Ընդհանրապէս, Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը կը սկսին Կ. Պոլսոյ մէջ Ապրիլ 24-ին տեղի ունեցած հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեամբ, աքսորով եւ հրէշային խողխողումով. հայութեան ուղեղին անագորոյն անճիտումով: Սակայն, այդ դէպքէն առաջ, Վանի մէջ նախանշանը տրուած էր նոյնատիպ գործելաոճին, որ հետագային պիտի տարածուէր այլ վայրեր եւս:
Նկատի ունենալով որ Վանը հայաշատ եւ յեղափոխաշունչ քաղաք մըն էր, իթթիհատականներ, առաջին հերթին իրենց ծանր թաթը հաստատեցին այդ քաղաքին մտաւորականութեան եւ գործիչներուն վրայ եւ յատկապէս հնչակեան աչքառու գործիչներու, որոնք կրնային ապստամբ վանեցիները առաւել ոգեւորել եւ առաջնորդել: Հայոց ցեղասպանութենէն դեռ ամիսներ առաջ, հինգ hնչակեան գործիչ- ղեկավարներ ձերբակալուեցան եւ բանտարկուեցան եւ աւելի ուշ վայրագօրէն սպաննուեցան: Անոնք էին՝ Տիգրան Օտեան (Ասօ), Աբրահամ Բրուտեան, Կարապետ Տանթէեան, Հայկակ Էրեմիշեան եւ Արտաշէս Սոլաքեան. բոլորն ալ խոստումնալից ուժեր, իրենց կեանքի ծաղկուն հասակին նոր հասած տարրեր:
Փաստօրէն, այս տարի լրացաւ անոնց հաւաքական նահատակութեան 110 ամեակը: Արտաշէս Սոլաքեան ծնած է 1884-ին՝ Վան: Յարգուած գերդաստանի զաւակ էր: Հայրը՝ Խաչատուր, իր ըմբոստ ոգիին պատճառով երկու անգամ նետուած է բանտ՝ կրելով օսմանեան զնտանին դժնեայ տառապանքները: Արտաշէս կը յաճախէ Վանի նշանաւոր Երամեան դպրոցը: Աւարտելէ ետք դպրոցը, իր ընդունակութիւններուն պատճառով, ուսուցիչի պաշտօն կը վստահին իրեն, նոյն վարժարանէն ներս: Կը դասաւանդէ լեզու, գրականութիւն եւ պատմութիւն՝ իր սաներուն մօտ ցանելով հայրենասիրութեան հունտերը: Երիտասարդ տարիքին իր մօտ կը յայտնաբերուի ի բնէ օժտեալ մարդու մը առանձնայատկութիւնները՝ հմուտ ուսուցիչ, շնորհալի նկարիչ, թատրերգակ, երաժիշտ ու երգիչ, տաղանդաւոր դերասան եւ կուսակցական գործիչ: Իր ուսուցիչը եղած է անուանի նկարիչ, վանեցի Փանոս Թերլեմեզեան, որ խրախուսած է Արտաշէսը հետեւելու նկարչութեան՝ անոր մէջ նշմարելով ապագայ նկարիչի մը անվիճարկելի շնորհքը:
Սակայն, թատերական կեանքը աւելի կը հրապուրէ զինք: Կը դառնայ Վանի դպրոցական թատրոնի հիմնադիր՝ ըլլալով ե՛ւ բեմադրիչ ե՛ւ գլխաւոր դերասան: Կը գրէ թատրերգութիւններ՝ «Թորոսի տունը» եւ «Իտէալի ճգնաժամը», որոնք խանդավառութիւն կը ստեղծեն հանդիսատեսին մօտ: «Թորոսի տունը» կը բեմադրուի նաեւ Տրապիզոնի, Կարինի եւ Կ. Պոլսոյ մէջ: Ան որպէս դերասան հանդէս կու գայ Օթելլոյի եւ Ռոմէոյի (Շէյքսփիր), Էռնանիի (Հիւկօ), Պեպոյի (Գ. Սունդուկեան) դերերով: 1909-1914 թուականներուն, Վանի մէջ իր ղեկավարութեամբ ստեղծուած թատերախումբը կը ներկայացնէ հայ եւ օտար հեղինակներու բազմաթիւ գործեր (Հիւկոյի, Էվրիպիդեսի, Շիրվանզադէի, Յակոբ Պարոնեանի եւ Սունդուկեանի գործերէն). «Պատուի համար»ը եւ «Մեծապատիւ մուրացկանները» կը թարգամանուի եւ կը ներկայացուի թուրք հանդիսատեսին: Ան բեմադրած է նաեւ Մուրացանի «Ռուզան»ը եւ Փարամազի «Ձեռքերը վեր» եւ «Քամուն բերածը քամին կը տանի» թատերախաղերը: 1906-1909 թուականներուն կը խմբագրէ «Ասուպ» եւ «Կոչնակ» խմորատիպ թերթերը:
1909-ի սկիզբներուն, Երամեան վարժարանի ուսուցչապետ Համբարձում Երամեանի յանձնարարութեամբ կը մեկնի Կովկաս եւ յատկապէս Թիֆլիս, ուր կ’ունենայ մշակութային բուռն գործունէութիւն: Կը ծանօթանայ Ալ. Շիրվանզադէի, Սունդուկեանի, Սիրանոյշի, Կոմիտասի, Դաւիթ Դաւթեանի, Ե. Լալայեանի եւ այլոց հետ: Իր ստացած հարուստ տպաւորութիւնները կը կիսուի դասախօսութիւններով եւ մամուլով: Թիֆլիսի մէջ կը բեմադրուի իր «Թորոսի տունը», ներկայութեամբ Սունդուկեանի եւ Շիրվանզադէի, որ մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ իր անուան շուրջ: Ան կը կերտէ Սունդուկեանի եւ Շիրվանզադէի դիմանկարները՝ նուիրելով իրենց, իսկ Շիրվանզադէ իր գիրքը կը մակագրէ՝ գրելով. «Սոլաքեանը ժամանակիս Ադամեանը դառնալու տուեալներ ունի. ե՛ւ գրում է, ե՛ւ նկարում, ե՛ւ խաղում»: Ան բեմ կը բարձրանայ նաեւ անուանի դերասանուհի Սիրանոյշի հետ, որ նոյնպէս Սոլաքեանը կը նմանցնէ հանրահռչակ Պետրոս Ադամեանին: Սիրանոյշ կը թելադրէ զբաղիլ թատրերգութեամբ, քանզի գրողի փառքը յաւերժ է եւ ոչ՝ բեմական կեանքին:
Ա. Սոլաքեան կը պաշտօնավարէ նաեւ թրքական վարժարանէն ներս եւ թուրք ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու խնդրանքով կը թարգմանէ եւ կը բեմադրէ Շէյքսփիրի «Համլեթ»ը եւ «Օթելլօ»ն: Մինչայդ, մտաւորականի վայել յարգանքի կ’արժանանայ քաղաքի հայ եւ օտար շրջանակներու կողմէ: Լաւապէս կը տիրապետէր ֆրանսերէնի: Հեռակայ կարգով քննութիւններ կը յանձնէ Փարիզի Սորպոնի համալսարանին եւ կը ստանայ բարձր գնահատական:
Կը մօտենան մռայլ օրերը: Շատոնց Հնչակեան կուսակցութեան անդամագրուած Արտաշէս Սոլաքեան հետզհետէ կը դառնայ քաղաքին հնչակեան ղեկավարներէն մին: Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան հասած իթթիհատականներ կը խօսին եղբայրութեան եւ ազատութեան մասին: Հնչակեաններ ոչ միայն թերահաւատ են, այլեւ կը նախզգան երիտասարդ թուրքերէն գալիք աղէտը: Թուրք ոստիկանութեան թիրախը հնչակեան հինգ ղեկավարներն էին, որոնք Ճեւտեթ փաշայի հրահանգին վրայ, 1914-ի վերջը կը ձերբակալուին եւ կը նետուին զնտան: Պատրուակը պարզ էր, Հնչակեան կուսակցութիւնը իր 7-րդ համագումարով կատաղիօրէն դիրքորոշուած էր իթթիհատական քաղաքականութեան դէմ: Դաժան ու տառապալից ամիսներէ ետք, Վանի ինքնապաշտպանական մարտերու ժամանակ, թուրք ոստիկաններ հինգ ղեկավարները կը սպաննեն գազանաբար (Ապրիլ 16): Վանի ազատագրութենէն ետք, հայեր երբ կ’երթան ստուգելու բանտարկեալներուն վիճակը, կը տեսնեն անոնց խոշտանգուած դիակները: Սակայն, բանտին մէջ կը գտնուի Սոլաքեանի բանտին մէջ գրած օրագրութիւնը, բաւականին պակսած էջերով եւ վնասուած վիճակով: Հակառակ անոր, յուշագրութիւնը կը յանձնեն իր տիկնոջ՝ Քալիփսէին, որ կը պահէ ու կը պահպանէ տասնամեակներ շարունակ՝ որպէս մասունք եւ վկայութիւն հայկական Մեծ Եղեռնին: Ա. Սոլաքեանի հարազատներէն ոմանք կ’անցնին արեւելեան Հայաստան: Կը մասնակցին Խ. Հայաստանի շինութեան եւ բարգաւաճման: Իր եղբայրը՝ Արշաւիր, սրտառուչ տողերով կը գրէ իր եղբօր յիշատակին. «Արտաշէս Սոլաքեան՝ Վանի երիտասարդութեան ամենապայծառ դէմքերից մէկը: Բիւրեղեայ մաքրութեամբ մի անձնաւորութիւն: Ուսուցիչ, թատերասէր-դերասան եւ թատերագիր: Սիրուած իր աշակերտներից, իր շրջապատից, ընկերներից: Նաեւ յարգանքի արժանացած՝ անգամ գաղափարով եւ համոզումներով իր հետ տարակարծիք եղողների կողմից»:
Իր փրկուած բանտային յուշագրութիւնը, բարեբախտաբար, լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ 2002 թուականին, Նորա Մելիքեանի խմբագրութեամբ: Հոն կը կարդանք իր յուզական ապրումներուն, ազգային ու համամարդկային մտորումներուն, կրած հոգեկան ու մարմնական տուայտանքներուն մասին: Օրագրութեան էջերուն ընդմէջէն յստակօրէն կ’երեւի իր գրական ու գեղարուեստական ձիրքն ու կարողութիւնը, արժէքաւոր մտաւորական մը ըլլալու վաւերական ապացոյցը: Կան անշուշտ կարօտի, սիրոյ, յուշերու, զրկանքի պահեր եւ զգացումներ՝ անկեղծ գրիչով գրուած:
Այսպիսով, Արտաշէս Սոլաքեան հնչակեան գործիչին, մտաւորականին կեանքը եղաւ կարճատեւ՝ սակայն բեղուն: Վայրագօրէն ընդհատեցաւ բազմաշնորհ մտաւորականին ծաղկուն կեանքին թելը:
Խոնարհում իր անթառամ յիշատակին:

