Պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուած, 15 Դեկտեմբեր 2025 թուակիր, թիւ 2106 օրինական-սահմանադրական օրէնք-հրամանագրով կ’իմանանք, որ պարոն Պօղոս Քիւրտեան վերանշանակուած է Պէյրութի գործադիր դատարանի երեք գլխաւոր դատաւորներէն մէկը։ Դատարանը կը զբաղի գործատէր-աշխատաւոր դատական հարցերով։
25-ամեայ ծառայութենէն ետք, Պօղոս Քիւրտեան պիտի շարունակէ իր պաշտօնը ցնոր տնօրինութիւն։ Տեղին է նշել, որ ան գլխաւոր դատաւորներէն միակն է, որուն պաշտօնն ու հանգամանքը վերանորոգուած է։
«ԱՐԱՐԱՏ»-ի խմբագրութիւնն ու տնօրէնութիւնը սրտանց կը շնորհաւորեն պարոն Պօղոս Քիւրտեանը եւ բարի երթ կը մաղթեն իրեն։

