Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Յիշողութեան Ու Պարտքի Խոնարհում Մեղրիի Օրուան Առիթով

December 18, 2025
in Հայաստան
0
Յիշողութեան Ու Պարտքի Խոնարհում Մեղրիի Օրուան Առիթով

Նոյեմբեր ամսուան կիսուն, Մեղրի քաղաքի օրուան նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկներու շղթան սկսաւ յիշողութեան եւ ազգային պարտքի խոնարհումով։ Քաղաքի սրբազան յիշողութեան տարածքներուն մէջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի տեղադրման արարողութիւն մը՝ ի յաւերժ յիշատակ 44-օրեայ պատերազմին իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներուն։ Խոնարհումի այս արարքը կատարուեցաւ նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին, Փարամազի յուշարձանին եւ հայրենի հողին մէջ հանգչող նահատակներու շիրիմներուն առջեւ։

Մեղրի համայնքի ղեկավար Խաչատուր Անդրէասեանի առաջնորդութեամբ, ծաղկադրման մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեան, պետական, ուժային եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, պատուաւոր հիւրեր եւ Մեղրիի քաղաքացիներ։ Ներկաներուն միասնութիւնը դարձաւ կենդանի վկայութիւն այն անխախտ ուխտին, որով սերունդներ կը կապուին հայրենիքի պաշտպաններու յիշատակին։

Յարգանքի այս արտայայտութիւնը մեր հերոսներուն դարձաւ Մեղրիի օրուան տօնական ձեռնարկներու մեկնարկը՝ միաւորելով ներկաները հայրենասիրութեան, զոհաբերութեան եւ անցեալի վեհ յիշատակի գաղափարներուն շուրջ։

Share85Tweet53
Previous Post

Մեկնաբանումն

Next Post

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Next Post
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.