Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Միջքրիստոնէական Համակամութիւն, Հայկական Առնչութիւններ Եւ Թրքական Տրտունջքներ… (2)

Լ. Շ.

December 13, 2025
in Յօդուածներ
0
Միջքրիստոնէական Համակամութիւն, Հայկական Առնչութիւններ Եւ Թրքական Տրտունջքներ… (2)

«ԿԱԹՈԼԻԿ» ԵՒ «ՕՐԹՈՏՈՔՍ» ԱՆՈՒԱՆՈՒՄՆԵՐԸ

Ըսինք, որ Պօղոս Զ. պապին եւ յունաց Աթենակորաս պատրիարքին պատմական հանդիպումը 1964-ին սառերը հալեցուց կաթոլիկներու եւ օրթոտոքսներու միջեւ։

Շատ-շատեր, որոնք եկեղեցական պատմութեան քաջածանօթ չեն, կրնան հիմա հարց տալ, թէ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ թշնամացեր էին քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցական երկու մեծ աթոռները  իրարու հետ, եւ թէ ուրկէ՞ կու գան «Կաթոլիկ» եւ «Օրթոտոքս» անուանումները, որոնք յաճախակի կը գործածենք եկեղեցական գրականութեան մէջ։

Բացատրենք սեղմ տողերով։

Երբ քրիստոնէութիւնը գոյութեան կոչուեցաւ Ա. դարուն, այսօրուան նման այլազան դաւանանքներ չկային բնաւ։

Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ առաջին պառակտումը պատահեցաւ 451 թուին՝ Քաղկեդոնի Դ. Տիեզերական ժողովի ընթացքին։ Քաղկեդոնը այսօրուան Իսթանպուլի ասիական ափի Գատըգիւղ թաղամասն է, ուր գումարուած ժողովը խորունկ տարակարծութիւններով աւարտեցաւ ու եկեղեցիները բաժնեց երկու հակադիր խումբերու.

1- Քաղկեդոնականներ (բիւզանդական յոյն եկեղեցւոյ գլխաւորութեամբ՝ Արեւմուտքի կամ Եւրոպայի բովանդակ քրիստոնէութիւնը)։

2- Ոչ-քաղկեդոնականներ (արեւելեան փոքր եկեղեցիներ,– ասորի, ղպտի, հապէշ, հնդիկ մալաբար,– որոնց շարքին՝ հայոց եկեղեցին)։

Այս վերջինները, այնուհետեւ, բնաւ մասնակցութիւն չբերին յաջորդ դարաշրջաններուն գումարուած եւ «Տիեզերական» կոչուած եկեղեցական ժողովներուն։

Մինչեւ 1054 թուականը, Քաղկեդոնի դաւանանքը որդեգրած արեւմտեան եկեղեցիները, գլխաւորութեամբ Հռոմի լատին եւ Կ. Պոլսոյ բիւզանդական յոյն աթոռներուն, ունէին միասնական կեցուածք եւ հաշտ գործունէութիւն։ Անոնք զանազան միջոցներով կը պայքարէին ոչ-քաղկեդոնական փոքր եկեղեցիներուն դէմ ալ։ Մասնաւորաբար Կ. Պոլսոյ աթոռը, օգտուելով այդ շրջանի Բիւզանդական կայսրութեան ռազմա-տնտեսական հզօրութենէն եւ հելլէն մշակոյթի աշխարհատարած ազդեցութենէն, ամէն միջոցի կը դիմէր արեւելքի ազգային եկեղեցիները իրեն հպատակեցնելու՝ դաւանանքով, ծէսերով ու նոյնիսկ վարչականօրէն։

Թիրախ դարձած այդ եկեղեցիներէն մին ալ Հայ Եկեղեցին էր, որ Զ. դարէն սկսեալ շարունակ կ՛ենթարկուէր հալածանքի եւ ճնշումներու։ Մեր իրերայաջորդ կաթողիկոսները մեծ դժուարութեամբ կուրծք կու տային այդ հալածանքներուն կամ բռնամիջոցներուն։

Հայոց եկեղեցին  անկախ եւ ինքնագլուխ եկեղեցի մըն էր։ Արեւելքի միւս փոքր եկեղեցիները եւս, որոնք 451-ի Քաղկեդոնի Ժողովը մերժած էին, նմանապէս անկախ էին ու ինքնիշխան։ Անոնք համոզում գոյացուցեր էին, թէ դիւրութեամբ կրնային կորսնցնել իրենց ազգային դիմագիծն ու ինքնիշխանութիւնը՝ եթէ միանային քաղկեդոնականութեան…։ Կը վախնային որ կրնան «ձուլուիլ» Հռոմի կամ Կ. Պոլսոյ նման մեծ եկեղեցիներու քուրային մէջ՝ եթէ ընդունէին անոնց դաւանանքը։ Հետեւաբար, Արեւմուտքի քաղկեդոնական եկեղեցիներուն (եւ պետութեանց) հակադրուելո՛ւ գնով՝ անոնք նախընտրեցին մեկուսանալ…։

Այսպիսով ալ, կազմուած եղաւ վերոնշեալ ազգերէն բաղկացեալ դաւանակից եկեղեցիներու ընտանիք մը, որ մինչեւ այսօր ծանօթ է «ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ (ՈՉ-ՔԱՂԿԵԴՈՆԱԿԱՆ) ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ» անուանումով։ Այս դաւանակից ու լծակից եկեղեցիները կը կազմեն իւրայատուկ առանձին ճակատ մը, ուր մասնայատուկ իր դիրքը ունի Հայց. Առաք. եկեղեցին։

Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ 1054-ին։

Պատահեցաւ «Մեծ խզումը»՝ ընդմէջ քաղկեդոնական եկեղեցւոյ երկու գլուխներուն։ Երբեմնի դաշնակիցները՝ Վատիկան եւ Կ. Պոլիս, թշնամացան իրարու, չհանդուրժեցին զիրար ու բաժնուեցա՜ն…։ Պառակտումէն ետք հռոմէադաւան լատին եկեղեցին ինքզինք կոչեց ԿԱԹՈԼԻԿ (այսինքն՝ ընդհանրական, տիեզերական, բոլորի՛ն պատկանող…), իսկ Կ. Պոլսոյ յոյն եկեղեցին եւ անոր հետեւորդները իրենք զիրենք անուանեցին ՕՐԹՈՏՈՔՍ (այսինքն՝ ուղղափառ, ուղիղ հաւատքի հետեւորդ…)։

Ահա ա՛յսպէս յառաջացան «Կաթոլիկ» եւ «Օրթոտոքս» երկու անուանումները, որոնք լայնօրէն կը գործածենք առ այսօր եւ անոնցմով կը բնորոշենք քրիստոնէութեան քանի մը հիմնական դաւանանքներէն այս գլխաւորները։

Իրենց որդեգրած նոր անուանումներով՝ «կաթոլիկ»-ներն ու «օրթոտոքս»-ները ա՛լ զիրար չէին բարեւեր, զիրար «հերետիկոս» (աղանդաւոր, հերձուած) կ՛անուանէին…։ Կողմերէն իւրաքանչիւրը կ՛աշխատէր իր ազդեցութեան գօտին ընդլայնել աշխարհի տարբեր անկիւններուն վրայ։

ԺԲ. դարէն սկսեալ կաթոլիկներու ազդեցութիւնը հետզհետէ ուժեղացաւ (մանաւանդ խաչակրաց արշաւանքներուն շնորհիւ), մինչ Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցին տակաւ առ տակաւ կը նահանջէր, քանի որ սկսեր էր տկարանալ Բիւզանդական կայսրութիւնը…։

1453-ին փուլ եկաւ Բիւզանդիոնը՝ օսմանեան բանակներու կրունկներուն տակ։ Կ. Պոլսոյ յունաց պատրիարքական աթոռը թէեւ շարունակեց գոյատեւել ատկէ ետք ալ, սակայն այլեւս կորսնցուցած էր իր երբեմնի ուժը։ Իսկ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք (1923)`  թուրք իշխանութիւնները մի՛շտ ալ խորթ աչքով նայեցան յունաց պատրիարքութեան, ամէն միջոցի դիմեցին զայն նեղելու, անոր գործունէութիւնը խափանելու, զայն կասկածելի ցոյց տալու համար։  Թուրքիա առ այսօր չի ճանչնար պատրիարքութեան «Տիեզերական» տիտղոսը (զայն կը կոչէ թաղամասին անունով՝ «Ֆէնէրի յոյն պատրիարքարան») ու շուրջ կէս դարէ իվեր պետական հրահանգով փակ կը պահէ Հէյպէլի կղզիի յունաց պատրիարքական դպրեվանքը…։

(շարունակելի)  

Share64Tweet40
Previous Post

Լուրեր. 13 Դեկտեմբեր 2025

Next Post

Նոր Գիրքեր. «Սեւ Շէնքը»

Next Post
Նոր Գիրքեր. «Սեւ Շէնքը»

Նոր Գիրքեր. «Սեւ Շէնքը»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.