ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն հաստատեց, որ ներքին ու արտաքին հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին՝ ամրապնդելու համար հարաւային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը: Ըստ նախագահին, բանակցութիւններ կը կատարուին միջազգային ներկայացուցիչներ ներառող «մեքանիզմ» խմբակին միջոցաւ, որ կը վայելէ լիբանանեան ու արաբական աջակցութիւն եւ որուն մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչ նշանակուած է նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը:

«Բանակցութիւնը այլընտրանքն է, այլապէս պատերազմը միայն կործանում եւ վնաս պիտի պատճառէ առանց բացառութեան բոլոր լիբանանցիներուն» ահազանգեց Աուն: Ան շեշտեց, որ քաղաքացիները պէտք է մանաւանդ այս փուլին հանդէս գան ազգային պատասխանատու կեցուածքով ու պահպանեն միասնականութիւնը, որպէսզի բանակցութիւններուն մէջ աւելի ուժեղանան Լիբանանի դիրքերը: Դիտել տալով, որ իր իշխանութեան առաջին 10 ամիսներուն ընթացքին եղած են յատկանշական իրագործումներ, Աուն ցաւ յայտնեց, թէ ոմանք կ’անտեսին յաջողութիւնները եւ կը կեդրոնանան միայն ժխտական կէտերու վրայ, ցեխարձակում կատարելով պետութեան դէմ: Նախագահի այցելուներուն շարքին էր փոխվարչապետ Թարէք Միթրին, որուն հետ Աուն քննարկեց լիբանանեան-սուրիական հաղորդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները: Նոյն ծիրին մէջ, ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սեյիտ յայտնեց, որ Յուլիսէն ի վեր հայրենիք վերադարձած է Լիբանանի մէջ ապաստանած 380 հազար սուրիացի: 74 հազար սուրիացի ալ մտադրութիւն յայտնած է տուն վերադառնալ նախքան տարեվերջ:
ՊԱՐՐԱՔԻ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Տարածաշրջանային հարցերով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թոմ Պարրաք տեսակցեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ, ապա յայտնեց, որ կատարած են տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ կառուցողական երկխօսութիւն մը:
ԵԱՆՈՒՀ ԿԸ ՓՐԿՈՒԻ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾԷՆ
Առողջապահութեան նախարարութիւնը անցնող երկու օրերուն յայտարարեց, թէ իսրայէլեան օդուժը շարք մը հարուածներով ինքնաշարժներ թիրախաւորած է հարաւային Եաթէր, Ժուայա եւ Սաֆատ շրջաններուն մէջ, սպաննելով երեք մարդ: Իսրայէլեան բանակի բանբերը իր կարգին նշեց, որ հարաւային շրջաններու մէջ սպաննած են Հըզպալլայի երեք անդամ, որոնք կը մասնակցէին հարաւի մէջ Հըզպալլայի կարողութիւնները վերականգնելու աշխատանքներուն: Ըստ Աւիխայ Ատրահիի, Լիբանանի մէջ 2024-ի աւարտին զինադադարի յայտարարութենէն ի վեր Հըզպալլա զինադադարը խախտած է աւելի քան 1900 անգամ, իսկ իրենք սպաննած են շուրջ 420 զինեալ: Միւս կողմէ, Իրանի իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդի խորհրդական Ալի Աքպար Ուիլայաթի յայտնեց, որ Թեհրան պիտի շարունակէ աջակցիլ Հըզպալլային, որ կը կանգնի դիմադրութեան առաջնագիծին վրայ:

Լիբանանեան զանազան շրջաններու դէմ իսրայէլեան հարուածներուն սկիզբէն իվեր առաջին անգամ ըլլալով, լիբանանեան բանակին եւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ջանքերով կարելի եղաւ կանխել իսրայէլեան հարուած մը, որ պիտի թիրախաւորէր հարաւային Եանուհ գիւղի բնակարաններէն մէկը, իսրայէլացի բանբերին զգուշացումէն կարճ ժամանակ ետք: Սպառնալիքը կարելի եղաւ չէզոքացնել, երբ լիբանանցի զինուորներ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ընկերակցութեամբ երկու անգամ այցելեցին հարուածի ենթակայ կառոյցը եւ զայն խուզարկելով հաստատել, որ զէնք կամ արգիլուած նիւթեր չկան, ինչպէս կը պնդէր իսրայէլեան կողմը:
ՀՐԱՁԳՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԻՆ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ հիւսիսարեւելեան Հըրմէլ գաւառի սահմանային Մուշրիֆէ շրջանին մէջ դիտարկումի աշխատանք տանող շրջուն ջոկատ մը հրաձգութեան ենթարկուած է սուրիական կողմէն եւ կրակով հակադարձած է: Շուտով հաղորդակցութիւններ եղած են երկու կողմերուն միջեւ եւ միջադէպը աւարտած է առանց վիրաւորներ պատճառելու:
ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄ
Ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար յայտարարեց, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ընթացող աշխատանքները զգալիօրէն բարելաւած են, կը շարունակուին ընդարձակումի աշխատանքները, իսկ ճամբորդներուն թիւը վերջին շրջանին զգալի աճած է: Օդակայանին մէջ շրջագայած ատեն Հաժժար յայտնեց, որ սահմանային անցակէտերուն մէջ կը գործադրուին ապահովական խիստ քայլեր՝ կանխելու համար արգիլուած նիւթերու մաքսանենգումը:
ՊԵՏԱԿԱՆԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՒԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ
Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա յայտնեց, որ երկիրը մուտք կը գործէ պետականաշինութեան նոր փուլ մը, որ կը նախատեսէ համագործակցութիւն ժողովուրդին հետ եւ կայունութեան ամրապնդում՝ յաղթահարելով պատմական խնդիրներուն բեռը: «Հակառակ բարդ մարտահրաւէրներուն, Սուրիա կարողութիւն ունի դառնալու զարգացած պետութիւն մը եւ տարածաշրջանային մրցակից», վստահեցուց Շարաա:

Անոր համաձայն, Սուրիան մէկ ու միացեալ հայրենիք է ու ենթակայ չէ պառակտումի, միասնականութեան դէմ վտանգաւոր սպառնալիք համարելով յարանուանական տարակարծութիւններու խաղաքարտին գործածութիւնը:
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐՈՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ամերկացի երկու զինուոր եւ անոնց ընկերակցող ամերիկացի քաղաքացի մը մահացան, երբ զինեալներ Սուրիոյ կեդրոնական Թըտմոր շրջանին մէջ յարձակում գործեցին ամերիկեան-սուրիական միացեալ ուժի մը վրայ, վիրաւորելով նաեւ երեք զինուորներ: Նախագահ Տոնոլտ Թրամփ գուժեց զինուորներուն սպանութիւնը, աւելցնելով որ Սուրիոյ նախագահը արտայայտած է իր զայրոյթը, միաժամանակ խոստանալով հարուածել ՏԱՀԷՇ-ը:

Իսկ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց զինուորներուն վրայ յարձակած զինեալին սպանութիւնը: «Թող որեւէ վայրի մէջ ամերիկացի զինուոր թիրախաւորողները իմանան, որ պիտի հալածենք եւ սպաննենք զանոնք», ըսաւ նախարարը: Սուրիոյ Ներքին գործերու նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ ձերբակալած է հինգ մարդ՝ ամերիկեան-սուրիական զօրախումբին վրայ յարձակումին մասնակցելու յանցանքով:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻՆ ՆՈՐ ՄՐՑԱՆԻՇԸ
Պէյրութի նաւահանգիստին տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ Կիրակի, 14 Դեկտեմբերին, գրանցուած է աննախադէպ յաջողութիւն մը, երբ միաժամանակ նաւահանգիստ մուտք գործած է բեռնատար երեք նաւ եւ ընդամէնը 24 ժամուան ընթացքին դատարկուած են անոնց փոխադրած 12.800 բեռները: Ըստ յայտարարութեան, այս յաջողութիւնը կ’ապացուցէ նաւահանգիստին պատրաստուածութիւնը՝ աշխատանքները արագօրէն յաջողցնելու նոյնիսկ տօնական ճնշուած ժամանակաշրջանին:

