ԱՈՒՆ. «ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ՞ՆՔ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՄԸ ԵՒՍ ՄՂԵԼՈՒ»
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ զէնքի մենաշնորհի որոշումը սկսած է գործադրուիլ եւ այն ինչ կարելի եղաւ ցարդ իրագործել, երբեք դիւրին չէր, ինչպէս ոմանք կը պատկերացնէին: Աուն ժխտեց Հըզպալլայի հետ ստորագրուած փաստաթուղթի մը առկայութիւնը, ուր ան յանձնառութիւն կը յայտնէ պաշտպանութեան ռազմավարութեան հարցով Հըզպալլայի պահանջներուն, ապա յայտնեց, որ Պէյրութ պատրաստ է ամբողջացնելու Սուրիոյ հետ սահմանագծումը, Շըպաայի շրջանին սահմանագծումը ձգելով աւարտին:

Խօսելով նոր պատերազմի հաւանականութեան շուրջ տարածուող տեղեկութիւններուն եւ բանակցելու ընտրանքին մասին, Աուն նշեց, որ ռազմական հասկացողութեամբ բանակները կը դադրին կռուելէ երբ կը հասնին փակուղիի, ապա կը սկսին բանակցիլ, այնուհետեւ հարց տուաւ, թէ արդեօք Լիբանան այսօր կարողութիւն ունի՞ մղելու նոր պատերազմ մը, մինչ իր հողը բռնագրաւուած է եւ զաւակները՝ գերեվարուած: Նախագահը վերահաստատեց նաեւ, որ կառավարութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւի գերիներու թղթածրարին եւ զանազան խողովակներով ու միջոցներով կը փորձէ ապահովել անոնց ազատ արձակումն ու հայրենիք վերադարձը: «Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բարձրանան լիբանանցիներու ձայներ, որոնք կը փորձեն խափանել լիբանանեան բանակին զինումը», ահազանգեց Աուն:
ՌԵԺԺԻԻ ԱՀԱԶԱՆԳԸ
Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը երէկ շարք մը թիրախներ հարուածեցին հարաւի եւ արեւմտեան Պեքաայի զանազան շրջաններու մէջ, պատճառաբանելով թէ կը հարուածեն Հըզպալլայի զինուորական դիրքերը: Արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժժի ահազանգեց, թէ իրենց զգուշացումներ հասած են արաբական եւ միջազգային կողմերէ, ըստ որոնց՝ Իսրայէլ կը պատրաստուի Լիբանանի դէմ շղթայազերծելու ռազմական լայնածաւալ գործողութիւն մը:

«Մենք միաժամանակ կը բազմացնենք մեր դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները՝ Լիբանանն ու ենթակառոյցները պաշտպանելու համար իսրայէլեան որեւէ հարուածէ», ըսաւ Ռեժժի: Խօսելով Հըզպալլայի զէնքին մասին, նախարարը դիտել տուաւ, որ ան ձախողած է պաշտպանել երկիրը կամ Կազան: «Պետութիւնը երկխօսութեան մէջ է Հըզպալլայի հետ եւ կը փորձէ համոզել, որ յանձնէ զէնքը, սակայն կուսակութիւնը ցարդ կը մերժէ», ըսաւ արտաքին գործերու նախարարը: Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլ իր կարգին շեշտեց, որ «պատերազմը պէտք է աւարտի եւ Հըզպալլա պէտք է ըմբռնէ, որ իր զէնքը պիտի չգոյատեւէ»: Նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթն ալ առաջարկեց կազմակերպել ժողովրդային հանրաքուէ մը Իսրայէլի հետ Աբրահամեան համաձայնութիւններուն միանալու գաղափարին շուրջ:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԿԵԴՐՈՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԳՏՆԷ ՓԱՅԼՔԸ
Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ գլխաւոր մասը տնօրինող Սոլիտէր ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ քաղաքացիներուն երթեւեկութիւնը դիւրացնելու եւ մայրաքաղաքին այդ հատուածը միւս թաղամասերուն վերամիացնելու նպատակով, խորհրդարանին մերձակայ փողոցներէն վերցուած են բոլոր տեսակի խոչընդոտներն ու անցարգելները, որպէսզի շրջանը բաց մնայ ինքնաշարժներուն եւ զբօսնող մարդոց առջեւ:

Սոլիտէր նշեց, որ սոյն քայլին ձեռնարկուած է նաեւ որպէսզի քաղաքացիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն հնարաւորութիւն տրուի տօնական ուրախ օրերը վայելելու մայրաքաղաքի սրտին մէջ, որ սկսած է վերատիրանալ իր երբեմնի փայլքին:
ՊԱՔԱԼՈՐԵԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ 29 ՅՈՒՆԻՍԻՆ
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսումի նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտարարեց երկրորդական դասարաններու պետական քննութիւններուն՝ պաքալորեայի չորս ճիւղերուն թուականները: Քննութիւնները կը սկսին Երկուշաբթի, 29 Յունիս 2026-ին եւ կը շարունակուին հինգ օր՝ մինչեւ Երկուշաբթի, 6 Յուլիս 2026, օրական երկու կամ երեք նիւթի դրութեամբ: Ըստ յայտարարութեան, միջնակարգի պետական քննութիւններուն (պրէօվէ) թուականները պիտի յստականան աւելի ուշ:

