Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Ատրպատականէն (Արձագանգ Թաւրիզահայ Կեանքի) – 1

Լ. Շ.

December 20, 2025
in Գաղութային
0
Ձայներ Ատրպատականէն (Արձագանգ Թաւրիզահայ Կեանքի) – 1

Իրանի հիւսիսային Թաւրիզ քաղաքի հայ փոքրաթիւ գաղութը լուսանցքի վրայ մնացած պիտի ըլլար՝ եթէ գոյութիւն չունենար տեղւոյն «Արտազ» ամսաթերթը, որ հարազատ ու յորդառատ աղբիւր մըն է ատրպատականեան լուրերու։

Տարիներէ իվեր հաճոյքով կը հետեւինք «Արտազ»-ին, որ շատ կանոնաւոր ու կարգապահ հրատարակութիւն մըն է, արդէն 20 տարեկան։ Լոյս կը տեսնէ 2006-էն ցայսօր։ Ունի կոկիկ ու ճաշակաւոր բովանդակութիւն եւ կը ցուցաբերէ բծախնդիր հոգածութիւն մը գործածուող հայերէնին նկատմամբ։ Տոհմիկ տաքուկ շունչ մը կը տիրապետէ անոր էջերուն մէկ ծայրէն միւսը։

Ամսագրին խմբագիրը Ատրպատականի Հայոց Թեմի առաջնորդն է՝ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանը, որ համայնքային մեծ ու փոքր ամէն ձեռնարկ, գաղութին մէջ արձանագրուած կարեւոր թէ նուազ կարեւոր ամէն դէպք, աշխատանք, ճիգ ու շարժում կը վերածէ լուրի, փաստօրէն արձանագրելով Թաւրիզի, Ուրմիոյ եւ շրջանի քանի մը հայաբնակ այլ օճախներու օրագրութիւնը։ «Արտազ»-ի էջերուն մէջ Ատրպատականի թեմին ժամանակակից պատմութիւնն է որ կը գրուի քիչ-քիչ, շիթ առ շիթ։

Ատրպատական առանձնայատուկ տեղ մը ունենալու է սփիւռքեան մեր ապրումներուն մէջ, գլխաւոր երկու պատճառներով. նախ՝ թեմին տարածքին մէկ մասը ուղղակի կ՛առնչուի հայոց հին պատմութեան։ Արտազ գաւառ, Ս. Թադէի վանք, Աւարայրի դաշտ, Մակու, Խոյ, Սալմաստ… այս անունները գրգիռ կը յառաջացնեն մեր մտքին մէջ, կը խռովեն հայ մարդու մեր ապրումները։ Այլ խօսքով՝ ամբողջ շրջանը սերտօրէն ագուցուած է մեր ազգային, եկեղեցական ու յեղափոխական պատմութեան ինչ-ինչ դրուագներուն հետ։ Յետոյ, Ատրպատականի թեմը ուղղակի սահմանակից է Հայաստանի Հանրապետութեան, Սիւնիքին, Զանգեզուրին։ Այս դրացնութիւնը իր արժէքն ունի անշուշտ։

Թաւրիզի հայ գաղութը,– այնքան՝ որքան կրցած ենք հետեւցնել «Արտազ»-ի մէջ սփռուած լուրերէն ու պատկերներէն,– մեծ ընտանիք մըն է։ Այդ ընտանիքին անդամները համակամ են, միասիրտ, իրարմով ուրախացող, իրարմով գօտեպնդուող։ Առաջնորդ սրբազանն ալ սիրուած հովիւն է իր հօտին։ Նախանձելի՜ հաւաքականութիւն մը, որ թէեւ իր պատեանին մէջ կծկուած, այնուհանդերձ հրաշալիօրէն յառաջ կը տանի հայապահպանումի վեհ գործը, կառչած՝ իր մայրենի եկեղեցիին, իր կրթական օճախներուն եւ մշակութանուէր միութիւններուն։ Ի՜նչ փոյթ, թէ արտագաղթը նօսրացուցեր է այս աղուոր գաղութը…։

 «Արտազ»-ի Հոկտեմբեր ու Նոյեմբեր ամիսներու զոյգ թիւերը բաւական բան կը պատմեն մեզի։ Ահա՛ քաղուածքներ կը կատարեմ հոնկէ.

— ԹԱՒՐԻԶԻ ՀՕՄ-ի Ծերունի Գասպարեան մանկապարտէզին վերամուտը կատարուած է Հոկտեմբեր 1-ին։ Բացման խօսքով՝ ներկաները ողջունած է ՀՕՄ-ի ատենապետուհի Անահիտ Մարգարեան։ Առաջնորդ Գրիգոր սրբազան «բարեբախտութիւն» նկատած է երեխաներուն փոքր թիւը, այն իմաստով որ… կը դիւրանայ մանկավարժուհիներուն գործը ու անոնք շա՛տ աւելի մօտէն կրնան հետեւիլ անոնց կազմաւորման ընթացքին (նկարներէն դատելով՝ կը թուի թէ այս տարի միայն երեք նոր երեխաներ արձանագրուած են դպրոց)։  Նուէրներ բաշխուած են երեխաներուն։

— ԱՐԱՔՍ ԳԵՏԻ մօտիկ գտնուող Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայի հնադարեան վանքին տարեկան ուխտի պատարագը կատարուած է Հոկտեմբեր 2-ին։ Այս վանքը, որ հայ ճարտարապետութեան գոհարներէն մէկն է, Ս. Թադէէն ետք երկրորդ կարեւոր ուխտավայրն է Ատրպատականի թեմին մէջ։ Բարեպաշտ ուխտաւորներ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն Արաքսի ափերով բարձրացած են վանք։ Ս. Պատարագը մատուցած եւ քարոզած է առաջնորդ Գրիգոր սրբազան, մինչ «Կոմիտաս» երգչախումբը կատարած է քառաձայն երգեցողութիւնները։ Ջրօրհնէք կատարուած է Բարթողիմէոս առաքեալի աջով։ Ուխտագնացութիւնը երկարած է մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր՝ պատեհութիւն ստեղծելով մասնակիցներուն վայելելու վանական համալիրին սքանչելի բնութիւնը։ Այս առթիւ, «Արտազ»-ի մէջ ստորագրած իր խմբագրականին մէջ առաջնորդ Գրիգոր սրբազան նկատել կու տայ որ Դարաշամբի այս ուխտագնացութեան բերումով քանի մը օր գիշերեց հո՛ն՝ վանքին մէջ, անձնատուր եղաւ ընթերցանութեան ու պատեհութիւնն ունեցաւ դա՛րձեալ շնչելու գիրքերու թուղթերէն արտահոսող բոյրը…։ «Գիրքը իր պատուական տեղը վերագտաւ մեր ձեռքում, համակարգչային տառահպումների մեքենայացնող շարժումներից փրկելով մեզ», կը գրէ ան։

— ԹԱՒՐԻԶԻ ազգ. առաջնորդարանի հանդիսասրահին մէջ, Հոկտեմբեր 9-ին, տեղ ունեցած է ՀՕՄ-ի «Տաթեւ» պարախումբին ելոյթը։ Բացման խօսք արտասանած է Նայիրի Դիլանեան, յիշեցնելով որ խումբը 12 տարեկան է եւ շա՛տ բան կը պարտի իր հիմնադիր-պարուսոյց Կարինէ Մանուչերեանին։ Ան յատկապէս յիշած է եօթը տարի առաջ պարախումբին անմոռանալի ելոյթը Ս. Թադէի վանքին մէջ՝ «Սասունցի Դաւիթ» էպոսին ներկայացումով։ Այնուհետեւ, 35 հոգինոց երկսեռ պարախումբը շուրջ երկու ժամ հմայած է ներկաները, կիրարկելով քսանի չափ խմբային պարեր ու մենակատարութիւններ (հայկական, իրանական եւ ռուսական), գունագեղ տեսարաններ պարզելով բեմին վրայ։ Աւարտին, քաջալերական խօսքերով համոյթը ողջունած է Իրանի խորհրդարանի անդամ  Արա Շահվերդեան։ Առաջնորդ Գրիգոր սրբազան իր փակման խօսքին մէջ ըսած է. «Այս պարերից շատերը անցեալ սերունդները պարել են հայոց լեռներում, որոնցից ոմանք մեր հայրենիքի սահմաններից դուրս են ներկայիս եւ օտարների ոտքի կոխան։ Հողը գողացուել է, արուեստը մե՛րն է մնացել…։ Ահա իսկական հարստութիւնը, ազգային ոգին, որը չեն կարող գողանալ մեր թշնամիները»։

Share69Tweet43
Previous Post

Լուրեր. 20 Դեկտեմբեր 2025

Next Post

Մեծ Եղեռնի Նահատակ, Հնչակեան Ղեկավար, Մշակութային Գործիչ՝ Արտաշէս Սոլաքեան

Next Post
Մեծ Եղեռնի Նահատակ, Հնչակեան Ղեկավար, Մշակութային Գործիչ՝ Արտաշէս Սոլաքեան

Մեծ Եղեռնի Նահատակ, Հնչակեան Ղեկավար, Մշակութային Գործիչ՝ Արտաշէս Սոլաքեան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.