Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Յիշողութեան Ճարտարարուեստը ⎯ Տուն Մը, Ուր Պատմութիւնները Կ’ապրին

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան (Ժընեւ)

December 18, 2025
in Մշակութային
0
Յիշողութեան Ճարտարարուեստը ⎯  Տուն Մը, Ուր Պատմութիւնները Կ’ապրին

Մեզմէ շատեր ունէին այն ճնշող տպաւորու­թիւնը, թէ լիբանանահայ երբեմնի կենսունակ գեղարուեստական գրականութիւնը լռութեան մատնուած է։ Առանց թերագնահատելու գիրք մը կամ վիրաւորելու հեղինակ մը, հրապարակի վրայ հազիւ թէ հանդիպէինք նոր ստեղծագոր­ծութիւններու, որոնք ուղղակի իրենց վրայ պիտի հրաւիրէին մեր ուշադրութիւնը։ Այնպէս կը թուէր, թէ լիբանանահայ գեղարուեստական գրականութեան աշխուժ բեմահարթակին վրայ տողանցող մեծերուն դարաշրջանը դարձած է պատմութիւն, մինչդեռ ներկան լուռ է ոչ թէ ձայ­ներու պակասի, այլ երկրին ու ամբողջ տարա­ծաշրջանին մէջ բռնկած պատերազմներու, քա­ղաքական անկայունութեան եւ տնտեսական ծանր ցնցումնե­րու պատճառով։

Բարեբախտաբար, անսպասելիօրէն հայ մամուլի էջերուն մէջ կարդացի, որ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան հրատարակած է մենահատոր մը «Մեր տունը» խորագրով։ Անպաճոյճ, պարզ, բայց ջերմութիւն հաղորդող այս խորագիրը իսկոյն իր վրայ հրաւիրեց բովանդակ ուշադրութիւնս։ Բնականաբար հեղինակը կը ճանչնայի ոչ միայն հայ մամուլի էջերուն մէջ հրապարակած իր բազմաթիւ յօդուածներուն ընդմէջէն, այլեւ անձնական ծանօթութեամբ, որ ստեղուած էր Անթիլիասի մայրավանքի շրջանակներուն մէջ կազմակերպուած միջոցառում­ներու եւ հանդիպումներու առթիւ։ Հետեւաբար անմիջապէս կապ հաստատեցի հեղինակին հետ, եւ ինչքան երախտապարտ եմ, որ միայն կարճ ժա­մանակ անց բախտը ունեցայ ստանալու գիրքը՝ հեղինակին կողմէ շարա­դրուած անձ­նական ձօնով։

Ֆրանսացի գրող, առաւել յայտնի որպէս վիպասան Կիւսթաւ Ֆլոպեր կ’ըսէ.

«[Գեղարուեստական] գրականութիւնը իրականութիւնը սրտով տեսնելու արուեստն է»։

Արդարեւ, շոգեկառքով գրեթէ ութ ժամ տեւող Ժընեւէն դէպի Սէն-Կալ երթ­ուդարձի ճամբորդութեան ընթացքին անկարելի եղաւ գիրքը թէկուզ պահ մը ձեռքէս վար առնել, ինչպէս կ’ըսեն՝ կարդացի մէկ շունչով, կլանուած սկիզբէն՝ առաջին էջէն մինչեւ վերջինը, հուսկ եզրակացնելու համար, որ հեղինակը «կեանքի իրականութիւնները սրտով տեսած» եւ այս գիրքը սրտով գրած է։ Այս իրողութիւնը անմիջականօրէն զգալի է, քանի որ «Մեր տունը» ստեղծագործու­թեան մէջ ոչ միայն ինք կ’ապրի՝ վերակենդանացնելով իր յիշատակ­ները, այլեւ կ’ապրեցնէ զանոնք՝ դարձնելով ընթերցողին սեփականութիւնը։

