Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի Կիպրոս այցելութեան ծիրէն ներս, ՍԴՀԿ Կիպրոսի Վարիչ մարմինի ընկերներ առիթը ունեցան մասնակցելու Անոր հետ գաղութային հանդիպման: Շինիչ եւ օգտաւէտ հանդիպումը ունէր ոգեւորիչ բովանդակութիւն, երբ ներկաներ իրազեկ դարձան Վեհափառ Հօր կարծիքներուն՝ ազգային եւ հոգեւոր կեանքը յուզող հարցերու շուրջ:
Ընկերները, այլ կազմակերպութեանց կողքին, ողջունեցին Վեհափառ Հօր գահակալութեան 30-ամեակը:

