոց «Մասիհա» դպրոցն ու «Նայիրի» մանկապարտէզ-նախակրթարանը եւ ծաղկեփունջերով ողջունած են հայ կրթական մշակները։

— ՈՒՐՄԻՈՅ «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ, 16 Հոկտեմբերին, Թարգմանչաց տօնի առիթով, մեծարանքի հանդիսութիւն մը սարքուած է ի պատիւ տեղւոյն «Նայիրի» մանկապարտէզ-նախակրթարանի վաստակաւոր տեսչուհի տիկ. Ռոնիկ Մեջլումեանի, որ այսուհետեւ հանգստեան պիտի կոչուի։ Բացման խօսքով ներկաները ողջունած է ՀՕՄ-ի վարչութեան ներկայացուցիչ Լինէթ Մեջլումեան։ Նկատի առնելով Մշակոյթի ամիսը՝ Հոկտեմբերը, ուսուցչուհիներ Օֆելիա Սայեադեան եւ Ռուզաննա Մուրատեան պատմական վերաքաղ մը կատարած են հայ գիրերու գիւտին եւ հայագիր դպրութեան զարգացման ընթացքին մասին։ Ի գործ դրուած է նուագէ, ասմունքէ, երգէ ու պարէ բաղկացեալ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Ձեռնարկին Բ. մասով լուսարձակի տակ առնուած է օրուան մեծարեալին վաստակը։ Երախտիքի խօսք արտասանած է ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ Լալա Ֆարհադեան։ Առաջնորդ Գրիգոր սրբազան դառնութեամբ անդրադարձեր է Հայաստանի ընկերային կեանքը խռովող պետութիւն-եկեղեցի բախումնային իրավիճակին, անընդունելի գտնելով հոգեւորականներու ձերբակալութիւնն ու բանտարկութիւնը։ Այնուհետեւ ան ընթերցեր է մեծարեալին ուղղեալ իր «Օրհնութեան գիր»-ը, որուն մէջ վեր առած է տիկ. Մեջլումեանի 30 տարիներու կրթական վաստակը։ Սրտառուչ ելոյթ մը ունեցած է մեծարեալը, նշելով որ երջանկօրէն ծառայած է «Նայիրի» կրթարանին, ամբողջ տասը տարի, իբրեւ տեսչուհի։

— ԹԱՒՐԻԶԻ հայոց ազգ. առաջնորդարան այցելած է, 31 Հոկտեմբերին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Երեւանի դեսպանութեան թեկնածուն՝ պրն. Շիրղոլամի, պարսիկ դիւանագէտներու ընկերակցութեամբ։ Հիւրերը ընդունուած են առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի եւ թեմական խորհուրդի ատենապետ Գագիկ Ջորջեանի կողմէ։ Անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Իրան բարեկամական յարաբերութեանց եւ իրանահայ գաղութի այսօրուան խնդիրներուն։ Խօսուած է նաեւ Հայաստանի մէջ հակաեկեղեցական իրավիճակին մասին՝ անբաղձալի եւ մտահոգիչ համարելով զայն։

— ԹԱՒՐԻԶԻ առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ, 7 Նոյեմբերին, կայացած է հայոց Ազգ. Թամարեան-Հայկազեան-Սահակեան դպրոցի նպաստընկալ ճաշկերոյթը։ Սպասարկուեր է տնային ճաշերու ճոխ տեսականի մը։ Բարիգալստեան խօսք արտասաներ է դպրոցի տեսչուհին՝ Սիլվա Աշըղեան, նշելով որ դպրոցը մէն մի թաւրիզահայու երկրորդ տունն է։ Ազգային իշխանութեան անունով արտայայտուեր է Արմինէ Վահրամեան։ Եզրափակիչ ելոյթ մը ունեցած է առաջնորդ Գրիգոր արքեպիսկոպոս։

— ՈՒՐՄԻՈՅ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ, 19 Նոյեմբերին, ՀՕՄ-ի մասնաճիւղը սարքեր է «Աշնանային թէյասեղան» մը, զուգահեռաբար ներկայացնելով գեղարուեստական յայտագիր մը։ Սրահը զարդարուեր է աշնան դեղնած տերեւներով, նարնջագոյն խոշոր դդումներով, հնամենի կրակարաններով եւ հնաբոյր լապտերներով, ատոնցմով ստեղծելով ձմեռնամուտի առինքնող մթնոլորտ մը։ Ողջոյնի խօսք արտասանած է միութեան ատենապետուհին՝ Լալա Ֆարհադեան։ Բեմական գողտրիկ ելոյթներ ունեցեր են Ուրմիոյ «Նայիրի» կրթարանի երեխաները։ Կատարուեր է վիճակախաղ ու շուրջպար։

— ԹԱՒՐԻԶԻ պետական պատկերասրահներէն մէկուն մէջ բացուած նկարչական խմբային ցուցահանդէսի մը (Նոյեմբեր 9-12) իր մասնակցութիւնը բերեր է նաեւ տեղաբնակ հայուհի մը՝ գեղանկարչուհի Ռիթա Զարիֆնիա-Նազարբէգեան։ Ան ցուցադրեր է իր վրձինին պատկանող երեք գործեր. մին՝ «Մրգեղէն եւ թաղար», միւս երկուքը՝ դիմանկարներ։

— ՈՒՐՄԻՈՅ մօտակայ Իքի Աղաճ գիւղը այցելած է առաջնորդ Գրիգոր արք., 23 Նոյեմբերին, հետեւելու համար տեղւոյն դարաւոր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն։ Առաջնորդին ընկերակցած են ազգային պատասխանատուներ։ Գրիգոր սրբազան «Հոգւոց» արտասաներ է հոն թաղուած երկու հոգեւորականներու՝ Աւագ քհնյ. Պօղոսեանի եւ Օհաննէս քհնյ. Բաբայեանի շիրիմներուն առջեւ։ Գիւղը ներկայիս հայաթափուած է։ Այս այցէն ետք, պատուիրակութիւնը ուղղուած է նոյն գիւղին մօտակայքը գտնուող եւ «Քրոսիկ» կոչուած հայկական մատուռը, որ վերջերս նմանապէս վերանորոգուեր է հիմնովին՝ ստանալով գեղեցիկ տեսք մը։

Share70Tweet44
Previous Post

Շնորհաւորագիր

Next Post

Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր»

Next Post
Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր»

Արսէն Կիտուր Եւ Իր Գործը՝ «Յուշեր Եւ Փուշեր»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.