Անցնող օրերուն սկսան Լիբանանի ֆութպոլի տղոց երրորդ դասակարգի ախոյեանութեան 2025-2026 տարեշրջանի մրցումները: Իր առաջին մրցումին, ՀՄՄ Պէյրութ երէկ Սաֆայի մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ «Էլ-Լիուա Սայտա»-ի կազմին դէմ եւ տարաւ 1-0 արժանի յաղթանակ մը:

Այսպիսով, ՀՄՄ-ի տղաները ախոյեանութիւնը յաջող սկսան, այն յոյսով, որ դրական ելոյթները կը շարունակուին նաեւ գալիք փուլերուն:

