Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Պօղոս Քիւրտեան. «Ոսկերչութիւնը Հայկականութիւն Բուրող Միակ Արհեստն Է»

Հարզացրոյցը վարեց՝ Պերճ Արապեան

December 9, 2025
in Յօդուածներ
0
Պօղոս Քիւրտեան. «Ոսկերչութիւնը Հայկականութիւն Բուրող Միակ Արհեստն Է»

Քանի մը շաբաթ առաջ հրապարակեցինք Լիբանանի Վարպետ ոսկերիչներու եւ գոհարագործներու սենտիքայի նախագահ Պօղոս Քիւրտեանի հետ հարցազրոյցին առաջին մասը՝ նուիրուած Լիբանանի ոսկերչութեան առջեւ կանգնած մարտահրաւէրներուն ու այս հին արհեստին մէջ հայկական ձեռագրի շարունակական ներկայութեան։ Այսօր կը ներկայացնենք զրոյցին երկրորդ մասը, ուր Քիւրտեան կը խօսի ոսկիի դարաւոր արժէքին, արհեստաւորի նեղ վիճակին, ապօրինի ներմուծումներու եւ շուկան հեղեղող ոչ-արհեստաւոր վաճառականներու ստեղծած վտանգաւոր ճեղքերուն մասին։

Քիւրտեան կը բացատրէ, թէ ինչպէս «մետաղներու թագուհին» դարձած է հայ ընտանիքներու գոյատեւումի հիմք, ինչո՞ւ Լիբանանը կը կորսնցնէ իր լաւագոյն վարպետները, եւ ի՞նչ ճամբաներ կրնային բացուիլ՝ եթէ արհեստաւորները համախմբուէին։ Այս շահեկան հարցազրոյցը ե՛ւ տնտեսական իրականութեան բացայայտում է, ե՛ւ կացութեան սթափ գնահատում, ե՛ւ կոչ մը՝ փրկելու մեր ձեռագործ արուեստը։ (Ա.)

 

Հ․- Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամէն ետք ոսկին դարձաւ «անվստահ ժամանակներու ապահով նաւահանգիստ»։ Կրնա՞ք բացատրել այսօր ի՞նչ տեղ ունի ոսկին լիբանանահայ ընտանիքներու տնտեսական մտածողութեան մէջ։

Պ․- Դարեր շարունակ, հայ ժողովուրդը գիտցած է գնահատել ոսկիին արժէքն ու կայունութիւնը։ Իր եւ իր ընտանիքի ապահովութեանը համար միշտ ալ վստահած է ոսկիին։ Օրինակ՝ Ցեղասպանութէնէն հրաշքով ազատած ընտանիքներէն որոնք կրցած էին իրենց ունեցած ոսկիներն ալ փրկել, երբ հաստատուեցան սփիւռքի զանազան երկիրները, աշխատասիրութեան կողքին, իրենց հիմնական, գլխաւոր դրամագլուխն էր ոսկին։

Առնենք Լիբանանը։ Լիբանանը շուքի մէջ մնացած, աննշան կէտ մըն էր Օսմանեան հսկա՜յ կայսրութեան մէջ։ Դարեր շարունակ, մասնաւոր, մեծածաւալ յառաջդիմութիւն մը չէր ունեցած։ Եկան հայ ընտանիքները, իրենց ունեցած ոսկիները օգտագործելով հիմնեցին արհեստանոցներ, առեւտրական հաստատութիւններ եւ ստեղծեցին նոր տնտեսութիւն, նոր աշխուժութիւն եւ նոր բարգաւաճում։ Գլխաւորաբար իրենց ունեցած ոսկիէն եկած ապահովութիւնն էր։

Մայր գաղութ Հալէպէն սկսեալ, լիբանանաբնակ ընտանիքներուն համար ալ հիմք եղած է «մետաղներու թագուհին»։ Դարեր շարունակ այդպէս եղած էր եւ այդպէս ալ մնաց, մինչեւ արդի ժամանակները։

Նոր սերունդն է, որ նոր փառքերուն պատճառաւ եւ մանաւանդ տնտեսական ճգնաժամերուն եւ եկամուտներուն նուազած ըլլալուն հետեւանքով չունի որեւէ միջոց մեծ խնայողութիւն մը ընելու եւ ոսկի գնելու։ Իր գնումները կը մնան փոքր չափի ոսկեղէններու վրայ։

Հին ժամանակներուն, տոկոսի դրութիւնն ալ չկա՛ր։ Երբ դրամատնային համակարգը եկաւ, շատեր տոկոսին ապաւինելով, նախընտրեցին իրենց դրամագլուխները դրամատուներուն վստահիլ։ Անոնք որոնք ոսկիին մէջ տեսած էին իրենց ներդրումներուն ապահովութիւնը, շահաւոր ելան։ Ոսկին միշտ եղած է ու կը մնայ տնտեսութեան ողնաշարը։ Կալուածէն շատ աւելի գործնական եւ ապահով է ոսկին։

 

Հ․- Ինչպիսի՞ քայլեր կը ձեռնարկէ Վարպետ ոսկերիչներու եւ գոհարագործներու սենտիքան՝ օժանդակելու տեղական գործաւորներուն ու վարպետներուն այս անորոշ ժամանակաշրջանին։

Պ․- Շուկայի վրայ, ոսկերիչներուն դիմակալած մեծագոյն խոչընդոտներէն մէկը ոսկեղէնի ապօրինի մուտքն է երկիր։ Արհեստին ու արհեստաւորին շատ մեծ վնաս հասցուց։

Դժբախտաբար, ձայն բարբարոյ յանապատի մնաց մեր խնդրանք-աղերսանքները եւ գրեթէ ապարդիւն՝ մեր տարած 25 տարուայ աշխատանքները։

Փախստական արտադրութիւններու ներածումը չէր բաւեր կարծէք, եկաւ ֆինանսական տագնապը, անգործութիւնը եւ ոսկիին սղութիւնը։ Ինչ-ինչ պատճառներով, շուկան ողողուեցաւ նաեւ վաճառականներով, որոնք արհեստաւոր չէին, այլ միայն շահ փնտռող գործարարներ, միայն շահ հետապնդող առեւտրականներ։ Աշխատող արհեստաւոր վարպետին արժէքը չկրցան գնահատել, այդ պատճառաւ ալ մեծ անկում կրեցին աշխատավարձերը։

Ոսկերչութիւնը ոչ միայն արհեստ է, այլ՝ արուեստ։ Ինքնին ստեղծագործութիւն կ’ենթադրէ, որուն արժեւորումը չկրցաւ տալ ոչ-արհեստաւոր վաճառականը։ Մեծ թիւով վարպետներ կորսնցուցինք, որոնք «յափշտակուեցան» ուրիշ երկիրներու կողմէ։ Վերջերս, 50-60 հմուտ վարպետներ գաղթեցին Ֆրանսա։ Ադամանդաշար մը Լիբանանի մէջ կը վճարուի միայն 25 ամերիկեան սենթ, իսկ Եւրոպայի մէջ՝ մօտ 8 տոլար։ Անհամեմատ, մե՜ծ է տարբերութիւնը։ Արհեստաւորը չարաչար կ’օգտագործուի լիբանանցի վաճառականին կողմէ։

Վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին, երկու օրէնք-հրամանագրի ծրագիր ներկայացուցած եմ պետութեան։ Մէկը՝ ոսկեղէններու կնիքին, միւսը՝ արհեստին հետ կապուած։ Դժբախտաբար անպատասխան մնացած ենք տակաւին։

Ցաւալին հոն է, որ մեր վարպետները, մանաւա՛նդ հայ վարպետները չեն գիտակցիր որ միութիւնը զօրութիւն է, որ համախմբուելով սենտիքային շուրջ, ըլլալով մէկ բռունցք, զօրաւոր կերպով կրնանք պաշտպանել մեր արդար պահանջները։

Թոյլ տուէք ամենայն քաջութեամբ շեշտել, որ լիբանանցի ժողովուրդը երկու մարգարէի կը հնազանդի՝ մին իր համայնքն ու յարանուանութիւնն է, միւսը՝ իր հետեւած կուսակցութիւնը։ Ամէն արհեստաւոր, եթէ համախմբուած ըլլար իր շահերը պաշտպանող սենտիքային շուրջ, արհեստաւորին վիճակը հոս հասած չէր ըլլար։

 

Հ․- Լիբանանի ոսկերչական շուկան կը տառապի՞ ներմուծման արգելքներէ եւ տոլարի անկայուն արժէքէն։ Եթէ այո՛, ապա ինչպէ՞ս կ’ազդեն այս պայմանները լիբանանահայ ոսկերիչներու աշխատանքին վրայ։

Պ․- Երբ անօրէն ոսկեղէն մուտք կը գործէ երկիր, մեր ոսկերիչներուն գործին, արտադրութեան ողնահարին ողղակի հարուած կու տայ։ Կրկնելու գնով ըսենք՝ մե՜ծ է տարբերութիւնը վաճառականին եւ արհեստաւոր վաճառականին միջեւ։ Արհեստաւորը կրնա՛յ գնահատել գործը, միւսը՝ ո՛չ։ Պարզ վաճառականը միայն շահ կը հետապնդէ։

Ներխուժող վաճառականները իսկապէս որ մե՜ծ վնաս հասցուցին մեր արհեստաւորներուն։

Արհեստաւոր վաճառականը, նոյնիսկ եթէ դուրսէն ներածէ, որակաւոր արտադրութիւններ կը ներածէ։ Մենք, արհեստաւորներս կրնանք օգտուիլ այդ որակաւոր արտադրութիւններէն, դուրսի շուկաներուն ճաշակէն եւ նորարարութիւններէն։ Մենք ձեռագործ աշխատանքի հոյակապ վարպետներ ունեցած ենք, բայց արդիականացման հեղինակները դուրսի երկիրներն են։

Գալով տոլարին, անոր անկայուն վիճակը մեզի մասնաւոր ազդեցութիւն մը չունի։ Մեր բոլոր գործառնութիւնները տոլարով կ’ըլլայ։ Իսկ ոսկիի առեւտուրը կամ փոխանակումը կ’ըլլայ ոսկիով։ Ոսկիի վերիվայրումներն անգամ արհեստաւորին չ’ազդեր։ Ոսկի կը յանձնենք, ոսկի կը ստանձնենք, անկախ ոսկիին սակէն։

 

Հ․- Ձեր կարծիքով՝ ոսկերչական արուեստը այսօր տնտեսակա՞ն գործ է, թէ՞ մշակութային արհեստ մը՝ հին աւանդոյթներու շարունակութիւն։

Պ․- Տարիներ առաջ, AJA-ի (Armenian Jewelers Association, որուն նպատակն է աշխարհի հայ ոսկերիչներն ու առեւտրականները միաւորել) Պէյրութի համագումարին երբ խօսուեցաւ համաշխարհային լոպպիի մասին, առաջարկեցի նախ սկսիլ Լիբանանի հայ ոսկերիչներու լոպպիի մը կազմութեամբ։

Մատնանշեցի նաեւ, որ լիբանանցի հայ վաճառականներէն ոմանք պատճառ դարձան, որ հայ արհեստաւորը դիմէ եւ ձեւով մը քաջալերէ ոչ-հայ վաճառականը։ Յարգանքս քանի մը պատուական հայ առեւտրականներուն, որոնք պահեցին հայկականութիւնը այս արհեստին։

Հայկականութիւն բուրող միակ արհեստն է ոսկերչութիւնը։ Աշխարհի ամէնէն կարեւոր մայրաքաղաքներուն մէջ տարածուած են հայ ոսկերիչներն ու ոսկեղէնի հայ վաճառականները։ Շատ դիւրաւ կրնանք պահել եւ զարգացնել հայ արհեստաւորը։ Այսպէս միայն կրնանք տիրապետել արհեստին եւ պարտադրել մեր հայ արհեստաւորը։ Առաջարկեցի որ մեր աշխատանքները այդ ուղութեամբ ըլլան։

Խնդրեցի նաեւ, որ գիտաժողովներ կազմակերպուին, որպէսզի ունենանք հայ ոսկերիչին պատմականը։ Հազարաւոր տարի առաջ, Մեծն Տիգրանի թագը կամ Երուսաղէմի թանգարանը գտնուող ադամանդակուռ սուրը ո՞ր հայ արհեստաւորը շինած էր։ Տեղեկութիւնները կը պակսին մեզի։ Տարիներ առաջ, Հռոմի քահանայապետին մատանին լիբանանահայ ոսկերիչն էր շինողը, որուն փորագրութիւնները անձամբ ե՛ս ըրած եմ։ Ինչպէս նաեւ ադամանդակուռ խաչին քարերը ես տեղադրած եմ։ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին՝ նախագահ Թրամփին նուիրած սուրը հայ ոսկերիչ վարպետի մը գործն էր։ Ասոնք շատ փոքր օրինակներ են։

Փառաւոններէն սկսեալ, վստահ եմ որ կան շատ մեծ թիւով հայեր, որոնք իրենց բաժինը բերած են համաշխարհային պալատականներու ոսկեղէնի ստեղծագործութեան եւ արտադրութեան։ Մետաղներու հետ սերտ կապ ունեցած է հայ ժողովուրդը մարդկային պատմութեան սկիզբէն։ Օսմանեան կայսրութեան գլխաւոր շինարարները եղած են հա՛յ, կը յիշուին, բայց ոսկերիչները՝ ո՛չ։ Արժէ՛ ուսումնասիրութեամբ մը ի յայտ բերել եւ պատմութեան յանձնել այդ մէկն ալ։

Երանի կարելի ըլլայ ստեղծել համաշխարհային տարողութեամբ հայ լոպպի մը, որ, առեւտրականներուն կողքին, իր մէջ ներառէ արհեստաւորն ալ։  Վաճառականները եթէ հոգին են արհեստին, արհեստաւորը մարմինն է։ Երկուքով միայն կարելի է կեանք տալ արհեստին։


Հ․- Լիբանանահայ ոսկերիչները յայտնի են իրենց վարպետութեամբ եւ ազնուագոյն ձեռագործով։ Ի՞նչ կարելի է ընել՝ վերակենդանացնելու Պէյրութի երբեմնի փառքը որպէս շրջանային ոսկերչական կեդրոն։

Պ․- Նախորդ տասնամեակներուն մենք ունեցանք հմուտ, պատիւ բերող վարպետ ոսկերիչներ, որոնք հասկնալի պատճառներով չէին կրցած բաւարար ուսում ստանալ։ Կեանքի համալսարանը, սակայն, զիրենք հասցուցած էր բարձր մակարդակի, որպէս ստեղծագործ արհեստաւոր։ Միւս կողմէ, ունեցանք նաեւ արհեստաւորներ, որոնք դժբախտաբար չկրցան քայլ պահել օրուայ յառաջդիմութեան հետ եւ լճացան կամ կղզիացան։ Մօտ երեսուն տարի առաջ, երբ տակաւին թուայնային սարքերը այսքան իշխած չէին արհեստին վրայ, կռահելով գալիքը, զգուշացուցինք բոլո՛րը, նոյնիսկ նախաձեռնեցինք արհեստաւորին սորվեցնել

1․- Լեզու (անգլերէն),

2․- Արհեստի հիմնական գաղտնիքներ,

3․- Ոսկերչութեան հետ կապուած հաշուապահութիւնը։

Դժբախտաբար չկրցան գնահատել եւ յաջողութիւն չգտաւ, չիրականացաւ այդ ծրագիրը։

 

Հ․- Երիտասարդ ոսկերիչներուն ի՞նչ խորհուրդ կու տաք՝ իրենց գործին մէջ համատեղելու ազնուութիւնը, համբերութիւնը եւ նորարարութիւնը։

Պ․- Երիտասարդ ոսկերիչներուն կ’ուզեմ փոխանցել ինչ որ մենք ժառանգեցինք մեր նախորդ սերունդի վարպետներէն։ Ոսկերիչը ամէն բանէ առաջ պիտի ըլլայ վստահելի, պատուախնդիր եւ ճշմարտախօս։ Թերեւս ստիպուի զիջիլ իր ձեռավարձքէն, բայց բնա՛ւ պէտք չէ զեղծարարութիւն ընէ ոսկիի բովանդակութեան եւ համեմատութեան՝ կնիքին վրայ։

Կ’ուզեմ շատ կարեւոր կէտ մը եւս շեփորահարել։ Առանց ուսումի արհեստը չեն կրնար շարունակել այլեւս։

Սրտագին կոչ կ’ուղղեմ նաեւ մեր հայ արհեստաւորին։ Եկէ՛ք, ձեռք-ձեռքի տալով, փորձենք փրկել այն ինչ որ մնացած է։ Բոլորովին կորսնցուցած ենք կօշկակարութեան եւ դերձակութեան արհեստները, փորձենք փրկել ոսկերչութիւնը եւ տանինք բարգաւաճման:

Share69Tweet43
Previous Post

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Նոր Հաճընի Աւագ Դպրոցը

Next Post

Լուրեր. 11 Դեկտեմբեր 2025

Next Post
Լուրեր. 11 Դեկտեմբեր 2025

Լուրեր. 11 Դեկտեմբեր 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.