«Ես եմ` որովհետեւ դուք կաք»
Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Աշխարհիկ իշխանութեան կորուստով` հայը փարեցաւ եկեղեցական իշխանութեան, անոր մէջ որոնելով սփոփանքը այն բաղձալի կորստեալին, որ պիտի ամոքէր իր սրտին եւ հոգիին մէջ բացուած խոր վիհը։
Հոգեւոր իշխանութիւնը, իր հերթին, ի գին ամէն տեսակ զրկանքի եւ զոհողութեան, ազգին նեցուկն ու ապաւէնը հանդիսացաւ։
Ահա այդպիսին էր Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան մեծաւոր` ազգասէր, հայրենասէր, միաբանասէր, բարի հովիւի վաստակ ձեռք ձգած` Գերպծռ. Անդրէաս Աղեքսանդրեան, որուն շատ բան կը պարտի Միաբանութիւնը, իսկ ամէնակարեւորը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբութեան հասնելու ներդրման։
Կիրակի, 7 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու մայրավանքի «Փոխման Ս. Կուսին» մայր եկեղեցւոյ մէջ, ի յիշատակ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի պատկառելի մեծաւոր` Գերպծռ. Անդրէաս Աղեքսանդրեանի յոբելեանին, պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան։
Խորանին սպասաւորեցին «Ս. Իգնատիոս Մալոյեան» դպրեվանքի ժառանգաւորները։
Մեծաւոր հայրը իր քարոզին մէջ վեր առաւ գերպծռ. Աղեքսանդրեանի արժանիքները, ըսելով. «Քրիստոնէութիւնը կայացնելու եւ զայն հայուն առօրեային վերածելու ջանքերուն մէջ, մեր աւագ հայրերէն շատեր իրենց իւրայատուկ դրոշմը ձգած են։ Այդ երախտաւորներէն է գերպծռ. Անդրէաս Աղեքսանդրեան։

Ան իր ունեցած ունակութիւններուն եւ մտաւորականի խառնուածքին շնորհիւ, մայրավանքէն ներս 30 տարիներ ստանձնած է մեծաւորի պաշտօնը:
Ան իր նշանակալի աւանդը բերած է միաբանութեան վերելքին բոլոր բնագաւառներու մէջ` հոգեւոր, ազգային, կրթական, գիտական, հրատարակչական, մշակութային, շինարարական եւ այլ մարզերու վերաբերող։ Այլ խօսքով` իր օրերուն մայրավանքը անդորրութիւն եւ ծաղկում ապրած է։
Գերպծռ. Աղեքսանդրեանի պատուի շուքը ամենապայծառ լուսաւորութեամբ տարածուած է ամէնուր։
Ան Ս. պաշտամունքի կարգերը ճոխացուցած է, նաեւ միաբաններուն եւ կրօնաւորներուն թիւը բազմապատկած է։
Գերապայծառի կեանքին կարեւոր մասը կազմած է գրական-բանասիրական գործունէութիւնը։ Անոր աշխատասիրութիւններուն մէկ մասը հրատարակուած են եւ զգալի մասը անտիպ են` պահպանուած Զմմառու մայրավանքի արխիւին մէջ եւ որոնք առնչուած են Հայ կաթողիկէ համայնքի պատմութեան։
Մեծաւոր Աղեքսանդրեան առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է դպրեվանեցիներու դաստիարակութեան, որոնք իրենց մեծաւորին մասին մեծ գովասանքով, սիրով եւ ակնածանքով արտայայտուած են։

Այդ երախտաւորներէն է նաեւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեան, որ ինքզինք գերպծռ. Աղեքսանդրեանի որդին կը համարէ՝ ըսելով. «Ես եմ, որովհետեւ դուք կաք»։
Քարոզի աւարտին գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ Զահթէրեան յորդորեց, որ իւրաքանչիւր միաբան իր կեանքի ուղին հունաւորէ գերպծռ. Աղեքսանդրեանի տիպարը օրինակ առնելով, որով կը ծաղկի եւ կը բարգաւաճի 276 տարիներու վաղեմութիւն ունեցող Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութիւնը։
Պատարագի աւարտին, «Ս. Իգնատիոս Մալոյեան» դպրեվանքի ժառանգաւոր Յակոբ Ժամկոչեան ներկայացուց գերպծռ. Անդրէաս Աղեքսանդրեանի վարքը։
Հոգեպարար արարողութենէ ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի հանգիստ հանգուցեալ գերապայծառի հոգւոյն։
Ոգեկոչման աւարտին ժառանգաւորները հնչեցուցին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի «Բազմաչարչար» շարականը։

