Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

December 11, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը շարունակէ խոր մտահոգութեամբ հետեւիլ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինէն ներս եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, որոնք վստահաբար կը յուզեն իւրաքանչիւր հայու հոգին, անկախ դաւանանքային պատկանելիութենէն:

Աներկբայ է, որ ներկայ ճգնաժամի գլխաւոր դրդապատճառը քաղաքական է եւ սկիզբ առաւ այն պահէն, երբ Գարեգին Բ. կաթողիկոս միացաւ վարչապետի հրաժարականի պահանջին։ Աւելին, ընդդիմութեան նախաձեռնած իշխանափոխութեան քանի մը ձախող փորձերէ յետոյ, Մայր Աթոռի որոշ բարձրաստիճան կղերականներ փաստօրէն վերցուցին այդ գործընթացի առաջնորդութիւնը, այդպիսով Եկեղեցին ներքաշելով քաղաքական պայքարի յորձանուտ: Անշուշտ, անոնք նման քայլի չէին կրնար դիմել առանց Էջմիածինի գահակալին անմիջական համաձայնութեան եւ օրհնութեան:

Այդ ընթացքին, Մայր Աթոռի շարք մը հոգեւորականներու մասին սկսան ի յայտ գալ տարատեսակ բացայայտումներ եւ խախտումներ, որոնք առայսօր չեն արժանացած Մայր Աթոռի յստակ եւ համոզիչ հաստատումին, հերքումին կամ պատշաճ տնօրինութեան: Այս ամէնը մեզ կը մղեն մտածելու, որ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի վարչական համակարգէն ներս կը տիրէ նախորդ իշխանութիւններու գործելաոճին համահունչ  իրողութիւն մը, ուր բացակայ է թափանցիկ հաշուետուութիւնը եւ առկայ են օրէնքներու շրջանցումն ու անձնական նախասիրութիւններու կիրառումը։

Հայ Առաքելական Եկեղեցին ազգային կառոյց է եւ, որպէս մեր ազգի հոգեւոր պատկեր, ընդունելի չէ, որ անոր երկնակամարը ծածկուած ըլլայ կասկածի եւ առեղծուածի սեւ ամպերով: Մենք տասնամեակներ շարունակ պայքարած ենք Մայր Աթոռի գերակայութիւնը պաշտպանելու համար եւ մեծ ցաւ է մեզի համար տեսնել Եկեղեցիին շուրջ տեղի ունեցող այս անհաճոյ զարգացումները։

Սբ. Էջմիածնի հոգեւոր-վարչական կառոյցը արմատական վերանայման կարիքն ունի եւ այդ առումով մենք կ’ողջունենք տիրող իրավիճակէն դուրս գալու նպատակով խումբ մը եպիսկոպոսներու կողմէ վերջերս հրապարակուած յայտարարութիւնը եւ կը միանանք կաթողիկոսին ուղղուած անոնց յորդորին։

Հայ Առաքելական Եկեղեցին ինքնամաքրման եւ բարենորոգման հրամայականին առջեւ է այսօր։

Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

9 Դեկտեմբեր 2025

Share70Tweet44
Previous Post

Լուրեր. 11 Դեկտեմբեր 2025

Next Post

Լռութեան Գոյնը. Յարութիւն Եւ Արմինէ Կալենցներու Փիլիսոփայական Աշխարհը

Next Post
Լռութեան Գոյնը. Յարութիւն Եւ Արմինէ Կալենցներու Փիլիսոփայական Աշխարհը

Լռութեան Գոյնը. Յարութիւն Եւ Արմինէ Կալենցներու Փիլիսոփայական Աշխարհը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.