Հայոց ցեղասպանութեան մասին Էրնսթ Զոմմերի յուշագիրքի յառաջաբանին մէջ հայագէտ Արշակ Մատոյեան կ’ըսէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն Թուրքիոյ խայտառակութիւնը չէ: Այն նաեւ ամօթանքն է ամբողջ Եւրոպայի, որ իր անտարբերութեամբ քաջալերեց ցեղասպանը: Պատասխանատուութիւնը մեծ է մանաւանդ քայզերական Գերմանիոյ, որ մեծ բաժին ունի մարդկութեան դէմ այս մեծագոյն ոճիրին իրականացումը թոյլ տալու մէջ: Աւելին. գերմանացի սպաներ մասնակցած են թուրքերու գործած ոճիրներուն: 1914-1923-ին եւ ետքն ալ, Գերմանիոյ իշխանութիւնները ուշի-ուշով կը հետեւէին մամուլին, որպէսզի հայ ժողովուրդին դէմ գործուած եւ գործուող ոճիրներէն ու անմարդկային բռնութիւններէն գերմանացի ժողովուրդը անտեղեակ մնար: 1917-ին Գերմանիոյ գրաքննիչ ատեանը լրատուական բոլոր միջոցներուն կը հրահանգէ. «Լաւագոյնը կը լինի հայերի մասին լռել»: Գիրքին հրատարակչական տուեալները․-
Ernst Sommer, «Die Wahrheit über die Leiden des armenischen Volks in Türkei während des Weltkreigs, Verlag Orient, Frankfurt-am-Main, 2002.
Էրնսթ Զոմմեր, «Ճշմարտութիւնը Աշխարհամարտի ժամանակ Թուրքիայում հայ ժողովրդի կրած տառապանքների մասին», Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, գերմաներէնէ թարգմանեց Էվելինա Մակարեան, Երեւան, 2002, փոքր չափի 87 էջ:
Երրորդ գլուխին մէջ (էջ 30-51) Զոմմեր կը պատմէ աքսորներուն մասին եւ կը վերլուծէ այդ դէպքերը: Ամէն բանէ առաջ ան կ’ըսէ. «Աքսոր- կարճ մի բառ: Սակայն սարսափներով լի մեր ժամանակներում անգամ դժուար է պատկերացնել, թէ որքան ոճիր է պարունակում այդ բառը» (էջ 30): Իբրեւ թէ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ հայերը կասկածի տակ առնուած են լրտեսութեան եւ դաւաճանութեան յանցանքով, ուրեմն՝ պէտք է զանոնք տեղահան ընել: Այս «գիւտը» օսմանեան բանակի անկախ մարմիններն ու բաժանմունքները կատարած էին: Հայոց հողերն ու ունեցուածքը պետութեան քով պահ կը դրուին: Փոխարէնը՝ Պաղտատի երկաթուղագիծին մերձակայ վայրերու մէջ հողեր պիտի տրուէին հայոց: 1915-ի Ապրիլին Կիլիկիոյ եւ Հիւսիսային Սուրիոյ հայերը, իսկ Մայիս 20-ին՝ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին հայերը կը բռնագաղթեցուին: Քանի մը ամիս ետք կարգը կու գայ Փոքր Ասիոյ արեւմուտքը ապրող հայոց: Հոս Զոմմեր կ’ըսէ. «Ըստ 1918-ի Նոյեմբեր 12-ի «Գերմանա-հայկական թղթակցութեան» թերթին Թուրքիայից տեղահանուել է մօտ 1.400.000-2 միլիոնից քիչ պակաս հայ բնակիչ» (Այս տուեալը կը մատնանշէ 1915-ի սկիզբէն մինչեւ 1917-ի վերջ ժամանակաշրջանը- Յ․ Ի․): Այս ծրագիրը հրէշային եղանակներով կը գործադրուի:
Գերմանացի Քոյր Էվա Էլվերս եւ շուէտացի միսիոնարուհի Թորա ֆոն Վետել-Եարլսբերգը, որոնք 1914-1915-ին Կարինի մէջ թուրք զինուորներ կը խնամէին (Քոյրերը ապա Երզնկա փոխադրուած էին), հայոց բռնագաղթերուն պայմաններուն մասին սկիզբը կ’ըսէին, թէ թուրքերը ոչ միայն կոտորածներ պիտի չընեն, այլ նաեւ պիտի հոգան տարագրուած մարդոց կարիքները: Ետքը անոնք կը լսեն, որ քիւրտերը հայ գաղթականներուն վրայ յարձակած են, բռնաբարած, կողոպտած ու սպաննած զանոնք, մանուկները Եփրատի ջուրերուն մէջ նետած: Լուրը ամէն տեղ տարածուած էր: Ուստի իշխանութիւնները օսմանեան բանակի 86-րդ հեծեալ գունդը կը ղրկեն Երզնկա` «քիւրտերը պատժելու համար»: Ջոկատին զինուորները քիւրտերը պատժելու փոխարէն կը սկսին անպաշտպան հայեր ջարդել: Միսիոնարները թուրք զինուորներուն հարց կու տան. «Եւ դուք կրակեցիք կիներու եւ փոքրերու վրա՞յ»: Թուրքերը կը պատասխանեն. «Ի՞նչ կրնայինք ընել, մենք հրամանը կը գործադրենք»: Կողոպուտը կը յաջորդէ ջարդերուն: Թուրք զինուորներն ու չեթէները իրենց ոճիրն ու կողոպուտը կը կատարէին միսիոնարներուն աչքերուն առջեւ:
Այն ինչ որ միսիոնարներուն աչքերէն վրիպած էր, թուրքերը հպարտութեամբ կը պատմէին անոնց: Հայեր կոտորելու վկայութիւնները բազմաթիւ են:
Ականատես վկայութիւններու շարքը կը սկսի Մեզիրէէն եւ Խարբերդէն: Մեզիրէի Փնիլ կոչուած որբանոցի վարիչ Քոյր Քաթարինէ Մատերի նամակը պերճախօս է այս մասին: Հարունիէի որբանոցի տնօրէն Պ. Ֆ. Տոպելերն ալ կը վկայէ հայոց կոտորածներուն եւ հայ որբերու վիճակին մասին: Էրնսթ Զոմմեր կը կեդրոնանայ Մարաշի ջարդերուն վրայ: Քոյր Փաուլա Շեֆըր եւ Քոյր Պէաթրիս Ռոներ կը վկայեն իրենց նամակներով:
Գերմանական առաքելութեան ներկայացուցիչները իրենց ականատեսի վկայութիւնները կու տան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ զանազան շրջաններէն: Բռնագաղթերէն առաջ առաքելութեան հետ կապ ունեցած հայեր անոր անդամներուն ուղղուած նամակներով կը պարզեն իրենց դժբախտ վիճակը: Օրինակ, պատուելի Յարութիւն Նոխուտեանի (որուն աքսորի փոթորիկը Համա քշած էր) կինը կ’ըսէ, որ թուրքերը իր ամուսինին ստիպած էին իսլամանալ եւ թրքանալ, սակայն Նոխուտեան մերժած էր: Ուստի իշխանութիւնները զայն կրկին աքսորած էին մինչեւ Երուսաղէմ:
Հայութիւնը հոս ու հոն տարտղնուած էր Հայաստանի արեւմտեան հատուածէն մինչեւ Փոքր Ասիոյ արեւմուտքը գտնուող քաղաքներն ու գիւղերը, Կիլիկիա, Հիւսիսային Սուրիա՝ Տէր Զօր ու անկէ ալ անդին: Բռնագաղթի ճանապարհին միլիոնաւոր հայեր ինկած էին:

