Նորերս, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ վաւերագրական-գեղարուեստական գիրք մը «Սեւ Շէնքը The Black Building» խորագիրով: Մէկ կողքի տակ պարփակուած հայերէն եւ անգլերէն սոյն հատորը կը բաղկանայ 319 էջերէ: Հեղինակը՝ Անի Մանուկեան. լեզուաբան, թարգմանիչ եւ ամերիկագէտ, նախապէս հրապարակած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայոց վերածնունդին հետ առնչուած շահեկան հատորներ, ինչպէս՝ «Յաղթեցին ապրելով» (2022 թ.) եւ «Խաչուած ճակատագրեր» (2023 թ.): Ան մօտիկ է ցեղասպանութեան հետ կապուած նիւթերուն:
«Սեւ Շէնքը» հատորին մէջ կայ վիպակ մը եւ եօթը կարճ պատմուածքներ: Բոլորին ընդհանրութիւնը մէկն է՝ ցեղասպանութենէն փրկուած արեւմտահայութեան վերապրում, գոյապայքար, նոր կեանքի ստեղծման հաւատք եւ կամք, Երկրորդ Աշխարհամարտ՝ իր ցաւալի կորուստներով, որբապատում, նոր հորիզոններու եւ լաւատեսութեան որոնում հայրենի հողին վրայ: Անոնց ընդմէջէն կարմիր թելի նման կ’անցնի Եղեռնէն մազապուրծ սերունդին անվերականգնելի վիշտն ու կարօտը, կեանքի դժուարութեանց դէմ մաքառելու անկոտրում ոգին, նոր շառաւիղներով երջանկանալու միտումը:
Վիպակին հիմնական հերոսը մշեցի Վասիլն է, որ, հաստատուելով Արեւելեան Հայաստան, կը վերականգնէ իր օճախը Մաստարայի երկաթուղային կայարանին մէջ, որ ծանօթ է Սեւ Շէնքը անունով: Այդ հիմնուած է 1903-ին եւ կանգուն է առ այսօր: Կարելի է ըսել, որ երկրորդ հերոսը նոյնինքն Սեւ Շէնքն է, որ ականատեսն ու վկան է դարաշրջանի բոլոր իրադարձութեանց, իր բնակիչներու ապրումներուն եւ տուայտանքներուն: Հեղինակը կարծէք կենդանութիւն եւ շունչ կու տայ շէնքին, որ այժմ կը գտնուի Արմաւիրի մարզի Դալարիկ աւանին մէջ: Հեղինակը կը գրէ՝ «գիրքը նուիրում եմ հօրս, ով ամբողջ կեանքում փայփայել է Մաստարա երկաթուղային կայարանի հետ կապուած յուշերը»: Գիրքի մասին բանասէր Յասմիկ Գալստեան կ’արձանագրէ՝ «ժողովածուն, նոր խօսք է մինչ այդ հրատարակուած յուշապատումների շարքում»: Պատմաբան Թեհմինէ Մարտոյեան կը գրէ՝ «Վիպակում տխրութիւնը, կարօտն ու սպասումը չեն թուլացնում հերոսներին. ընդհակառակը, նրանց ուժն ու յամառութիւնը, կեանքից ամուր կառչելու կարողութիւնն ու հաստատակամութիւնը լաւատեսութիւն են հաղորդում ընթերցողին»: Արձակագիր, բանաստեղծուհի Արմենուհի Զալինեան կը գրէ՝ «Գրքում յիշողութիւնների մի ամբողջ շարք է՝ լի մարդկային փոխյարաբերութիւնների բարդ ու նուրբ հոգեբանական հանգուցալուծումներով», եւ ապա՝ «Ուշագրաւ է համիտեան ջարդերը վերապրած Վասիլի խնձորենու շիւերը տնկելու գաղափարը, որը խորհրդանշում են նոր կեանքը նոր հայրենիքում»:
Այնուհետեւ կը կարդանք Վասիլին կեանքի պատմութիւնը վիպակին երեք մասերով՝ Նոր Կեանք Հին Յուշեր, Պատերազմ Էր…, Ապրել Է Պէտք: Անոր ոդիսականը կը սկսի Մուշէն՝ երբ համիտեան կոտորածին կը կորսնցնէ իր ընտանիքի բոլոր անդամները եւ միայն Լուսիկ քրոջ հետ կ’անցնին Արեւելեան Հայաստան՝ որբ ու գաղթական: Կը հաստատուին Եղնիկ գիւղը: Անոնք կ’ամուսնանան: Ապա ան կ’անցնի Պաքու՝ երկաթգծի վրայ աշխատելու նպատակով: Հոն կը ծանօթանայ կոմունիստ յեղափոխական Ստեփան Շահումեանի հետ՝ դառնալով անոր գաղափարակիցը: 1918-ին կը գնդակահարուի Ս. Շահումեան եւ անոր համախոհներուն նկատմամբ կը սկսի կատաղի հալածանք, որու պատճառով ան հազիւ կը կարողանայ վերադառնալ Եղնիկ գիւղ: Բազմաթիւ բարդութիւններէ ետք իր տիկինը՝ Ոսկեհատ կը պարգեւէ երկու որդի՝ Մնացական եւ Արտաւազդ (Արտօ): Առաջնեկը կը ծնի 1920-ին եւ երկու տարի անց՝ երկրորդ որդին: 1932-ին ընտանիքով կը տեղափոխուին Մաստարայի կիսակայարան, ուր կ’ապրին շէնքին երկրորդ յարկի փոքր բնակարանը: Ան կ’աշխատի երկաթգծի վրայ որպէս վարպետ:
Ապա կը թաւալին տարիները: Անի Մանուկեան հարազատօրէն կը նկարագրէ գիւղի մարդկանց կենցաղն ու բարքերը, անոնց փոխյարաբերութիւնները, մեծաւ մասամբ գաղթականներ ու որբեր, շատեր իրենց մանկութեան ապաստանած են Լենինականի ամերիկեան որբանոցը. անոնք կը դիմակալեն կեանքի դաժան պայմանները, որուն կ’աւելնայ օրուան վարչաձեւին ճնշումներն ու հալածանքները, աքսոր դէպի Սիպիր, վախ ու սարսափ, եկեղեցւոյ ու հաւատքի հանդէպ անխնայ հետապնդում եւ այլն: Այս ծանր միջավայրին կը ծանօթանանք մարդկանց զրոյցներով, ուր նկատելի է գեղջկական բառերու եւ եզրերու ինքնատիպ օգտագործումը, իւրայատուկ բառապաշարը: Վասիլը պարտաճանաչօրէն կը շարունակէ իր աշխատանքը, յարգուած հեղինակութիւն է, փորձառու վարպետ, որուն հեղինակաւոր խօսքը նկատի կ’առնեն համագիւղացիները: Վասիլը կը մտորէ՝ «Հա՛յ մարդ, որն է քո բախտը: Ուր առնես գլուխդ, փախչես էս դառը կեանքից, ցաւով լի կեանքից: Այսչափ ցաւ ոնց կարող է բաժին հասնել մի ժողովրդի: Չկայ մի ընտանիք, որ մէր ու մանուկ կորցրած չլինի, ոնց պիտի խաղաղուեն մարդիկ, միամտեն, որ շարունակեն ապրել»: Վասիլը միշտ կը յիշէ կորուսեալ ծննդավայրը, հայրենի հողն ու անցեալը, զոհուած հարազատները: Վասիլը կը զրուցէ՝ «Երգելը մեզ մնաց: Հողը երգելով ետ չես բերի: Մտածում եմ երեւի հողը մեզնից խռով է: Մեր հողը թողեցինք քոչուորին, պա մենք ապրելու իրաւունք ունե՞նք»: Մինչ այդ զաւակները կ’աշխատին: Ան կը մտմտայ զանոնք ամուսնացնելու ուղղութեամբ: Կեանքը իր բնականոն հունը մտնելու վրայ է՝ երբ կը սկսին մտահոգիչ շշուկները մօտալուտ պատերազմի մասին: Ֆաշիստները գրաւած են Լեհաստանը: Գիւղացիք տագնապներու մէջ են՝ անհամբեր լուրերու սպասումով: Եւ ահա… պատերազմ եւ զօրահաւաք: Գիւղի տղաքը կ’ուղղուին ռազմաճակատ: Մնացականի տարիքն ալ կը պարտաւորեցնէ դառնալ զինուոր: Մնացականը գնացքով, Թիֆլիսի ճամբով կ’ուղղուի Սմոլենսկ (Ռուսաստան)՝ ճամբուն ունենալով զինակից մը՝ Սասունը, որ պիտի նահատակուէր ճակատին վրայ: Մինչայդ, Արտաւազդը կ’որոշէ կամաւոր արձանագրուիլ եւ ուղղուիլ ճակատ: Անդին, ռազմաճակատէն սեւ թուղթեր կը հասնին յաճախ՝ գուժելով այս կամ այն ընտանիքի որդիին նահատակութիւնը: Մռայլ է կեանքը, տագնապներով եւ անորոշութեամբ մշուշապատ: Տխուր եւ ահաբեկ: Ոչ մէկ լուր Արտոյէն: Իսկ Մնացականը ճակատին վրայ կը վիրաւորուի եւ կիսահաշմանդամ կը վերադառնայ գիւղ՝ վերստին կեանքը շարունակելու: Արտաւազդին անորոշ պարագան կը յուշէ թէ ան անհետ կորած է, որ բնականաբար ծանրօրէն կը ճնշէ Վասիլին վրայ: Արդէն մահացած էին քոյրը, Ոսկեհատը եւ ան միայնակ կը շարունակէր գոյատեւել հոգեպէս ընկճուած: «Ապրել Է Պէտք» մասով, Վասիլ արդէն հետամուտ է որ որդին ընտանիք կազմէ, սերունդներ պարգեւէ: Ինք անձամբ երթալով հարեւան գիւղ, հարսնացու կը ճարէ Մնացականի համար: Վասիլ իր որդիին կը պատգամէ՝ «Մէրդ ժամանակից շուտ գնաց տարտից, մեզ թողեց մենակ ու մոլոր, Արտոյի մասին չգիտեմ ինչ մտածեմ: Մեր գերդաստանը շարունակողը դու ես: Թուրքն իր գործն արեց, դու քոնն արա, որ մեր տոհմի կիսաչոր ծառը կանաչի, պտուղ տայ»: Մնացական իր ընկերոջ կորուստէն եւ պատերազմի արհաւիրքէն ետք հոգեպէս քանդուած է: Ինքզինք գտած չէ տակաւին. «Ոչինչ առաջուանը չէ, պատերազմն իմ կեանքը չխլեց, բայց հոգիս է մեռել. շուրջս միայն մահ է ու ցաւ, ես սիրտ չունեմ»: Վասիլ կը գտնէ յարմար հարսը՝ Սանդուխտը, որ կու գայ միանալու Վասիլի եւ Մնացականի օճախին: Ահա եւ հերթաբար կը ծնին վեց զաւակներ (Շուշան, Լեւոն, Գառնիկ, Արտաւազդ, Անահիտ, Լուսիկ), որոնք ճռուողիւնով կը լեցնեն Վասիլի տունը, նոր եռանդ կու տան սրտաբեկ Վասիլին: Ան արդէն ուրախ է նոր մթնոլոտով: Օճախը շէն է արդէն: Թոռները կը յաճախեն վարժարան, Մնացական կը ստանայ նոր բնակարան եւ ընտանիքը կը փոխադրուի հոն: Սեւ Շէնքը հետզհետէ կ’ամայանայ իր բնակիչներէն: Սեւ Շէնքը որ տխրած, յուզուած, ուրախացած էր բնակիչներով:
Ապա՝ եօթը կարճ պատմուածքները եօթը տարբեր կանանց մասին է. անոնք ունին համանման ճակատագիր՝ որբութիւն, հարազատներու որոնում, նահատակներու կարօտ եւ նմանատիպ ողբերգական դրուագներ: Առաջինը՝ Աստղիկ Աւետիսեան (Ազի), որդեկորոյս մայր, որ Գառնիկը որդեգրելով՝ անոր կը սատարէ ուսման եւ ընթերցանութեան մէջ: Թալին աւանէն է, ցեղասպանութենէն փրկուած, այրիացած, միշտ տխուր, բայց կեանքին կառչած: Երկրորդը՝ Խորհրդաւոր Կինը (Շողիկ Աւետիսեան), երկխօսութիւն է մեծ-մօր եւ թոռան միջեւ: Ան կը պատմէ իր որբացման պատմութիւնը, ամուսինին նահատակութիւնը Սարդարապատի հերոսամարտին: Հոս եւս քանի մը որբացածներ կը կիսեն իրենց «որբի բախտը», Երկրորդ Աշխարհամարտին սարսափն ու աղէտը. «Շողիկը լռակեաց, չշփուող, ըստ հարեւանների՝ խորհրդաւոր: Բաժին հասած կեանքից լռել, լլկուել էր»: Միւսը՝ Մահին Յաղթած Կինը՝ Արաքսիա Սարգսեան: ԱՄՆ հաստատուած նկարիչ Միքայէլը (Մայքլ դարձած) կը յիշէ իր մօրը, որ Լենինականի Ամերկոմի որբանոցը ապաստանած էր, տանջալի կեանք մը ապրած, չարքաշօրէն գոյատեւած եւ ասեղնագործութեան մէջ հմտացած էր: Իր որդւոյն սորվեցուցած է ասեղնագործութիւն նուիրել հիւրերու: Մայքլը, ի զարմանս ամերիկացի նկարներու գնորդներու, նաեւ կը նուիրէ ասեղնագործութիւն մը՝ որպէս որբացեալ եւ ողբացեալ մօրմէն յիշատակ: Ապա՝ Սաթենիկ Յակոբեան՝ «Ճակատագրական հանդիպում» խորագիրով: Դէպքը՝ Շահումեան գիւղին մէջ (Արմաւիրի մարզի Վաղարշապատի տարածք), ջուրի պատճառով, տարիներով իրար կորսնցուցած երկու քոյրերու հանդիպում մըն է՝ անակնկալօրէն, յուզիչ եւ ցաւալի: Սաթենիկը՝ «Դէմքի վրայի խորը կնճիռները ապրած կեանքի քարտէզն էին գծել: Տանջուած էր անկասկած»: Կը հանդիպի քրոջը՝ Սիմային: Անոնք մշեցի են: Եղեռնէն փրկուած: Փշատաւան հաստատուած եւ ահա վերամիաւորում անհաւատալի դիպուածով: Յետոյ՝ Սպասում (Անահիտ Գրիգորեան) Ատըեամանէն (Արեւմտեան Հայաստան) որ թոռնուհիին կը պատմէ երգի մը մասին, իր կեանքին եւ տոհմին շուրջ եւ ապա որբութեան եւ կարօտի: Միւսը՝ երեսուն տարի անց քրոջ եւ եղբօր հանդիպում մըն է՝ պատերազմի թէժ փուլին՝ զինուորական հիւանդանոցի մը մէջ: Փեփրոն Խաչատրեան կը գտնէ իր եղբայրը: Յուզաթաթաւ դրուագ մը եւս: Եւ վերջինը՝ Դժուար Որոշում՝ Հոռոմսիս Պետրոսեան, որ մահամերձ վիճակի մէջ, գաղտնիք մը կը բացայայտէ՝ ըսելով, որ որբ զաւակ մը թողած է քիւրտերու մօտ, մինչ շատեր կը կարծէին թէ մահացած էր իր դուստրը: Ան Սասունէն հասած է Աշնակ գիւղ, ուր եւ կը պատահի այս դէպքը:
Այսպիսով, կարդացած կ’ըլլանք մեր պատմութեան ցաւալի էջերէն հետաքրքրական պատումներ: Վիպակը մէկ շունչով կարդացուող գործ մըն է: Անի Մանուկեանի լեզուն ու ոճը յստակ են եւ պատկերաւոր, կան տպաւորիչ խօսքեր եւ նկարագրութիւններ:

