Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նոր Տարուան Մաղթանքներու Սեմին

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան

December 16, 2025
in Յօդուածներ
0
Նոր Տարուան Մաղթանքներու Սեմին

Իսկապէս ցաւալի է մեր ազգային ներկան:

Ֆէյսպուքի էջերուն վրայ Փաշինեանն ու իր համակիրները գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութեամբ ընդդիմադիր ճակատի համակիրներուն հետ ծիծաղելի մրցումի ելած են՝ դաւա­նե­լով պաշտ­պանները ըլլալ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ:

Եւ անոնք, որոնք Պաղ պատերազմի շրջանին ճեղք եւ բաժանում ստեղծած էին Էջմիածնի եւ Անթիլիասի կաթողիկոսական աթոռներուն միջեւ՝ պայքարելով իր սրբութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ մաքրամաքուր հայրապետ Վազգէն Ա. կաթողիկոսին դէմ, ծիծաղելիօրէն այ­սօր դար­­ձած են պաշտպանը Էջմիածինի գահակալ Գարեգին Բ.-ի:

Կուսակցականացած շահեր պայքարի մէջ են պետական շահերու դէմ, եւ այդ պայքարին բերումով, ինչպէս անցեալին, այսօր ալ տուժողը մեր Եկեղեցին է:

Այս անախորժ երեւոյթը Հայաստանի նախկին եւ ներկայ վարչակարգերուն միջեւ զզուելի իրողութիւն մը դարձած է, որ հայ չէզոք ազնիւ մարդուն հանգիստը կը խանգարէ եւ զայն Եկեղեցիէն կը հեռացնէ:

Ժողովրդային պոռթկումի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանն ու իրեն գործակից խումբը, 2018 թուականէն ասդին, առիթը չեն փախցներ անցեալի վարչակարգը իրաւացիօրէն մրոտելու, եւ ամէն ինչին հինի ու նորի բաղդատականը ընելով՝ կը շարունակեն «շահագործել» ժողովուրդի լայն զանգուածին ատելութիւնը հիներուն նկատմամբ: Եւ նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն Փաշինեանի ընդդիմադիր ճակատ հանդիսանալիքը այդ հիներուն կողմէ մղուե­լու երեւոյթը ցոյց կու տայ, ներկայ իշխանութիւնը ժողովուրդին ատելու­թիւ­նը հիներուն դէմ ի գործ դնելով՝ երբեք մտահոգ ըլլալ չի թուիր, վստահ ըլլալով իր յաղթա­նա­կին:

Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան, որ կը յաւակնի վարչապետի պաշտօնին, ուղղած է շատ խելացի յորդոր մը նախկին նախա­գահ­ներ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգսեանին՝ ըսելով. «Եթէ կ’ուզէք Փաշինեանը պարտուի, պէտք չէ մասնակցիք 2026-ի ընտրութիւններուն»: Արդարեւ, 2018 թուականի Թաւշեայ յեղափո­խութիւնը եղաւ մեր հայրենի ժողովուրդին պոռթկումի եւ զայրոյթի արտայայտութիւնը նախ­կին նախագահներուն դէմ, որոնք ամբողջ քսան տարի սանձարձակ իշխելով՝ անօրինա­կանութիւնը դարձուցին միջոց՝ իշխանաւորը հարստացնող եւ ժողովուրդը աղքատացնող:

Հայաստան պէտք է ԱՅԼԵՒՍ դարձնէ էջը իր «հին»-ի եւ «նոր»-ի, «մենք»-ի եւ «ձեր»-ի ան­վերջ խօսոյթին, որ իշխանութեան կ’ընծայէ առիթ՝ ցեխարձակելու ընդդիմադիրներներուն դէմ եւ փոխադարձաբար ցեխարձակուելու անոնց կողմէ որպէս «հող ծախող», «թուրք» կամ «դաւաճան»:

Իսկապէս զզուելի դարձած է չէզոք կամ հեռուէն դիտող հայուն նման խօսոյթի մը շա­րու­նակ լսող կամ հետեւող ըլլալը: Արման Թաթոյեանի՝ նախկին նախա­գահ­ներուն ըրած յորդորը տեղին է եւ հարկաւոր, որպէսզի հիները պատճառ չդառնան իրենց կրած ատելութեան պատճառաւ փաշինեանականներուն վերընտրութիւնը յաջողցնելու: Եթէ Փաշինեան. եւ իր գոր­ծա­կից­ները վերընտրուիլ ուզեն ժողովուրդին մեծամասնութեան կողմէ, թող այդ ըլլայ իրենց վար­չակարգին կողմէ ձեռք բերուած յանձնառութիւններու եւ նուաճումներու հիման վրայ եւ ոչ նախկիններուն կողմէ կատարուած մսխումներու եւ անօրինութիւններու մատնանշումով: Հե­տեւաբար, նոր ուժերու եւ անոնց կողմէ առաջարկուող ծրագրերու կամ յայտագրերու կա­րիքը ունի մեր հայրենի ժողովուրդը, որպէսզի ընտրել կարենայ ներկայինին հետ բաղդատելի ա­պա­գայ իշխանութիւն մը, եւ ոչ՝ հինին հետ բաղդատելի: Գիտենք, որ բազում տա­րիներու վրայ եր­կարող իշխանութիւն մը ժողովրդավարութեան քօղի տակ կը դառնայ բռնա­տիրութիւն մը: Չենք ուզեր այդ տեսնել փաշինեանականներու իշխանութեան ներքոյ:

2018 թուականէն ետք, եւ եօթը տարիներու վրայ, Հայաստանը զեղծարարներէ եւ աւազակներէ փրկող Փաշինեանի վարչակարգը այլեւս պէտք է պատրաստած ըլլայ մարդիկ, ո­րոնք անաղարտ նկարագրի տէր ըլլալով եւ գիտութեան աղբիւրով յագեցած՝ հիմը դնեն նոր Հայաստանի մը, որոնք անցեալի խունտային հետքը ջնջելով առիթ չտան նաեւ փաշինեանական մենատիրութեան  կամ բռնատիրութեան մը ստեղծումին:

Վերոյիշեալ վերլուծումներու լոյսին տակ եւ նոր տարուան սեմին, երբ մարդիկ մաղ­թանք­­ներ կը կատարեն աւելի լաւ ապագայի մը յոյսով, պիտի ուզենք մաղթել,– հոգ չէ թէ մեծ յոյս չունինք մեր մաղթանքներուն իրականացման վրայ,

– Որ կիրքերը հանդարտին եւ թշնամութիւնը հեռանայ մեր ազգային տունէն,

– Որ մեր սուրբ Եկեղեցին մնայ դաստիարակիչը մեր վառ յոյզերուն եւ դառնայ սրբողը զինք անամօթաբար շահագործողներուն,

– Որ ատելութիւնն ու քէնը չճեղքռտեն մեզ միացնող եղբայրութիւնը,

– Որ արցախցի բանտարկեալ մեր եղբայրները ազատ արձակուին,

– Որ պարտուած ժողովուրդի մեր խոցոտուած բարոյականը գտնէ միջոցն ու ելքը՝ դառ­նա­լու հպարտ ու յաղթական.

– Որ պատերազմներով յղի մեր աշխարհը տկար ազգերը չոտնակոխէ, զօրաւորը աստուածավախ դարձնէ եւ մարդկութեան խաղաղութիւն պարգեւէ:

Share65Tweet41
Previous Post

Գերպծռ. Անդրէաս Աղեքսանդրեանի Ծննդեան 190 Եւ Վախճանման 110 Ամեակներու Ոգեկոչում

Next Post

Գեղարուեստական Բացառիկ Վայելք Մարալ-Ժիրայր Փանոսեաններու Հպարտացնող Ցոլքերով

Next Post
Գեղարուեստական Բացառիկ Վայելք Մարալ-Ժիրայր Փանոսեաններու Հպարտացնող Ցոլքերով

Գեղարուեստական Բացառիկ Վայելք Մարալ-Ժիրայր Փանոսեաններու Հպարտացնող Ցոլքերով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.