Սովորաբար վէպեր մէկ անգամ կարդացած եմ, ըլլան անոնք թէկուզ միջազգա­յին գրականութեան մեծ ներկայացուցիչներու ստեղծագործութիւնները։ Բա­ցառ­ուած չէ, որ անոնցմէ հատուածներ բազմիցս կարդացած ըլլամ, բայց ոչ՝ ամբողջ գիրքը։ Խոստովանիմ՝ միակ գիրքը, որ իսկապէս անգիր ընելու չափ բազմիցս կարդացած եմ, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան» անզու­գական ստեղծագործութիւնն է։ Սակայն որքա՜ն տարօրինակ է փաստը, երբ անդրադարձայ, որ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» արդէն երրորդ անգամ ըլլալով կը կարդամ, վերջինը՝ Ուաշինկթընէն դէպի Ժընեւ թռիչքի ըն­թացքին։ Պատկերացուցէք, որ գիշերային այդ թռիչքը տակաւին այդչափ հաճելի չէր եղած շնորհիւ այս գիրքին, որուն հաճոյալի ընթերցանութեան մէջ անգամ մը եւս մխրճուած էի մինչեւ օդանաւին վայրէջք կատարելը։

Փաստօրէն «Մեր տունը» արեւելեան Պէյրութի հայկական շրջաններէն, երբեմնի Քարանթինայի վրանաքաղաքէն սկիզբ առած եւ դէպի տարբեր թաղեր ընձիւ­ղած հայութեան Ցեղասպանութենէն վերապրած մնացորդացի քանի մը սե­րունդներու պատմութիւնն է, որ հեղինակը իբրեւ իր անձնական յիշատակնե­րուն պատմութիւնը, բայց նաեւ անոր ընդմէջէն ամէնուս յիշատակներուն վերա­կենդանացումը գրի առած է այնքան ջերմ ու հարազատ պատկերներով, ամենա­կենդանի եւ տաք գոյներով։

Տարիներ առաջ երբ այցելած էի Բրիտանական թանգարան, կը նայէի նկարի մը, պարզ գեղջկական աթոռի մը նկարը, որ 1888 թուականին հոլանտացի գեղա­նկարիչ Վինսենթ Վան Կոկը շրջան մը Ֆրանսայի Առլ քաղաքը ապրած միջոցին վրձինած է։ Այս նշանաւոր գեղանկարը կը կոչուի «Վան Կոկի աթոռ»-ը, որ կը պատկերէ գիւղական փայտաշէն աթոռ մը, նստատեղը յարդէ պարզունակ հիւ­սածոյով։ Աթոռը դատարկ է, միայն նստատեղին վրայ կայ ծխամորճ մը եւ քովը ծխախոտով լեցուն փոքրիկ պարկ մը։ Աթոռը զետեղուած է փոքր սենեակի մը յախճասալէ յատակին։

Վան Կոկի այդ դատարկ աթոռը, իր պարզութեամբ, գոյութեան վայր է։ Վայր մը, որ իր դատարկութեամբ նախապէս հոն նստած մարդուն ներկայութիւնը կը դարձնէ աւելի նկատելի եւ շօշափելի։ Այլաբանօրէն՝ աթոռը դատարկ չէ. ան լեցուն է կեանքի, ջերմութեան, սովորութիւններու, առօրեայ փոքրիկ ծէսերու հետքերով։ Այսպիսով կահոյքի կտոր մը կը դառնայ գոյութեան փոխաբերու­թիւն. անոր արժէքը կը բխի ոչ թէ իր ձեւէն, այլ այն փաստէն, որ ինչ-որ մէկը անգամ մը նստեր է այդ աթոռին վրայ, մտածեր է այդտեղ, ծխեր ու այդտեղ երազեր է…։ Այսպէս, աթոռը ապացոյց մըն է ներկայութեան, այլ խօսքով՝ անձի մը գոյութեան, նոյնիսկ երբ մարմինը կը բացակայի անոր վրայ։

