Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար. Ժիրայր Դանիէլեան (Պէյրութ 1941-2022 Պոսթըն)

Դոկտ․ Արթուր Անդրանիկեան (Երեւան)

December 12, 2025
in Յօդուածներ
0
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար.  Ժիրայր Դանիէլեան (Պէյրութ 1941-2022 Պոսթըն)

Արժանաւոր մարդոց կորուստը միշտ ալ յուսահատեցուցիչ տեսիլքներով կը շղարշէ մտերիմներու, գնահատողներու աչքերը ու անանց ցաւ ապրելէն յետոյ խոր մտահոգութիւններու ընդմէջէն կ’աւաղին, բարոյապէս կ’ընկճուին կորուստներու արժէքը թերեւս տակաւին չըմբռնած, եւ միայն ոչ-հեռաւոր անցեալի յիշողութիւններ կը մնան… «աւրուած» սփոփանք մը…: Հանդիպումները, զրոյցները անշուշտ, կ’ապրեցնեն բարեկամները, մտերիմ անձերը` անոնք ալ տեւապէս կ’ապրին կեանքի եւ մահուան զուգորդ «պայմանները» այդպէս ալ չգնահատած:

Ժիրայր Դանիէլեան` բանասէր, գրադատ, գրադարանագէտ, մանկավարժ, ՀՀ Գիտութիւններու ակադեմիայի պատուաւոր դոկտոր: Պէյրութի Մխիթարեան վարժարանը աւարտելէ ետք, կրթութիւն կը ստանայ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին, իսկ բարձրագոյն կրթութիւն՝ Պէյրութի Հայկազեան գոլէճին մէջ՝ (ներկայիս` համալսարան), ուր կը հետեւի պատմութեան ու մանկավարժութեան դասընթացքներուն: Այդ տարիներէն իսկ հայագիտութեան նկատմամբ կը ցուցաբերէ հետաքրքրութիւններ: Հետագային անձանձիր նուիրումով կ’ընդլայնէ իր գիտական-մանկավարժական տեսածիրը` Հայկազեան համալսարանին մէջ Հայագիտական գրադարանի գրադարանապետի պաշտօնը ստանձնելով (աւելի քան քսան տարի): Այդ տարիները արմատական ազդակ կը հանդիսանան բանասիրական, աղբիւրագիտական փնտռումներու, զուգահեռաբար տարիներ անընդմէջ կը վարէ խմբագրութիւնները գրական այլազան հանդէսներու, պարբերաթերթերու («Հայկազեան հայագիտական հանդէս», «Հիւսիսեան հայագիտական տարեգիրք», «Հասկ» հայագիտական տարեգիրք» ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթ, «Շիրակ» հանդէս եւ այլն):

Այսպիսով, վստահաբար կրնանք խոստովանիլ որ Ժիրայր Դանիէլեանը վերջին մոհիկաններէն էր Հայ գրատպութեան, որ իր ուժերու ներածին չափ ու անկէ աւելի գրեթէ… Սխիթարեան հայրերու աւանդոյթներու շարունակող իր ճիգին մէջ լիարիւն մտաւորական մը:

Արդ, ատենը չէ ըստ ամենայնի անդրադառնալու Ժիրայր Դանիէլեանի աշխատութիւններուն, բայց հպանցիկ չենք կրնար եւ կարելի չէ զանց ընել իր բանասիրական, հրապարակագրական մնայուն ժառանգութիւնը, վասնզի գիտնականի համայնագիտական իմացութիւնը եւ տքնանքը սպասածէն առաւելագոյնը տուած է. «Ռամկավար ազատական մամուլը» (1982), այս եւ մնացեալ հատորները հրատարակուած են միայն Պէյրութ, «Հայ նոր պարբերական մամուլը». 1967-1981», /1984/, «Լիբանանահայ մամուլը պատերազմի տարիներուն. 1975-1984» (1986), «Բանասիրական որոնումներ» (1997), «Լիբանանահայ դպրոցը. թիւեր եւ որոնումներ» (2002), «Գրական որոնումներ» (2007):

Աշխատութիւններու նշեալ շարքը թերեւս այնքան ալ ամբողջական չէ, բայց կայ նշմարելի առանձնայատկութիւն մը, որ որոշապէս նկարագիրը կու տայ ժիրայրական լայն ընդգրկուն մտածողական եւ մեթոտաբանական վարքագիծի, մտասեւեռումներու, մանաւանդ լրջամտած բանասէրի շրջահայեացութիւն մը կը նշմարուի անոր որոնումներու, հաւաքական տեսաբանութեան մէջ, նաեւ «անյագուրդ» հետեւողականութիւն մը «կը սեւեռուի»` մեր եւ շատերու համակրութեանց ընդմէջէն:

Անշուշտ, պէտք է համոզուինք, – մենք այդ համոզումը շատոնց ունեցած ենք,- յատկապէս այն յոյժ ուշադրարժան պարագային, երբ ակամայ թղթատենք «Մատենագիտութիւն ընդդէմ ցանկագրումի» հատորը, ուր յաւելեալ տեղեկութիւններու խորապատկերին վրայ բանասէր-մատենագէտը կ’անդրադառնայ ամէնէն տարբեր ժամանակաշրջաններու հրատարակութիւններու բացթողումներուն. «Նմանօրինակ հրատարակութիւններ եկած են ամեակներէն մէկ քանի տարի ետք, յիշատակութեան առիթին, ուստի նախընտրելի էր մէկ-երկու տարուայ ուշացումը, քան թէ հապճեպի պատճառով արձանագրելու անընդունելի, անըմբռնելի թերացումներ եւ կուտակեալ տուեալներ, որոնց մէկ մասէն հնարաւոր էր խուսափիլ…». անհերքելի կարծիք մը՝ այնքան անգամներ իր կողմէ հաստատագրուած:

Ժիրայր Դանիէլեան երբեք չէ «ուշացած» կամ «խուսափած». ինքզինք միշտ «աններող» համարած է իր իսկ բծախնդիր, գիտակ բնաւորութեամբ միախառնուած իր որոնողի սկզբունքներուն, ինչ որ միշտ խնդրոյ առարկայ «դարձուցած է», գիտականութիւն` ամէնէն առաջ կարգախօսով, չափազանց ինքնեղ Հայ բանասիրութեան, բնագրագիտութեան տարեգրութեան մէջ, գիտնականին բնորոշ մտասեւեռ «պահեցողութեամբ» իրականացուցած է «ընթացիկ» բազմահարիւր սրբագրութիւններ, վերախմբագրութիւններ:

Երբեմն ալ տքնաջանութեամբ ինքնիրմէ «դուրս ելած » է` հիմնախնդիր ունենալով գիտականը ու միայն գիտականը, նոյնիսկ չյարմարուելով այլոց տեսակէտներու պարտադրանքին, եւ այս ամէնը երկարող տասնամեակներու ընթացքին: Պարտաւորութիւն «նորի մը», որ ըլլայ, ինչպէս ինք կը գրէ, «իրաւատաղձ եւ սկզբանղբիւր», խմբագրական բանասիրական այլեւայլ զառածումներ գրեթէ զանցառելով:

