ԿՐԱԿՈՑՆԵՐ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ի ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ
Իսրայէլեան ոտնձգութիւններու ծիրին մէջ, ԵՈՒՆԻՖԻԼ յայտարարեց, թէ սահմանային Կապոյտ գիծին երկայնքով դիտարկող խաղաղապահներու խումբ մը հրաձգութեան ենթարկուած է սահմանին լիբանանեան հատուածին մէջ տեղակայուած իսրայէլացի զինուորներուն կողմէ, առանց պատճառելու վիրաւորներ կամ նիւթական վնաս:

ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի յայտարարութիւնը յիշեցուց, որ «խաղաղապահներուն վրայ կամ անոնց մօտ կրակելը կը համարուի ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի վտանգաւոր խախտում մը», իսրայէլեան բանակէն պահանջելով այս զգայուն փուլին հրաժարիլ թշնամական վարքագիծէն եւ յարձակումներէն, որպէսզի կարելի ըլլայ վտահութեան մթնոլորտ ստեղծել սահմանի ամբողջ երկայնքին: Նշենք, որ նոյն շրջանին մէջ, իսրայէլեան ուժերը երէկ վերստին խախտեցին սահմանային գիծը եւ ներթափանցելով Լիբանանի մէջ, տուն մը պայթեցուցին սահմանամերձ Ատէյսէ գիւղի կեդրոնական հրապարակին մօտ:
ԿՈՉ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ եւ վերջ տալ ոտնձգութիւններուն: «Լիբանան կարեւոր է տարածաշրջանի կայունութիւնը պահպանելու համար, ուստի մեր միջազգային գործընկերներուն կը յորդորենք աջակցիլ Պէյրութին», առաջարկեց Սալամ:

Իսկ Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա կարծիք յայտնեց, թէ Իսրայէլ Լիբանանի կառավարութեան հետ բանակցութիւնները կը զանազանէ Հըզպալլայի դէմ պատերազմէն:
ՕՄԱՆԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒ ՍԵՐՏԱՑՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն եզրափակեց Մասքաթ կատարած այցելութիւնը, ուր տեսակցած էր Օմանի սուլթան Հայսամ պըն Թարէքի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու հետ՝ քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը վերականգնելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական հարցերն ու տարածաշրջանի զարգացումները:

Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, զայն համարելով լաւ հնարաւորութիւն մը՝ քննարկելու եղբայրական ու բարեկամական պատմական յարաբերութիւնները յանուն երկու ժողովուրդներուն: « Մեր հանդիպումները կառուցողական եւ արդիւնաւէտ էին: Նկատեցինք Լիբանանի հետ Օմանի կապերը ամրացնելու ձեր պատրաստակամութիւնը», նշեց Աուն: Նշենք, որ նախագահը Մասթաքէն հեռանալէ առաջ այցելեց Ազգային թանգարանը, ուր ծանօթացաւ նաեւ Հայաստանէն ցուցադրութեան համար բերուած շարք մը խնկամաններու:
ՌԵԺԺԻ Չ’ՈՒԶԵՐ ԹԵՀՐԱՆ ԵՐԹԱԼ
Արտաքին գործերու նախարար Եուէֆ Ռեժժի նամակ յղեց իրանցի պաշտօնակից Ապպաս Արաղճիին, որուն մէջ մերժեց Իրան այցելելու մասին իրեն հասած հրաւէրը: Դիտել տալով, որ Արաղճիի հրաւէրը չընդունիլը խորհրդակցութեան մերժում չէ, այլ պարզապէս այս փուլին այցելութեան պայմաններու բացակայութիւն:

Ռեժժի փոխարէնը առաջարկեց հանդիպիլ երրորդ երկրի մը մէջ, միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնելով բանալու կառուցողական յարաբերութիւններու նոր էջ մը, պայմանաւ որ այդ հիմնուի երկու երկիրներու գերիշխանութեան ու անկախութեան փոխադարձ յարգանքին վրայ, խոստանալով ներքին հարցերուն միջամուխ չդառնալ որեւէ պատճառաբանութեան տակ:
ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Սուրիոյ արդարադատութեան նախարար Մուզահար էլ-Ուէյս յայտնեց, որ սուրիական բանտերուն մէջ լիբանանցի բանտարկեալ չէ մնացած, իսկ բանակցութիւնները կը շարունակուին Լիբանանի մէջ արգելափակուած սուրիացիներուն հարցով: Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւն մը Դամասկոս այցելեց երէկ՝ քննարկելու համար արդարադատութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան խթանումը եւ Լիբանանի մէջ բանտարկուած սուրիացիներ Դամասկոսին յանձնելու հնարաւորութիւնը:

Արդարադատական տեղեկութիւններ դիտել տուին, որ լիբանանեան եւ սուրիական առնչակից մարմինները նախնական համաձայնութեան յանգած են արգելափակուածներու թղթարարին առնչութեամբ, սակայն կարիք կայ որոշ բարեփոխումներու՝ փաստաթուղթը վերջնականապէս որդեգրելու համար: Ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն, լիբանանեւսուրիական դատական խորհրդակցութիւնները չեն ներառած այն դատապարտեալները, որոնք արգելափակուած են լիբանանեան բանակին դէմ կռուելու յանցանքով:
ԹՄՐԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ
Թմրանիւթերու արտադրութեան եւ վաճառականութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ, լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ Շաթիլա գաղթակայանի մուտքին ձերբակալած է օրինազանց գործունէութիւն ծաւալող եւ Հասան Ժարրաֆէ ծածկանունը կրող կասկածեալ մը, որ կը հետապնդուէր զէնքի եւ թմրանիւթի վաճառականութեամբ զբաղող աւազակախումբ մը գլխաւորելու, գողութեան, խնդիրներ հրահրելու եւ զինուորներու վրայ կրակ բանալու յանցանքներով:

Ձերբակալութեան պահուն անոր մօտ եղած է երկու ատրճանակ, շարք մը գողցուած իրեր եւ թմրանիւթ:
ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԱՐՏԱՅԱՆՁՆԵԼ ԿՐԵՉՈՒՇՔԻՆԸ
Պուլկարիոյ դատարանը երէկ մերժեց Լիբանանին արտայանձնել ռուս-կիպրացի քաղաքացի Իկոր Կրեչուշքինը՝ սեփականատէրը «Rhosus» նաւուն, որ Պէյրութ փոխադրած էր 2020 թուականին նաւահանգիստին պայթումը պատճառած քիմիական վտանգաւոր նիւթերը: Կրեչուշքին անցեալ Սեպտեմբերին ձերբակալուած էր Սոֆիայի օդակայանին մէջ եւ լիբանանեան արդարադատութենէն կը հետապնդուի պայթիւնավտանգ նիւթերը Պէյրութի նաւահանգիստ փոխադրելով ահաբեկչական արարք պատճառելու յանցանքով, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ շուրջ երկու հարիւր մարդ:

Սոֆիայի դատարանը սակայն մերժեց Լիբանանի դիմումը եւ որոշեց զայն ազատ արձակել, պատճառաբանելով, որ Լիբանան չէ երաշխաւորած, որ Կրեչուշքին մահապատիժի պիտի չենթարկուի: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ դատարանը համաձայնած է լիբանանցի քննիչ Թարէք Պիթարին հնարաւորութիւն տալ, որ Կրեչուշքինը հարցաքննէ պուլկարական հողի վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԹԵԼ ԱՒԻՒ
Իսրայէլացի ուղեւորներ Լարնաքայէն Թել Աիւ փոխադրող յունական «Aegean Airlines» օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւ մը երէկ առաւօտեան ստիպողաբար փոխեց ուղին եւ օդային աննպաստ պայմաններու բերումով մուտք գործեց Լիբանանի օդային տարածք: Օդանաւային թռիչքին քարտէզը ցոյց տուաւ, թէ օդանաւը Լիբանանի օդային տարածք մուտք գործած է Պէյրութէն հարաւ, ապա կարճ ժամանակ սաւառնած է լիբանանեան տարածքային ջուրերուն վրայ, ի վերջոյ մուտք գործելով իսրայէլեան օդային տարածք մինչեւ Թել Աւիւի օդակայան:

