Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լռութեան Գոյնը. Յարութիւն Եւ Արմինէ Կալենցներու Փիլիսոփայական Աշխարհը

Անի Թորանեան (Երեւան)

December 11, 2025
in Մշակութային
0
Լռութեան Գոյնը. Յարութիւն Եւ Արմինէ Կալենցներու Փիլիսոփայական Աշխարհը

Կիւրինի լուսէ լեռներու շուքին տակ, ուր ժամանակը իր ուրոյն քալուածքը ունէր, լոյս աշխարհ եկաւ տղեկ մը, որուն մէջ կեանքն ու ճակատագիրը ներդրած էին գոյներ, իւրօրինակ ճամբայ նախանշելով անոր համար։

Յարութիւն Կալենց ծնաւ այնտեղ, ուր արեւը կը ծագէր նոյնքան վստահ, որքան վտանգը, որ գլուխ կը ցցէր ամէն օր։

Անոր ծնունդէն ընդամէնը հինգ տարի ետք, Եղեռնի սեւ օրերը խլեցին ամէն մարդկային յենարան՝ ծնող, հարազատներ, տուն, բայց չյաջողեցան խլել վերջինը՝ աշխարհին նայելու անոր մանկական, մաքուր հայեացքը։

Որբանոցներու խոնաւ ու պաղ անկիւններուն մէջ, ուր լռութիւնը յաճախ աւելի ծանր է, քան սարսափազդու ձայները, մանուկ Յարութիւնը իր փրկութիւնը գտաւ  ոչ թէ խօսքի, այլ գոյնի մէջ։

Մարդը, ընդհարապէս, կը հասուննայ բառերու օգնութեամբ, բայց երբեմն նաեւ լռութեան։ Կալենցի լռութիւնը կ’արտայայտուէր յանկարծական դրսեւորումներով՝ գոյներու պոռթկացող կամմայով։ Եւ իւրաքանչիւր գիծ, որ այդ պճլիկ ձեռքով կը հաստատուէր թուղթին վրայ, ոչ միայն պատկեր, այլ անկապտելի ճիգ էր աշխարհին ըսելու, թէ՝ «ես կամ, ես հոս եմ»։

Փիլիսոփաները յաճախ ըսած են, որ արուեստը կը ծնի հոն, ուր խօսքը կը դադրի բաւարար ըլլալէ։

Ահա այդ սահմանագիծին վրայ էին Կալենցի առաջին նկարները։ Ան չէր կրնար ձեւակերպել իր ապրումները, բայց փայլուն կրնար՝ գունային արտայայտութեամբ։

Ժան Փօլ Սարթր ըսած է՝ «մարդը իր էությունը կը տեսնէ միայն այն պահուն, երբ կը ստեղծէ»։

Կալենցին մանկութիւնը եղաւ իր ստեղծագործութեան հումքը՝ ցաւոտ, բայց զարմանալիօրէն լուսաւոր։ Անոր գեղանկարչութիւնը յատկանիշ մը ունի, որ բառերով դժուար կը բացատրուի, սակայն կը զգացուի դիւրութեամբ։

Յարութիւնին գունային աշխարհը չունի կտրուկ եզրեր, չունի անսպասելի բախումներ։ Նոյնիսկ ցաւի մասին ան կը խօսի մեղմութեամբ, ինչպէս մարդ մը, որ ապրած է կեանքին փխրունութիւնը ու գիտէ, որ անոր կարելի չէ մօտենալ կոպտօրէն։

Գոյաբանական լեզուով՝ Կալենց նկարեց գոյութեան հետ հաշտեցումը։
Ան չի պայքարիր գոյներուն հետ, չի ճնշեր լոյսը։ Աշխարհի երանգները ան կը դիտէ այնպէս, ինչպէս Սոկրատ կը դիտէր գաղափարները՝ հարցում տալով, առանց քննադատելու…։

Կալենցին գոյները աւելին են, քան բնութիւն կամ կերպար։ Ան միշտ ներքին լոյս մը ունի, որ կը բխի ոչ թէ  արտաքին, այլ ներքին աղբիւրներէ։
Զեն փիլիսոփայութեան մէջ միտք մը կայ՝ «Լոյսը կու գայ այն ատեն, երբ մարդը չի բռնանար իրականութեան վրայ»։

Կալենցեան նկարչութիւնը սիրոյ եւ խոհի նկարչութիւն է, անոր նկարներուն մէջ կայ  չբռնանալու ազատութիւնը…

Հալէպ, ամերիկեան որբանոց, ապա Պէյրութ, արդէն նկարչութիւնը դարձուցած իր կեանքի անշեղ ուղին, ան եղաւ Լիբանանի նկարիչներու միութեան հիմնադիր անդամներէն։ Անհատական ցուցահանդէսներով հանդէս եկաւ ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլեւ արտասահման, արժանանալով իրապէս բարձր գնահատանքի եւ պատուոյ յիշատակութեան։ Յարութիւն, վաղ հասակէն իսկ դարձած էր  հանրաճանաչ նկարիչ։

Պէյրութի մէջ սկիզբ առաւ անոր կեանքի աւելի բուռն՝ երկրորդ շրջանը։ Արմինէն եղաւ իր աշակերտը, եւ արուեստով շնչող ու ապրող այդ երկու անհատականութիւններուն հանդիպումը եղաւ ճակատագրական։

Փիլիսոփայական միտքը կ’ըսէ՝ «Սէրը երկու հոգիի միջեւ ոչ թէ կամուրջ, այլ այն տարածութիւնն է, ուր երկու հոգի կրնան ազատ ըլլալ»։
Եւ այդ տարածութիւնն է, որ ստեղծեցին Յարութիւնն ու Արմինէն, իրականութենէ հեռու, բայց միշտ արուեստի հետ։

  1. ներգաղթ, Հայաստան։ Ընկերային ու կենցաղային ծանր պայմաններ, գաղափարական ու հոգեբանական ճնշումներ… հալածանք, թշնամանք, հետապնդումներ, անտեսում… Բայց անոնք բոլոր փոթորիկներուն արձագանգեցին վրձինելով գեղեցիկը, վրձինելով լոյսն ու իրենց մէջ սէր պարփակող հայեացքներ։

Կալենցներուն հայրենադարձութիւնը Հայաստան վերադարձ էր հայրենի հող, հաւատարմութեան ուխտ էր գոյնի եւ լոյսի ինքնութեան… Կալենցը նոր գոյներ բերաւ հայրենիք։ Անազատութեան մէջ ապրող մեր երկրի արուեստագէտներուն համար ան թարմ հայեացք էր, տարբերուող, գրաւող։ Ճիշդ է, տառապանքի ու լեղիի չափը շատ աւելի մեծ եղաւ, քան կրնային երբեւէ պատկերացնել,  բայց արուեստագէտի իրենց հոգին դիմացաւ եւ կալենցեան լոյսը շարունակեց իր յաղթարշաւը։

Յարութիւն Կալենցի առաջին եւ վերջին անհատական ցուցահանդէսը Հայաստանի մէջ բացուեցաւ 1962-ին, հայրենադարձութենէն 15 տարի ետք եւ հինգ տարի առաջ… վաղաժամ մահէն։

«Աշուն», Յարութիւն Կալենց

Այսօր Երեւանեան համեստ փողոցներէն մէկուն վրայ (փողոցը կը կրէ Յարութիւն Կալենցին անունը) տուն մը կայ, որ ճիշդ է, կը կոչուի թանգարան, բայց իր տեսակով ու բովանդակութեամբ տուն է պարզապէս։ Տուն, ուր կը շնչեն կալենցեան գոյները, ուր լոյսը կը շարժի պատկերէ-պատկեր, եւ ուր, մանաւանդ, ժամանակը հակառակ իր սովորութեան ոչ թէ առաջ կ’երթայ, այլ շրջան կ’ընէ…

Այդ տունը մտնողը ամէն ինչէ առաջ կը զգայ  լռութիւնը։ Բայց սխալ չհասկնանք, այդ լռութիւնը դատարկ չէ, այլ լռութիւն է, որ ձեւաւորուած է Յարութիւնի եւ Արմինէի համատեղ կենսագրութեամբ։ Այդ տան մէջ ամէն բան ունի իր փիլիսոփայութիւնը։

Արուեստաբանները շատ երկար կրնան խօսիլ համադրութեան, տրամադրութեան, գիծերու, գունային ներդաշնակութիւններու մասին, որուն վարպետն էր տաղանդաւոր նկարիչը, բայց այս տունը ցոյց կու տայ բան մը,  որ ոչ մէկ գիտութիւն կրնայ բացատրել.

– Ինչպէ՞ս է, որ լռութենէն լոյս կը ծնի…

Յարութիւն Կալենցին ամբողջ գոյութիւնը կարելի է սահմանել մէկ նախադասութեամբ.
Ան լռութեան մարդ էր, բայց լոյսի նկարիչ։

Այդ տան երկրորդ շունչը Արմինէինն է, իսկ Արմինէին վրձինի հարուածներուն ու գիծերուն մէջ կայ, յստակ է այն կապը, որ կու գայ Յարութիւնին ճակատագրէն, ինչպէս նաեւ համամարդկային գեղարուեստէն։

Ահա թէ ինչ կը կարդանք Արմինէի հեղինակած «Ներիր ինձ, Յարութիւն» գիրքի էջերուն մէջ.

«Այո՛, ես անպայման արուեստագէտ պիտի ըլլայի։ Եթէ չըլլար Կալենցին ուժեղ ձեռքը, հաւանաբար ուրիշ տեղ արտայայտուէր ներքին ուժս։ Վստահ եմ, որ ելք անպայման կ’ըլլար, քանի որ երազող էի։ Սէրը կը կոտրէ հասարակական պատնէշները եւ քեզ կը տանի դէպի մեծ հորիզոններ։ Զիս առաջնորդեց արուեստը, ներդաշնակութիւնը, գիծը՝ հոգեւոր ձգտում դէպի բարձրագոյնը, գոյնը՝ հոգեւոր ու բանաստեղծական վիճակ ու ազգային յատկանիշ, հնարաւորութիւններուդ ուժը, եւ այս ամէնը, եթէ շատ դիպուկ ու բնորոշ է հոգեվիճակիդ, կը դառնայ փիլիսոփայութիւն, երաժշտութիւն կամ նկարչութիւն, եւ կամ որեւէ իրական արուեստ»։

Արմինէն իրաւ Արուեստագէտ էր։

«Արեւածաղիկներ», Արմինէ Կալենց

Ան կանուխ կորսնցուց իր կեանքի ընկերը՝ Յարութիւնը, բայց ամուր հենքով այդ փոքրամարմին կինը շարունակեց ստեղծագործել եւ նոր գիծեր, նոր կորեր ու նոր գոյներ յաւելել իր նկարներուն եւ աշխատիլ կրկնակի, կարծես լրացնելով այն մեծ բացը, որ Յարութիւնը ձգեց իր ետին։

Արուեստագէտ ամուսիններու կեանքի պատմութեան մէջ յաճախակի է նոյնական մեկնակէտը։ Կը թուի, թէ ստեղծագործական տիեզերքը անսահման է, սակայն իրականութեան մէջ կան բազում հոգեր, որոնք սովորաբար կ’իյնան կնոջ ուսերուն։ Այն, ինչը որ տղամարդ արուեստագէտին կու տայ ամբողջապէս նուիրուելու կարելիութիւն, կնոջ համար, մեծ մասամբ, կը վերածուի ստեղծելու ձգտումի եւ պարտականութիւններու երկակիութեան։

Պատմութիւնը լի է այդպիսի օրինակներով, որոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ արուեստը միայն տաղանդի դրսեւորում չէ․ այն նաեւ ժամանակ է, տարածութիւն, ներքին ազատութիւն։ Եւ երբ այդ երեքէն մէկը անհաւասար կը բաշխուի, անհաւասար կը դառնան նաեւ ստեղծագործական ճակատագիրները։

Յարութիւն եւ Արմինէ Կալենցներու կեանքի հիւսուածքը մեզի կը յուշէ, որ գեղեցիկին ծնունդը… դիւրին չէ։  Գեղեցիկը կը ծնի հոն, ուր կը հանդիպին ցաւն ու լոյսը, կը ծնի հոն, ուր մթութիւնն ու գոյնը կը համարձակին համատեղ գոյանալ։

«Գեղեցիկին զգացողութիւնը սորվելիք բան մը չէ,  ի վերուստ տրուած բան է», կ’ըսէ Արմինէն։

Իսկ տաղանդաւոր Նկարիչը ցաւի ու տառապանքի ընդմէջէն մշտապես բացուող լուսաբաց կրնայ վրձինել։ Այդպիսին եղաւ Յարութիւն Կալենցին մեծ արուեստը, այդպիսին եղաւ նաեւ Արմինէինը։

Եթէ երբեւէ մտնէք Կալենցներու տուն-թանգարան, հոն կը գտնէք մարդկային ուժի, կամքի ու սիրոյ  իւրօրինակ փիլիսոփայութիւն։

Տուն, ուր լոյսը  չի մարիր։

Տուն, ուր լռութիւնը կը խօսի։

Share66Tweet42
Previous Post

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

Պատմական Աննախադէպ Հաւաք-Հանդիպում Լեւոն ԺԴ. Պապի Եւ Լիբանանի Կղերիկոսներուն Միջեւ

Next Post
Պատմական Աննախադէպ Հաւաք-Հանդիպում Լեւոն ԺԴ. Պապի Եւ Լիբանանի Կղերիկոսներուն Միջեւ

Պատմական Աննախադէպ Հաւաք-Հանդիպում Լեւոն ԺԴ. Պապի Եւ Լիբանանի Կղերիկոսներուն Միջեւ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.