Գոյութեան տարածքի, տեղի՝ իբրեւ կեանք կրողի ճիշդ այս տրամաբանութիւնը կը դրսեւորուի տարբեր, բայց փոխկապակցուած ձեւով Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» ստեղծագործութեան մէջ: Իր մանկութեան տունը Նոր Թոմարզա թաղամասին մէջ նոյնպէս շատ աւելին կը խորհրդանշէ, քան պատե­րու եւ կահ-կարասիներու հաւաքածոյ մը: «Մեր տունը» պատմութիւններու շտեմարան է, անցեալը ներկային մէջ պահող գրադարան է, յիշողութիւններու եւ գոյութեան մեծարժէք անօթ է: Ինչպէս Վան Կոկի պարագային, փայտէ ու ծղօտէ շինուած աթոռը լինելութեան կամ ներկայութեան խորհրդանիշ է, նոյնպէս եւ «Մեր տունը» ստեղծագործութեան հեղինակին համար իր գոյութիւնը այդ տու­նով կը յատկանշուի, ուր սուրճի բոյրը, դրացիներուն եռուզեռը, մայրիկին հաւատքը, հայկական աւանդոյթներու պահպանումը ընդմիշտ կ’արձագանգեն իրեւ անտեսանելի հիմքը այդ հայաշունչ օճախին։

Հեղինակը անսեթեւեթ ոճով, առանց վերացական եւ ջղուտ գալարումներու մէջ մխրճուելու կամ մտային վերամբարձ թռիչքներ ստեղծելու, իր մանկութեան եւ պատանեկութեան յուշերուն տուած է ջերմ շունչ մը՝ զանոնք վերարտադրել կա­րենալով իրենց անմիջական պարզութեան մէջ. եւ ճիշդ հո՛ս է գեղեցկութիւնը՝ յետադարձ հայեացքով դիտելու անցեալը իր պարզութեան, իր բովանդակ բնա­կանութեան եւ վեհութեան մէջ։

Ո՞վ կ’ըսէ, որ ֆիզիքական ներկայութիւնը անհրաժեշտ է որեւէ տեղ մը գտնուե­լու համար։ Ես «Սահակ աղային» տունը՝ «Մեր տունը», որ գիրքին խորագիրն է, բնաւ չեմ եղած։ Սակայն կարդալով այս գիրքը, ոչ միայն հոն գտնուեցայ, ծանօ­թացայ տան բնակիչներուն հետ, հիւրընկալուեցայ հայուն յատուկ լիաբուռն հիւրասիրութեամբ, նաեւ աւելին՝ ունեցայ այն ջերմ տպաւորութիւնը, որ կարծէք այդ տունը անընդմիջելիօրէն հարազատ է ինծի՝ իր դուռ-դրացիներով, թաղեցի­ներով, Պէյրութի հայաշունչ միջավայրի տաքուկ գոյներու ներդաշնակութեամբ։

Խորասուզուելով ընթերցանութեան մէջ, ինքնաբերաբար կ’անդրադառնաս ու կը զգաս նախ այն իրողութիւնը, որ գիրքին սկիզբէն մինչեւ վերջ կարմիր թելի պէս կ’անցնի խորունկ սէր, անմնացորդ յարգանք եւ ամբողջանուէր պաշտա­մունք մը։ Սէր եւ բացառիկ յարգանք իր բարեյիշատակ ծնողքին՝ Սահակ եւ Մարիամ Մարկոսեան ամոլին, քոյրերուն եւ եղբայրներուն հանդէպ։ Յարգանք՝ թաղին ու թաղեցիներուն նկատմամբ, նաեւ պաշտամունք՝ հայ ինքնութեան եւ աւանդութեան, անոնց համապատասխան կառոյցներուն՝ եկեղեցիին, ակում­բին, մշակոյթի տուներուն եւ մանաւանդ հայ դպրոցին հանդէպ։ Այլեւ ասոնցմէ աւելի՝ գիրքը կը դրսեւորէ կարօտաբաղձ զգացում մը հանգուցեալ հարազատ­ներուն նկատմամբ. մայր մը, որ իր ծով զոհողութիւններով հանդէպ իր սիրա­սուններուն դարձած է անփոխարինելի սրբութիւն մը, իսկ հայր մը, որ իր ան­խոնջ աշխատասիրութեամբ, իմաստութեամբ եւ հոգեկան բարեմասնութիւն­ներով եղած է իր զաւակներուն մէջ նկարագիր կերտող եզակի հեղինակութիւնը, ապա ընտանիքի անդամներ ու ազգականներ, որոնք իրենց կարեւորագոյն ներդրումը ունեցած են գիրքիս հեղինակին անհատականութեան ձեւաւորման մէջ։

