ԱՐԱՄ Ա. ՏՕՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐՈՎ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ԱՈՒՆԻՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր աւելի քան ժամ մը երկարած տեսակցութիւն ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունին հետ, ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի: Ըստ Կաթողիկոսութենէն հրապարակուած տեղեկատուութեան, Վեհափառ Հայրապետը նախագահին ուշադրութիւնը հրաւիրեց Լիբանանի հայ համայնքին առնչուած կարգ մը հարցերու, ապա ընդհանուր գիծերով պարզեց վերջերս օտարերկրացի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ ունեցած տեսակցութիւններն ու զրոյցները, յատկապէս Լիբանանին եւ Միջին Արեւելքին առնչութեամբ: Ան ողջունեց նախագահին եւ կառավարութեան առաջնորդութեամբ երկրին մէջ տիրող ապահովութիւնն ու տնտեսութեան հետզհետէ դրական զարգացումը, միաժամանակ խստօրէն դատապարտելով Իսրայէլի շարունակական յարձակումները: Աուն իր կարգին գնահատանքով անդրադարձաւ զանազան ոլորտներու մէջ լիբանանահայ համայնքին ունեցած ներդրումին եւ բարձր գնահատեց նախարար Պայրագտարեանի կարեւոր նպաստը: Ան խօսեցաւ հարաւի կայցութեան մասին եւ դատապարտեց իսրայէլեան ոտնձգութիւնները: Ան վստահեցուց, որ տնտեսական ոլորտին մէջ դրական քայլերը պիտի շարունակուին յառաջիկայ ամիսներուն: Նախագահն ու վեհափառ հայրապետը փոխանակեցին նոր տարուան եւ սուրբծննդեան շնորհաւորանքներ, մաղթելով որ Ամանորը բարիք ու խաղաղութիւն պարգեւէ Լիբանանին ու համայն աշխարհին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը ընդունեց նաեւ Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ Գանատայի նորանշանակ դեսպանը, որուն հետ անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ իրավիճակին վերաբերող հարցերուն: Իսկ ՄԱՀԱԵ միութեան նախագահի պաշտօնակատար վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանին հետ Արամ Ա. քննարկեց Հայաստանի կացութիւնը, միջեկեղեցական յարաբերութիւններն ու Լիբանանին վերաբերող հարցեր:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԴՐՈՒՄԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ՄԻՏՈՒՄ
Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը յայտարարեց, որ հարաւային Նաքուրա շրջանին մէջ գումարուած է զինադադարը դիտարկող միջազգային հնգեակին հերթական ժողովը, մասնակցութեամբ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն, որուն ընթացքին քննարկուած են երկու կողմերուն միջեւ զինուորական համադրումը բարելաւելու միջոցները: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց, որ ժողովականները քննարկած են տնտեսական ծրագրեր իրականացնելու կարելիութիւնը, ցոյց տալու համար Հըզպալլայի վտանգը վերացնելու կարեւորութիւնը: Իսրայէլեան բանակն ալ հրապարակեց Պատերազմի օրերուն Պաթրունի ծովափէն առեւանգուած Իմատ Ամհազի հարցաքննութիւնը, ուր լիբանանցի նաւապետը կը յայտարարէ, որ կարեւոր պաշտօն կը վարէր Հըզպալլայի ծովային գաղտնի ծրագրերուն մէջ:

Ամերիկացի արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր կարգին մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ գործէ ուժեղ կառավարութիւն եւ Հըզպալլա վերստին չտիրապետէ հարաւին:
Հանրապետութեան Նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակցող պատուիրակութեան ղեկավար Սիմոն Քարամը: Վերջինս վստահեցուց, որ Նաքուրայի տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած է լիբանանցիներուն հարաւ վերադարձը՝ որպէս մնացեալ հարցերը քննարկելու նախապայման: Ժողովին ընթացքին արծարծուեցաւ հարաւի մէջ լիբանանեան բանակին կատարած աշխատանքը՝ նախքան 8 Յունուար 2026-ի պայմանաժամը:

Երէկ Պէյրութ ժամանեց Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլին եւ Պաապտայի մէջ տեսակցեցաւ նախագահ Աունի հետ: Շեշտուեցաւ լիբանանեան-եգիպտական գերագոյն խորհուրդը վերակենդանացնելու անհրաժեշտութիւնը: Աուն նշեց, որ Լիբանան կը վստահի Գահիրէի տարածաշրջանային դերակատարութեան: Պաապտայի այցելուներէն էր նաեւ փոխվարչապետ Թարէք Միթրին, որ յայտնեց, թէ սուրիական կողմին հետ յաւելեալ ժողովներ գումարուած են՝ բանտարկեալներուն հարցով վերջնական համաձայնութեան յանգելու ուղղութեամբ: Նախագահը նաեւ ողջունեց ամերիկեան-ֆրանսական-սէուտական համաձայնութիւնը՝ գումարելու լիբանանեան բանակին զօրակցելու միջազգային համագումար մը:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ
Պրիւքսէլի մէջ երէկ գումարուեցաւ տարածաշրջանի վիճակին վերաբերող հանդիպում մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու եւ տարածաշրջանին մէջ ցնցումները կանխելու անհրաժեշտութիւնը: Եւրոմիութիւնը աջակցեցաւ Լիբանանի մէջ յայտարարուած զէնքի մենաշնորհի ծրագրին եւ դատապարտեց իսրայէլեան յարձակումները, միաժամանակ կոչ ուղղելով զինաթափելու Հըզպալլան, առ ի գործադրութիւն 1701 բանաձեւին: Ժողովականները զօրակցեցան նաեւ միջազգային ուժեր ժամանակաւորապէս Կազա գործուղելու եւ խաղաղութեան խորհուրդ մը կազմելու առաջարկներուն:
ԱՏՐՃԱՆԱԿՆԵՐ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ
Ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ մաքսային ծառայութիւնը Ֆրանսայէն Պէյրութի միջազգային օդակայան հասած ճամբորդի մը ճամպրուկէն յայտնաբերեց արհեստավարժ ձեւով մասնատուած եւ պահուած 90 ատրճանակ: Ըստ յայտարարութեան, ճամբորդը ձերբակալուած է եւ կը հարցաքննուի:
ԹԵՐ ՈՒ ԴԷՄ ՀԱՒԱՔՆԵՐ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ
Հայաստամի իշխանութեան եւ շարք մը հոգեւորականներու միջեւ լարուածութիւնը նախօրէին ականատես դարձաւ զգալի սրումի, երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ միաժամանակ տեղի ունեցան Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին աջակցող եւ ընդդիմացող հաւաքներ՝ երկու օր առաջ 10 սրբազաններուն հրապարակած յայտարարութեան լոյսին տակ, ուր կոչ կ’ուղղուէր հաւաքուելու Մայր Աթոռի մէջ: Անոր կարճ ժամանակով մասնակցեցան նաեւ նշեալ 10 եպիսկոպոսները:

Միաժամանակ, Մայր Աթոռի մէջ հաւաքուեցան վեհափառին բազմաթիւ աջակիցներ՝ ներառեալ երեսփոխաններ, կուսակցապետներ եւ հասարակական հեղինակաւոր գործիչներ: Վարչապետին զօրակցողներէն ոմանք փորձեցին բանալ Մայր Աթոռին դուռը եւ մուտք գործել եկեղեցի, ուր կ’ընթանար միասնական աղօթք՝ մասնակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետին: Ներքին գործերու նախարարութիւնն ալ յայտարարեց տարածքին մէջ վտանգաւոր ներկայութիւն ունեցող հինգ անձերու հեռացումը: Գարեգին Բ. վրդոված սրբազան հայրերուն յորդորեց վերադառնալ կանոնական դաշտ եւ չենթարկուիլ ապօրինութեան: Ան ահազանգեց նաեւ, թէ կը շարունակուին սուրբ եկեղեցւոյ դէմ յարձակումները:
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԺՈՂՈՎԷՆ ՀԵՌԱՑՈՒՄՆԵՐ
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Եսայի քհնյ. Արթենեան վստահեցուց, որ Վեհափառ Հայրապետը իր առաքելութեան մէջ ամուր եւ հստատուն է, իսկ Մայր Աթոռին բնականոն գործունէութեան առումով որեւէ փոփոխութիւն չկայ: Ան յայտնեց, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կազմէն դուրս եկած են վեհափառին ընդդիմացող Աբրահամ, Գէորգ եւ Վազգէն սրբազանները, որոնք թեմերուն մէջ նշանակուած են նոր առաջնորդներ: Իսկ Մայր Աթոռէն հրապարակուած յայտարարութիւն մը նշեց, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը որոշած է կարգ մը փոփոխութիւններ կատարել Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին մէջ, որովհետեւ 2017-էն ի վեր առարկայական պատճառներով չէ գումարուած եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողով մը: Գերագոյն ժողովը իր նոր կազմով գումարուեցաւ նախանցեալ օր, մասնակցութեամբ անոր հայաստանաբնակ անդամներուն: Ժողովականները անդրադարձան Մայր Աթոռին նկատմամբ բանեցուող ճնշումներուն, ընդդիմացող 10 եպիսկոպոսներու խոտոր ընթացքին եւ անոր պառակտիչ հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ առկայ իրավիճակը յաղթահարելու միջոցներուն: Ժողովը քննարկեց հոգեւորականներու նկատմամբ իրականացնուող հետապնդումները եւ քրէական հիմքերով իրաւական հոլովոյթները: Իրաւապահ եւ դատական մարմիններէն պահանջուեցաւ, որ արդարադատութիւն եւ օրինականութիւն ապահովեն շինծու մեղադրանքներով ազատազրկուած հոգեւորականներուն, ազգային բարերարին եւ նուիրեալ այլ հայորդիներու նկատմամբ: Շեշտուեցաւ, որ Մայր Աթոռը օրինական բոլոր միջոցներով պիտի պաշտպանէ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներուն իրաւունքները: Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դատապարտեց իշխանութիւններուն եւ անձամբ վարչապետին միջամտութիւնները եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն եւ կանոնական դրոյթներուն: Իսկ Փաշինեան յայտնեց, որ պատրաստ է տեսակցելու կաթողիկոսին հետ՝ միայն քննարկելու համար անոր արժանապատիւ հեռացումը ապահովելու օրակարգը:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ՊԵՆԶԻՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Ատրպէյճանէն քարիւղով բեռնուած եւ 22 վակոնէ բաղկացած գնացք մը երէկ հասաւ Հայաստան: Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յայտնեց, որ 1300 թոն կշռող բեռը Ատրպէյճանէն Հայաստան հասած է Վրաստանի վրայով: «Այս ոչ թէ խաղաղութեան հատատումէն ետք, այլ հաւանաբար Հայաստանի անկախութենէն ետք Ատրպէյճանի հետ առաջին առեւտրատնտեսական գործարքն է», նշեց Պապոյեան: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակեց պենզինով բեռնուած գնացքին նկարները եւ նշեց, որ վառելանիւթը առաջնակարգ որակի է, աւելցնելով որ խաղաղութիւնը դարձած է իրողութիւն: Դիտել տալով սակայն, թէ հարցեր կը յառաջանան վրացական երկաթուղիի սակագիներուն վերաբերեալ, Փաշինեան շեշտեց, որ կարելի պիտի ըլլայ գտնել այլընտրանքային միջոցներ:

Թուրքիոյ մէջ վառելանիւթային այս գործարքը որակեցին մարդասիրական քայլ եւ ատրպէյճանական բարի կամքի դրսեւորում: Իսկ Ատրպէյճանի ուժանիւթային հսկայ SOCAR-ը յայտարարեց, թէ պենզինի առաքումը եղած է զուտ առեւտրային գործարք՝ միջազգային սակագիներով, այդպիսով ժխտելով մարդասիրական քայլի պնդումը:

