Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Միջքրիստոնէական Համակամութիւն, Հայկական Առնչութիւններ Եւ Թրքական Տրտունջքներ… (3)

 Լ. Շ.

December 16, 2025
in Յօդուածներ
0
Միջքրիստոնէական Համակամութիւն, Հայկական Առնչութիւններ Եւ Թրքական Տրտունջքներ… (3)

Հռոմի պապը, անկախ՝ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ընդհանրական պետը ըլլալու իր հանգամանքէն, ամբողջ աշխարհի կողմէ ընդունուած է միաժամանակ որպէս պետական անձնաւորութիւն, գլուխը՝ Վատիկանի քաղաք-պետութեան։ Այս եզակի հանգամանքը առանձնայատուկ դիրքով մը կ՛օժտէ զինք, բաղդատաբար հոգեւոր այլ պետերու։ Հետեւաբար, ո՛ւր որ երթայ ան՝ կ՛ընդունուի պետական պաշտօնական արարողակարգով։

Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը այդպէ՛ս դիմաւորուեցաւ Թուրքիոյ մէջ ալ, անցնող Նոյեմբեր 27-ին։ Ան Հռոմէն թռիչք առնելէ ետք ուղղակի էջք կատարեց մայրաքաղաք Անգարա, ուր յարգեց ընկալեալ արարողակարգը. նախ այցելեց Աթաթիւրքի յուշադամբարանը, ստորագրեց ոսկեմատեանին մէջ, այնուհետեւ ընդունուեցաւ նախագահ Էրտողանի կողմէ՝ նախագահական ապարանքի մատենադարանի դահլիճին մէջ։ Այստեղ արտասանուեցան ողջոյնի խօսքեր, յղուեցան փայփայիչ պատգամներ։

Անգարայի այս վերջին հանդիպումին կար նաեւ հայկական ներկայութիւն մը։ Պալատան հրաւէրով հոն էին Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան, Պոլսոյ Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Վարդան ծ. վրդ. Գազանճեան, երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, գաւառապետ Պերճ Աքար եւ հանրապետութեան նախագահի մշակութային խորհրդականներէն Արամ Գուրան։

Սրբազան քահանայապետը Անգարայէն Պոլիս անցնելով՝ հոն ունեցաւ աւելի բազմաբնոյթ շփումներ։ Հայկական առնչութիւնը այստեղ եւս, առաջին իսկ վայրկեանէն, զգալի դարձուց ինքզինք։ Պոլսոյ օդակայանին մէջ, Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն նախակրթարանի չորս աշակերտներ ծաղկեփունջով դիմաւորեցին պապը, Իսթանպուլի կուսակալութեան կարգադրութեամբ։ Պապը հայ աշակերտներուն հետ փոխանակեց քանի մը խօսք եւ իր կողմէ յուշանուէրներ յանձնեց անոնց։ «Մարմարա» օրաթերթը այս մասին կը խորհրդածէր (28 Նոյեմբեր). «Տղոց համար իրապէս անմոռանալի պահեր էին ասոնք, եւ իրենց հետ կատարուած հարցազրոյցին մէջ բոլորն ալ կ՛արտայայտէին իրենց հրճուանքը այս բացառիկ առիթին կապակցութեամբ։ Տղոց աչուկներէն կը ցոլանար այն մեծ յուզումը, երբ անոնք դէմ առ դէմ եկած էին պապին հետ։ Այդ տարիքին անոնք իրենք զիրենք կը նկատէին առանձնաշնորհեալ ու շատ բախտաւոր անձեր։ Անոնք պարզապէս կը դժուարանային հաւատալու իրենց ապրածներուն։ Հաւանաբար այս հանդիպումը մխիթարեանցի փոքրիկներու ուղեղներուն մէջ պիտի քանդակուի որպէս յոյժ կարեւոր ապրում, եւ այսուհետեւ անոնք ա՛լ աւելի պիտի փարին իրենց կրօնին ու քրիստոնէական հաւատքին»։

Ուրբաթ, 28 Նոյեմբերին, Իզնիքի մէջ (Նիկիա) միջեկեղեցական ու համամիութենական հանդիսաւոր աղօթասացութեամբ մը նշուեցաւ Տիեզերական Ա. Ժողովի 1700-ամեակը, ճի՛շդ այն վայրին վրայ, ուր ենթադրաբար կայացած էր 325 թուականի այդ համաժողովը։ Ժողովին բուն վայրը հանդիսացող Ս. Նէոփիտոս տաճարին միայն հետքերը մնացեր էին այնտեղ (հնագիտական պեղումներու արդիւնք), սակայն այդքանն իսկ բաւարար էր, որ պահը ստանար իր խորհրդանշական արժէքը։ Պապը, յունաց Պարթէլոմէոս պատրիարքին հետ կողք-կողքի, առաջնորդեց արարողութիւնը ու նախագահեց ձեռնարկին։ Հոս եւս հայկական ներկայութիւնը ակներեւ էր։ Պապին անմիջապէս ետին կանգնած էր Թուրքիոյ հայոց Սահակ պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Արամ արք. Աթէշեանի։ Ներկաներուն մէջ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը՝ Կոմիտաս արք. Օհանեան (Կիպրոսէն)։ Ընթացքին, Սահակ պատրիարք ընթերցեց անգլերէնով աղօթք մը։ Իսկ պապին արտասանած խօսքին գլխաւոր պատգամը հետեւեալն էր. «Բոլոր քրիստոնեաները պէտք է յաղթահարեն բաժանումներու գայթակղութիւնը եւ սնուցանեն այն միասնութեան ցանկութիւնը, որուն համար Քրիստոս զոհաբերեց իր կեանքը»։

