Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հանգիստ` Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Արզումանեանի

December 9, 2025
in Այլազան
0
Հանգիստ` Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Արզումանեանի

Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափէն կը հաղորդուի վախճանումը (Դեկտեմբեր 4) Հայց. Եկեղեցւոյ վաստակաւոր սպասաւորներէն ու մտաւորական դէմքերէն մէկուն` դոկտ. Տ. Զաւէն աւ. քհնյ. Արզումանեանի, որ այս աշխարհէն հրաժեշտ կ`առնէ պատկառելի տարիքի մը մէջ, լի` արդիւնաւէտ սպասարկութեամբ եւ մատենագրական ուշագրաւ վաստակով։

Տ. Զաւէն իր քահանայի համեստ անունը պատմութեան մէջ ամրագրեց` շարունակելով Օրմանեան սրբազանի նշանաւոր «Ազգապատում» եռահատոր պատմագիրքը, Հայց. Եկեղեցւոյ կարեւոր դէպքերն ու իրադարձութիւնները պատմելով ու շարայարելով խղճմտօրէն, սկսելով 1910-ական թուականներէն ու հասնելով մինչեւ Վազգէն Ա. Հայրապետի վախճանման օրերը, 1994։ Այսպիսով, 3 նոր հատորներով, ան շարունակած եղաւ Օրմանեանի կոթողային աշխատասիրութիւնը, որդեգրելով անոր միեւնոյն սկզբունքներն ու պատմելու եղանակը։

Տ. Զաւէն (որ նախապէս կուսակրօն հոգեւորական էր, սակայն յետոյ` ընդունած էր ամուսնացեալ քահանայի կարգավիճակ), առաւելաբար ծառայեց Ամերիկայի հայկական ծուխերուն։ Աշխուժօրէն կ`աշխատակցէր նաեւ Հայ մամուլին։

Յառաջիկային դեռ առիթ կ`ունենանք անդրադառնալու իր մասին։

Share64Tweet40
Previous Post

Լուրեր. 9 Դեկտեմբեր 2025

Next Post

Միջքրիստոնէական Համակամութիւն, Հայկական Առնչութիւններ Եւ Թրքական Տրտունջքներ… (1)

Next Post
Միջքրիստոնէական Համակամութիւն, Հայկական Առնչութիւններ Եւ Թրքական Տրտունջքներ… (1)

Միջքրիստոնէական Համակամութիւն, Հայկական Առնչութիւններ Եւ Թրքական Տրտունջքներ… (1)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.