Միով բանիւ, ամէնէն առաջ բարեկամիս, -ինչ որ մեծ պատիւ մըն է եղեր ինծի համար,- զտարիւն հայու նկարագիրը որոշապէս ներկայացնելն է, եթէ իհարկէ, ուժերէս եւ ցանկութենէս վեր չըլլայ: Կը խորհիմ որ իր անձը միշտ եղած է բացայայտ ներկայանալի, արդեօք ճանչցա՞նք Ժիրայր Դանիէլեանը իր կենդանութեան ատեն, տարակոյս չկայ, 2021 թուականին Հայաստանի Թէքէեան մշակութային կեդրոնին մէջ նշուեցաւ ծննդեան 80 եւ գործունէութեան 50 ամեակները: Բայց, խնդրայարոյցը մէկն է. կա՞յ, կը գտնուի՞ մէկը, որ երախտաւոր գործչի ստեղծագործական կիրքն ու անբասիրութիւնը ստանձնէ: Ժիրայր կարծես թէ թերհաւատ էր. մահէն չորս ամիս առաջ մեր հեռախօսային խօսակցութեան ատեն, ինք չնայած մարմնահիւծ՝ կ’երեւակայէր, թէ կը փափաքէր աշխատիլ. «Գիտե՞ս, Արթուր, երբ որ աւարտեցի «Մատենագիտութիւն ընդդէմ ցանկագրումի» լիբանանեան գիրքին նուիրուած աշխատութիւնս, տեսակ մը անբաւարարութիւն ապրեցայ: Առաջին տպաւորութեամբ կատարածս աշխատանքը յաւելումն էր մատենագիտական գրականութեան մեր ունեցած պատկառելի վաստակին: Բայց, նորէն այդ զգացումը զիս չի բաւարարեր: Տակաւին ընելիք, պրպտելիք կայ…»:

Պահ մը կը շլմորիմ, բայց կ’արձագանգեմ. «Ժիրայր, ուսերուդ վրայ ծանր բեռ մը դիզուած էր, հրատարակութիւններդ չափազանց օրինակելի են, ալ բաւ է, հիմա հանգիստի պէտք ունիս», կ’ըսեմ շուտափոյթ ապաքինութիւն մաղթելով: Ինք վայրկեան մը կը լռէ եւ կը յորդորէ. «Դուն քեզի նայէ, միշտ խանդավառ եղած եմ քեզմով: Հրատարակութիւններդ կ’ոգեւորեն զիս»:

Ձայնը կերկերուն երանգներ կը ստանար եւ կը շարունակէ. «Քեզի պէս եթէ շատեր ըլլային արեւմտահայ եւ սփիւռքեան գրականութեան, մշակոյթի ջատագով…». Արագօրէն կ’ընդմիջեմ. «Ժիրայր, իցիւ թէ ես այլ աշխատանքով զբաղած ըլլայի, բայց իմ տեղակ շատեր ըլլային»: Ինքն ալ կ’ընդմիջէ. «Հայաստան գրեթէ անտեսուած են նախասիրութիւններդ, բայց կը խորհիմ որ Աստուծմէ կու գայ նուիրումդ»:

 

Այս խօսքերու տպաւորութեանց տակ առանձին մնալու ցանկութիւն մը կ’արթննայ իմ մէջ, եւ չեմ կրնար մոռնալ իր խօսքերը, որոնք յորդորի պէս առաւելս պատասխանատուութեամբ զիս կը գօտեպնդեն: Եւ յաւելեալ կրկնութիւններէն հիմա կը խուսափիմ, չեմ ուզեր յուշեր մանրամասնել, պէյրութեան, երեւանեան մեր հանդիպումներէն: Ինք միշտ մտահոգ էր, ու կ’ըսէր. «Նախկին սերունդը` 50-70-ական թուականներու, բոլորովին այլ խոկումներով կ’ապրէր, հանդէսներ, օրաթերթեր կը տպագրուէին, հիմա ամլացած է, մանաւանդ լիբանանեան մշակութային կեանքը։ Այն ատեն բուռն աշխուժութիւնով մը կը ջանայինք ենթարկուիլ մեր նուիրումի վայելքին: Իմաստասիրական կրթանքէն բնաւ չէինք յոգնած: Անցեալի արժէքներու ջատագով էինք…: Նոյնիսկ լիբանանեան պատերազմին ալ յուսահատած չէինք: Չէինք խուսափիր գրական առողջ բախումներէն, տարակարծութիւններու եւ բանավէճերու պակաս չէր զգացուեր: Այդ տարիներուն կը կարօտիմ»:

Գրադատական «որոնումներու» ոլորտին մէջ ալ կրնանք լաստակերտել, որ ինք չէր խորշած իրեն բնորոշ ուղղամտութեամբ արձագանգել սփիւռքեան դարակազմիկ համարուող գրական ալեկոծումներուն, մասնաւորաբար, Շահան Շահնուրի խռովայոյզ վէպին՝ «Նահանջը առանց երգի» բանավէճերու ատեն յարուցած եւ տարիներէ ի վեր սփիւռքեան մամուլին մէջ արծարծուող՝ վէպին թեր եւ դէմ գաղափարներու շուրջ ծաւալող գրաւոր, բանաւոր հրապարակումներուն: «Նահանջը առանց երգի»ն իբրեւ վկայութիւն» /1983/քննախոհական հատորը իրապէս վկայութիւն մըն է սոփեստական այն տեսակէտներու կեցուածքին ընդդէմ, որ վիպագիրը, – թէ իր հերոսները կը մերժեն հայութիւնը անբարոյ վրձինումներով: Շահնուրեան տեսակէտներու, ըմբռնումներու համարձակութիւնները պատճառահետեւանքային կապերու հոլովոյթին մէջ կը դիտարկէր Ժիրայր Դանիէլեան, կը զորէր փնտռել յատկապէս յարուցած պատճառներու վաւերական եւ անիրական ըլլալը, այլ խօսքով նահանջի արմատները ու խորհրդաւոր եւ ցաւագին ըլլալու բովանդակային փիլիսոփայութիւնը ուծացումի վտանգներու ծիրին մէջ:

Ընդհանրապէս, գրադատի, հրապարակագրի կոչումը եւ մանկավարժի իւրօրինակ ու անշեղելի թելադրանքները կը ծառային սերնդակրթումին, ինչ որ նախ եւ առաջ պատասխանազանցութիւն չի ճանչնար, ես առիթ ունեցած եմ շփուիլ աշակերտներու, ուսանողներու հետ, որոնք բարեբախտութիւն ունեցած են Ժիրայրի պատասխանատու շունչին տակ կրթուելու: Անոնց իմացութեան «ստանձման» վիճակները զիս զարմացուցած են, հայերէնի իմացութեան եւ առ Հայ գրականութիւնն ունեցած զգայնական մթնոլորտին մէջ լիարժէքօրէն «մեծցած» են: Հիմա դարձեալ դժուարութիւն մը կը ներկայանայ ինծի հրապարակ դնելու Ժիրայր Դանիէլեանի նուիրուածութեան բացառիկութիւնը:

…Հիմա ալ, տարիներ անց, Ժիրայրի դէմքը կը յամենայ աչքերուս առջեւ. արդեօք ի՞նչ յիշողութիւններ «այցի եկած» էին իրեն: Ի՞նչ շշնջացին իր շուրթերը 2022 թուականի Նոյեմբեր 22-ին` իր պաշտելի Լիբանանի անկախութեան օրը… մահէն վայրկեաններ առաջ. արդեօք մարմնական ցաւը հոգիով զսպած չէ՞ր մրմնջեր Լիբանանին եւ Հայաստանին խաղաղութիւն…:

 (Արտատպուած «ՊԱՅՔԱՐ»էն)

Share65Tweet41
Previous Post

Պատմական Աննախադէպ Հաւաք-Հանդիպում Լեւոն ԺԴ. Պապի Եւ Լիբանանի Կղերիկոսներուն Միջեւ

Next Post

Գերմանացի Մտաւորական Էրնսթ Զոմմեր Հայոց Աքսորներուն Մասին

Next Post
Գերմանացի Մտաւորական Էրնսթ Զոմմեր Հայոց Աքսորներուն Մասին

Գերմանացի Մտաւորական Էրնսթ Զոմմեր Հայոց Աքսորներուն Մասին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.