Պոլիս վերադառնալով՝ Լեւոն ԺԴ. շարունակեց իր յայտագիրը։ Այցելեց ԺԷ. դարու սկիզբները կառուցուած Սուլթանահմէտի մեծ մզկիթը, յուսախաբ ընելով այն շրջանակները, որոնք կ՛ակնկալէին որ ան այցելէր Այա ՍոՖիա… (ի դէպ, պապը մզկիթ մտաւ իր ոտնամանները հանելէ ետք…)։ Զուգահեռաբար՝ ան ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ Յունաց Տիեզերական Պատրիարքութեան եւ Հայոց Ս. Աստուածածին պատրիարքանիստ մայր տաճարէն ներս (Գումգաբու, 30 Նոյեմբեր)։ Պոլսահայերը, արդէն անգերազանցելի՝ իրենց եկեղեցական շքեղ արարողութիւններով, փառաւորապէս դիմաւորեցին պապը «Հրաշափառ»-ով, ապրեցան ու ապրեցուցին անմոռանալի պահեր։ Հայոց եկեղեցւոյ բեմէն արտասանած իր խօսքին մէջ պապը գնահատեց հայ ժողովուրդին «քրիստոնէական քաջ ու անսասան վկայութիւնը՝ յաճախ նոյնիսկ ողբերգական պայմաններու տակ»…։ Ան յիշեց Ս. Ներսէս Շնորհալին, որ էքիւմենիզմի եռանդուն գործիչ մը հանդիսացեր էր ԺԲ. դարուն։

Պապը Ս. Պատարագ մըն ալ մատոյց Պոլսոյ Մաչքա թաղամասի ընդարձակ մէկ մարզասրահին մէջ (29 Նոյեմբեր)։ Հո՛ս եւս ուշագրաւ էր հայկական մասնակցութիւն մը, որովհետեւ ի շարս այլալեզու շարականներու՝ երգուեցան նաեւ հայերէն շարականներ հայկական երգչախումբի մը կողմէ։ Յետ պատարագի, Պոլսոյ լատին վիճակաւորը՝ արքեպիսկոպոս Փալինուրօ, պապին նուիրեց թանկագին սկիհ մը, որ ըստ «Մարմարա»-ի՝ պատրաստուած էր Արսէն քհնյ. Էքինճեանի կողմէ։

Այս բոլորին կողքին՝ դեռ կար հայկական այլ առնչութիւն մըն ալ։ Ըսուեցաւ ու գրուեցաւ, որ պապին մատուցած պատարագին շարժական բեմը, իր խորանով ու յարակից յարդարանքներով, նախագծուած ու իրագործուած էր պոլսահայ ճարտարապետուհի Նորա Հիսարլըի կողմէ…։ Ն. Հիսարլը, որ անդամ է պոլսահայ ճարտարապետներու «Հայճար» խմբակին, իր ընկերներուն հետ հնարաւորութիւն ունեցաւ տեսակցելու սրբազան քահանայապետին հետ ու անոր նուիրեց «Պալեաններ» գիրքէն երկու օրինակ։

ԹՐՔԱԿԱՆ ՏՐՏՈՒՆՋՔՆԵՐ…

Թէեւ սրբազան պապը պետական հիւր էր Թուրքիոյ մէջ, սակայն իշխանութեան զինակից ՄԷ-Հէ-Փէ ազգայնական կուսակցութիւնը չծածկեց իր վերապահութիւնը ընձեռուած այս առիթին համար։ Կուսակցութեան առաջնորդը՝ Տէվլէթ Պահչելի, «Թիւրք Կիւն» թերթին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ խստիւ քննադատեց Թուրքիոյ հողերուն վրայ քրիստոնէական քարոզչութիւն կատարելու, քրիստոնէից միութիւն հետապնդելու պապին նկրտումները…։ Պահչելի դժգոհեցաւ Պոլսոյ ու Նիկիոյ մէջ պապին կարգ մը արտայայտութիւններէն, պնդեց որ 1700 տարուան անցեալի մը էջերը քրքրելը յետին ու պղտոր նպատակներ կը հետապնդէ։ Ան թրքական ծանօթ առած մը յիշեցնելով հարց տուաւ.

— «Մահմետականաց թաղամասին մէջ խխունջ ծախելը իմաստ մը ունի՞»… (խխունջն ու կակղամորթները իսլամ կրօնքին կողմէ մերժուած ուտելիքներ են։ Թրքական այս առածով ըսել կ՛ուզուի, թէ սխալ ընտրուած շուկայի մը մէջ սխալ ապրանք ծախելը շահաբեր չի կրնար ըլլալ…։ Հասկցողին շա՛տ բարեւ…)։  

 

 ‏(վերջ այս շարքին)

Share64Tweet40
Previous Post

Ոչ Եւս Է Եգիպտահայ Ծանօթ Մտաւորական Պերճ Թերզեան

Next Post

Գերպծռ. Անդրէաս Աղեքսանդրեանի Ծննդեան 190 Եւ Վախճանման 110 Ամեակներու Ոգեկոչում

Next Post
Գերպծռ. Անդրէաս Աղեքսանդրեանի Ծննդեան 190 Եւ Վախճանման 110 Ամեակներու Ոգեկոչում

Գերպծռ. Անդրէաս Աղեքսանդրեանի Ծննդեան 190 Եւ Վախճանման 110 Ամեակներու Ոգեկոչում

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.