Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ «Ազդակ» օրաթերթի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2025-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ գրող Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» հատորին շնորհահանդէսը՝ լիբանանահայ գրասէր հասարակութեան լայն ներկայութեամբ։
Այս գրական իրադարձութեան առիթով Լիբանան ժամանած էին Ֆրանսայի թեմի նախկին առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին սփիւռքի նախարար դոկտ. Հրանուշ Յակոբեան եւ Զուիցերիոյ Կրօններու խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան։ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն ժամանած մտաւորական հիւրերու շարքին բանախօսեց նաեւ լիբանանահայ կրթական ու հասարակական գործիչ, մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեան։

Շնորհահանդէսի բացումը կատարեց եւ միջոցառումը վարեց «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակից Սէրուժ Խանճիհանեան։
Ելոյթ ունեցող մտաւորական անձնաւորութիւնները իրենց խոհական եւ արժեւորող դիտարկումներով ընդգծեցին «Մեր տունը» հատորի գրական արժէքն ու անոր ներդրումը ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան հարստացման մէջ՝ անդրադառնալով գիրքին գաղափարական խորքին եւ լեզուական մշակուածութեան։
Եզրափակիչ բաժինով Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան փոխանցեց իր շնորհակալական խօսքը՝ երախտագիտութիւն յայտնելով իր գործին ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ գնահատանքին համար։ Միջոցառումը աւարտեցաւ գինեձօնով՝ կազմակերպիչներու, հիւրերու եւ ներկաներու մասնակցութեամբ։

