ԱՈՒՆ. «ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՍ Է ԱՊԱՀՈՎԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇԱՀԵՐԸ »
Կը սպասուի, որ վաղը հարաւի մէջ իր հերթական ժողովը գումարէ զինադադարին հետեւող միջազգային գլխաւոր կողմերը, Լիբանանն ու Իսրայէլը ներառող աշխատանքային խումբը՝ «Մեքանիզմ»-ը, քննարկելու համար զինադադարը, խախտումները եւ զէնքի մենաշնորհի ծրագրին գործադրութիւնը: Նիստէն օր մը առաջ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց Լիբանանի հետ սահմանային գօտիին վրայ զինուորական լայնածաւալ զինավարժութիւն կատարելու մասին: Իսկ երէկ, իսրայէլեան օդուժը ինքնաշարժ մը թիրախաւորեց հարաւային Մարքապա-Ատէյտէ ճամբուն վրայ, սպաննելով մարդ մը: Ըստ իսրայէլացի բանբերին, թիրախը շրջանին մէջ աշխուժացող եւ Հըզպալլայի կարողութիւնները վերակառուցելու աշխատանք տանող մարդ մըն էր:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն լիբանանեան կողմի նորանշանակ քաղաքացիական պատուիրակ, նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը, որուն հետ քննարկեց բանակցային հերթական փուլին վերաբերող մանրամասնութիւններ եւ տուաւ անհրաժեշտ ցուցմունքները: Աուն Պաապտայի պալատ այցելած պատուիրակութիւններուն հետ ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան կը փորձէ բանակցային միջոցներով ամրապնդել կայունութիւնն ու ապահովութիւնը, սակայն այդ չի նշանակեր ծունկի գալ Իսրայէլին դիմաց: «Որպէս նախագահ, պարտականութիւնս է ապահովել լիբանանեան շահերը: Մեզի համար կարեւոր է պատերազմին վտանգը բացառել, վերակառուցել կործանուած շրջանները եւ ժողովուրդը պահել իր հողին վրայ՝ զարգացնելու համար պետութիւնը», ըսաւ Աուն: Անդրադառնալով խաղաղութեան հնարաւորութիւններուն, նախագահը նշեց, որ այդ հարցով կը վստահի իր ամերիկացի պաշտօնակից Տոնըլտ Թրամփին:
Փոխվարչապետ Թարէք Միթրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է անցնելու զէնքի մենաշնորհի ծրագրի երկրորդ փուլին՝ եզրափակած ըլլալով առաջին փուլը: Ըստ Միթրիի, երկրորդ փուլը որեւէ պայմանաժամ չունի, սակայն անոր աշխարհագրական սահմանը կը սկսի Լիթանիէն, հասնելով մինչեւ Աուալի գետը:
Արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժժի Պրիւքսէլի մէջ տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան քաղաքական եւ ապահովական յանձնաժողովի դեսպաններուն հետ ու քննարկեց լիբանանեան եւ տարածաշրջանային զարգացումները: Ան իր խօսքին մջ կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի քաշուի լիբանանեան բռնագրաւեալ շրջաններէն, ազատ արձակէ գերիները եւ վերջ տայ ամէնօրեայ ոտնձգութիւններուն: Ռեժժի առաջարկեց նաեւ, որ Իրանի հետ եւրոպական բանակցութիւններուն ընթացքին արծարծուի տարածաշրջանին մէջ Իրանի թեւերուն թղթածրարը: Խօսելով զէնքի մենաշնորհի որոշումին մասին, Ռեժժի զայն համարեց կարեւոր որոշում մը, որ պետութեան տիրապետութիւնը կը հաստատէ երկրի ամբողջ տարածքին:
Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Կիտաուն Սաէր յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին բնականոնացնել Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները եւ յաղթահարել տարակարծութիւնները, միաժամանակ շեշտելով Հըզպալլան կործանելու անհրաժեշտութիւնը: «Չենք կարծեր, որ Հըզպալլայի դէմ մեր յարձակումները կը խախտեն Լիբանանի գերիշխանութիւնը», պնդեց նախարարը եւ Հըզպալլան ամբաստանեց Լիբանանի գերիշխանութիւնը ոտնակոխելու մէջ: «Կը փափաքինք Սուրիոյ հետ կնքել ապահովական համաձայնութիւն մը եւ որեւէ ձգտումներ չունինք սուրիական հողերուն մէջ», ըսաւ Սաէր:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԻՍՏ ԵՒ ՊՈՅՔՈԹԻ ՓՈՐՁ
Խորհրդարանին մէջ այսօր սկզբունքով պիտի գումարուի օրէնսդրական լիագումար նիստ՝ վաւերացնելու համար շարք մը կարեւոր, սակայն խնդրայարոյց օրինագիծեր: Ուստի, երեսփոխանական շարք մը խմբաւորումներ որոշած են պոյքոթի ենթարկել նիստը եւ խափանել անոր գումարումը՝ տապալելու համար առաջարկուած օրինագիծերուն վաւերացումը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա այս առումով յայտնեց, որ այսօրուայ նիստին ներկայ եղող իւրաքանչիւր երեսփոխան ծառայած պիտի ըլլայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդարանական անօրինական ծրագրերուն: Միւրս կողմէ, շարք մը երեսփոխաններ պատրաստակամութիւն յայտնեցին մասնակցելու նիստին եւ վաւերացնելու միայն քաղաքացիներուն հրատապ կարիքներէն բխող առաջարկները:
ԶԷՆՔ ՄԱՔՍԱՆԵՆԳԵԼՈՒ ՓՈՐՁԻ ԽԱՓԱՆՈՒՄ
Սուրիոյ ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոսի գիւղական շրջաններէն Զապատանիի մէջ ձախողութեան մատնած է դէպի Լիբանան զէնք փոխադրելու փորձ մը: Սուրիոյ հանրային լրատուական կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը հրետանիի ռումբերով թիրախաւորած են սահմանային Քնայթրա գաւառի Քոտնէ գիւղին մերձակայքը:

«Սանա» լրատու գործակալութիւնն ալ հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժեր ներթափանցած են նոյն գաւառին սահմանամերձ գիւղերուն ուղղութեամբ: Ըստ նախարարութեան, գրաւուած բեռը կը պարունակէ ուսէն արձակուող հրթիռներ:
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔՈՒԵԼՈՒ ԿՈՉ
Վերջերս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ տեսակցած ու Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հրաժարականը պահանջած բարձրաստիճան 10 սրբազանները հրապարակեցին նոր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խօսեցան աշխոյժ գործողութիւններ սկսելու մասին: Յայտարարութիւնը ուղղելով իրենց ծառայակից եղբայրներուն, հաւատարիմ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, սրբազանները անդրադարձան վերջերս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ ծաւալած վտանգաւոր զարգացումներուն եւ մտահոգութիւններուն: Յայտարարութիւնը ահազանգեց, թէ կարմիր գիծը հատուած է եւ կրնայ անդառնալի վնաս հասնիլ եկեղեցւոյ, պետութեան եւ ժողովուրդին:

Դիտել տալով, որ անցնող տարիներուն իրենց ձայնը որեւէ էական ազդեցութիւն չէ ունեցած եկեղեցւոյ առաքելութեան իրականացումին մէջ, սրբազաններըր յայտարարեցին, թէ «հասած է ժամանակը, որ յանուն Սուրբ Էջմիածինի, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան հաւահաւատաւոր ժողովուրդին արտայայտենք յստակ եւ վճռական դիրքորոշում, չկաշկանդուինք տարատեսակ դժուարութիւններուն եւ ճնշումներուն առջեւ ու կանգնեցնենք Մայր Աթոռի գահավիժումը»: Շեշտելով, որ եկեղեցւոյ այսօրուայ անմխիթար վիճակը սպառնալիք է մաեւ մեր ազգային ու պետական անվտանգային շահերուն, յայտարարութիւնը հոգեւորականներուն եւ ժողովուրդին կոչ ուղղեց միանալու իրենց ու արդար բողոքի ձայն բարձրացնելու եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը ոչնչացումի տանող կործանարար ընթացքին դէմ: «18 Դեկտեմբերին ժամը 17:00-ին եկէք եւ միացէք մեզի համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ՝ Ամեմայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հանգստեան կոչելու արդար պահանջով, որ դարձած է անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն», նշուեցաւ սրբազաններուն կոչ-յայտարարութեան մէջ:
ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՆՔԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Պոլսոյ հայոց Սահակ արք. Մաշալեան պատրիարքին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց մայրաքաղաք Անքարա, ուր տեսակցեցաւ Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար Ալի Երլիքայայի հետ: Տեղական լրատուամիջոցներուն համաձայն, ժողովին ընթացքին քննարկուած են այն կանոնակարգերը, որոնք անհրաժեշտ են փոքրամասնութիւններու հիւանդանոցներու հիմնադրամի խորհուրդներուն ընտրութիւնները կատարելու համար:

Մաշալեան պատրիարք մտահոգութիւն յայտնեց ընտրութիւններու ուշացումին համար եւ շեշտեց, որ փոքրամասնութիւնները պէտք է ներկայացուած ըլլան ու իրենց կարծիքը հաշուի առնուի նոր սահմանադրութեան մշակումի հոլովոյթին մէջ: Նախարարը խոստացաւ, որ այս հարցերուն վերաբերող աշխատանքները պիտի ունենան զգայուն ընթացք:
ՓԼԱՍԹԻՔԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԸ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Մէկ անգամ գործածուող փլասթիքի գործածութեան դէմ համաշխարհային պայքարը հասաւ նաեւ Հայաստան: Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ տարի մը ետք՝ 1 Յունուար 2027-էն սկսեալ Հայաստանի մէջ պիտի կրճատուի մէկ անգամ օգտագործուող փլասթիքէ առարկաներուն գործածութիւնը: Ըստ որոշումին, պիտի արգիլուին տոպրակները՝ որոշ բացառութիւններով, ինչպէս նաեւ փլասթիքէ պնակները, գաւաթները, դանակները, դգալները, պատառաքաղները, ըմպելու եւ խմիչքը խառնելու համար գործածուող ձողիկները: Որպէս այլընտրանք պիտի քաջալերուի թուղթէ եւ փայտէ պատրաստուած իրերը, ինչպէս նաեւ մէկէ աւելի անգամ գործածելու յատկացուած տոպրակները:
ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՉԻՆԱՑԻՆԵՐ ԿՈՒ ԳԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Երեւանի մէջ Չինաստանի դեսպան Լի Սինվէյ յայտնեց, որ ժամանակի ընթացքին կ’աճի Հայաստան այցելող չինացի զբօսաշրջիկներուն թիւը, մանաւանդ օդային փոխադրութեան դիւրութեան շնորհիւ: «Եթէ առաջ Չինաստանը կը համարուէր հեռաւոր երկիր, ապա այսօր ընդամէնը 4 ժամէն կարելի է Հայաստանէն հասնիլ Չինաստան», ըսաւ դեսպանը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ հայ երիտասարդները հետաքրքրուած են չինարէն սորվելով:

