Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 9 Դեկտեմբեր 2025

December 9, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 9 Դեկտեմբեր 2025

ԱՈՒՆ ԿԸ ԺԽՏԷ ԲԱՆԱԿԻՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն այսօր երկօրեայ այցելութեամբ կ’ուղղուի Մասքաթ, ուր կը տեսակցի Օմանի սուլթանին եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Ըստ երէկ տարածուած տեղեկութիւններու, Աուն շեշտած է, որ Իսրայէլին հետ բանակցելով Լիբանան կ’ունենայ 50 առ հարիւրի առիթ, մինչ բախումի պարագային հնարաւորութիւնը զերօ է: Նախագահը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը՝ քննարկելու հարաւի դրութիւնը եւ կայունութիւնը ամրապնդելու վերաբերեալ Փարիզի առաջարկները:

Աուն վստահեցուց, որ Լիբանան կ’ողջունէ ֆրանսական որեւէ դերակատարութիւն: Ան դատապարտեց նաեւ Լիթանիէն դէպի հարաւ իր առաքելութիւնը լիովին չկատարելու մասին լիբանանեան բանակին ուղղուած որեւէ ամբաստանութիւն: Աուն ընդունեց նաեւ Պէյրութի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը, որ Մոսկուայի աջակցութիւնը յայտնեց Պէյրութի կեցուածքներուն:

Գետնի վրայ, ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարը շեշտեց, թէ որեւէ ապացոյց չկայ որ Հըզպալլա ինքզինք կը վերակառուցէ Լիթանիէն հարաւ: Ան նաեւ 1701 բանաձեւի խախտում համարեց իսրայէլեան շարունակական ոտնձգութիւն:

 

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՄԵՐ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆ Է»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ ըստ իրական Հայաստանի գաղափարախօսութեան՝ մեր պետութիւնը մեր ինքնութիւնն է, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը մեր պետական կրօնքը դարձաւ պետական անձնաւորութեան՝ Տրդատ թագաւորին հրամանով, հայոց գիրերու գիւտը եղաւ պետական գործիչ Վռամշապուհ թագաւորին հրահանգով, իսկ մեր եկեղեցւոյ կեդրոնը՝ Էջմիածինը Վաղարշապատի մէջ է, որովհետեւ այն օրերուն մայրաքաղաքն էր Վաղարշապատը: Փաշինեան յիշեցուց, որ նշեալ երեք փոփոխութիւններէն առաջ, երբ մենք տակաւին քրիստոնեայ չէինք եւ այբուբէն չունէինք, տակաւին հայ կը կոչուէինք, որովհետեւ մեր պետութեան քաղաքացիներն ու թագաւորները հայ էին: Ուստի, ինչպէս հարիւրաւոր տարիներ առաջ, այսօր եւս մեր պետութիւնը մեր ինքնութիւնն է եւ մեր ինքնութիւնը մեր պետութիւնն է: Ան նաեւ յայտարարեց «եկեղեցւոյ վերականգնումի Ճանապարհարին քարտէզը մը, որ պէտք է գործադրուի Կտրիճ Ներսիսեանի (Գարեգին Բ. կաթողիկոս) հեռացումէն ետք:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց վարչապետ Փաշինեանի ներկայութեամբ պատարագներու կազմակերպումը զանազան եկեղեցիներու մէջ: Մայր Աթոռի յայտարարութեան համաձայն, այդ պատարագները կը խախտեն օրէնքները, կը հատեն թեմակալ սրբազաններուն իրաւասութիւնները եւ կը վիրաւորեն հաւատացեալներուն զգացումները եւ պառակտում կը պատճառեն: «Առայժմ զերծ մնալով խիստ միջոցներու գործադրութենէն, Մայր Աթոռը կանոնախախտ եպիսկոպոսներուն կը յորդորէ դադրեցնել իրենց խոտոր ընթացքը եւ կեղծ բովանդակութեամբ հրապարակային ելոյթները, վերադառնալ կանոնական դաշտ եւ հետեւիլ մեր դարերու աւանդոյթներուն», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

 

ԱՐԱՄ Ա. «ԶԵՐԾ ՄՆԱԼ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄԻ ՓՈՐՁԵՐԷՆ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը մեկնաբանեց անցնող ամիսներուն Սուրբ Էջմիածինի շուրջ տեղի ունեցող մտահոգիչ զարգացումները, դիտել տալով, որ զանազան առիթներով եւ միջոցներով փորձած են հանդարտեցնել կացութիւնը եւ հասնիլ փոխադարձ հասկացողութեան՝ զգուշացնելով եկեղեցին պառակտելու առաջնորդող քայլերէն:

«Կացութիւնը դարձած է աւելի վտանգալից՝ աննախատեսելի հետեւանքներով յղի: Սուրբ Էջմիածնի եւ ընդհանրապէս մեր եկեղեցւոյ ամբողջականութեան ու ներքին միութեան ամուր պահպանումը եւ զայն ներքին թէ արտաքին վտանգներէ հեռու պահելը համազգային առաջնահերթութիւն է», շեշտեց վեհափառ հայրապետը, Հայաստանի իշխանութեան կոչ ուղղելով զերծ մնալու եկեղեցւոյ ներքին կեանքին ու խնդիրներուն միջամուխ դառնալէ եւ պառակտումի սերմեր ցանելէ, որոնք կրնան մեր եկեղեցին, ազգն ու հայրենիքը առաջնորդել կործանումի: Յայտարարութիւնը, միւս կողմէ, Սուրբ Էջմիածինին կոչ ուղղեց առաջքը առնելու միաբանական կեանքին մէջ ճեղքեր յառաջանալու եւ յառաջացնելու վտանգաւոր կացութիւններէն, յորդորելով համախմբուիլ վեհափառ հայրապետին, միաբանական ուխտին եւ սկզբունքներուն շուրջ՝ իրապաշտ մօտեցումով քննելու առկայ խնդիրները եւ կայացնելու համապատասխան որոշումներ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Նոյեմբերին բարձրացած է դէպի Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւններուն թիւը: Անցեալ ամիս Հայաստան ժամանած է 176.571 զբօսաշրջիկ՝ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի 152.976-ին համեմատ: 2025-ի Յունուարէն Նոյեմբեր ժամանակաշրջանին Հայաստան այցելողներուն 41 առ հարիւրը եղած են Ռուսիայէն, 13 առ հարիւրը՝ Վրաստանէն եւ 8 առ հարիւրը՝ Իրանէն:

Հայաստանի զբօսաշրջային կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը համարուող «ՏաԹեւեր» ճոպանուղին այս տարի 4-րդ անգամ ըլլալով արժանացաւ հեղինակաւոր «World Travel Awards» մրցանակին՝ որպէս աշխարհի առաջատար ճոպանուղի: Այս տարի, հայկական ճոպանուղին յաղթեց Պրազիլի, Վիեթնամի, Գանատայի, Նոր Զելանտայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող մրցակիցներուն: «ՏաԹեւեր»-ը նախապէս յաղթած էր նաեւ 2021, 2023 եւ 2024 թուականներուն: Ճոպանուղին այս տարի կը դառնայ 15 տարեկան: Անոր շնորհիւ, Սիւնիք այցելողներուն թիւը աճած է 17 անգամ:

 

ՆԱԽԿԻՆ ԹԱՂԱՊԵՏԻ ՄԸ ՈՃՐԱՅԻՆ ԱՐԱՐՔԸ

Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, թէ նորածին երեխաներու վաճառականութեան թղթածրարին հարցով կատարուած հետաքննութիւններու արդիւնքներուն շնորհիւ կարելի եղած է հարաւի մէջ ձերբակալել նախկին թաղապետ մը, որ կը դիւրացնէր նորածին երեխաներուն ինքնութիւնը հաստատող փաստաթուղթերու կեղծումը եւ նորածիններու վաճառականութեամբ զբաղող

Share64Tweet40
Previous Post

Շնորհաւորանք

Next Post

Հանգիստ` Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Արզումանեանի

Next Post
Հանգիստ` Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Արզումանեանի

Հանգիստ` Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Արզումանեանի

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.