Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Յուշ Երեկոյ Նուիրուած Փրոֆ․ Մանուկ Մանուկեանի

Լիլիթ Մկրեան

December 11, 2025
in Գաղութային
0
Յուշ Երեկոյ Նուիրուած Փրոֆ․ Մանուկ Մանուկեանի

Կազմակերպութեամբ «Հնարդի» մշակութային հարթակին եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանին, Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2025-ին, Հայկազեան համալսարանի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մանուկ Մանուկեան. Տիեզերագնացութեան երազ մը» խորագրով յուշ երեկոն, նուիրուած գիտնական եւ 60-ական թուականներուն Հայկազեան գոլէճի հրթիռներու ընկերակցութեան (ՀԳՀԸ) հիմնադիրին՝ փրոֆ․ Մանուկ Մանուկեանի։

1960-ին, Հայկազեան համալսարանի ուսողութեան եւ բնագիտութեան նորանշանակ դասախօս Մանուկ Մանուկեան կ’առաջարկէ կազմել ուսանողական հրթիռարձակման գիտական խումբ մը, որ աներեւակայելի գաղափար մը կը թուէր այն օրերուն։ Այս համալսարանական համեստ նախաձեռնութեան շնորհիւ, 60-ական թուականներուն, Լիբանան կը դառնայ Միջին Արեւելքի առաջին երկիրը, որ կը հասնի անջրպետ եւ կը դառնայ աշխարհի առաջին 10 երկիրներէն մէկը՝ հրթիռային հետազօտութեան ոլորտին մէջ։

Պատահական չէր, որ «Հնարդի» այս ձեռնարկը կը կազմակերպէր Նոյեմբեր ամսուն եւ նոյն վայրին մէջ, ուր 65 տարիներ առաջ, հիմը կը դրուէր հրթիռներու ընկերակցութեան։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր կենդանի պահել փրոֆ. Մանուկեանի յիշատակը եւ մեր մօտիկ անցեալի այս կարեւոր իրագործումը ներկայացնել մեր հասարակութեան ու նոր սերունդին՝ անոնց ընձեռելով ներշնչումի եւ հպարտութեան աղբիւր մը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց «Հնարդի»-ի հիմնադիրներէն՝ Թամար Մկրեան, որուն յաջորդեց դերասանուհի եւ քաղաքական գործիչ Արսինէ Խանճեանի պատգամը՝ տեսերիզի միջոցաւ։ Այնուհետեւ ներկաներուն ցուցադրուեցաւ «Հնարդի» մշակութեան հարթակի պատրաստութեամբ՝ «Հնարամիտներ» նոր տեսաշարին առաջին դրուագը, որ կ՛անդրադառնայ լիբանանահայ համայնքի հնարամիտ եւ հանճարեղ դէմքերու վաստակին ու պատմութիւններուն։

Փրոֆ․ Մանուկ Մանուկեանի նուիրուած տեսերիզը կը ներառէր հարցազրոյցներ՝ Պուրճ Համուտի շուկայէն արհեստաւորներու եւ վաճառականներու, 1962 թուականի ՀԳՀԸ-ի անդամ Էտուար Չամիչեանի, Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու Միրա Եարտըմեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր․ դոկտ․ Փօլ Հայտոսթեանի, դերասանուհի Արսինէ Խանճեանի, ինչպէս նաեւ «Լիբանանի հրթիռներու ընկերակցութիւնը» վաւերագրականի բեմադրիչներ Ժոանա Հաճիթոմասի եւ Խալիլ Ժորէյժի հետ։ Դրուագը կ’աւարտէր շարժանկարչական հատուածով, որ կը պատկերացնէր Լիբանանի իրողութեան այլ տարբերակ մը, եթէ ՀԳՀԸ-ի գործունէութիւնը չդադրէր։

Ցուցադրութենէն ետք, տեղի ունեցաւ փրոֆ․ Մանուկեանի ուսանողներէն՝ նորոգ հանգուցեալ Յարութ Չէքիճեանի «Հայ մասնագէտները, հրթիռները եւ անջրպետը. Հայկազեանի հրթիռները (1961 – 1969)» նորատիպ գիրքին շնորհահանդէսը։ Անոր եղբայրը՝ ճարտարապետ Վազգէն Չէքիճեան, դոկտ. Անդրանիկ Տաքեսեան եւ վեր․ դոկտ․ Փօլ Հայտոսթեան խօսեցան գիրքի ծննդոցին ու հեղինակին մասին, ապա ներկաները առաջնորդուեցան պատշգամ, ուր տեղի ունեցաւ գիրքերու վաճառք եւ հիւրասիրութիւն։

Ձեռնարկի աւարտին ցուցադրուեցաւ «Լիբանանի հրթիռներու ընկերակցութիւնը» վաւերագրականը:

Մարդիկ յաճախ կ’ապրին անցեալին մէջ՝ անկարող խուսափելու ներկայ ժամանակի մարտահրաւէրներէն։ Իւրաքանչիւր շրջան ունի իր դժուարութիւնները, որոնք սակայն կը յաղթահարուին հնարամիտ ու նորարար անձերու կողմէ, որոնց երազները կը գերազանցեն պայմաններն ու սահմանափակումները։ Այսօր մեծապէս կը զգանք բացակայութիւնը փրոֆ․ Մանուկեանի նմաններուն, որոնք կրնա՛ն նոր սերունդին ապացուցել, որ կամենալը կարենալ է, որ  երազելը կարենալ է եւ որ յանձնառութեամբ եւ նուիրումով կարելի է իսկապէ՛ս հասնիլ աստղերուն։

(Արտատպուած Ayk Page-էն)

Share70Tweet44
Previous Post

Գերմանացի Մտաւորական Էրնսթ Զոմմեր Հայոց Աքսորներուն Մասին

Next Post

ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի Ատենապետը Կ’այցելէ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին

Next Post
Լուրեր. 13 Դեկտեմբեր 2025

ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի Ատենապետը Կ’այցելէ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.