Բաց աստի, ամբողջ շարադրանքին եւ բազմաթիւ յիշատակներու վերակենդա­նացման մէջ միանշանակ զգալի է մղիչ ուժ մը, որ հրայրք կու տայ գրիչին եւ տո­ղերու վերածուող առատահոս մելանին. այդ կարօտն է, կարօտը անցեալին, ան­դառնալիին, որ հեղինակը վարպետօրէն կը թարգմանէ ներկային մէջ՝ զայն վե­րածելով զգալի առկայութեան մեր կեանքին մէջ։

Կը կարծեմ, որ անկախ անկէ, թէ որքան յաճախ հայերէնի բացատրական բառարաններուն մէջ կը փնտռենք «կարօտ» բառին իմաստը՝ կը մնայ մի՛շտ անբաւարար, մի՛շտ տեղ մը թերի։ Քանզի կարօտը ոչ թէ հասկացութիւն է, այլ գոյութեան վիճակ, ոչ թէ սահմանում, այլ տուայտանք, տեսակ մը ներքին դող ու դողդողանք, որ մեր ներսիդին՝ սիրտն ու հոգին կը ճենճերէ։

Բառարանները կը բացատրեն այն, ինչ մենք պէտք է հասկնանք «կարօտ» ըսե­լով, բայց ոչ թէ այն, ինչ կը յառաջացնէ մեր մեջ։ Ինծի համար մնայուն հարցա­դրում մըն է. մի՞թէ կարօտ բառը, ինչպէս նաեւ ուրիշ բառեր, զորօրինակ՝ սէրն ու հաւատքը, բացատրութիւն ունին։

«Կարօտ»-ը բառ մըն է, որ իր բուն իմաստը կը բացայայտէ միայն փորձառու­թեան միջոցով, ոչ թէ նկարագրութեան մէջ։ Ահաւասիկ այս զգացումը կը հաղոր­դէ առկայ հատորը։ Ան անբնութագրելին չի նկարագրեր, այլ կ’ապրի ու կը հրա­ւիրէ ընթերցողը միասնաբար ապրելու զայն յիշատակներու այս խօսուն համա­նուագին մէջ։

Իր անդրանիկ «Մեր տունը» հատորին մէջ հեղինակը մեր առջեւ կը բանայ դուռ մը, մեզ կը հրաւիրէ իր հայաշունչ օճախէն ներս, որ միաժամանակ կ’առաջնորդէ մեզ դէպի անցեալ, յիշողութիւն եւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ընտա­նիքի ոգի։ Կենդանի պատկերներով ան կը պատմէ իր մանկութեան եւ պատա­նեկութեան տարիները, ծնողքին եւ քոյր-եղբայրներուն մասին, փաստօրէն տու­նի մը մասին, որ կառուցուած էր ոչ միայն քարէ ու շաղախէ գոյացած պատերէ, այլեւ պատմութիւններէ, ձայներէ, հայկական տոհմիկ ուտեստներու ախորժա­բեր բուրմունքէ, ուրախ եւ տխուր օրերէ, սակայն եւ այդ տան պատերը զիրար միացնող սիրոյ կամարներէ եւ դէպի ապագայ բացուող յուսոյ դռներէ։

Հեղինակին ծնողքը՝ հայրն ու մայրը, գիրքին, կարելի է ըսել, գլխաւոր հերոսներն են՝ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն վերապրածներ, որոնք իրենց անձին վրայ կը կրեն պատմութեան չսպիացած վէրքը, բայց նաեւ այն անչափելի ուժը՝ մղել կարենալու համար իրենց գոյապայքարը, կառչելու կեանքին եւ հաւատալու վաղուան պայծառ արշալոյսին։ Որպէս ապաստանեալներ Պէյրութի թիթեղաշէն Քարանթինայի մէջ՝ գրեթէ ոչինչէն կը սկսին նոր կեանք մը։ Ես պիտի ըսէի հայ­կական հրաշքը՝ մահուան ստուերին մէջէն արժանապատիւ կեանք մը ձեւաւո­րելու քաջութիւնը։

Պուրճ Համուտ, որ իր տարածաշրջանին մէջ ընդգրկեց Նոր Մարաշը, Ատանան, Նոր Սիսը, Նոր Ամանոսը, Նոր Թոմարզան եւ Նոր Կիլիկիան, ուրկէ տարա­գրուած էր Կիլիկիոյ հայութեան մնացորդացը, յիշողութեան մէջ ապրեցուց իր ծննդավայրը, զայն սերունդէ-սերունդ աւանդեց եւ ստեղծեց այն ամուր կռուա­նը, որու հիմերուն վրայ հաստատուեցաւ Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան հաւաքական գիտակցութիւնը։ Այս երեւոյթը կը հիմնուի յիշողութեան անխոր­տակելի ուժին վրայ, որ կը կերտէ ինքնութիւն, կը ստեղծէ համախմբում եւ կեն­դանի կը պահէ անցեալը, որպէսզի ան կարենայ ուղեցոյց հանդիսանալ ապա­գայի համար։

Արդարեւ, հեղինակի առկայ յուշագրութեան գլխաւոր ատաղձը Թոմարզան է, Կեսարիոյ մարզի հայաբնակ բնակավայրերէն մին, ուր իրենց աչքը լոյսին բացած էին հեղինակին հայրն ու մայրը։ Երկուքն ալ շառաւիղներ մին Մարկոսեան, միւ­սը Անտոնեան ընտանիքներու, իրենց ծնողաց եւ տարագիր բիւրաւոր հայերու հետ քալելով դժոխքի բաւիղներէն եւ միայն հրաշքով կը հասնին Լիբանանի աս­պնջական ափերը։

Հայրը, Պէյրութի մէջ ֆրանսացիներու ծառայութեան մէջ գտնուող տաղան­դաւոր շինարար, իր բարեխիղճ աշխատանքին շնորիւ կը յաջողի Նոր Թոմարզա թաղամասին մէջ կառուցել տալ քարաշէն տուն մը, որ բոլոր միւս տուներէն կը տարբերէր իր գաւիթով՝ առաստաղին վրայ պատկերուած հայկական սեւ արծի­ւով, որ թեւերը լայն բացած կը խոյանար՝ մագիլներուն մէջ բռնած գառնուկ մը։ Արդեօ՞ք այդ լոկ որմնազարդ մըն էր, թէ՞ խորհրդանշան մը, զերթ զինանշան մը, որ ԺԲ.–ԺԴ. դարերուն կը կրէին Պռոշեան իշխանները եւ որուն պերճախօս քանդակը այսօր եւս մեզ կը հիացնէ Գեղարդավանքի ժայռակոփ գաւիթի բարձ­րադիր պատին վրայ։

Երբ կը խօսինք Սահակ աղայի տան կամ ընդհանրապէս հայ աւանդական ըն­տանիքի մասին, յաճախ ունինք այն թիւր տպաւորութիւնը, որ ան եղած է բա­ցառաբար նահապետական։ Մինչդեռ նոյնքան եւ առաւել մեծ եղած է հայ մօր ներդրումը հայ օճախը ձեւաւորելու եւ պահելու գործին մէջ։ Պիտի համարձա­կէի ըսելու, որ մեր պատմութեան տարբեր փուլերուն հայ ընտանիքը եղած է նոյնիսկ մայրարքական։

Այո՛, Սահակ աղային է տունը, սակայն այս տան սիւնն է հեղինակին մայրը՝ տիկին Մարիամը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է իր ընտանիքին եւ զաւակ­ներու ծառայութեան։ Մէկը, որ իր շատ երիտասարդ տարիքին տեսած էր տա­րագրութիւնն ու մահը, հագած էր որբութեան կրակէ շապիկը, կեանքին հասած է Անթուրայի եւ Ղազիրի որբանոցներուն մէջ, բայց կրած էր իր մէջ հաւատքը, որ ցեղասպանուելու դատապարտուած իր ժողովուրդի ապագան լաւ, խոր ար­մատներ ունեցող հայ ընտանիքներու շարունակական գոյութեան մէջ կը կայա­նայ։ Այս համոզումը ներթափանցած է իր ամբողջ էութեան մէջ։ Ցեղասպանին դէմ իր լուռ վրէժին իրագործումը ան երդուած է տեսնել այն կեանքերուն մէջ, որ իր ծոցէն ծնած ու սնած են մարդիկ, որոնք հայօրէն պիտի ապրին եւ բարձր պիտի պահեն ցեղին անմար ջահը քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ։

«Տիկին Մարիամ», «Մարիամ ճէճէ», «Մարիամ քոյրիկ» թէ «Մարիամ տուտու», ինչպէս ալ որ զինք կոչած են թաղեցիներ, միեւնոյնն է, պարզ կին մըն է ան՝ թէկուզ առանց բարձրագոյն կրթութեան, բայց կնոջ մը մայրական բնազդն է, որ զինք կը դարձնէ տիրական, զօրեղ՝ քան իւրաքանչիւր գիտական տեսութիւն։ Մէկ խօսքով՝ հեղինակի մօր՝ տիկ. Մարիամի, ամէնօրեայ զոհաբերութեան մէջ թաքնուած էր այն անտեսանելի մեծութիւնը, որ ո՛չ կրթութիւնը, ո՛չ ալ հարստու­թիւնը կրնան սորվեցնել արժանապատիւ կեանքը փոխանցելու արուեստը։

«Մեր տունը» ստեղծագործութեան ամենատպաւորիչ առանձնայատկութիւննե­րէն մէկն ալ հեղինակի ծնողներուն խօսած Թոմարզայի հայերէն բարբառն է, որ ամբողջութեամբ վերարտադրուած է գիրքին էջերուն մէջ: Այս լեզուական կենսունակութիւնը ոչ միայն ստեղծագործութեան կը հաղորդէ մասնաւոր արժէք մը, այլեւ դուռ կը բանայ դէպի աշխարհ մը, որ, հազար ափսոս, սփիւռքահայ կեանքին մէջ հետզհետէ աւելի կը դալկանայ, ընդհուպ մինչեւ սպառում եւ ի վերջոյ՝ կորուստ: Հայ սփիւռքը օտար երկինքներու տակ կանգնած ձուլման, կեն­սակերպի փոփոխութիւններու, գերիշխող մշակոյթներու եւ լեզուներու յարմա­րելու ճնշման ներքոյ՝ աստիճանաբար կը կորսնցնէ այս արժէքաւոր գաւառա­բար­բառներէն շատերը: Այնուամենայնիւ, ճիշդ այս բարբառներն են, որոնք կը մարմնաւորեն մեր մայրենիին հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը՝ պահպա­նելով յիշողութիւններ, մտածելակերպ եւ արտայայտուելու ձեւեր, որոնք դժուար թէ արտացոլացնէ գրական լեզուն թէ՛ արեւմտահայերէնի եւ թէ՛ արեւելահայերէ­նի պարագային: Իւրաքանչիւր բարբառ հայ ինքնութեան բաղկացուցիչ մէկ մա­սը կը կազմէ, կը շարունակէ սերունդներու միջեւ կապը, նաեւ՝ աւանդութեան եւ մեր միասնական պատմութեան հետ։ Հետեւաբար առաւել եւս կարեւոր է պահ­պանել այս լեզուական գանձերը, փաստագրել զանոնք եւ, ամէն բանէ առաջ, շարունակել զանոնք խօսիլ առօրեայ կեանքի մէջ, որպէսզի անոնք ոչ միայն մնան անվերադարձ անցեալի մը յուշը, այլեւ ունենան կենսունակ ապագայ:

Յաւարտ բանիս, թող արտօնուած ըլլայ ինծի սրտանց շնորհաւորելու հատորիս հեղինակը գրական իր անդրանիկ երախայրիքին առթիւ, եւ ինչպէս իր սիրասուն մայրիկը երկնից լուսակարկառ բարձունքէն թոմարզայի բարբառով պիտի ըսէր.

«Տե՛ս, սիրելի՛ Սեդա, ըստեղ ի՜նչ գեղեցիկ գիրք կիրած ես»։

Share70Tweet44
Previous Post

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Next Post

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Նոր Հաճնի N3 Հիմնական Դպրոց

Next Post
Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Նոր Հաճնի N3 Հիմնական Դպրոց

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Նոր Հաճնի N3 Հիմնական Դպրոց

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.