Սփիւռքը կ`ապրի անդադրում տերեւաթափ մը։ Շաբաթ չ`անցնիր, որ սա կամ նա գաղութէն մեզի չհասնի կորստաբեր լուր մը` գուժելով մահը գրական, կրթական, լրագրական կամ հանրային ասպարէզէն վաստակաւոր դէմքի մը, նուիրեալ անունի մը։ Կը տխրինք խորապէս ու անմիջապէս անձնատուր կ`ըլլանք յոռետեսական անդրադարձումներու. կը մտածենք որ մեզմէ անդարձ բաժնուող այս անձերը, ամենայն հաւանականութեամբ, փոխարինողներ պիտի չունենան, ամայութիւն մը պիտի թողուն իրենց ետին…։
Դեռ անցեալ Սեպտեմբերին կորսնցուցեր էինք անզուգական գրագէտ ու խմբագիր Ռ. Հատտէճեանը (Պոլիս), յետոյ` անկրկնելի քերականագէտ տոքթ. Արմենակ Եղիայեանը (Պէյրութ), աւելի ետք գուժեցինք մահը վաստակաշատ տնօրէնուհի տիկ. Ազնիւ Քիրիշեանի (Հալէպ, Մոնրէալ), հնչակեան մամուլի երկարամեայ սպասաւոր տոքթ. Արշակ Գազանճեանի, պատմագիր Տ. Զաւէն աւ. քհնյ. Արզումանեանի…։ Ետեւ-ետեւի, առա՛նց դադարի…։
Այսօր ալ, ահաւասիկ, սրտի մորմոքով կը հաղորդենք մահը եգիպտահայ ծանօթ մտաւորական Պերճ Թերզեանի։ Ան իր վերջին շունչը փչած է Կիրակի, 14 Դեկտեմբերին, Գահիրէ, 88 տարեկանին։
Սխալ պիտի չըլլայ եթէ ըսենք, որ Պերճ Թերզեան եգիպտահայ գաղութի ամէնէն հանրածանօթ, ամէնէն յարգուած դէմքերէն մին էր։ Տասնամեակներ շարունակ ան բազմաբնոյթ ծառայութիւններով իր նպաստը բերած էր եգիպտահայոց ազգային, միութենական եւ հրատարակչական կեանքին` շօշափելի եւ աշխոյժ ներդրումներով։ Ձեռնհասօրէն գլխաւորած էր Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Գահիրէի մասնաճիւղը, արտակարգօրէն գործուն պահելով զայն` հակառակ գաղութին տարապայման նօսրացումին։ Ի՛նք էր, որ նախաձեռնած էր «Արեւ» օրաթերթի արաբերէն համանուն յաւելուածին հրատարակութեան (1998-2009), այդ ամսագրին էջերուն մէջ շարունակ ստորագրելով առաջնորդող խմբագրականներ, արաբ մտաւորականներ ժողվելով իր շուրջ։
Գրչի տէր էր պրն. Թերզեան։ Ունէր պատմելու, վերլուծելու հայերէն վճիտ ոճ մը, ինչ որ շատ մատչելի կը դարձնէր իր հայատառ յօդուածներն ալ, որոնք առաւելաբար լոյս տեսած էին «Արեւ»-ի մէջ։ Ատոնց մէկ ժողովածուն հատորով լոյս տեսաւ 2010-ին, «Յետադարձ անդրադարձ» վերնագրով։
Վերջին 15 տարիներուն յաճախ մեր հասցէին կը հասնէին Պերճ Թերզեանի անունը կրող գիրքեր կամ գրքոյկներ, որոնք տպուած էին իր սեփականութիւնն եղող «Աֆրիքըն փրէս» տպագրատան մէջ եւ որոնք կը շօշափէին եգիպտահայ այժմու գաղութին առնչուող հետաքրքրական հարցեր։ Զորօրինակ` «Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սաթենիկ Չագըր հիմնադրամի հրատարակչական գործունէութիւնը» (2012), «Հայաստանի Հանրապետութեան Եգիպտոսի դեսպանատան ծննդոցը» (2012) կամ «ԱՐԵՒ-ի արաբերէն ամսօրեայ յաւելուածը» (2014)։
Վաստակը մեծ է ողբացեալ մեր երէց բարեկամին։ Իր մահով անմոռանալի էջ մը կը փակուի Գահիրէի հայ ազգային կեանքի պատմութեան մէջ, կը շիջի զօրեղ եւ հատու ձայն մը։ Կ`անհետանանայ հայ գիրի հաւատաւոր սպասաւոր մը եւս։
«Արարատ» կը ցաւակցի եգիպտահայ գաղութին, Բարեգործականի Գահիրէի շրջանակին եւ ողբացեալին ընտանեկան պարագաներուն։

